ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երբ անզօր ենք համակերպելու կամ փոխելու, այն ժամանակ կը գանգատինք, այս անգամ՝ յուսալով որ մարդիկ կը լսեն:
Այսօրուան հարցը քաղաքացի տարեցներու մասին է (Senior citizens):
Միացեալ Նահանգներու Օհայօ նահանգի ներկայացուցիչ մը 40 տարիներէ ի վեր բազմած է այդ նոյն աթոռին, իր նահանգի բնակիչներուն հոգատարութեան կոչումով: Ան սքանչելի յիմարութիւն մը դուրս տուած է յայտարարելով, թէ «այս երկրին տարեցները շատ պահանջկոտ են իրենց հասած ընկերային ապահովագրական (social security) տուեալներուն վերաբերեալ»:
Պահ մը անդրադառնալով պետական ներկայացուցիչի մը ընդունակութեան, ուսումին եւ գիտելիքին, որոնք անհրաժեշտութիւններ պէտք էր ըլլային իր պաշտօնի կիրարկման համար, կը զարմանանք սա ներկայացուցիչին յայտարարութեան վրայ, քաջ իմանալով որ ընկերային ապահովագրական տուեալները, (շահերը, շահաբաժինները, օգուտները) (benefits) որ կը բաշխուին թոշակի անցած տարեցներուն, անոնք կուտակուած եւ կազմուած են այդ նոյն տարեցներու կեանքի ընթացքին, աշխատավարձերէն գանձուած տուրքերէն, նպատակ ունենալով անոնց կեանքի ապահովութեան երաշխաւորումը, աշխատանքէ դադրելէ ետք:
Միացեալ Նահանգներու ընկերային ապահովագրական (social security) ընկերութիւնը հիմնուած է 14 Օգոստոս 1935-ին, Ֆրանքլին Ռուզվելթ նախագահի օրով, վերոյիշեալ նպատակին համար… միայն: Այսօր անոր պահեստը կը հասնի 1,06 թրիլիոն տոլարի պատկառելի գումարի մը, որուն վրայ գայլի ախորժակները բազմազան էին անցեալին եւ ներկայիս, սկսեալ Պիլ Քլինթըն նախագահին եւ կրտսեր Ճորճ Պուշի իշխանութիւններու օրով, երբ անոնք նախախնամուած օրէնքով յաջողեցան այդ գումարին մեծ մասը փոխ առնել, իսկ մէկ այլ մասը «գործածել» «պետական անհրաժեշտ պէտքերուն»: Անկէ ետք, ժողովուրդին այդ իրաւունքը եւ սեփականութիւնը կոչուեցաւ «օգնութիւն» կամ «նպաստ» պետութեան կողմէ: Մինչդեռ՝ Ֆրանքլին Ռուզվելթ նախագահին օրով ստեղծուած այս հաստատութիւնը պիտի ըլլար անձեռնմխելի եւ անկախ, պետական որեւէ ազդեցութենէ կամ միջամտութենէ: Ըստ օրէնքին՝ 65 տարիքը ամբողջացուցած ոեւէ տարեց որ իր տուրքերը վճարած է մինչեւ աշխատանքէ դադրիլը, պէտք է արժանանայ այդ իրաւունքի օգտին: Սակայն վերոյիշեալ պետական ներկայացուցիչին նման անհատներու դրդումով, այդ տարիքը արդէն բարձրացած է 66-ի եւ որոշ շրջանէ մը ետք պիտի դառնայ 67, 68, 69 եւ հասնի 70-ի, առանց նկատի ունենալու աշխատանքի մարզը կամ անհատին աշխատանքային կարողութիւնը այդ տարիքէն ետք:
Այժմ՝ ցաւալիօրէն, այդ նոյն ներկայացուցիչները կը ջանան ժողովուրդներու այդ հատուածին իրաւունքները կրճատել, մերժել կամ որեւէ ձեւով փախուստ տալ կիրարկումէ, որպէսզի… կարենան սանձարձակ գործել իրենց նպատակներու շահագործման համար:
Պիտանի կամ անպէտք, Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ կամ ծերակուտական մը, չնշելու համար այլ պետական պաշտօնեաներ, որոնք նոյնիսկ մէկ շրջան պաշտօնավարած են, կրնան ցկեանս թոշակ ստանալ նոյն աշխատավարձով, առանց նշելու անոնք որոնք կը պաշտօնավարեն 40 տարի կամ… ցկեանս: Բնականաբար անոնք ունին կարգ մը առաւելութիւններ հասարակ մահկանացուներէն, ինչպէս՝ ձրի առողջապահական ապահովութիւն, բժշկում, ճամբորդութիւն՝ յանուն աշխատանքին որուն մէջ (յաճախ) կ՚ընդգրկուի նաեւ հաճոյքը, ընկերային ապահովութիւնը եւ լսուած կամ չլսուած, շինծու կամ յերիւրուած իրաւունքներ եւ իրաւասութիւններ եւ բոլորը… բարձրագոյն մակարդակով: Իսկ այդ բոլորը վճարելի անշուշտ… ժողովուրդին լումաներով, որպէսզի այդ տզրուկները կարենան առաւելագոյն ձեւերով եւ հնարքներով նեղել զիրենք կերակրող տրատու ժողովուրդը:
Բայց մինչ, մէկ այլ ուղիով, անոնք վստահօրէն չափազանց գոհ կը պահեն տարբեր դասակարգի ժողովուրդ մը, որ հաւանաբար, ամբողջ կեանքի ընթացքին, մէկ տոլարի մասնակցութիւն նոյնիսկ չէ ունեցած ընկերային ապահովագրութեան տուրքերուն, կամ՝ կ՚ապրի անօրէն: Այդ դասակարգի ժողովուրդները ձրիաբար կերակրելով, խնամելով եւ հոգատարութեամբ է որ վերոյիշեալ ներկայացուցիչներուն աթոռները կանգուն կը մնան… անոնց տածած քուէներով:
Երբ կը լսենք թէ՝ այս երկրի անօրէնները ունին ներկայացուցիչներ քոնկրէսին մէջ կամ այլուր, իրենց իրաւունքները պաշտպանելու համար. կը մտածենք թէ՝ հապա՞ մեր իրաւունքները: Կեանք մը ամբողջ աշխատած եւ տուրք վճարած անհատի մը իրաւունքները ինչպէ՞ս կրնան կրճատուիլ ու բաշխուիլ անօրէններու հաշուոյն:
Ահաւասիկ այսպիսի ներկայացուցիչներու նպատակադրութիւններու հետեւանքով է այս երկրին ժողովրդային տնտեսական կարգավիճակի անդորրութիւնը կը խախտի կամ կը տուժէ:
Սակայն, հակառակ անոր, «պղտոր ջուրին մէջ ձկնորսներու» եւ պատրաստ կամ պահեստի գումարի վրայ ոռնացողներու թիւը անպակաս է միշտ: