Երկուշաբթի, 11. 12. 2023

spot_img

Չկայ Տեսլական Մը, Թէ Մենք Ո՞Ւր Պիտի Երթանք, Ո՞ր Ուղղութիւնները Գերակայ Պիտի Ըլլան. Սփիւռքի Նախարարութեան Աշխատակիցները Կը Սպասեն

«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ – 24 –

ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

 

«Զարթօնք» օրաթերթի ««Զարթօնք» հայրենիքի մէջ» խորագրեալ շարքով անդրադարձ կը կատարենք հայրենիքի՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Աւելի կանուխ, գրած էինք ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը լուծարելու կառավարութեան որոշումին մասին, նախարարութեան աշխատակիցներուն բողոքին ու նախարարութիւնը պահելու հիմնաւորումներու մասին: Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները դեռ կը շարունակեն աշխատիլ, նախարարութիւնը փաստօրէն դեռ կը գործէ, կը քննարկուի Սփիւռքի հետ կապը պահելու ձեւաչափը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան «Զարթօնք»-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշեց, որ իրենք կ’աշխատին, բայց յստակ որեւէ ծրագիրներ չեն իրականացներ, քանի որ չեն գիտեր իրենց ապագան: Իր խօսքով՝ իրենք Սփիւռքի հեղինակաւոր կառոյցներէն բազմաթիւ արձագանգներ ստացած են առ այն, որ նախարարութեան առկայութիւնը Սփիւռքի հետ կապերու ընդլայնումի գործին մէջ կենսական անհրաժեշտութիւն է:

Կը ներկայացնենք մեր հարցազրոյցը Լեւոն Անտոնեանի հետ:

-Պարոն Անտոնեան, կը ներկայացնէ՞ք նախարարութեան կրճատումի գործընթացին մէջ ի՞նչ տեղաշարժ կայ: Ի՞նչ կ’ընէք կամ ի՞նչ ըրած էք այս ընթացքին:

-Նախ կ’ուզեմ ըսել՝ չես գիտեր ինչո՛ւ՝ նոր ձեւաւորուած կառավարութեան մէջ ի սկզբանէ Սփիւռքի նախարարութեան ճակատագիրին շուրջ ձեւաւորուած էր անհասկնալի, չհիմնաւորուած մօտեցում մը, ինչը մինչեւ հիմա կը շարունակուի դեռ: Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին մեր ստացած արձագանգները ցոյց կու տան, որ հեղինակաւոր մարդիկ, կառոյցի գործունէութեան ծանօթ մարդիկ դրական արտայայտուած են նախարարութեան գոյութեան: 2008 թուականին ստեղծուած նախարարութիւնը փաստօրէն կ’ամրագրէ Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ կապը: Մեզի համար կարեւոր է մէկ փաստ. կրճատո՞ւմ, լուծարո՞ւմ: Լա՛ւ: Բայց աշխատակիցները կ’ուզեն հասկնալ, թէ ինչի՞ մէջ եղած է իրենց թերութիւնը, որո՞նք եղած են այն ուղղութիւնները, ուր թերացած են եւ այլն: Այսինքն՝ մենք յստակ կ’ուզենք տեսնել հիմնաւորումներ:

Նախարարութիւններու գործունէութեան արդիւնաւէտոթիւնը կ’որոշուի իրենց առջեւ դրուած խնդիրներու կատարմամբ: Այս պահու դրութեամբ՝ ինչ խնդիրներ որ դրուած են մեր առջեւ, կատարուած են, այդ առումով մենք չեն թերացած: Կը ցուցադրուի շտապողականութիւն, կը բերուին հիմնաւորումներ, որոնք  ցոյց կու տան, որ նախորդ տարիներուն նախարարութեան կողմէ կատարուած աշխատանքը բաւական մանրակրկիտ չէ ուսումնասիրուած: Մեր կանոնադրութեան մէջ կան իրաւասութիւններ, որոնք վստահուած են բացառապէս Սփիւռքի նախարարութեան եւ չեն կրկներ ոչ մէկ նախարարութեան գործառոյթները, ինչպէս կը պնդեն:

Ես նորէն կը կրկնեմ, որ չէ քննարկուած Սփիւռքի ներկայացուցիչներուն կարծիքը, սփիւռքագէտներուն, այն մարդոց կարծիքները, որոնք մեզի հետ աշխատած են այս տարիներուն ընթացքին: Փոխարէնը կը լսենք մարդոց կարծիքներ, որոնք այնքան ալ ծանօթ չեն մեր գործունէութեան: Այս պահուն նախարարութիւնը փաստօրէն կը գործէ, մենք կ’երթանք աշխատանքի, բայց տակաւին անորոշ է:

-Այս պահուն կը քննարկուի Սփիւռքի հարցերով յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպանի գրասենեակ մը ստեղծելու խնդիրը: Արդեօք սա կ’ամրապնդէ՞ Սփիւռքի հետ կապերը: Որքա՞ն արդիւնաւէտ կ’ըլլայ ըստ Ձեզի:

-Առարկայականօրէն եթէ նայինք, հաշուի առնելով Սփիւռքի առանձնայատկութիւնները, պէտք է ըսեմ, որ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպանի գրասենեակը իր կարգավիճակով ու մօտեցումներով չի կրնար Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները պահել բարձր մակարդակի վրայ, ինչպէս կը յայտարարէ վարչապետը: Յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպանը հայեցողական պաշտօն է, այսինքն՝ կառոյց չէ,  այլ, ըստ էութեան, նոյնինքն խորհրդականի պաշտօն է: Համակարգային մօտեցում չունենալը եւ յենիլը ընդամէնը գրասենեակի վրայ ճիշդ չէ, անգամ եթէ ատիկա պիտի ըլլայ անմիջապէս վարչապետին հսկողութեան ներքոյ: Այդ պարագային վարչապետն ալ պէտք է պէտք եղած ժամանակը ունենայ բոլոր հարցերուն անդրադառնալու համար: Դեսպան հասկացութեամբ մենք կը հասկնանք մարդ մը, որ այլ երկրի մը մէջ պիտի ներկայացնէ Հայաստանը, պիտի շփուի դուրսը ապրող իր ժողովուրդին հետ:

Մենք միշտ առաջարկած ենք, որ եթէ կրճատում տեղի պիտի ունենայ, կրնան նախարարութիւնը դարձնել կառավարութեան առընթեր կառոյց մը՝ իր համապատասխան պաշարներով: Բայց երբ մենք վարչապետի աշխատակազմ կը մտցնենք զայն, այն ալ անհասկնալի ձեւակերպումներով, բազմաթիւ հարցեր կը յառաջանան: 70-80 աշխատողներէն քանի՞ հոգին կրնայ աշխատիլ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպանի, այսպէս ըսած, գրասենեակին մէջ: Ես գիտեմ, որ մօտ 7-10 հոգի կրնայ գրասենեակը ըլլալ, բայց անոնք նոյնիսկ եթէ նախարարութեան  լաւագոյն աշխատողները ըլլան, վստահաբար չեն կրնար իրականացնել նախարարութեան ամբողջ ծաւալի աշխատանքը:

Այստեղ չկայ տեսլական մը, թէ մենք ո՞ւր պիտի երթանք, ո՞ր ուղղութիւնները գերակայ պիտի ըլլան՝ հայապահպանութիւն, հայրենադարձութիւն եւ այլն: Այս տարիներուն ընթացքին մենք հսկայական աշխատանք կատարած ենք, աշխատած ենք համահայկական բոլոր կառոյցներուն հետ, հայկական եկեղեցիներուն եւ այլն: Չկար ուղղութիւն մը, որ մեր կողմէ անտեսուած ըլլար:

-Նախարարութեան լուծարումի ժամկէտին վերաբերեալ նախարարութեան աշխատակիցներուն որեւէ տեղեկութիւն տրուա՞ծ է:

-Մեզի որեւէ ժամկէտ չեն ըսած: Մենք կը սպասենք, որ նախագիծը  մտնէ Ազգային ժողով եւ քննարկուի: Մենք այս փուլին ժամանակը օգտագործեցինք, որպէսզի նախարարութեան կարեւորութեան ու գործառոյթներուն վերաբերեալ հիմնաւորումներ ներկայացնենք կառավարութեան: Արձագանգները մենք կը տեսնենք այն յայտարարութիւններուն մէջ, որ կը հնչէ առաջին դէմքին կողմէ: Մենք հիմա կը սպասենք, տեսնենք, թէ մեր ճակատագիրը ի՞նչ պիտի ըլլայ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին