Յարգելի Բարեկամներ, հիւրեր, հարազատներ,
Զեկոյցս պիտի վերաբերի հատորին բովանդակութեան. պիտի ծանրանամ աւելի տեղեկագրին վերլուծական բովանդակութեան, կառոյցին որոնք պիտի ներկայացնեմ ժամանակի մտայնութեան ու միջավայրի պարունակին մէջ եւ կատարեմ եզրակացութիւններ:
Նախ, համառօտակի ներկայացնեմ գիրքը:
Իր 114 էջերուն մէջ, այս գիրքը կը բովանդակէ ութ-էջանի ներածական մը, 21-էջանի տեղեկագիրը, ապա եւ 9 յաւելուածներ՝ Պապիկեանի՝ վարչապետին ուղղած երեք հեռագրերը, մամլոյ երկու հարցազրոյցները, Ատանայի զինուորական ատեանի վճիռներուն վերլուծութիւնը, արեւմտեան մամուլի լրատուութիւնը, բնակչութեան եւ զոհերու վիճակագրութիւնը՝ ըստ թրքական եւ ըստ հայկական աղբիւրներու, Կիլիկիոյ մէջ աղիտեալ հայերու մօտաւոր ցանկը եւ ունեցուածքի վնասներուն վերլուծութիւնը, քննարկում մը թէ այս կոտորածները ծրագրուա՞ծ թէ՞ տարերային բնոյթ ունէին: Իսկ վերջին երեք յաւելուածները կիլիկեան աղէտը իրաւական ուղիներով կը կամրջեն մեր օրերուն՝ Թուրքիոյ տխրահռչակ թիւ 301 պատժական օրինագիծ, Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց, ազատութիւններու եւ անոնց դրական թէ ժխտական դրսեւորումներուն մասին Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական Մարդկային Իրաւանց Ատեանին զեկոյցներ ու յանձնարարականներ, հուսկ՝ ՄԱԿի 1968ին որդեգրած հռչակագիր՝ պատերազմական ոճիրներու եւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու անժամանցելիութեան մասին:
Գիրքը կ’ընդգրկէ նաեւ Սմբատ Բիւրատի հեղինակած «Ատանայի Ողբը»ի անգլերէն թարգմանութիւնը, Դոկտ. Կիւրեղեանի ձօնը, շնորհակալական իր խօսքը:
Յաւելուածները, ներածականը, թարգմանութիւնը, ինչպէս նաեւ յաւելեալ ընթերցումի համար ներկայացուած գրականութեան թէ յատուկ անուններու ցանկերը պատրաստուած ու կատարուած են Դոկտ. Կիւրեղեանի կողմէ:
Կ’անցնիմ նահատակ Յակոբ Պապիկեանի պատմական տեղեկագրին:
Կիլիկեան կոտորածները ունեցան երկու հանգրուան. 1-3 Ապրիլ եւ խաղաղարար բանակին ժամանման (Կիրակի, 12 Ապրիլ) եւ յաջորդող երկու օրերը:
Տարի մը չէր եղած տակաւին եղբայրութիւն, ազատութիւն հաւասարութիւն մարտակոչերով սուլթանական բռնատիրութիւնը սահմանափակող յեղափոխութեան. կայսրութեան լուսամիտ եւ յառաջադէմ խաւը կը հաւատար որ յեղափոխութեամբ կ’աւարտէր սուլթանական մտայնութիւնը եւ 20րդ դարու առաջին իսկ տասնամեակին կայսրութիւնը կը մտնէր ընկերաքաղաքական նոր հանգրուան՝ օսմանականութեան: Ասիկա վերնագրային հասկացութիւն մըն էր, որուն մանրամասնութիւնները դեռեւս կը մնային անորոշ, մանաւանդ որ օսմանականութիւնը կ’ենթադրէր կայսրութեան բոլոր բաղադրատարրերուն մասնակցութիւնը իշխանութեան: Հարցերը շատ էին՝ իւրաքանչիւր միլլէթի քաղաքական իրաւունքի, ներկայացուածութեան, մշակութային թէ այլ իրաւասութիւններու, արդարութեան եւ ընդհանուր համախոհութեան խնդիրները եւ անշուշտ շուրջ չորսհարիւր տարիներու ընթացքին կերտուած գերակայ սիւննի թրքութեան հաւասարեցում-հաշտեցումը՝ կայսրութեան միւս ժողովուրդներուն եւ կրօններուն հետ: Քարացած մտայնութիւններ վերաձեւելը կը վտանգէր կրօնական, տնտեսական, ընկերային, զինուորական եւ կայսրութեան բոլոր միւս ասպարէզներուն վրայ գերիշխող այս կամ այն խմբակցութեան կենսական շահերը:
Այս մթնոլորտին մէջ ահա Ապրիլի սկիզբը ծայր առած եւ ընդամէնը հինգէն վեց օր տեւած կիլիկեան կոտորածները կու գային ցնցելու երազներ հիւսող անհատներ, խմբաւորումներ եւ կայսրութեան էթնիք թէ կրօնական հաւաքականութիւններ:
Երեւոյթները փրկելու եւ այլեւայլ ճնշումներու տեղի տալով օսմանեան կառավարութիւնը երկու մեպուսներով՝ Յակոբ Պապիկեան եւ Եուսուֆ Քեմալ պէյ, Ֆայիք պէյով (նախադատ ատեանի նախագահ), Մանասթիրի Վիլայէթի դատական քննիչ Յարութիւն Մոստիչեանով քառանդամ յանձնախումբ մը կը ղրկէ Կիլիկիա:
Յանձնախումբը Պոլիսը կը ձգէ Մայիս 12ին եւ Ատանա կը հասնի Մայիս 16ին, յանձնարարութիւն ունենալով «քննելու բնոյթն ու պատճառները Ատանա քաղաքն ու շրջակայքը պարուրած արիւնոտ դէպքերուն եւ ճշմարտութիւնը յայտնաբերելու»:
Պապիկեան կը խոստովանի որ կ’ենթադրէր թէ պատմուածն ու լսուածները մեծ չափազանցութիւններ էին, մանաւանդ որ համիտեան կոտորածներէն ետք – եւ յեղափոխութեան մղումով – իսլամ կրօնական եւ աշխարհիկ ղեկավարութիւն մը եւ ժողովուրդ այցելած էին համիտեան հայ նահատակներու գերեզմաններ եւ ցաւակցած, որով եւ «ջնջած էին պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան ամօթալի էջ մը»:
Սակայն տեղեկագրին 19րդ տողին իսկ Պապիկեան կը գրէ. «Դժբախտաբար, ստիպուած եմ հրապարակաւ յայտարարելու թէ անձամբ իմ գտածներս լրիւ հիասթափեցուցին զիս» եւ կը հաւաստէ որ «նման դէպքերու կրկնումը արգիլելու միակ արդիւնաւէտ ձեւը ճշմարտութիւնը իր մերկութեամբ բացայայտելն է, առանց որեւէ վերապահութեան»:
Պապիկեան նախանձախնդիր էր որ օսմանականութեան գաղափարախօսութիւնը յաջողի. ատոր համար նախապայման էր ճշմարտութիւնը՝ ի հեճուկս երիտթուրք գործընկերներու կամ այլ իշխանաւորներու եւ ինչու չէ՝ կիլիկեան անմեղ արեան տէրերուն: Պապիկեանի կեանքի փորձառութիւնները զինք վերածած էին ժողովուրդներու գործակցութեան, իրաւունքներու փոխադարձ յարգանքի հաւատացող անձի մը. ան ականատես եղած էր պուլկարական ըմբոստութեան արիւնահեղ լուծարքին, Պոսնիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմին եւ ասոնց արձագանգներուն՝ Պոլսոյ մէջ: Պապիկեան կիլիկեան կոտորածներուն գլխաւոր թիրախը կը տեսնէր նորահռչակ սահմանադրութիւնը:
Յաջորդող օրերուն, յանձնախումբը դաշտային, քննչական, հետազօտական այլեւայլ աշխատանքներով, այցելութիւններով, վկայութիւններ հաւաքելով, Պապիկեանի գլխաւորութեամբ կը կազմէ իր տեղեկագիրը: Յանձնախումբը կ’երթայ Միսիս, Համիտիէ, Պաղչէ, Օսմանիէ, Մերսին, Տարսոն եւն.: Վկայութիւններ կը հաւաքուին հայ, թուրք, եւրոպացի՝ ամերիկացի, գերման, ֆրանսացի, աւետարանական թէ կաթողիկէ ականատեսներէ: Պապիկեան կը մատնանշէ որ նիւթերը շատ են, եւ ինք պիտի ներկայացնէ ականատես, զոհ, կամ մասնակից միայն 17 հոգիի պարագան:
Պապիկեան բաղդատելով համիտեան եւ կիլիկեան կոտորածները, վերջինս կը գտնէ աւելի վայրագ եւ բացարձակ անհաշուենկատ (ջարդը ընդգրկած էր փոքրերը, ծերերը, իսկ կողոպուտը՝ ոչ միայն տուներ ու խանութներ, այլ նաեւ անոնց հրկիզումն ու ոչնչացումը: Սկիզբը խտրութիւն չէր դրուած նաեւ հայու եւ ոչ-հայու, առաքելականի, կաթողիկէի ու աւետարանականի միջեւ):
Պապիկեան կը խօսի զոհերու թիւերուն մասին եւ ինչ հեգնանք, պետական առաջին յայտարարութիւններով, 1500 ոչ-իսլամ ու 1900 իսլամ սպաննուած էին: Ապա թիւերը կը փոխուին ու կ’աւելնան, հասնելով 6000ի, մինչեւ 25000ի, բայց վերջնական յստակացում մը կարելի չ’ըլլար, որովհետեւ զոհերուն մէջ կան մեծաթիւ ոչ-տեղաբնակներ (ուստի եւ չգրանցուածներ). ան կու տայ օրինակը Հաճընի եւ Տէօրթ Եոլի, ուր ջարդեր տեղի չեն ունենար, բայց կը խօսի 3000 պանդուխտ հաճընցիներու սպանութեան մասին, որոնք իջած էին Ատանայի դաշտը աշխատանքի այդ եղանակին: Պապիկեան հաճընցիներու այս պարագան կ’ընդհանրացնէ, մատնանշելով որ պանդուխտները միայն հայեր չէին, կային եւ ուրիշներ, որոնք կու գային մինչեւ իսկ Մուսուլէն, թերեւս շուրջ «40-50,000»: Իսկ նիւթական վնասներուն ակնարկելով Պապիկեան կը թելադրէ որ տուրքերու գրասենեակին հաշուած 96,000 թրքական լիրային վրայ զերօ մը եւս աւելցնել: Իդէպ, շահեկան է Դոկտ. Կիւրեղեանի գնահատումը՝ այս վնասներուն եւ անոնց այժմէական արժեւորումը:
Պապիկեան կը խօսի նաեւ ջարդերու ընդհանուր նախապատրաստուածութեան մասին, պաշտօնատարներու ստացած ճշմարիտ տեղեկագրերու խեղաթիւրուած խմբագրումով առաքումը Պոլիս, Ատանայի Իթիտալ թերթին, իսլամ շարք մը կրօնաւորներու հակահայ ատելութեան, գրգռութիւններու, ստապատիր լուրերու տարաձայնումին մասին: Յիշեմ մէկ օրինակ միայն. լուր կը տարածուի թէ 5000 զինեալ հայեր մօտեցած են քաղաքին ու կը պատրաստուին յարձակիլ… յետոյ ի յայտ կու գայ, որ եղածը 50 գնչուներու քաղաքէն անցումն է…:
Ուշագրաւ է որ այս ստապատիր լուրերուն բերմամբ, քաղաքին բանտին դռները կը բացուին որպէսզի թուրք բանտարկեալները զինուին ու պաշտպանեն քաղաքը վերոյիշեալ 5000 չգոյ զինեալներուն դէմ: Բայց ասոնց առաջին գործերէն կ’ըլլայ սպանել իրենց բանտակից երկու յոյները:
Պապիկեան, կը հերքէ, սուտ կը հանէ, կը ջրէ Ատանայի եւ մօտակայ այլ շրջաններու հակահայ սուտ տուեալները: Օրինակ, կը մատնանշէ հայկական թաղամասի մօտ գտնուող հայաբնակ շրջանի մէկ տունէն կրակ բացուիլը խաղաղարար բանակին վրայ: Ապա կը լուսաբանէ թէ ջարդերուն առաջին իսկ հանգրուանին հայաբնակ այդ շրջանը դատարկուած էր, իսկ աւելին, նոյնինքն մատնանշուած եւ մեղադրեալ այդ տունը բնակեցուած էր …թուրքերով:
Պապիկեան ամբողջական իրաւունք կու տայ ինքնապաշտպանութեան եւ կը հակաճառէ որ բոլոր թուրք սպանեալները ինկած էին հայկական թաղամասերու մուտքերուն ինչ որ կը հաւաստէ հայոց ինքնապաշտպանութենէն բացի այլ նկրտումներ չունենալը: Ու կը զգուշացնէ. «եթէ մէկը փորձէ նուազագոյն յանցանք բարդել անմեղ զոհերուն վրայ, ատիկա, ըստ իս, ճամփայ մը պիտի ըլլայ նման դէպքերու կրկնութեան»:
Շատ բան կայ իր տեղեկագրին մէջ, որ լուսարձակի տակ կ’առնէ կոտորածներուն թուրքերու արիւնոտ ձեռագիրը եւ անոր նմանութիւնը Ատանա քաղաքի եւ շրջակայից ու մինչեւ Անատոլու երկարող նման խժդժութիւններուն մէջ:
Զանց կ’ընեմ զինուրական ատեանի վճիռներու իր նոյնքան շահեկան, ուշագրաւ եւ կարեւոր վերլուծումը:
Կ’ամփոփեմ: Պապիկեանի տեղեկագրին բովանդակութիւնը ծանուցուած էր Պոլիս իր ժամանումէն առաջ իսկ հրատարակուած մամլոյ հարցազրոյցներով: Ան Յունիս 20ի ատենները վերադարձած էր Պոլիս, ու յականէ յանուանէ կը մեղադրէր Երիտթուրքերու կիլիկեան շարք մը ղեկավար պաշտօնատարներ եւ մարտահրաւէր կը կարդար կուսակցութիւնը մաքրազտելու նման տարրերէ, ինչպէս Ատանայի վալին, Ճեպէլ Պերեքէթ Սանճաքի կառավարիչը:
Յուլիս 20-21ի խորհրդանարանական ժողովին իր տեղեկագիրը կարդալու պատրաստուող Պապիկեան Յուլիս 20ի առաւօտեան իր աչքերը չի բանար: Տեղեկագիրը կը յայտնաբերէ Մուրատ՝ Համբարձում Պոյաճեան, որ Պապիկեանի այրիին քով կը լուսանկարէ տեղեկագիրը, որ յետոյ կը փոխանցուի Պատրիարքարան եւ աւելի ետք կը հրատարակուի:
Կ’եզրափակեմ միքանի մտածումներով. նկատեցիք, որ տեղեկագիրը 21 էջ էր. Պապիկեան ինք ալ կը նշէ որ բազմաթիւ փաստերէն եւ վկայութիւններէն միայն փոքր խումբ մը ընդգրկած է իր տեղեկագրին մէջ: Ի՞նչ ճակատագիր վիճակուեցաւ արդեօք Պապիկեանի տեղեկագրին հումքին: Ու՞ր է ան:
Վերջերս կարդացի թէ քննիչ յանձնախումբի անդամ՝ Եուսուֆ Քեմալ պէյ տարակարծիք էր Պապիկեանի եզրակացութիւններուն: Ատիկա ճիշտ չէ, որովհետեւ Պապիկեան իր տեղեկագրին մէջ աւելի քան անգամ մը կը յիշատակէ իր գործընկերոջ համակարծիք ըլլալը: Այդուհանդերձ, շահեկան պիտի ըլլար Քեմալ պէյի տեղեկագիրն ալ հրապարակել, եթէ ան ընդհանրապէս գոյութիւն ունի:
Պապիկեանի տեղեկագիրը դատաիրաւական շատ ամուր եւ խորունկ թղթածրար մըն է կիլիկեան կոտորածներուն մասին, զոր երիտթուրքերը անտեսեցին, ինչպէս յետեղեռնեան տասնամեակներէն մինչեւ այսօր Թուրքիոյ իշխանութիւնները կ’անտեսեն եւ կը խեղաթիւրեն ցեղասպանութեան իրողութիւնները:
Պապիկեանի տեղեկագիրը իր արդիւնքը ունեցաւ. անոր անտեսուիլը յաւելեալ մղիչ հանդիսացաւ Հայոց 1915ի Ցեղասպանութեան, որուն կ’ակնարկէ Վեր. Հայտօսթեան այս գիրքին սկիզբը՝ կիլիկեան կոտորածները նկատելով «1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան նախերգանք»՝ վերնագրեալ իր կարճառօտ գրութեամբ: Կիլիկեան կոտորածները առաջնորդեցին Հայոց ցեղասպանութեան: Իսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը ինչի՞ առաջնորդեց ու պիտի տակաւին առաջնորդէ:
Երկու խօսք՝ գիրքին մասին ընդհանրապէս. Կիւրեղեան Պապիկեանի տեղեկագիրը կը դնէ իր բնական միջավայրին մէջ. արդարեւ, գիրքին յաւելուածները, ներածականը, ծանօթագրութիւնները կը յառաջացնեն այն անմիջական, էական եւ լուսաբանական շրջանակը, որով նահատակ Պապիկեանի տեղեկագիրը կը դառնայ ժամանակաշրջանի մը եւ մտայնութեան մը իւրօրինակ հակադարձութիւնը: Գիրքին ոչ-պապիկեանական հատուածները աւելի ամբողջական կը դարձնեն տեղեկագիրը եւ զայն կը կապեն այսօրուան, տալով նաեւ այլատեսակ այժմէականութիւն մը 110 տարիներ առաջ պատահած անմարդկային կոտորածներուն:
Դոկտ. Կիւրեղեան, ձեր վարձքը կատար: