Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

1988-ի Փետրուար 20-ի Պատմական Նստաշրջանը Արցախի Մերօրեայ Հանրապետութեան Պատմական Ընթացքին Մեկնարկը Տուաւ (լուսանկարներ)

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Փետրուար 20-ը Արցախի Վերածնունդի օրն է: 31 տարի առաջ այս օրը կայացաւ պատմական նստաշրջանը՝ Արցախը մայր հայրենիքին վերամիաւորելու համաժողովրդական պահանջը տեղափոխելով դէպի իրաւական հարթութիւն: Հրապարակին վրայ ժողովուրդն էր, դահլիճին մէջ՝ իրենց կամքը փաստաթուղթի վերածելու նպատակով հաւաքուած մարզային խորհուրդի պատգամաւորները: Տասամեակներու հեռաւորութենէն որոշ մանրամասնութիւններ թերեւս արդէն առաջուան պարզութեամբ չեն յիշուիր, սակայն այդ որոշումին իրական արժէքը տարիներու հեռաւորութենէն աւելի ամբողջական կը պատկերուի:

1988-ի Փետրուար 13-էն սկսեալ մի քանի օր շարունակ Ստեփանակերտի կեդրոնական հրապարակը չէ դատարկուած: Հազարաւոր ցուցարարներու պահանջը որոշ էր՝ Արցախի վերամիաւորումը մայր հայրենիքին: Հակառակ պարագային՝ Արցախին հայաթափումը կը սպառնար: «Նախիջեւանի օրինակը մեր աչքին առջեւ էր»,- ակնկալիքները կարճ, բայց շատ համոզիչ կը ներկայացնէ 1988-ի Փետրուար 20-ի մարզային խորհուրդի արտահերթ նիստի մասնակիցներէն Վարդան Յակոբեանը, որ նաեւ 1988-էն առ այսօր Արցախի Գրողներու միութիւնը կը գլխաւորէ: Փետրուարի կէսերուն մտաւորականներու հերթական խումբն ալ պահանջագիր տարած էր Մոսկուա, այնտեղէն վերադարձած այն համոզումով, որ ժողովուրդի պահանջին պէտք է իրաւական ձեւակերպում տրուի: Այդ կրնար ընել ընտրուած մարմինը՝ Ժողովրդական պատգամաւորներու մարզային խորհուրդը: Հրապարակ հաւաքուած ժողովուրդը կը վանկարկէր «Սեսիա», ռուսերէն՝ նստաշրջան կը նշանակէ: «Ոեւէ մէկը այդ ժամանակ չէր կրնար դաւաճանի խարանը վերցնել իր վրայ եւ ըսել՝ ես չեմ ուզեր: Ժողովուրդի կամքն էր այդ»,- կը յիշէ Վարդան Յակոբեանը:

67 պատգամաւորի ստորագրութեամբ Փետրուար 20-ին մարզային խորհուրդի արտահերթ նստաշրջան տեղի ունեցաւ: Պաքուն ամէն կերպ փորձեց տապալել նախաձեռնութիւնը: Ստեփանակերտ տանող ճամբաները փակուեցան, որպէսզի անհրաժեշտ թիւով պատգամաւորներ չհաւաքուին: «Չէին ձգեր, որ նոյնիսկ ստեփանակերտցին Ստեփանակերտի մէջ շարժի: Մինչեւ իսկ գիւղերէն եկող ճամբաներու վրայ արգելանքներ դրած էին»,- Պաքուի «հնարամտութիւնները» կը թուարկէ Վարդան Յակոբեանը՝ արդէն ժպտալով:

150 պատգամաւորներէն 111-ը հասան նստաշրջանին: Պաքուէն եւ Մոսկուայէն ժամանած բարձրաստիճան պաշտօնեաները չկրցան ետ համոզել. նստաշրջանը կայացաւ: Ընդունուեցաւ պատմական որոշումը. խնդրել ԱդրԽՍՀ եւ Հայաստանի ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդներէն խոր ըմբռնում ցուցաբերել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իղձերուն հանդէպ եւ լուծել ԼՂԻՄ-ը խորհրդային Ազրպէյճանի կազմէն խորհրդային Հայաստանի կազմ տեղափոխելու հարցը: Վարդան Յակոբեան ինքը այդ որոշումը հրապարակ հաւաքուածներուն ներկայացուցած է. «Բարձրախօսով ըսի՝ ժողովո՛ւրդ, աչքերնիս լոյս, այն ինչի համար որ կը պայքարինք, արդէն կայ: Մեզի կը թուէր, թէ որոշումը արդէն կայ, ուրեմն վերջացաւ»:

Պատմութիւնը ցոյց տուաւ, որ հարցը անով չլուծուեցա:ւ Արդէն 88-ին շատերը կը կանխատեսէին, որ զինուած բախումը անխուսափելի է: Սակայն երեք տասնամեակ ետք ալ կը կարեւորեն, որ պահանջատիրութիւնը ի սկզբանէ օրինական դաշտի վրայ եղած է, գործող օրէնքներուն համահունչ: «Փետրուար 20-ի որոշումը կարելի է համարել արցախահայութեան պետականութեան վերակերտումի ծննդականը: Շարժումը դրուեցաւ իրաւական հիմքերու վրայ»,- 31 տարի անց կը կարեւորէ ԱՀ ԱԺ փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը:

            Այդ ճամբուն վրայ 88-ի Փետրուար 20-ի որոշումը առաջին քայլն էր, անթերի ե՛ւ բովանդակութեամբ, ե՛ւ ընդունումի ընթացակարգով: «Խորհրդային սահմանադրութիւնը թոյլ կու տար, որ ազգային ինքնավար միաւորները ունենան իրենց պետականութիւնը եւ մենք առաջնորդուեցանք անով»,- կ’ընդգծէ Արցախի խորհրդարանի փոխնախագահը:

            Երկու տարի անց՝ 1991-ի Սեպտեմբեր 2-ին, Արցախի Հանրապետութիւնը: Սակայն միացումի գաղափարը դեռ կը մնայ արդիական:

Ստեփանակերտ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին