Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Հայաստանի Տնտեսական Հետագայ Զարգացման Համար Կարեւոր Է Մարդու Տնտեսական Վարքագիծի Փոփոխութիւնը. Նիկոլ Փաշինեան

«Զարթօնք», Պէյրութ –  Տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Նախքան օրակարգային հարցերու քննակումը, վարչապետը անդրադարձած է կառավարութեան յառաջիկայ քայլերուն եւ տուած յանձնարարականներ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ գործադիրը փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարած է 2014 թուականի Դեկտեմբեր 18-ի որոշումին մէջ, որով կը սահմանուի ՀՀ սահմանամերձ համայնքներուն տրվող ընկերային աջակցութեան փոխհատուցումի ենթակայ ծաւալները, փոխհատուցումի կարգն ու փոխհատուցում ստացող սահմանամերձ համայնքներուն ցանկը: Ըստ հիմնաւորումին՝ 2019 թուականի ՀՀ պետական պիւտճէով որպէս աջակցութիւն սահմանամերձ համայնքներուն յատկացուած է 928,871.2 հազար դրամ գումար, որ կը բաշխուի ցանկին մէջ ընդգրկուած փոխհատուցում ստացող համայնքներուն:

Նիկոլ Փաշինեանը հետագայ տնտեսական զարգացման համար անգամ մը եւս կարեւորած է մարդու տնտեսական վարքագիծի փոփոխութիւնը:

Վարչապետին մանրամասնութիւններ ներկայացուած են նաեւ բոլոր ջրամբարներու լցուածութեան մակարդակի, ջրամբարներէն թողքերու նկատմամբ նախատեսուող հսկողութեան ընթացքին եւ ոլորտին առնչուող այլ հարցերու վերաբերեալ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին