ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ՆԱԽԱՐԱՐ՝
ԱՐՏԱՇԷՍ ԷՆՖԻԱՃԵԱՆ
Թիֆլիս, 1866 – Պրիւքսէլ, 1924
ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երախտաւոր ու հայ ժողովուրդի ապագայով մտահոգ՝ յաջողակ գործարար Արտաշէս Էնֆիաճեան (Էնֆիաճեանց), ծնած է Թիֆլիս, 1866-ին, նոյն քաղաքի վաճառական դրամատան հիմնադիր՝ Համբարձում Էնֆիաճեանի յարկին տակ։ Արտաշէսը երկրորդ մանչ զաւակն էր Համբարձումին, որ ունէր երեք մանչ զաւակներ։ 19-րդ դարուն Թիֆլիսի մէջ տնտեսութեան մարզէն ներս ու յատկապէս դրամատան ոլորտի մէջ յաջողած ընտանիք եղած է Էնֆիաճեան գերդաստանը, որ յայտնի դարձաւ Պեզիրճեան եւ Մանթաշեան ընտանիքներուն կողքին։
Էնֆիաճեան գերդաստանի արմատները կու գան Ատապազարէն, ուրկէ 19-րդ դարու սկզբնաւորութեան, գերդաստանի մէկ մասը կը հաստատուի Յունաստան եւ Արեւելեան եւրոպական երկիրներ, իսկ մնացեալները կու գան բնակելու Սեւ Ծովու Սամսոն քաղաքը, զբաղելով ծխախոտի առուծախով։ Էնֆիաճեան գերդաստանին անունը կու գայ էնֆիաճի թուրքերէն բառարմատէն, որ կը նշանակէ քթախոտ պատրաստող եւ վաճառող։ 1885-ին Համբարձում կը հաստատուի Թիֆլիս ու առաջին հերթին կը դառնայ ծխախոտի առաջին քաղաքակիրթ վաճառականը, բանալով գլանակի երկու կրպակ, որոնցմէ մէկը կը գտնուէր Երեւանեան հրապարակին վրայ։
Համբարձում իր զաւկին՝ Արտաշէսի մօտ տեսնելով պայծառ ու խոհեմ պատանիի մը արթնութիւնը, Թիֆլիսի նախակրթական վարժարանը յաճախելէ ետք, զինք կը ղրկէ Թիֆլիս գտնուող թեքնիք գիտութիւններու կրթարանը։ Արտաշէս երբեմն ալ ժամանակաւորապէս օժանդակելով իր հօր, կը վերահսկէ ծխախոտի աճեցման համար դաշտային տարածքները, ուր բերուած էին համշէնհայեր, որոնք ծանօթ էին այդ արհեստին։
1886-ին Համբարձում կ՚ուղարկէ իր որդին Արտաշէսը Սենթ Փեթերպուրկ (Լենինկրատ), ուր ան պիտի յաճախէր տեղւոյն համալսարանը, մասնագիտանալով եւ առեւտրական ճիւղին մէջ ստանալով իր վկայականը։ Թիֆլիս վերադառնալէ առաջ շուրջ տարի մը կը մնայ հոն ծանօթանալով ցարական կայսրութեան ատենոյ դրամատան կառոյցին ու առհասարակ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ գործող կառոյցներու հետ առնչուելով։
1892-ին Արտաշէս կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր կը դառնայ իր հօր հիմնած դրամատան խորհրդատու։
19-րդ դարու աւարտէն առաջ, Թիֆլիսի հայ համայնքը հասարական իր ծաղկող եռուզեռը կ՚ապրէր. գոյութիւն ունէր թիֆլիսեան մտաւորականներու վերնատունը, որուն գլխաւոր հովանաւորն էր Արտաշէսին հայրը՝ Համբարձումը։
Արտաշէս Էնֆիաճեան արդէն գործօն անդամ մը դարձած էր Գրիգոր Արծրունիի «Մշակ» թերթին շուրջ համախմբուած մտաւորականներու գործունէութեան։ Պէտք է ըսել, որ Էնֆիաճեանները ստանձնած էին թերթին ֆինանսական պարտաւորութիւնը։ 1895-ին Արտաշէս կը դառնայ Թիֆլիսի փոխադարձ վարկի ընկերութեան անդամ։ Նոյն տարին հայրը, առաւելաբար Արտաշէսի պնդումներուն վրայ կը հիմնէ Էնֆիաճեաններու «Միր» գործարանը, որ կարճ ժամանակի մը մէջ յայտնի պիտի դառնար Կովկասի տարածքին՝ գլանակներու արտադրութեամբ։
Երախտաւոր Էնֆիաճեան արդէն կարճ ժամանակի ընթացքին, խորհրդատու ընտրուած էր արդիւնաբերական տարբեր հիմնարկութեանց համար ու անդամ ընտրուած Թիֆլիսի շրջանի գործարանատէրերու ընկերակցութեան։
1892-ին կը նշանակուի հաշտարար ատեանի նախագահի օգնական, ինչպէս նաեւ վաճառականներու աւագ վաճառականական դրամատան վարչութեան անդամ։
1901-ին Էնֆիաճեաններու «Միր» գործարանը կը դառնայ բաժնետիրական ընկերութիւն, ուր ներդրում կը կատարեն թիֆլիսահայ յայտնի գործարարներ. գործարանը կ՚արտադրէ «Ատլաս» մակնիշի ծխախոտ ու գլանակ, դառնալով Կովկասի լաւագոյն արտադրութիւնը։
Յաջորդ տարիներուն Արտաշէսի յաջողած գործարարութիւնը զինք կը դարձնէ Թիֆլիսի արքունական պալատի ընդհանուր ատեանի, ինչպէս նաեւ եկամուտի հարկի համար կազմուած նահանգային ատեանի անդամ։
1905-ին կը դառնայ Թիֆլիսի քաղաքային տումայի պատգամաւոր, գործօն մասնակցութիւն բերելով Ռուսաստանի Ժողովրդական ազատութեան կուսակցութեան (Քատէթ)։
Նոյն տարուան աւարտէն առաջ կը դառնայ սակարանական կոմիտէի անդամ, ինչպէս նաեւ Ալեքսանդր Մանթաշեանի առեւտրական վարժարանի հոգաբարձութեան խորհուրդի փոխնախագահ։
Երախտաւորը ըլլալով հանդերձ տնտեսագէտ ու յաջողակ գործարար, քաջալեր էր նաեւ հայ բանասիրական արժէքներու։ 1909-ին ողբացեալ իր հօր Համբարձումէն կտակած 300 հատոր հայերէն գիրքերը ամբողջութեամբ կը նուիրէ «Թիֆլիսի Հայ Բարեգործական Ընկերութեան», որոնք այսօր ամփոփուած են վիրահայոց Թիֆլիսի գրադարանէն ներս։ «Միր» գործարանը բաժնետիրական դառնալէ ետք, Արտաշէսի հայրը՝ կը ձեռնարկէ նոր ընկերութեան մը, որ 1912-ին պիտի կոչուէր «Ա. Հ. Էնֆիաճեան» ծխախոտի գործարան, շուրջ 280 բանուորներով ու մէկ միլիոն ռուբլի տարեկան եկամուտով։ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան գործարանի գլանակները կ՚արտահանուէին Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա։
Նոյն տարուայ աւարտէն առաջ (Նոյ. 30), Թիֆլիսի հայկական համայնքի 14 ազգայիններ կը հիմնեն Թիֆլիսի վաճառականական դրամատունը 5 միլիոն ռուբլի դրամագլուխով։ Ալեքսանդր Խատիսեան եւ Արտաշէս Էնֆիաճեան մաս կը կազմեն դրամատան հիմնադիր խորհուրդին։ Պէտք է ըսել որ դարասկիզբին այս դրամատան համար գոյառուած դրամագլուխը շատ աւելի էր քան նոյն ժամանակաշրջանին վրաց վերնախաւի կողմէ առաջին՝ Թիֆլիսի ազնուականական հոյլին դրամատունը, որուն հիմնադիր դրամագլուխն էր 147,000 ռուբլի։
Թիֆլիսի հայկական համայնքի հասարակական եռուզեռը աւելի շեշտակի դարձաւ «Մշակ» թերթին շուրջ համախմբուած ազգայիններու գործունէութեան շնորհիւ, որ դարձաւ Հայ Ժողովրդական Կուսակցութեան նախաքայլը։ Արտաշէս Էնֆիաճեան մաս կազմեց կուսակցութեան հիմնադիր կազմին (Փետրուար 1917), որուն ղեկավարն էր «Մշակ»ի խմբագիր՝ Համբարձում Առաքելեանը։
Էնֆիաճեան իր ներդրումը ունեցաւ քաղաքական ուժի ծրագիրներու մշակման ու իրականացման մէջ, ինչպէս նաեւ գործօն մասնակցութիւն բերաւ կուսակցութեան տնտեսական ծրագրի մշակումին։
Հայ Ժողովրդական Կուսակցութիւնը իր ծրագիրով կը յայտարարէր պաշտպանութիւնը դրամագլուխի, մասնաւոր սեփականութեան եւ շուկայական յարաբերութեանց գերակայութեան։
Փորձառու գործարար ու տնտեսութեան գիտակ՝ Արտաշէս Էնֆիաճեանը իր կուսակցութեան ժողովներուն կը յորդորէր որ շրջահայեաց լրջութեամբ պէտք է մօտենալ քաղաքական ստեղծուած իրավիճակներուն, ու որդեգրել գործունէութեան այնպիսի ուղի, որ ամբողջութեամբ համապատասխանէ հայութեան շահերուն, ու մանաւանդ ապահովելով խաղաղ ստեղծագործական աշխատանքի հնարաւորութիւններ, աստիճանական զարգացման ձգտելով։
Էնֆիաճեան որպէս խելացի տնտեսագէտ ու յարգուած անձնաւորութիւն միաժամանակ համոզուած էր ու յաճախ կը յորդորէր իր կուսակցական ընկերները, թր բոլոր հարեւան պետութիւններու հետ համերաշխ եւ խաղաղ աշխատանքները ու անկեղծ բարեկամութիւնը, հնարաւորութիւն կու տան պատուով դուրս գալու այն փակուղիէն, որուն մէջ կը գտնուի հայ ժողովուրդը։ Ան յաճախ հանդէս կու գար տնտեսական ու ֆինանսական բնագաւառներուն նուիրուած շահեկան զեկուցումներով, որոնք ատենին կը տպագրուէին Հայ Ժողովրդական Կուսակցութեան՝ «Ժողովուրդ» եւ «Ժողովուրդի Ձայն» պաշտօնաթերթերուն մէջ։
Երախտաւորը կարեւորութեամբ մաս կը կազմէ այս շրջանին Թիֆլիսի մէջ կազմուած Ազգային Խորհուրդին՝ որպէս Ժողովրդական Կուսակցութեան ներկայացուցիչ, Համբարձում Առաքելեանի ու Միքայէլ Պապաջանեանի կողքին։
Ազգային Խորհուրդի նիստերուն, Էնֆիաճեան որպէս տնտեսագէտ կ՚արտայայտուէր պետական կառոյցի ապագայ հեռանկարի մասին, շեշտելով որ Հայաստանը կարելի կը դառնայ գոյատեւել միայն ֆինանսական հսկայ ներդրումներու միջոցաւ, ինչպէս նաեւ արդիւնաբերական զարգացումներով։
1918 Մայիս 28-ի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, Յովհաննէս Քաջազնունիի կառավարութիւնը իր պաշտօնը ստանձնելէն ետք, 7 Յունիս 1918-ին, տակաւին երբ Էնֆիաճեան Թիֆլիս կը գտնուէր, բոլորին նման ոգեւորուած էր սեփական պետականութեան ստեղծման փաստով ու կառուցողական ընդդիմութեան քննադատութեամբ կը յորդորէր Քաջազնունին, որ նորաստեղծ կառավարութիւնը պէտք է ձգտի մտաւորական ու մասնագիտական ներուժ օգտագործել՝ ի շահ նորաստեղծ պետականութեան, որուն կորիզը պիտի գար Թիֆլիսի Ազգային Խորհուրդէն։
Յովհաննէս Քաջազնունիի կազմած առաջին կառավարութիւնը երբ իր հրաժարականը տուաւ, Էնֆիաճեան Թիֆլիսէն երթալով Երեւան, մասնակից կը դառնար բազմաթիւ ու երկարատեւ խորհրդակցական նիստերու կազմելու համար ժողովրդական (ռամկավար) – դաշնակցական համաձայնական նոր կառավարութիւնը։
4 Նոյեմբեր 1918-ին Քաջազնունին կը յայտարարէր նոր կառավարութիւնը, ուր աշխարհագրականօրէն Նախիջեւան մարզը մաս պիտի կազմէր Հայաստանի Հանրապետութեան։ Քաջազնունիի հետ կառավարութիւնը պիտի բաղկանար հետեւեալներէն.
Յովհաննէս Քաջազնունի – վարչապետ (դաշնակցական)
Գ. Մելիք Ղարակէօզեան – օգնական վարչապետ (ժողովրդական)
Ս. Տիգրանեան – արտաքին գործերու նախարար (դաշնակցական)
Զ. Յ. Հախվերտեան – զինուորական նախարար (անկուսակցական)
Արամ Մանուկեան – ներքին գործերու նախարար (դաշնակցական)
Արտաշէս Էնֆիաճեան – առեւտուրի նախարար (ժողովրդական)
Սամսոն Յարութիւնեան – արդարատութեան նախարար (ժողովրդական)
Մ. Աթաբեկեան – հանրային կրթութեան նախարար (ժողովրդական)
Լ. Ղուլեան – պարենաւորման նախարար (ժողովրդական)
Խաչատուր Կարճիկեան – խնամատարութեան նախարար (դաշնակցական)
Իսկ Թիֆլիսի Ազգային Խորհուրդին կողմէ պետական վերահսկիչ նշանակուեցաւ ժողովրդական Մինաս Բերբերեանը, որուն ընտրութեան ձեռնպահ մնացին խորհրդարանի սոցիալ դեմոկրատ եւ սոցիալ յեղափոխական խմբակները։
4 Նոյեմբեր 1918-ին, երբ կառավարութիւնը Երեւան փոխադրուեցաւ Թիֆլիսէն, Էնֆիաճեան փոխարինեց Կարճիկեանը առեւտուրի նախարարութեան պաշտօնին համար, յայտարարելով որ նոր տարուայ սեմին պիտի ներկայացնէր կայուն պետական պիւտճէի նախագիծ, ինչպէս նաեւ հայկական նոր դրամանիշ ստեղծելու ծրագիրը։ Սակայն այդ համաձայնական կառավարութեան խանդավառ սկիզբը երկար պիտի չտեւէր. ժողովրդական նախարարները լքեցին Երեւանը ու նախընտրեցին գործել Թիֆլիս մնալով, յատկապէս Արամ Մանուկեանի մենատիրական գործունէութեան եւ ստեղծուած ներքին միջ-կուսակցական լուրջ տարակարծութիւններու պատճառով։ Կ՚արժէ հոս աւելցնել նաեւ, որ 1915 Ապրիլին նոյն Արամ Մանուկեանը փորձեց մենատէրը դառնալ Վանի հերոսամարտին։ Այս բոլորէն անկախ Էնֆիաճեան մնաց հաստատ իր մօտեցումին վրայ, ու իր աշխատանքին շնորհիւ ծրագրուեցաւ պետական պիւտճէն ի գործ դնել 1919 տարուան համար։ Վարչապետ Քաջազնունին այդ ծրագիրը կեանքի կոչելու համար ներկայացուց Հայաստանի Խորհրդարան վաւերացման համար։
4 Փետրուար 1919-ին խորհրդարանը որոշեց յանձնարարել վարչապետ Քաջազնունիին մեկնիլ Եւրոպա եւ ապա Ամերիկա, որպէսզի Հայաստանի կողմէ դիմէ դաշնակից պետութիւններուն եւ Միացեալ Նահանգներու օգնութեան, այդ միջոցաւ հնարաւոր դարձնելու սովի եւ հիւանդութիւններու ճիրաններէն ազատելու Հայաստանը, ինչպէս նաեւ պարէն եւ առաջին անհրաժեշտութիւն ապահովել։ Ուղեւորութեան ծախսերը հոգալու համար 550 հազար ռուբլի տրամադրուեցաւ, որ նախատեսուած էր Էնֆիաճեանի նախագծով։ Փետրուար 5-ին վարչապետի պաշտօնակատար նշանակուեցաւ Ալեքսանդր Խատիսեանը, իսկ Քաջբերունին գնաց Թիֆլիս, ուր անգլիական հրամանատարութեան միջոցաւ կրցաւ հարկն ու պատշաճը տնօրինել Եւրոպա եւ Ամերիկա մեկնելու համար։ Այդ ծրագիրը իրանակացաւ Ապրիլ 16-ին, ու Քաջազնունիին ընկերակցեցան նախարար Էնֆիաճեանը, գիւղատնտես Յ. Փիրանեանը եւ սպայ Ս. Մելիքեանը։ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը մեծ օգնութիւն ցուցաբերեց Հայաստանի պարենաւորութիւնը իրականացնելու գծով, ու Մայիսին արդէն այդ օգնութիւնը բեռնատար շոգենաւով հասաւ Պաթում ու մէկ շաբաթ ետք 600 հազար փաունտ մթերքը հասաւ Հայաստան, որ յաջողութեամբ իրականացաւ Էնֆիաճեանի ջանքերուն շնորհիւ։
Դժբախտաբար, երբ խորհրդարանը ընդունեց 28 Մայիս 1919-ի ծանօթ աքտը, Ժողովրդական Կուսակցութիւնը հիմնաւորուելով, որ այն միակողմանի բնոյթ կը կրէ, չունի Պօղոս Նուպարի հաւանութիւնը Ազգային պատուիրակութեան, չի բխիր հայկական հարցի միջազգային իրավիճակէն ու չի համապատասխաներ հայ ժողովուրդի շահերուն, հետեւաբար չընդուեց այն ու պահանջեց չեղեալ յայտարարել այդ աքտը։ Երբ կառավարութիւնը մերժեց ընդունիլ Ժողովրդական Կուսակցութեան պահանջքը։
24 Յունիսին Ժողովրդական չորս նախարարներ՝ Յարութիւնեան, Էնֆիաճեան, Մելիք-Ղարակէօզեան եւ Վերմիշեան դուրս եկան կառավարութեան կազմէն, վերջ տալով միջ-կուսակցական համաձայնութեան։
Այս փոփոխութիւններուն եւ քաղաքական անկայուն վիճակին պատճառով երախտաւոր Էնֆիաճեան ստիպուած իր ընտանիքով արտագաղթեց Կովկասէն ու հաստատուեցաւ Պելճիքա, ու Պրիւքսէլի մէջ հիմնեց «Էնֆի» անունով ծխախոտի գործարան, ուր հիմնականօրէն կ՚աշխատէին բազմաթիւ կովկասահայ գաղթականներ։
Երախտաւորը հեռու չմնաց քաղաքական ասպարէզէն, ու Տոքթ. Ներուզի հետ, որպէս խորհրդական Աւետիս Ահարոնեանի պատուիրակութեան, ներկայ եղաւ Սեւրի մէջ 10 Օգոստոս 1920-ին, ուր ստորագրուեցաւ հռչակաւոր դաշնագիրը։ Այս պատուիրակութեան անդամ մնաց ան մինչեւ Հայաստանի խորհրդայնացումը։
Հայ ժողովուրդի ապագայով միշտ մտահոգ ու անոր բարօրութեան նուիրեալ յաջողակ գործարարը հազիւ 58 տարեկան իր աչքերը կանուխ փակեց ծննդավայրէն հեռու երկինքի տակ։