Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Կեանք Մը Ամբողջ Նուիրում Հայ Երաժշտութեան Եւ Հայ Մշակոյթին

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական վարչութեան նախաձեռնութեամբ մեծարանքի ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ հայ մեծ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանի ի պատիւ: Մեծ երաժիշտը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ի հրաւէրով կը գտնուի Լիբանան իր ութսունամեայ յոբելեանի ձեռնարկներու ծիրին մէջ:

            Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Թէքէեան Կեդրոնի առաջին յարկի սրահին մէջ, ներկայութեամբ արուեստասէր բազմութեան մը: Յատկանշական էր երիտասարդ սերունդի ունկնդիրներու ներկայութիւնը: Ներկայ էին Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու մարմինի ատենապետ Ընկ. Յակոբ Գասարճեան եւ անդամներ, ներկայ էր Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անձնական ներկայացուցիչը, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Տեղական վարչութեան անդամներ եւ արուեստասէր հայորդիներ:

            Բացման խօսքը կատարեց Ընկ.հի Լենա Պալըքճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց յոբելեարին ու հրաւիրեց գեղարուեստական բաժինի մասնակիցները:

            ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենադպիր եւ ԹՄՄ-ի Տեղական վարչութեան անդամ Ընկ. Վիգէն Թոսունեան ներկայացուց Տիգրան Մանսուրեան հայ մարդը եւ արուեստագէտը: Ան ըսաւ հետեւեալը.

            «Մեծանուն հայ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան ութսունամեակին առիթով կը յիշենք հայ մեծ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի խօսքերը իր «Հաշուեյարդար» բանաստեղծութեան մէջ մարդու կեանքին եւ անոր իմաստին մասին: Կը մէջբերենք.

«Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց»:

            Այո, Տիգրան Մանսուրեան իր կեանքը լեցուց հայ մշակոյթի, հայ երաժշտութեան եւ հայ մարդուն ծառայութեամբ: Տուաւ անհաշիւ: Հայ երաժշտութիւնը հասցուց նոր բարձունքներու: Առիթով մը հայ մեծ գրողէ մը խնդրեցի մտաւորականին ներկայացումը: Ան ըսաւ հետեւեալը. «Մտաւորականը այն անձն է որ իր գիտելիքները կը դնէ ի սպաս իր ժողովուրդին: Կը զգայ ժողովուրդին ցաւը կամ յոյզերը ու զայն կը ներկայացնէ իր արուեստին մէջ: Նաեւ պէտք եղած ժամանակ  այդ ցաւերուն մասին լուռ չի մնար ղեկավարին մօտ եւ անոր կը յանձնէ իր նկատողութիւնները ու կը քննադատէ շինիչ ձեւով»: Այո, հանգիստ խիղճով կրնանք յայտնել, որ Մանսուրեան եղաւ իսկական մտաւորականը: Եղաւ հայ երաժշտութեան մեծ դեսպան, իր արուեստը վկայ: Խմեց հայ երաժշտութեան ակունքէն, Կոմիտասէն ու անոր վրայ աւելցուց իր դրոշմը՝ նորարարութիւնը եւ հայ դասական երաժշտութիւնը հասցուց գեղեցիկի գագաթին: Երբ պէտք էր, հայ ղեկավարին իր լռութեամբ ու անոր վարած քաղաքականութիւնը չգովելով հասկցուց, որ ժողովուրդին ցաւերը պէտք է մեղմել, կատարել բարեկարգում:

Գեղարուեստական բաժնով հանդէս եկան ԹՄՄ Երիտասարդական նուագախումբի անդամներ ինչպէս նաեւ նոյն ինքն մեծարեալը:

            Տիգրան Մանսուրեան ծնած է Պէյրութ, 27 Յունուար 1939-ին: Ներգաղթին ընտանեօք փոխադրուած են Հայաստան: Երաժշտութեան դասընթացքի հետեւած է Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանի դասընթացքին, ապա Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի դասընթացքին: Ուսուցիչները եղած են Էտուարտ Պաղտասարեանը եւ Ղազարոս Սարեանը: Ժամանակակից երաժշտութեան տեսութիւն դասաւանդած է երաժշտանոցին մէջ: Ուսանողութեան տարիներուն գնահատուած է իր տարբեր սեռի երկերուն համար ու մրցանակներու արժանացած է: 1986 թուականին ստացած է փրոֆեսորի կոչում: Ապա ստանձնած է երաժշտանոցի նախագահի պաշտօնը:

            Եղած է Խորհրդային Միութեան մէջ երաժշտական նորարարութեան ռահվիրայ, միշտ փնտռելով նորը եւ գեղեցիկը ու զայն ներմուծելով իր ստեղծած երաժշտութեան մէջ: Մանսուրեանի ստեղծած երաժշտութիւնը հայկական երաժշտական արուեստի եւ ժողովրդական աւանդութիւններու միահիւսութիւնն է, ստեղծելով լուսապայծառ, արտայայտիչ մեղեդիներ ու տպաւորապաշտ, բարձրաճաշակ ու ընտիր հնչերանգներ:

            Գրած է պալէ, սիմֆոնիք երաժշտութիւն,  լարային երաժշտութիւն, երգչախումբի երաժշտութիւն, դաշնամուրի երաժշտութիւն եւ շատ մը այլ սեռի երաժշտական կտորներ: Անոր երաժշտութիւնը ներկայացուած է շատ մը մեծ մայրաքաղաքներու մէջ:

             Ֆիլմերու համար իր գրած երաժշտութիւնը զինք հասցուցած են արուեստի նորարարութեան բարձունքին: Այս սեռը կը համարուի դժուար արուեստ, որովհետեւ ֆիլմին նիւթը պիտի ներկայացուի երաժշտութեան ընդմէջէն: Նկարիչը կը տեսնէ իր նկարածը կամ իր զգացումները կ’արտայայտէ պաստառին վրայ: Գրողը իր նիւթը կը ներկայացնէ գրականութեամբ՝ իր յոյզերը եւ գաղափարները դնելով իր կերպարներու արտայայտութեան կամ արարքներուն մէջ: Ֆիլմի երաժշտութիւն գրողը լսելէ ետք ֆիլմի նիւթին մասին, փակ աչքերով պիտի նկարէ իր զգացածը ու ստեղծէ այն երաժշտութիւնը, որ միանալով ֆիլմի նիւթին գեղեցիկ ամբողջութիւն մը պիտի ստեղծէ: Այս մարզին մէջ Մանսուրեան ստեղծած է գլուխ գործոցներ շատ մը ֆիլմերու համար, որոնց երաժշտութիւնը մեծ համբաւ բերած է իրեն: Ս. Փարաջանովի «Նռան գոյնը» (1968), Մ. Վարդանովի «Աշնանային հովուերգութիւն», Հ. Մալեանի «Մենք ենք մեր սարերը» (1969), «Կտոր մը երկինք» (1980), Բ. Յովհաննիսեանի «Տէրը» (1983), Ս. Իսրայէլեանի «Ճերմակ անուրջներ», Ա. Մկրտչեանի «Մեր մանկութեան թանկօն» (1984), «Հին օրերի երգը» (1982) ֆիլմերը եւ թատերական («Ճոն արքայ», «Հացաւան», «Մեծ լռութիւն») գործերն են Տիգրան Մանսուրեանի: Ուրիշ գլուխ-գործոց մըն էր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու 100-ամեակին նուիրուած «Ռեքվիէմ» երաժշտական կտորը, որուն մէջ միախառնուած էին յուզումը եւ հայ ժողովուրդի վերականգնումի կամքը: Ան արժանացաւ միջազգային գնահատանքի: (Խօսքը կու տանք առանձին)

            Իր խօսքի աւարտին,  ան ըսաւ.«Սիրելի Մայեսթրօ, ձեր ստեղծագործական կորովը միշտ մնայ ուժեղ եւ ձեզի կը մաղթենք քաջառողջութիւն հայ եւ համամարդկային երաժշտութեան մշակոյթը հարստացնելու ձեր ճիգին մէջ: Լիբանանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու մարմինի, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Տեղական վարչութեանց անունով ձեզի կը մաղթենք ամենայն բարիք»:

            Բեմ բարձրացաւ Կասիա Տանաօղլեան եւ գեղեցկօրէն ներկայացուց «Սոլէ Միօ» երգը: Վարդի Սալխանեան, ինչպէս միշտ, հմայեց ունկնդիրները Մուշեղ Իշխանի՝ Արարատ լեռան կատարին նուիրուած ասմունքով: Իսկ Ալիս Իբրաճեան հմայեց ներկաները Սայաթ Նովայի «Պլպուլի Հիթ» երգի իր կատարումով:

            Աւարտին, խօսք տրուեցաւ յոբելեարին՝ յայտնելու համար իր սրտի խօսքը (Խօսքը կու տանք առանձին): Պարոն Մանսուրեան խոր յուզումով յիշեց իր անցած ճամբան եւ տուաւ իր կարծիքը բարիք ստեղծելու եւ ճիշդ ձեւով կեանքը ապրելու համար:

            Տիգրան Մանսուրեան պարգեւատրուեցաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ նուիրուած գեղեցիկ փիւնիկեան արձանիկով մը, ձեռամբ Ընկ.Յակոբ Գասարճեանի եւ Ընկ. Տոքթ. Յակոբ Փափազեանի: Իսկ Հալէպի «Սարեան» Ակադեմիան աւարտած գեղանկարչուհի Նայիրի Ճըզտանեան մայեսթրոյին նուիրեց անոր դիմանկարը: Ներկաները հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ հեռացան սրահէն:

            Յարգանք ու պատիւ իր ժողովուրդի մշակոյթին ծառայած մեծ մշակ, միշտ երիտասարդ Տիգրան Մանսուրեանին:

Վ.Թ.

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին