ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԶՈՅԳԻ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ
ՀԵՆՐԻԿ ԱՆԱՍԵԱՆ
(Շար. նախորդ թիւէն եւ վերջ)
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 1954 թուականի ամռան օրերն էին, որի ժամանակ բաւական մատչելի գներով կարելի էր խանութներից գնել ուզածդ մսամթերքը, ձկնեղէն, նպարեղէն, ամէն-ամէն ինչ: Մալենկովի վարած համաժողովրդական տնտեսական յեղափոխութեան շնորհիւ ժողովուրդն սկսեց ազատօրէն շունչ քաշել: Շատ կարճ ժամանակահատուածում ժողովուրդն այնքան սիրեց Մալենկովին, որ սկսեցին յօրինուել նրան նուիրուած երգեր: Առ այսօր յիշում եմ այդ երգերից մէկի բառերը` «Տասը ոչխար, երկու կով` կեցցէ ընկեր Մալենկով…»: Սակայն այդ ամէն բարիքները մէկ տարի յետոյ չքացան վաճառասեղանների վրայից: Մալենկովի ազատ գիւղացիական-տնտեսական քաղաքականութիւնը անյարիր էր կոմունիստական վարչակարգի սկզբունքներին:
Մայրիկիս համար դժուար չեղաւ մի ճոխ սեղան պատրաստել մեր ֆրանսահայ հիւրերի համար: Ճաշից յետոյ, ֆրանսերէն եւ արեւմտահայերէն լեզուներն իրար խառնած` աշխոյժ զրոյցի բռնուեցին մեր հիւրերն ու ծնողներս: Եկաւ մի պահ, երբ պարոն Կարպիսը աւելի քան լրջացած դիմեց ամէնքիս.
– Գիտեմ, անհամբեր էք գիտնալու, թէ ով ենք մենք եւ ինչպէս յայտնուեցանք Հայաստանի մէջ:
Համակ ուշադրութիւն դարձած լսում ենք Կարպիսին:
– Ես ֆրանսահայ եմ: Ծնունդէս քանի մը օր վերջ մայրս հոգին տուած է Աստուծոյ: Ատկէ ետք հայրս բնաւ չէ ամուսնացած: Զիս մեծցուցած է մեծ մայրս, հայրիկիս մայրը: Հայրիկս նշանաւոր ոսկերիչ եղած է, երկար տարիներ խանութ կը բանեցնէր Լիոնի կեդրոնական հրապարակին վրայ: Պատերազմի տարիները Սուիս (Շուէյցարիա) անցուցինք:
– Ըսելէ թէ հոնկէ Հայաստան եկաք,– միջամտեց մայրս:
– Ո՛չ տիկին, պատերազմը չլմնցած, 1944-ին Լիոն վեադարձանք, ուր հօրս հետ միասին նոր խանութ մը բացինք: Պզտիկ տարիքէս արդէն սորված էի ոսկերչութիւն ընել: Սկիզբը շատ դժուար օրեր ունեցանք: Լաւ էր, որ Սուիսէն բաւական դրամ բերած էինք հետերնիս: Պատերազմէն ետք, 2-3 տարուան ընթացքին շատ դրամ շահեցանք: Օր մըն ալ մեր ոսկերչանոցը մտաւ մեր այսօրուան տիկինը` Ալիսը` ոսկեայ վզնոցին փականը նորոգելու խնդրանքով: Ա՛ս է,– ըսի, գտա՜յ…, չերկարեմ, առաջին վայրկեանէն իսկ փոխադարձ սիրով կապուեցանք իրարու: 1947-ի վաղորդայնին ամուսնացանք: Նոյն թուականին սկսաւ ներգաղթը: Հայրս կտրականապէս դէմ էր հայրենիք ներգաղթելուն, սակայն տեղի տալով մեր անզուսպ խնդրանքին` ի վերջոյ համաձայնեցաւ:
– Ի՞նչ որոշում կայացուց Ալիսին ընտանիքը, ձեզի չմիացա՞ն,– հարցրեց հայրիկս:
– Հիմա ատոր պիտի գամ պարոն Յակոբ: Ալիսն ալ մայր եւ իրմէ մեծ եղբայր մը ունի: Որոշեցինք, որ անոնք յաջորդ քարաւանով գան Հայաստան` մեզմէ հայրենիքի մասին նպաստաւոր լուրեր առնելէ ետք:
– Այդ ի՞նչ միամիտ որոշում առած էք պարոն Կարպիս, չէի՞ք գիտեր, որ գրաքննութիւն կայ,– դարձեալ հայրիկս էր միջամտողը:
– Մէկ վայրկեան կեցէք պարոն Յակոբ, հիմա կը բացատրեմ: Հայաստանի մասին մենք աստեղէն-անտեղէն որոշ լուրեր առած էինք արդէն: Մերիններուն հետ պայմանաւորուեցանք որ, եթէ երկրին եւ պայմաններու մասին գովեստի նամակներ ղրկենք` ըսել է թէ հակառակը հասկցէք:
– Իսկապէս խելացի որոշում առած էք պարոն Կարպիս: Արդէն հասկնալի է, անոնք չեկան: Կը ներէք ընդհատումիս համար,– ես էի ընդմիջողը:
– Այո, չեկան: Հայրիկս շատ խելացի եւ հեռատես մարդ էր: Ինչ ունէինք-չունէինք ամէնը ոսկիի վերածեց. – Ոսկին ամէն տեղ կը քալէ տղաս,– ըսաւ: Ես անանկ տեղ մը կը պահեմ` ոեւէ մէկը չի կրնար գտնալ: Այդպէս ալ ըրինք: Երեւանի մէջ տուն մը վարձեցինք եւ երկու տարի գաղտնօրէն, տունին մէջ ոսկերչութիւն ըրինք: Ինչպէս շատերու, 1949-ին մեզի ալ աքսորեցին Սիբիր, Եակուտիա, ուր, ինչպէս գիտէք ոսկիի եւ ադամանդի հանքեր կան: Մեր աքսորավայրին ամէնէն մօտիկ քաղաքը 150 քիլոմեթրօ հեռու էր քաղաքէն, անյայտ անտառոտ վայր մը:
Այստեղ փոքր ինչ ընդհատեց իր պատմութիւնը մեր հերոսը եւ մի բաժակ ջուր ըմպելուց յետոյ շարունակեց.
– Դժբախտաբար Սիբիրի սոսկալի սառնամանիքը եւ անտանելի ցուրտ եղանակը պատճառ եղան, որ մենք զաւակ ունենալու գաղափարը ձգենք գալիք լաւ օրերու: Հայրիկիս համար սոսկալի դժուար եկան տեղւոյն պայմանները: Այդ խնդումերես, կատակասէր մարդէն բան չմնաց: Դարձաւ լռակեաց, օրեր, շաբաթներ տունէն դուրս չելաւ եւ անբացատրելի հիւանդութիւնը զգետնեց իրեն եւ հինգ ամիս վերջ հոգին աւանդեց: Ոսկերիչ ըլլալս ամէնքը գիտէին:
Արդէն առաջին իսկ շաբաթը ձեւով մը զատեցին արհեստաւորները. սափրիչ, կօշկակար, ատաղձագործ եւ ալն: Միակ ոսկերիչ-ժամագործը ես էի եւ ժողովուրդին օգտակար կ՚ըլլայի մանր-մունր ծառայութիւններ ընելով: Անշուշտ իշխանութիւնը գիտէր: Օր մը, 4-5 զինուորականներ ներխուժեցին մեր պճըլիկ բնակարանը` ոսկեղէն գտնալու առաջադրանքով: Բնական է` ոչինչ չգտան…, ա՜խ հայրս…, հայրս…, որքան փորձառու, կեանք տեսած մարդ էր: Անանկ տեղ մը պահած էր մեր ոսկիները, որ անկարելի էր գտնալ: Ժամանակի ընթացքին գաղթակայանի տարածքին սկսան գործել ամէն տեսակի արհեստանոցներ, որոնց վարպետները հիմնականին մէջ հայեր էին: Գործս երթալով շատցաւ եւ բաւականին դրամ կուտակած, 1955-ին Ստալինի սատկելէն երկու տարի վերջ վերադարձանք Հայաստան: Դրամի զօրութեամբ կրցայ Երեւանին կեդրոնը աշխատատեղ մը բանալ, ուր կը գործեմ մինչեւ օրս:
Իրաւ որ դժգոհութիւն չունիմ: Ֆինբաժին կ՚ըսեն, ինչ կ՚ըսեն չեմ գիտեր, նեղութիւն չեն տար, ամէն ամիս կու գան, իրենց կաշառքը կ՚առնեն կ՚երթան:
– Եթէ այդքան լաւ են գործերդ, ինչո՞ւ տուն մը չես առներ,– հարցրեց հայրիկս:
- Շիտակը, որ ըսեմ պարոն Յակոբ, խելքս-միտքս Ֆրանսայի վրայ է: Կը յուսամ, օր մը ճամբաները կը բացուին եւ մենք, կը վերադառնանք մեր ծննդավայրը:
***
Որոշ ժամանակ անց մեր հերոսները կորան տեսադաշտից: 1964-ի աշնանը յայտնի դարձաւ, որ նրանք մէկ գիշերուայ մէջ անյայտացել են, նոյնիսկ առանց տեղեակ պահելու տանտիրոջը: Տարիներ յետոյ, 1969-ին մի նամակ եկաւ Ֆրանսիայից: Կարպիսն էր գրողը.
«Հենրիկ, կը ներես բարեկամս, որ այդպէս, առանց տեղեակ պահելու, տարիներ չարչարուելէ ետք, հեռացանք հայրենիքէն եւ ձեզմէ: Ես հիմա մինակ կ՚ապրիմ: Ալիսը ձգեց զիս, ես ստիպուած գացի բարեկամներուս քով` Փարիզ, Իսի լէ Մուլինօ արուարձանը: Մենք այդպէս ալ զաւակի տէր չդարձանք: Եթէ գիտնայի, որ կինս զիս պիտի ձգէր` Հայաստանէն չէի ելլար: Հոս գրեթէ մինակ եմ, ընկերութիւն, բան չկայ, ամէնքը կը վազեն: Երանի երեւանեան օրերուն, երբ ձեր հիւրընկալ օճախին մէջ մինչեւ առտու բլոտ կը խաղայինք: Հոս ատանկ բան մը երազի կը նմանի: Ներէ եղբայրս: Եթէ Ֆրանսա գալու ըլլաս` սիրով կ՚ընդունիմ քեզի: Հասցէն արդէն կայ պահարանին վրայ»:
1970-ին երկու ամիս մնացի Փարիզում եւ միայն երկու անգամ տեսայ Կարպիսին, այն էլ` դրսում, սրճարանում…, որից յետոյ կապը կտրուեց…