Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Փոխան գրախօսականի

«ՄԵԹՐ ՀՐԱՉԵԱՅ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ

 ՄԱՐԴՆ ՈՒ ԳՈՐԾԸ»

Կազմեց ու խմբագրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Հրատարակութիւն՝ ՀԲԸ Միութեան,

ՍԻՓԱՆ Հրատարակչատուն, Պէյրութ, Լիբանան, 388 էջ, 2018

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան` Մարդն ու գործը» նորատիպ հատորին շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է Փետրուար 1-ին Անթիլիասի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի կեդրոնին մէջ, Լիբանան։

Խօսք առած են՝ հանդիսավար Գէորգ Սանթուրեան, Վիգէն Չերչեան, օրուան բանախօս Զաւէն Մսըրլեան, հատորին խմբագիր` Պարոյր Աղպաշեան և ՀԲԸՄ-ի նա­խագահ` Պերճ Սեդրակեան։

 

 

Սոյն գեղատիպ հատորը՝ կեանքին գիրքն է սփիւռքահայ երախտաշատ ազգային-հասարակական գործիչ եւ իրաւաբան Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի (Եոզկաթ 1916 – Պէյրութ 1997), գիրք՝ որ իր մէջ կ’ընդգրկէ հայ մամուլին մէջ ցրուած Մեթրին հրապարակագրական ու խոհագրական յօդուածներուն մեծագոյն մասը եւ անտիպ թողած կարգ մը գրութիւններ: Հատորին մտայղացումն ու մեկենասութեան ազնիւ գաղափարը կու գայ ՀԲԸ Միութեան նախագահ Մեթր Պերճ Սեդրակեանէն, որու յանձնարարութեամբ գիրքը կազմած ու խմբագրած է բազմավաստակ Մեթրին ծաւալած գործունէութեան քաջածանօթ, գաղափարակից ու «Զարթօնք» օրաթերթի երբեմնի բազմամեայ խմբագիր՝ բանասէր Պարոյր Յ. Աղպաշեան, որ իր ներածականին մէջ (էջ 15-30) հանգամանօրէն վերլուծած է նաեւ Մեթրին գաղափարախօսային հաւասարակշիռ ներդրումը ՀԲԸ Միութեան ու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավար մարմիններէն ներս:

Գիրքը կը բացուի Մեթր Պերճ Սեդրակեանի «Միութենական, կուսակցական եւ եկեղեցական կառոյցներու հաւասարակշիռ համակեցութեան եւ զօրակցութեան գաղափարախօսը» խորագրեալ համապարփակ խօսքով, որու մէջ կը հաստատէ. «Հրաչեայ Սեդրակեան, որուն եղբօրորդին ըլլալու եւ իր օրինակովը առաջնորդուելու առանձնաշնորհումը ունեցած եմ, մաս կը կազմէ մտաւորական գործիչներու այն փաղանգին, որոնք նախ Եգիպտոսի մէջ եւ ապա Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, անձնուիրաբար իրենց բոլոր կարողութիւնները ի գործ դնելով, հոգացին, կազմակերպեցին, դիմագիծ ու մշակոյթ տուին եւ ազգային ոգի ներշնչեցին Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներու մէջ հաստատուած հայութեան» (Տե’ս էջ 11):

Արդարեւ, հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն դժնդակ տարիներուն ծնած եւ իր մանկութեան ու պատանութեան ժամանակահատուածին Ցեղասպանութեան հետեւանքները կրած ու վերապրող Միջին Արեւելքի գաղթական սերունդի տղոց շարքին գտնուող Հրաչեայ Սեդրակեան, կ’ըլլայ բաղդաւոր՝ աշակերտելով նախ Յիսուսեան Հայրերու Պէյրութի Ս. Գրիգոր Ճեմարանը, ապա՝ բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանայ նոյն Հայրերու Սեն Ժոզէֆ Համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքէն, որուն ընթացքը կ’աւարտէ 1940-ին եւ կ’ընդգրկէ փաստաբանական ասպարէզը:

Երիտասարդ իրաւագէտին հետեւած մասնագիտական կրթութիւնը ջամբեր էր իրեն իրաւախոհական բազմաշերտ մտածողութիւն: Ուսանողական տարիներուն կը կազմաւորուի իր մէջ ապագայ ազգային-քաղաքական ուղղամիտ գործիչը: Ահաւասիկ իր խոստովանութիւնը, արտասանուած 1994-ին՝ իր գործունէութեան Ոսկեայ Յոբելեանին առիթով:

«Եթէ տասնամեակներ ամբողջ, կարելիութիւններուս սահմաններուն մէջ, ծառայած եմ ազգիս, հայրենիքիս, Հայց. Եկեղեցւոյ, ՀԲԸ Միութեան, ՌԱ Կուսակցութեան, ՀԵ Ընկերակցութեան եւ Թէքէեան Մշկթ. Միութեան միջոցով, իմ կարգիս շատ բան կը պարտիմ այդ հաստատութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն:

Արդարեւ, օտար կրթական հաստատութիւններուն մէջ ուսում առած, ազգային կեանքէն անտեղեակ երիտասարդ մը իբրեւ, բարեբախտութիւնը ունեցած եմ անդամագրուելու այս կազմակերպութիւններուն եւ անոնց շարքերէն ներս է որ սորված եմ հայերէն լեզուն, վերագտած ազգային ինքնութիւնս ու հայ ըլլալու հպարտութիւնս» (Տե՛ս էջ 308):

***

Լիբանանահայ գաղութին կազմաւորման առաջին մասնակիցներէն եղած է Մեթր Հր. Սեդրակեան եւ անխառն սիրով եւ զգացումներով կապուած՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ եւ ՌԱԿ-ԹՄՄ կազմակերպութիւններուն: Եղած է հիմնադիր անդամներէն ու երախտաշատ ղեկավարներէն ՀԵԸ-ի Համալսարանական Ուսանողաց միութեան (1940) եւ Թէքէեան Մշակութային միութեան (1947): Նոյն ժամանակ՝ 1946-ին վարած է նաեւ Ներգաղթի Կեդրոնական Կոմիտէի Ա. Ատենադպիրի պաշտօնը եւ գլխաւորած՝ մինչեւ 1948: Յետագայ տասնամեակներուն, Մեթր Հ. Սեդրակեանի դրոշմը կը կրեն իր ժամանակաշրջանին գլխաւորած վարչութիւններուն ու մարմիններուն ազգօգուտ գործունէութիւնները: Ահա՛ թէ ինչու, «Մարդը եւ գործը» իր լիարժէք իմաստը կը ստանայ ներկայ հատորին մէջ, որուն շուրջ 300 էջերը ստորագրուած են յատկապէս «Զարթօնք» օրաթերթի եւ «Խօսնակ» ամսագրի եւ այլ պարբերականներու էջերուն:

Մեթր Հր. Սեդրակեան Մարդուն կազմաւորումն ու իր գործունէութիւնը հարազատօրէն կը պատկանին Լիբանանին: Ան լիարժէք ա՛յն լիբանանահայն է, որուն մտածումներուն առանցքը եղած է նախ՝ կառչիլ իր հայկականութեան, եւ ապա՝ ապրիլ ու գործել իբրեւ ամբողջական լիբանանեան տիպար քաղաքացի: Իր անտիպ թողած գրառումներուն մէջ կը հանդիպինք «Լիբանանի Ընտրական օրէնք»ին մասին կատարած շատ լուրջ եւ հիմնաւոր խորհրդածութիւններու (Տե՛ս էջ 48-53): Իսկ «Կրօնական իշխանութիւններու իրաւասութեանց հարցը Լիբանանի մէջ» յօդուածը (Տե՛ս էջ 54-56, որ նախապէս լոյս տեսած էր «Զարթօնք»-ի 22 Փետրուար 1952-ի համարով), հակառակ իր վաղեմիութեան տակաւին կը պահէ իր բովանդակային այժմէականութիւնը:

Սփիւռքահայու ազգային-հասարակական ու քաղաքական մտածողութիւնը արտայայտութիւն գտած է իր մէջ արմատաւորուած աւանդական երեք կուսակցութիւններու եւ ՀԲԸ Միութեան բոլորիս ծանօթ գաղափարախօսութիւններու հիման վրայ: Տեսականօրէն, Սփիւռքի մեր բոլոր կազմակերպութիւններն ու յարանուանութիւններն ալ հիմնուած ու լծուած են օժանդակելու հայակերտումի, ազգապահպանութեան ու մեր համազգային գոյատեւման, վախճանակէտ ունենալով մեր Հայաստան հայրենիքին եւ Հայց. Եկեղեցւոյ եւ միւս յարանուանութիւններու գոյութիւնն ու անվտանգութիւնը: Ողջախոհութիւնն ու համերաշխութիւնը միշտ ալ եղած են նախապայման եւ առաջնորդող սկզբունք միջ-կուսակցական թէ միջ-յարանուանական խորհրդակցական ժողովներու ընթացքին: Մեթր Հր. Սեդրակեան բազմատասնեակ տարիներ եղած է գլխաւոր դէմքերէն մէկը՝ ՀԲԸՄ եւ ՌԱԿ համախոհական գաղափարախօսութեան, գործակցութեամբ Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանի եւ Գերսամ Ահարոնեանի, որոնք մամուլո՛վ ու բեմական խօսքով՝ առաջնորդեցին լիբանանահայ մեր գաղութի համակիր շրջանակները:

Արդարեւ, հայրենադարձի տարիներուն (1946-48), մեծ է եղած դերը ՀԲԸ Միութեան աշխարհատարած մեր մեծ կազմակերպութեան: Մեթր Հր. Սեդրակեանի «Ներգաղթ եւ ՀԲԸ Միութիւն» խորագրեալ յօդուածը (Տե՛ս էջ 109, նախապէս լոյս տեսած՝ «Զարթօնք», 18 Ապրիլ 1948 համարով) կու տայ ապացոյցը սփիւռքահայութեան քաղաքական միտքին հայրենասիրական տրամաբանութեան:

Մեթր Հր. Սեդրակեանի սոյն հատորը լուսաւոր էջեր կը բանայ նաեւ լիբանանահայ գաղութի պատմութեան ներկայ թէ ապագայ ուսանողներու տեսադաշտին վրայ: Յաւելում մըն է այս գիրքը՝ լիբանանահայ ազգային գործիչներու եւ գրական դէմքերու ցարդ հրատարակած բազմատասնեակ այն հատորներու վրայ, որոնք կու տան ականատեսի ու մասնակիցի վկայութիւնները ոչ միայն լիբանանահայութեան՝ այլեւ սփիւռքահայութեան կազմաւորման ու կեանքին առաջին յիսնամեակի ժամանակահատուածին:

***

Ընթերցողը, այս գիրքին մուտքի էջերուն՝ նախ մօտէն պիտի ծանօթանայ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանը վերարժեւորող Մեթր Պերճ Սեդրակեանի անձնական վկայութեան, ապա՝ Պարոյր Աղպաշեան հմուտ խմբագիրին ներածական ուսումնասիրութեան, որուն կը յաջորդեն Մեթրին կեանքն ու գործերը՝ տեղադրուած հինգ առանձին մասերու մէջ: Իսկական աշխատասիրութիւն մը արդարեւ, որուն մէջ խմբագիրը՝ է՛ նաեւ «ճարտարապետ»ը իր մտայղացումին, ուր կ’ամփոփէ Մարդն ու Գործը համատեղ: Ահաւասիկ գիրք մը, որ արդարութիւն կ’ընէ մեր մօտիկ անցեալին պատկանող լիբանանահայ ազգային-հասարակական անձնուէր գործիչի մը, ի մի հաւաքելով անոր ի պաշտօնէ արտասանած հրապարակային բանաւոր խօսքերն ու մամուլին մէջ լոյս ընծայած յօդուածները: Իբրեւ հրապարակագիր՝ ան կը մնար անշեղ իր սկզբունքին եւ համոզումներուն վրայ: Կը մէջբերեմ՝ նուազագոյն բառերով արտայայտած իր հաւատոյ հանգանակը. «Իմաստասէրները կը փնտռեն մարդկային կեանքի իմաստը, ես նախընտրեցի որոշ իմաստ մը տալ իմ կեանքիս եւ իմ մէջս ծնաւ հայրենիքին եւ սքանչելի մեր ժողովուրդին ծառայելու ամբողջական նուիրումի վեհ կոչումը» (Տե՛ս էջ 308): Այսպէս հաւատաց ու փարեցաւ իր համոզումներուն: Այս ոգիով դաստիարակեց զինք շրջապատող երիտասարդ թէ կրտսեր իր գաղափարի «աշակերտներու սերունդ»ները:

Մեթր Հ. Սեդրակեան իր «վեհ կոչումը» հրապարակեց մամուլի ճամբով: Պարբերական հայ մամուլը մեծածաւալ գանձատունն է հայ գրաւոր Միտքին ու Խօսքին: Դժբախտաբար, օրաթերթերուն կամ շաբաթաթերթերուն վիճակուած կեանքը շատ կարճ է: Սակայն մեծ բախտաւորութիւն է հանգուցեալ հեղինակներուն համար ունենալ յետ մահու ժողովածու մատեաններ:

Սոյն հատորին մէջ ընդգրկուած բազմատասնեակ յօդուածներէն կ’ուզեմ առանձնացնել գոնէ հետեւեալ խորագիրները, սակայն առանց անտեսելու կարեւորութիւնը՝ նաեւ գիրքին բովանդակութեան մնացեալ գրութիւններուն:

 – Մեթրին ազգային-միութենական-եկեղեցական մտածումներէն փունջ մը.

 – Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Ազգային-եկեղեցական ժողովին առիթով.

  • Անխախտ պահենք մեր հաւատքը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հանդէպ.
  • Սովետական Հայաստանի յիսնամեակին իմաստն ու տարողութիւնը.
  • ՀԲԸ Միութեան վաթսունամեակը եւ երիտասարդական շարժումներ.
  • Երիտասարդութիւն եւ երիտասարդական շարժումներ.
  • ՀԲԸ Միութեան վաթսունամեակի ու ՀԵ Ընկերակցութեան քառասնամեակի նոր հանգրուանը.
  • Ալեք Մանուկեան՝ ազգային մեծ ղեկավարը.
  • ՌԱԿ-ի դերը եւ ուղեգիծը ազգային-քաղաքական կեանքին մէջ.
  • Հայկական հիւղաւաններու մղձաւանջը,- եւ այլք:

Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան Մարդն ու իր Գործը՝ իբրեւ ամբողջութիւն,– ծնունդն է լիբանանահայ գաղութին: Մեթրը, շնորհիւ ազգային-միութենական իր երկարամեայ գործունէութեան, հանդիսացաւ համագաղութային հեղինակաւոր դէմք մը: Անցեալի իր գործակիցներն ու ժամանակակից երիտասարդ տարրերէն շատեր, այսօր եւս իրենց յիշողութեան մէջ կը պահեն տակաւին բարի ու պտղատու սերմեր, որոնք այս գիրքին երեւումին առիթով կրնան ծլարձակուիլ ու վերածուիլ գրաւոր վկայութիւններու:

Կարեւորը՝ սոյն հատորը արժանի յարգանքը կը մատուցէ Արժանաւորին:

 

  ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Պէյրութ, Լիբանան

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին