Չորեքշաբթի, 09. 10. 2024

spot_img

ԷՐՏՈՂԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆ ՔՐՏԱԿԱՆ-ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԵՒ ՅԱՐԱԿԻՑ ՀԱՐՑԵՐՈՎ

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան սահմանային կացութիւնը ուղղակի մղձաւանջ մը դարձած է Էրտողանի համար, մանաւանդ ամերիկեան ուժերու Մենճիպ քաղաքէն քաշուելու որոշումէն ետք։ Ինչպէս ծանօթ է, հոն կեդրոնացած են քրտական երեք լծակից զինեալ համախմբումներէն մասեր, անոնցմէ խումբ մըն ալ Աֆրինէն փախուստ տուած ըլլալով։

Թուրք իշխանութեանց հիմնական մտահոգութիւնը, հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ սահմաններու երկայնքին, ներկայութիւնն է «ահաբեկիչ» նկատուած քիւրտ զինեալ համախմբումներու, որոնցմէ մէկը բացայայտօրէն կը գործակցի քիւրտ քաղաքական բանտարկեալ Օճալանի «Բանուորական կուսակցութեան» (PKK) հետ։ Չմոռնանք  նաեւ այն իրողութիւնը, որ Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու թիւը կը բարձրանայ շուրջ 14 միլիոնի։ Իսկ դրացի իրաքեան Քիւրտիստանի քիւրտերուն թիւը շուրջ 5 միլիոն է, Իրանի մէջ՝ 5 միլիոն, Սուրիոյ մէջ 2 միլիոն, այլ երկիրներ՝ 2 միլիոն, համագումար՝ շուրջ 28 միլիոն։ Ի մէջ այլոց, ներկայիս քրտական անկախ պետութեան մը գոյառման դէմ են Իրաքը, Սուրիան, Իրանը եւ Թուրքիան, իսկ մնացեալ պետութիւններն ալ՝ ըստ կարիքի։

Ռուսական Դաշնութիւնը, որ գլխաւոր դերակատարութիւն մը ստանձնած է Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի զարգացման ընթացքին, ի նպաստ Պաշար Ասատի կառավարութեան, հանդէս եկած է առաջարկով նոր սահմանադրութեան մը, ուր յատկապէս երկրին հիւսիս-արեւելեան քիրտերը (շուրջ 2 միլիոն), այլ փոքրամասնութիւններու հետ, որոշ ինքնավարութիւն պիտի ունենան։ Այս առաջարկութիւնը ներկայացուած էր արդէն Ասթանայի գագաթի ժողովին (Յունուար 2017), որուն մասնակցած են Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահները՝ Էրտողան եւ Հասան Ռուհանի։ Նոյն առաջարկութիւնը ներկայացուած է նաեւ ՄԱԿ-ի ժողովին, կազմակերպութեան քարտուղար Սթեֆան տը Միսթուրայի ուղղուած նամակով մը, ուր կ՚առաջարկուի սահմանադրական խորհուրդ մը կազմել։ Այս ծրագրին ընդդիմացած են Ֆրանսայի, Անգլիոյ ու Գերմանիոյ ներկայացուցիչները։

Էրտողան իր վերջնական հաւանութիւնը չէ տուած, սպասողական ու ձգձգումի քաղաքականութիւն մը որդեգրելով։ Անիկա կ՚օգտագործէ Իտլիպի մէջ հանգրուանած սուրիական ընդդիմադրութեան շուրջ 60,000 զինեալներու համախմբումը։ Թուրքիա Իտլիպի մէջ կը պահէ զինուորական յենատկէտեր, որոնք սակայն գործնական հակակշիռ չունին շրջանին վրայ, ուր տիրապետող են ԻՍԻՍ-էն մնացած ու լաւապէս զինեալ ծայրայեղ կռուողներ։ Թուրքիա ասոնց կ՚առաջարկէ ազատ անցք դէպի այլազան երկիրներ, նպատակ ունենալով երկրին մէջ ապաստանած, սուրիահպատակ աւելի քան 3 միլիոն գաղթականներու մեծ մասէն ձերբազատուելու համար՝ Իտլիպ տեղափոխութեամբ։

Անցեալ Յունուար 23-ին Էրտողանի հետ Մոսկուայի մէջ գումարուած մէկ ժողովին, ջերմ ընդունելութենէ ետք, Փութին ընդգծած է «երկու երկիրներու միջեւ առեւտրական փոխանակութեանց զարգացումը, ռուսահպատակ զբօսաշրջիկներու թուաքանակով յաւելումը (30 տոկոսով), ընդհանուր թիւը բարձրանալով 6 միլիոնի։ Այս բոլորը կը նպաստէին շրջանի ապահովութեան»։

Փշոտ ու վատթարացած ընթացք մը առած է Իտլիպի պարագան։ Կարիքը կը զգացուի ռուս-թրքական զինուորական միացեալ գործողութեան մը, որուն մանրամասնութիւնները հաւանական է որոշուին եռակողմանի,– Իրանը ներառեալ,– նոր հանդիպումի մը ընթացքին Ասթանայի մէջ։

Նման նախաձեռնութեան մը շեմին, Թուրքիա միշտ մտահոգ է իր հարաւ-արեւելեան սահմաններու «ապահովութեամբ»։ Այս կապակցութեամբ, Ռուսաստանի համար «միակ լուծումը հոն վերահաստատել է սուրիական կառավարութեան հակակշիռը, «ըստ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի, նման հասկացողութիւն մը յանգելով բանակցութեանց Սուրիոյ քրտական կողմին հետ։

Տարակարծութիւնը արգելակեալ շրջանի մը (buffer zone) ստեղծման մասին է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ, զոր Թուրքիա կ՚ուզէ պահել ի՛ր հակակշռին տակ։ Սակայն Փութին կ՚առաջարկէ որ Դամասկոսի իշխանութիւնները բանակցին քիւրտերուն հետ՝ համաձայնութեան մը գալու համար։ Անկէ յետոյ է, որ Թուրքիոյ ու Ռուսիոյ զինուորականութիւնը կը բանակցին «արգելակեալ շրջան» մը ստեղծելու մասին, թուրք-սուրիական վերոյիշեալ սահմանին վրայ։

Այս հարցով, Վ. Փութին ակնարկութիւն կատարած է Թուրքիոյ ու սուրիական կառավարութեան միջեւ 1998-ին կնքուած Ատանայի համաձայնագրին, որ տակաւին ի զօրու կը մնայ, եւ որուն մէջ կային հինգ կէտեր, որոնք կ՚ակնարկէին Քիւրտիստանի Բանուորական կուսակցութեան (PKK) գործունէութեանց։ Հոն յստակ մատնանշում կայ, որ սուրիական հողի վրայ թոյլատրելի պիտի չըլլար որեւէ շարժում, որ խնդրոյ առարկայ դարձնէր Թուրքիոյ ապահովութիւնը ու կայունութիւնը։ Առաջին յօդուածը սոյն համաձայնագրին մասնաւորաբար կը յիշատակէր, թէ «Սուրիա իր երկրէն ներս թոյլատրելի պիտի չգտնէր զէնքերու հայթայթում, նիւթական օժանդակութիւն կամ քարոզչութիւն, կամ՝ PKK-ի գործունէութիւն»։ Յաւելուածաբար, սոյն համաձայնագիրը կը նախատեսէր նաեւ ապահովութեան մարզէն ներս գործակցութիւն Դամասկոսի եւ Անքարայի միջեւ՝ «հեռաձայնային ուղղակի գիծի հաստատումով երկու երկիրներու ապահովական մարմիններուն միջեւ, եւ երկու երկիրներու ներկայացուցիչներու նշանակումով դիւանագիտական մարմիններուն մէջ»։

Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Փութին 2016-էն իվեր Էրտողանը եւ Ասատը կը մղէ կեանքի վերակոչելու անտեսուած վերոյիշեալ համաձայնութիւնը։

1988-ին, PKK-ի առաջնորդ Ապտալլա Օճալան, երբ Սուրիայէն դուրս վտարուելով Մոսկուա ապաստանած էր, Ռուսական Դաշնութեան Ապահովութեան գրասենեակը անոր յայտնած էր հեռանալ Ռուսաստանէն, այն կարծեցեալ փոխադարձ համաձայնութեամբ Մոսկուայի եւ Անքարայի միջեւ՝ չէչէն ծայրայեղականներու նկատմամբ Յուլիս 1998-ին, երբ արդէն Փութին Ռուսաստանի Գաղտնի Սպասարկութեան գրասենեակի պետ նշանակուած էր։

Այս ձեւով, Փութին առաջարկած կ՚ըլլայ հաշտութեան երկու բանաձեւեր. 1. Քաղաքական՝ Դամասկոսի ու քիւրտերուն միջեւ, 2. Ապահովութեան գործակցութիւն Անքարայի ու Դամասկոսի միջեւ։ Ասոնք կը միտին նպաստաւոր ըլլալ միանգամայն Թուրքիոյ, Սուրիոյ ու քիւրտերուն։

Այս առաջարկութիւնը ապահովութիւն կ՚ընծայէ Թուրքիոյ, հակակշիռ կու տայ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան սահմաններուն վրայ, եւ ապահովութիւն կ՚ընծայէ քիւրտերուն՝ դէպի ինքնավարութեան առաջնորդող։

Բնականաբար, ռուսական առաջարկութեան գործադրութիւնը դժուարութիւններ պիտի ունենայ։ Սակայն, ա՛յլ առաջարկութեան մը բացակայութեան, կարիքը պիտի զգացուի ուժի գործածութեան։ Ռուսական բանաձեւը կ՚արժէ խորհրդակցութեան նիւթ դարձնել Ասթանայի յաջորդ գագաթի հանդիպումին։

 

Յ.Գ. Այս յօդուածը հիմնուած է «Էլ-Մոնիթըր»ի 2019 Յունուարի հաղորդագրութեանց վրայ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին