Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Ամերիկեան Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Խուլ Երեխայի մը Ոդիսականը…

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Մեսեչուսեց նահանգի Նիւթըն քաղաքէն։ Այդ քաղաքի բնակիչներէն Ռաֆի եւ Կլենտա Սեվից ամոլը կը ծնի խուլ ու համր դստեր մը Սմենթհա անունով (տես նկարը), որ հիմա երկու տարեկան է։

Կլենտա՝ Սմենթհայի մայրը, կ’ըսէ, թէ սա առաջին անգամն է որ ինքն ու ամուսինը փորձառութիւնը կ’ունենան խուլ եւ համր անձ մը տեսնելու, որ, այս պարագային, իրենց դուստրն է։

Երբ Սեվիցները յաճախ կը ճեմեն իրենց տան մօտակայքը, դրացիները կը տեսնեն, թէ անոնք ձեռքի շարժումներով (sign language) կը խօսէին իրարու հետ։ Ուստի կ’անդրադառնան, թէ երեխան խուլ եւ համր ըլլալու է։

Գթալով անմեղ երեխայի ոդիսականին եւ ուզելով, որ իրենք ալ ձեւով մը յարաբերին Սմենթհայի հետ՝ կ’որոշեն ամերիկեան նշանալեզուի (American Sign Language) դասեր առնել։ Ուստի կը վարձեն ուսուցիչ մը եւ կը սկսին դասընթացքի, որ տեղի կ’ունենայ գիշերները՝ շաբաթը մէկ անգամ։

Զարմանալիօրէն վերոյիշեալ դասընթացքին կը մասնակցին աւելի քան 20 հոգի Նիւթըն քաղաքի բնակիչներէն, որպէսզի այդ լեզուն սորվելով կարենան յարաբերութիւն մշակել իրենց դրացի խուլ եւ համր Սըմենթհային հետ…

Ամերիկեան ասացուածքը կ’ըսէ. «It takes a village to raise a child»: Այսինքն՝ ամբողջ գիւղ մը անհրաժեշտ է, որ երեխայ մը մեծցնէ։ Եւ ահա փաստացի օրինակը, այդ ասացուածքի կիրարկման մէջ։

Հիմա երբ դրացիները հանդիպին Սմենթհային իրենց ընտանեկան պտոյտներուն, անոնք կը բարեւեն զինք եւ մտերմիկ զրոյցով մը վերահասու կը դառնան անոր առօրեային:

Մայրը կ’ըսէ, թէ «պիտի տեսնէք Սմենթհայի ուրախութիւնը, երբ դրացիները իրեն հասկնալի լեզուով հետը կը խօսին»: Հոս պէտք է աւելցնել, որ Սմենթհա համարձակ է եւ շատ մարդամօտ։ Իսկ հիմա որ զինք հասկցողներ կան, անոր ուրախութիւնը անսահման է՝ հասկնալի պատճառներով։      

Մարդասիրութեամբ Եւ Մասամբ Նորին…

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Վրճինիա նահանգի Ալեքսանտրիա քաղաքէն։ Այդ քաղաքի Մկրտչական (Baptist) եկեղեցւոյ մէկ օրինակելի առաքելութիւնն է, որուն մասին կ’ուզեմ խօսիլ մեր ընթերցասէր հասարակութեան հետ։

Արդարեւ, այդ եկեղեցւոյ հովիւը՝ դոկտ. Հաուըրտ-Ճան Ուեսլին, մղիչ ուժը հանդիսացած է 100,000 տոլարի հանգանակութեան մը, որ ամբողջովին տրամադրուած է 34  ուսանողներու դպրոցական պարտքը վճարելու։ Անոնք Յունուար ամսուան ընթացքին ծոմապահութեամբ եւ աղօթքներով գոյացուցած են այդ գումարը։ Առ ի գիտութիւն ըսեմ, որ վերոյիշեալ եկեղեցին ունի 8,000 անդամ։

Հիմա նայինք, թէ որո՛նք են այդ կրթաթոշակներէն օգտուողները։ Առաջին առթիւ կ’ուզեմ ներկայացնել 25 տարեկան Մայա Թամսընը (տես նկարը), որ մայր է 6 տարեկան զաւակի մը եւ կ’ուսանի մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Հաուըրտ համալսարանը։ Անոր տրուած է 2,500, որը վճարելով ան պիտի կարենայ շրջանաւարտ ըլլալ եւ վկայականը ստանալ։

Փեռի Ռալընս 22 տարեկան ուսանողուհի մըն է, որ եկեղեցույ կրթաթոշակէն ստացած է 8,000 տոլար։ Ուրիշ մը, որ օգտուած է այդ կրթաթոշակէն, 58 տարեկան է եւ 8 զաւակներու մայր, որուն անունը չէ բացայայտուած։ Ան հիմա որոշած է վերադառնալ դպրոց եւ ուսումը շարունակել։

Այս է իսկական եկեղեցւոյ մը առաքելութիւնը, օգնել իր զաւակներուն՝ անոնց դպրոցական պարտքերը վճարելով, որպէսզի կարենան անոնք աշխատիլ եւ իրենց ընտանիքներու ապրուստը ապահովել։ Իցի՜ւ թէ մեր ազգային եկեղեցին ալ կարենար որդեգրել նոյն առաքելութիւնը՝ փոխանակ նոր եկեղեցիներ կառուցանելու, որոնք մեծաւ մասամբ կը մնան դատարկ, եթէ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի չունենայ…

Սա առաջնահերթութեան հարց մըն է, որուն մասին պէտք է ազգովին մտածենք՝ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները յանձնելու առ որ անկ է։ Հասկցողին՝ շատ բարեւներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին