Երկուշաբթի, 04. 12. 2023

spot_img

«Վարդանանց»-ի Ոգեկոչում (լուսանկարներ)

Կեանքը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանին Մէջ

428 թուականին արդէն կործանած էր Հայոց Արշակունեաց թագաւորութիւնը: Այդ օրերուն չունէինք թագաւորութիւն, չունէինք պետականութիւն, սակայն ունէինք քրիստոնէական հաւատքը: Պարսիկներուն նպատակն էր հաւատաթափ ընել հայերը՝ զանոնք ձուլելու համար պարսիկներուն հետ: Վարդանանք յանձն առին իրենց անձը զոհել հայրենիքն ու հաւատքը փրկելու համար:

Հայրենիքի ու կրօնքի պաշտպանութեան համար մարտիրոսացած հերոսներուն յիշատակը պանծացնելու համար Չորեքշաբթի, 27 Փետրուար 2019-ին վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Վարդանանց» տօնակատարութիւնը, ներկայութեամբ օրուան հիւր բանախօս տիար Սարգիս Նաճարեանի, վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Յովիկ Վարդանեանի, տնօրէնութեան, ծնողներու եւ հարազատներու:

Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգերու յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք միջն. Գ. դասարանէն Յովիկ Չաւուշեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ, որ Վարդան Մամիկոնեան եղաւ հայ ազգի պարծանքը եւ մեր եկեղեցւոյ պսակը, որովհետեւ իր արիւնը թափեց ազգին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ պայծառութեան համար: Ան իր խօսքը շարունակեց՝ ըսելով, որ Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգային տօներու շարքին, Վարդանանց տօնը ունի իր իւրայատուկ եւ հիմնական տեղն ու կարեւորութիւնը, որովհետեւ իրարայաջորդ սերունդներ կը յիշեն, թէ 451 թուին հայ ժողովուրդը իր իշխանական ու հոգեւորական աւագանիով, զինուորներով ու համեստ զաւակներով, միացեալ բռունցք դարձաւ եւ դէմ դրաւ քրիստոնէական ու ազգային դիմագիծին սպառնացող մեծ վտանգի մը, կեանքի գնով պայքարեցաւ, նահատակուեցաւ հաւատքի ու հայութեան համար, արձանագրեց պատգամ մը, որ եղաւ գրաւականը մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի գոյատեւումին:

Ապա նախ. Ա. դասարանի աշակերտները ներկայացան «Քաջ Վարդան Մամիկոնեան» խմբային արտասանութեամբ, որմէ ետք նախ. Բ. դասարանի աշակերտները բեմահարթակ բարձրացան ու իրենց քաղցրահնչիւն ձայնով երգեցին «Հիմի՞ էլ լռենք»-ը: Իսկ նախ. Գ. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Մահ իմացեալ՝ անմահութիւն» թատերախաղը, որուն ընթացքին Վարդան Մամիկոնեանն ու հայ քաջարի զինուորները ներկայացնող աշակերտները շքեղօրէն հագուած, խրոխտ քայլերով մուտք գործեցին սրահ՝ ըսելու համար, որ հայ ազգի զաւակները չեն ուրանար իրենց հաւատքը եւ չեն ենթարկուիր իրենց համար ոչ հարազատ հաւատալիքի մը: Տիար Համբիկ Մարտիրոսեանի «Պատգամ Վարդանանց»-ը ներկայացուցին նախ. Ե.-էն միջն. Բ. դասարաններու խումբ մը աշակերտներ: Իսկ միջն. Գ. դասարանի աշակերտ Յակոբ Պէքարեան ընթերցեց Եղիշէ

պատմիչի «Վարդանի Ճառը»:

Վերջապէս վարժարանիս հայ գրականութեան եւ Հայոց պատմութեան դասատու պարոն Աւետիս Տիպան ներկայացուց լրագրող-խմբագիր, հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ տիար Սարգիս Նաճարեանը, որ եղած է անդամ Լիբանանի Խմբագիրներու սենտիքային, Լրագրողներու արաբական դաշնակցութեան, Հայաստանի Ժուռնալիստներու միութեան եւ Լրագրողներու միջազգային դաշնակցութեան: Ան պարգեւատրուած է Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի ձեռամբ Սբ. Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանով, Բենեդիկտոս ԺԶ. Պապին կողմէ Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի շքանշանով, ՀՀ Մովսէս Խորենացի նախագահական շքանշանով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու կեդրոնին կողմէ մարոնիներու պատրիարք Պշարա Ռաաիի ձեռամբ: Բանախօսը իր խօսքին մէջ նշեց, որ Վարդանանց դիւցազնամարտի մասին պիտի չխօսէր, այլ եթէ մենք զմեզ Վարդանի ժառանգորդները կը համարենք, պէտք է որ մեր ստացած ժառանգութեան՝ յաւերժութեան երաշխաւորագրին տէր ըլլանք, եւ այդ մէկը կը կայանայ հետեւեալ չորս կէտերուն մէջ. Տէր կագնիլ մեր լեզուին եւ սերունդէ-սերունդ պահպանել անոր շարունակականութիւնը, մեր հաւատքին, քանզի Վարդանանք նահատակուեցան «Վասն Յիսուսի եւ վասն հայրենեաց», հայրենասիրութեան, որ այսօրուան հասկացողութեամբ հայաստանասիրութիւն կը նշանակէ, ինչպէս նաեւ ժառանգենք քաջութիւնը՝ գիտնալով, որ Վարդանանք գիտակցաբար մղեցին անհաւասար կռիւը, որովհետեւ գիտէին, թէ այլ հնար չէր մնացած իրենց համար: Բանախօսը իր խօսքը շարունակեց՝ ըսելով, որ Վարդանանց ճակատամարտէն մինչեւ Սարդարապատ ու մինչեւ Արցախի Ապրիլեան պատերազմը, որեւէ ատեն թշնամին չկարողացաւ հայաթափել մեզ՝ շնորհիւ այն ժառանգին, որ ստացանք մեր նախնիներէն: Ան, իր խօսքը ուղղելով ուսուցիչներուն, ըսաւ, որ անոնք որպէս դաստիարակներ թերացած կ’ըլլան իրենց առաքելութեան մէջ, եթէ բաւարարուին պարզապէս դիւցազնամարտին պատմութիւնը սորվեցնելով՝ առանց փոխանցելու Վարդանանքի ոգին: Հուսկ, ան եզրափակեց, որ այսօր ունինք ազատ անկախ հայրենիք, հարուստ իր մշակոյթով, պետականութեամբ եւ յաղթանակած բանակով: Պարտինք տէր կանգնիլ այդ ժառանգութեան:

Յայտագիրը իր աւարտին հասնելով՝ վարժարանիս տնօրէնուհի տիկ. Կալինա Նաճարեան բեմ բարձրացաւ շնորհակալութիւն յայտնելու հիւր բանախօսին, ինչպէս նաեւ յայտագրի պատասխանատու ուսուցիչներուն, ապա բեմ հրաւիրեց տոքթ. Յովիկ Վարդանեանը, որպէսզի յուշանուէրով մը պատուէ բանախօսը: Այսօր եթէ նայինք մեր շուրջը, ճիշդ է թէ չկայ զրադաշտական կրօնքը մեր վրայ պարտադրող Պարսկաստանը, սակայն կը տեսնենք, թէ Վարդանանց ճակատամարտը կը շարունակուի ո՛չ թէ Աւարայրի դաշտին վրայ, այլ ամէն տեղ: Այսօր կան այնպիսի հոսանքներ, որոնք մեզ կ’առաջնորդեն դէպի համաշխարհայնացում: Անոնք մեզ կը հեռացնեն մեր մայրենի լեզուէն, մեր կրօնքէն, մեր հայ դպրոցներէն եւ հայ ընկերութենէն : Մեր պարտականութիւնն է հոսանքն ի վեր թիավարելու, որպէսզի կարողանանք շարունակել ապրիլ որպէս միասնական մէկ եւ հզօր ամբողջութիւն:

Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանի

Լրատուական Գրասենեակ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին