Ուրբաթ, 11. 10. 2024

spot_img

«Սուրիա Ուղարկուած Հայկական Զօրախումբին Միակ Պատասխանատուն Հայաստանի Իշխանութիւնն Է». «Զարթօնք» Օրաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր

Զրուցեց՝ ԶՈՒԱՐԹ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան երէկ հարցազրոյց մը շնորհած է 168 Ժամ «168.am» թերթին:

Յակոբեան վերոյիշեալ թերթին լրագրողուհի Զուարթ Խաչատրեանին հարցադրումներուն պատասխանած է հետեւեալ կերպով, որ յապաւումներով կը հրատարակենք. 

Սուրիա մեկնած հայ զօրախումբին հետ կապուած բազմաթիւ թեր ու դէմ կարծիքներ հնչեցին, ոմանց կարծիքով՝ զօրախումբը կրնայ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերել Սուրիոյ հայկական համայնքին, իսկ աւելի մասնագիտական շրջանակներու համար՝ զօրախումբը Սուրիա ուղարկելը կը խախտէ ՀՀ զինուած ուժերու մասին օրէնքը։

Չնայած ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ կառավարութեան պարզաբանումներուն, այնուամենայնիւ, կը շարունակէ մտահոգիչ մնալ այն հանգամանքը, որ Սուրիոյ մէջ հայկական զօրախումբը, որ Հալէպ մեկնեցաւ Փետրուար 8-ին, պիտի գործէ առանց իրաւական հիմքի։

Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը նոյնպէս մտահոգուած է այս հարցով։ «Գաղտնիք չէ, թէ Սուրիա հայկական զօրախումբ ուղարկելու որոշումը ինչպիսի՛ իրավիճակի մէջ եւ ի՛նչ թեթեւութեամբ առնուեցաւ։ Այսինքն՝ ներկայ իշխանութեան կողմէ այս հարցին հետ կապուած անհրաժեշտ քննարկում չեղաւ։ Սկիզբէն յայտարարուած էր, որ Ռուսիոյ հետ միասին մարդասիրական մեծ ծրագիր պէտք է իրականացուի, յայտնի է նաեւ, որ զուտ անձնական հաշիւներով եւ այդ օրուան խնդիրները լուծելու համար նման որոշում կայացուեցաւ։ Չնայած այս ամէնուն՝ կարծես ռուսական կողմին ցանկութիւնը կատարուեցաւ, բայց սա դրական անդրադարձ չունեցաւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն վրայ»,-168.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշեց Սեւակ Յակոբեանը։
Իր խօսքով՝ ՀՀ նախկին իշխանութիւնը կրցած էր Սուրիա հայկական զօրախումբ ուղարկելու հարցը շրջանցել, անոնք կը յաջողէին յետաձգել նման օրակարգ մը։ Աւելին՝ անոնք չէին միջամտեր երկրի մը գործերուն, ուր Հայաստանը ո՛չ անմիջական, ո՛չ հեռակայ շահեր ունի։

«Այն առասպելը, թէ Սուրիոյ մէջ հայկական զօրախումբ ունենալը կ’օգնէ տեղի հայկական համայնքին, տեսականօրէն եւ գործնականօրէն սխալ է։ Չեմ կարծեր, որ Սուրիոյ մէջ հայկական զօրախումբը կրնայ պաշտպանել հայկական համայնքը, եւ արդեօք ճի՞շդ է այդ քայլին դիմել, երբ Սուրիան միջազգային ընտանիքի հովանաւորութեան տակ է»,- ըսաւ Սեւակ Յակոբեանը։

Ըստ իրեն՝ դժուար է ըսել, թէ Սուրիա հայկական զօրախումբ ուղարկելու վերաբերեալ ի՛նչ կարծիք ունին միջազգային կառոյցները եւ այդ հանգամանքը ինչպէս կրնայ անդրադառնալ Հայաստանի վրայ:

«Կը կարծեմ՝ միջազգային կառոյցներու վերաբերումը այդքան ալ դրական չէ՝ հաշուի առնելով այն թափթփած իրավիճակը, ուր չկայ յստակ կողմնորոշում, թէ Հայաստանը միջազգային ընտանիքի ո՛ր անդամն է. հօրեղբորորդի՞ն է, թէ՞ հեռաւոր ազգականը։

Հետեւաբար, միջազգային ընտանիքի կարծիքը Հայաստանի գոնէ արտաքին քաղաքականութեան մասին շատ կ’ուզէի, որ դրական ըլլար, բայց գործողութիւնները ցոյց կու տան, որ այդքան ալ վստահելի իրավիճակի մը մէջ չենք ներկայանար։ Հայկական զօրախումբ Սուրիա ուղարկելը ռուսական կողմին այդ օրին տուրք տալ էր՝ առանց հետեւանքները լաւ քննարկելու։ Այնպիսի տպաւորութիւն է, որ այս որոշումը կայացուցած են մէկ օրուան մէջ, մինչեւ արեւուն մայր մտնելը։ Յուսամ՝ այդ որոշումին հետեւանքները աղէտալի չեն ըլլար»,- շեշտեց «Զարթօնք»-ի գլխաւոր խմբագիրը։

Ան նաեւ նկատեց, որ Սուրիոյ պատերազմը տակաւին չէ աւարտած, եւ միամտութիւն են այն խօսակցութիւնները, որ այդ պատերազմին յաղթած են կառավարական ուժերը, կամ պարտուած է այս կամ այն կողմը։ Սուրիոյ հարցին մէջ կան տարբեր խաղացողներ, որոնք երկիրը բաժնած են տարբեր հատուածներու, եւ Աստուած գիտէ, թէ Սուրիա մեկնած հայկական զօրախումբը ո՛ր հատուածին մէջ պիտի գործէ։

«Մենք երբեք պէտք չէ նման միտք ունենայինք, որ ահաբեկիչներու մտքին մէջ մտցնէինք Հայաստան անուանումը, քանի որ յայտնի ահաբեկչական խմբաւորումներուն երբեք չենք կրնար բացատրել, որ Հայաստանէն եկած զօրախումբը զուտ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու համար ժամանած է Սուրիա։

Բայց անոնք կը տեսնեն, որ զինուորական համազգեստով է մարդը, ուստի կրնան կարծել, թէ եկած է Սուրիոյ իշխանութեան օգնելու։ Պէտք է նկատի ունենանք նաեւ, որ մենք պիտի գործենք ոչ քաղաքակիրթ միջավայրի մէջ, ուր կան տարբեր խմբաւորումներ, եւ Աստուած գիտէ, թէ ի՛նչ քաղաքակրթութեան կը պատկանին։ Չեմ գիտեր, թէ «մինչեւ արեւուն մայր մտնելու» քաղաքականութիւնը մինչեւ ո՛ւր կրնայ մեզ հասցնել, բայց արդէն փաստ է, որ հայկական զօրախումբը Սուրիա է, եւ փաստ է, որ ահաբեկիչներու մտքին մէջ Հայաստան անունով երկիր յայտնուեցաւ, սա կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ»,- նշեց Սեւակ Յակոբեանը։

Իր բնորոշմամբ՝ եթէ որեւէ երկիր մը կը գտնուի ծանր իրավիճակի մէջ, ապա բոլորը մարդասիրական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն, սակայն բանակ չեն ուղարկեր, քանի որ վերջինս այլ կերպ կը դիտարկուի։ Այս կամ այն երկրի բանակին ներկայութիւնը պատերազմող երկրի մը մէջ ճիշդ չընկալուիր պատերազմին մասնակցող հատուածներուն կողմէ։

«Հետեւաբար, Սուրիա ուղարկուած հայկական զօրախումբին միակ պատասխանատուն Հայաստանի իշխանութիւնն է։ Թէ անցեալին ինչո՞ւ զօրախումբ չէ ուղարկուած Սուրիա. այս հարցը պէտք է դիտարկել այն լոյսին տակ, որ արտաքին քաղաքականութեան մէջ անցեալին Հայաստանը ի՞նչ դիրքերէ կը խօսէր, իսկ այժմ ի՞նչ դիրքէ կը խօսի»,- եզրափակեց «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը։

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը բաւականին կոշտ արձագանգած էր Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութեան՝ նշելով, որ չեն պաշտպաներ Սուրիոյ զինուած ուժերուն հետ ներգրաւուածութիւնը՝ ըլլայ քաղաքացիական անձանց օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով, թէ ռազմական ուղղուածութեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին