Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի Խօսքը Արտասանուած «Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան Մարդն ու Գործը» Գիրքին Շնորհահանդէսին

Բարեբախտութիւնը ունեցած եմ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանը ճանչնալու վաղ մանկութեանս, երբ ան երիտասարդ էր եւ այլազան առիթներով մեր բնակարանը կ’այցելէր, իրեն հօրը՝ Խոսրով էֆենտիին հետ: Մեթրը մեզի խնամի էր, իր հօրեղբայրը եւ իմ մօրեղբայրս երկու քոյրերու հետ ամուսնացած էին: Մեթրը ոչ միայն այդ հանգամանքով մեզի կ’այցելէր, այլեւ գաղափարական գծով, հայրս Մկրտիչ Մսըրլեան իր շէֆն էր, իբր ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ 1941-42-ին եւ ապա ՌԱԿի Կեդրոնական Վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ Միջին Արեւելքի մէջ 1942-էն 1946: Ես ալ յատկապէս 1958-1965 տարիներուն առիթը ունեցած եմ հետը կապի մէջ ըլլալու իբր ատենապետ Հայ Համալսարանական Միութեան եւ Ատենապետ Թէքէեան Մշակութային Միութեան  Լիբանանի Տեղական վարչութեան:

Եթէ Մեթրը այսօր ողջ ըլլար, 103 տարեկան պիտի ըլլար, իր մահէն անցած է 27 տարի, եւ նկատելով, որ իր հիմնական գործունէութիւնը կատարած է 40-ական թուականներէն մինչեւ 70-ականները վերջերը, թէեւ շարունակած է մինչեւ 90-ականներու սկիզբը շատեր լսած են իր անունը, բայց հիմնականին մէջ 40 տարեկան եւ վեր եղողներն են, որ յատկապէս լիբանանահայ գաղութին մէջ, ծանօթ են իր գործունէութեան ընդհանուր ծիրին:

Կ’արժէ ամփոփ կերպով անդրադառնալ իր կենսագրական գիծերուն, նախքան անցնելու Պարոյր Աղպաշեանի կազմած եւ խմբագրած «Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան մարդն ու գործը» գիրքին:

Մեթրը ծնած է 1916-ին Եոզկաթ:

Տարագրութենէն ետք հայրը Լիբանան հաստատուած է, ուր ինք յաճախած է Ժէզուիթներու Էֆրեֆիէի Ս. Գրիգոր (Սեն Կրէկուար) վարժարանը: Ապա Պէյրութի Սեն Ժոզէֆ համալսարանի իրաւաբանական բաժինէն շրջանաւարտ եղած է 1940-ին՝ դառնալով փաստաբան:

ՀԲԸՄ-ի Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան անդամակցած է 1938-ին: Եղած է Անդրանիկ Ակումբին վարչութեան անդամ եւ վարած կրտսերներուն բաժինը: Յետագային եղած է ՀԵԸ գործադիր մարմինի անդամ: 1946-էն 1971 եղած է ՀԵԸի կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ փոխատենապետի հանգամանքով:

1940-ին գլխաւոր հիմնադիրը եղած է ՀԵԸ-ի Հայ համալսարանական ուսանողաց միութեան եւ երեք տարի յաջորդաբար եղած է ատենապետ:

1943-ին անդամակցած է ՀԲԸՄ-ի եւ վեթերանի վկայականը ստացած 1964-ին: 80ականներուն ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին ատենադպիրը եղած է, եւ ապա պատուոյ անդամ նոյն մարմինին:

Մեթրը վաղ երիտասարդութեան անդամակցած է ՌԱԿ-ին եւ եղած բազմամեայ ատենապետը ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան միջեւ 1970-ականները, նաեւ անդամ ՌԱԿ-ի կեդրոնական վարչութեան եւ հռչակուած պատուոյ նախագահ իր մահէն երկու ամիս առաջ, 1996-ին:
Ան ՌԱԿ-ի թեկնածուն 1951-ի պետական երեսփոխանական ընտրութիւններուն Պէյրութի մէջ՝ ստանալով 6583 քուէ:

Հիմնադիրներէն մին էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ անդամ եղած է :

1940-ականներուն մաս կազմած էր Լիբանանի թեմի ազգ.իշխանութեան ըլլալով գաւառական եւ քաղաքական ժողովներու անդամ: 1946-ին մաս կազմած է Ազգային խորհուրդին եւ եղած է ներգաղթի կոմիտէին ատենադպիրը 1946–1948 եւ 1947-ին նախագահին տեղակալը:

1982-ին ամուսնացած է Մարլէն Մելքոնեանին հետ:
Աշխատակցած է «Զարթօնք»-ին եւ «Խօսնակ»ին:

Մեթր Սեդրակեանի Ոսկեայ Յոբելեանը նշուած է Պէյրութի մէջ 11 Դեկտեմբեր 1994-ին Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի վարչութեան եւ ՀԵԸի կազմակերպութեամբ միասնաբար: Այս առթիւ Ժիրայր Դանիէլեան խմբագրած է 84 էջնոց գրքոյկ մը:

Լոս Անճելըսի մէջ ՌԱԿ-ի Ամերիկայի Արեւմտեան Ափի Շրջանային Վարչութեան կողմէ եւս նշուած է իր յոբելեանը:

Պէյրութի մէջ յանուն նախագահ Հրաուիի պետական  շքանշանի արժանացած է, որ իրեն յանձնուեցաւ նախարար Յակոբ Տէմիրճեանի կողմէ: Նոյն առիթով, արժանացած է ՀԲԸՄ-ի, ԹՄՄ-ի, ՀԵԸ-ի շքանշաններուն:

Մահացաւ 16 Յունուար 1997-ին Պէյրութ՝ արժանանալով փառաշուք յուղարկաւորութեան:

Իր անզուգական գործունէութեանց համար Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ պարգեւատրուած է երկու սրբատառ  կոնդակներով: Իր անունով կոչուեցաւ ԹՄՄ-ի ա. յարկի հանդիսասրահը:

Մեթր Սեդրակեանը կը հաւատար հաւաքական աշխատանքի զօրութեան: Հայկաշէն Ուզունեան «Հրաչ Սեդրակեան՝ Մեթրը» գրութեան մէջ գրած է. «Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեան, Մկրտիչ Մսըրլեան, Գերսամ Ահարոնեան, Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան, Հայկաշէն Ուզունեան, Յակոբ Դաւիթեան, Համբարձում Պէրպէրեան, պատկանած են այն փոքր խումբին, որ գործակցութեամբ  Վահէ Վահեանին «արմատական փոփոխութիւն յառաջացուց, ոչ միայն  Լիբանանի, այլ՝  Միջին Արեւելքի եւ ապա ամբողջ սփիւռքահայ կեանքին մէջ («Զարթօնք», 11 Դեկտեմբեր 1994):
Գալով բանասէր, հրապակագիր, «Զարթօնք» օրաթերթի նախկին երկարամեայ խմբագիր, վաստակաւոր կրթական մշակ Պարոյր Աղպաշեանի բծախնդիր աշխատանքով կազմած ու խմբագրած գիրքին, այս հրատարակութիւնն է ՀԲԸՄիութեան եւ տէր եւ տիկին Պերճ Սեդրակեանի մեկենասութեան: Այս գիրքը  պարտք մըն է յարգելու յիշատակը հաւասարակշռուած խօսքի տէր, շրջահայեաց, եւ մեղմաբարոյ անձնաւորութեան մը, որ լիբանանահայ գաղութին մէջ տիրական եւ  ազդեցիկ դիրք ունեցած էր յատկապէս 1940-ական թուականներէն մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակաշրջանը:
ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական գրասենեակէն Արթուն Համալեան հետեւողական աչալրջութիւն ցուցաբերած է գիրքի պատրաստութեան ընթացքին: Մեթրի արխիւը տրամադրած է Տիկ. Մարլէն Սեդրակեանը:

Արխիւները ունենալէ ետք կը սկսի խմբագրին աշխատանքը, ընտրել գրութիւնները, դասաւորել զանոնք ու կարգի դնել ու կազմել գիրքը: Այս լուրջ, հետեւողական եւ բծախնդիր աշխատանք կը պահանջէ, ինչ որ կատարած է Պարոյր Աղպաշեան:
Խմբագիրը 388 էջնոց լաթակազմ գիրքը բաժնած է հինգ մասերու: Գիրքը տպուած է Արամ Սեփեթճեանի «Սիփան» հրատարակչատան միջոցով 2018-ի գրեթէ աւարտին: Ունի մաքուր տպագրութիւն:

Գիրքը կը բացուի ՀԲԸՄ-ի նախագահ եւ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի եղբօրորդի Պերճ Սեդրակեանի «Միութենական, կուսակցական եւ եկեղեցական կառոյցներու հաւասարակշիռ համակեցութեան եւ զօրակցութեան գաղափարախօսը» խորագրեալ առաջնորդող գրութեամբ:

Անկէ ետք խմբագիրը Պարոյր Աղպաշեան հանգամանօրէն եւ ու գնահատելի կերպով կ՛անդրադառնայ Մեթր Սեդրակեան՝ իբր մարդու, գաղափարախօսի, միութենականի, հայրենասէրի, գաղութային, հասարակական, միութենական ղեկավարի:

Այժմ նշենք գիրքին հինգ մասերը.

Ա. մաս: Կենսագրական, մեծարում, ոգեկոչում:
Այս բաժինին մէջ կ’իյնայ յոբելեաններու նշումը, ինքնագիր անտիպ գրութիւններ, մտորումներ եւ այլն:
Բ. մաս: Արդիւնաւէտ ազգային գործիչը գրուած Պարոյր Աղպաշեանի կողմէ:
Այս բաժինէն կ՛ուզեմ մէջբերել արդար դատում մը.
«Սեդրակեան կը փնտռէր այնպիսի ուղիներ եւ ելքեր, որոնք կրնան առաջնորդել ընդունելի ու համակերպելի արդիւնքներու, անոնք ըլլան քաղաքական, ազգային, կուսակցական, եկեղեցական թէ հասարակական մարզերէն ներս»:
Գ. մաս: Հրապարակագրութիւն – ազգային, քաղաքական, կուսակցական, միութենական, եկեղեցական, երիտասարդական:
Ասոնք Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի յօդուածներն են լոյս տեսած «Զարթօնք»ի եւ «Խօսնակ»ի մէջ: Կան անտիպ գրութիւններ եւս:

Յօդուածագիրը կ՛անդրադառնայ ներգաղթին, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրապայքարներուն, ազգային-եկեղեցական հարցերու, ՀԲԸՄ-ի, ՀԵԸ-ի, մայր հայրենիքի,  Լիբանանի եւ լիբանանահայ գաղութի, ՌԱԿ-ի եւ ծանօթ ազգայիններու կեանքին ու գործին:

Դ.մաս: Ելոյթներ, բանախօսութիւններ եւ արտասանուած խօսքեր, ընդհանրապէս լոյս տեսած «Զարթօնք»-ի մէջ կամ անտիպ:
Այս բաժինին մէջ յատկանշական յօդուածներ կան կ՛արժէ քանի մը մէջբերում ընել:

Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան կը գրէ, թէ «Տասնամեակներ ամբողջ ծառայած է ՀԲԸՄ-ին եւ նաեւ ՀԵԸ-ին եւ շատ բան կը պարտի այս կազմակերպութեան:

Ան կը գրէ . «Օտար կրթական հաստատութեան  մէջ ուսում առած, տակաւին համալսարանական ուսանող, ազգային կեանքէն բոլորովին անտեղեակ, բարեբախտութիւնը ունեցած անդամագրուելու ՀԵԸնկերակցութեան, ուր սորված եմ հայերէն լեզուն, վերագտած եմ ազգային  ինքնութիւնս եւ հայ ըլլալու հպարտութիւնս: ՀԵԸ, ինծի համար եղաւ հաւաքական կեանքի փորձառութեան ընդարձակ դաշտ մը: Այս փորձառութիւնը մեծապէս օգտական պիտի ըլլար իմ ազգային, հասարակական, կուսակցական եւ քաղաքական աւելի քան յիսուն տարիներու վրայ երկարող գործունէութեանս ընթացքին: ՀԲԸՄ-էն եւ ՀԵԸ-էն ներս աշխատանքս ինծի համար եղաւ նաեւ գաղափարական կազմաւորման շրջան մը»: (էջ 299-300:)
Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան ազգին, հայրենիքին, հայց. Եկեղեցւոյ, ՀԲԸՄ-ին, ՌԱԿ-ին, ՀԵԸ-ին եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան միջոցաւ ծառայած է հայութեան:
Ան կը նշէ, թէ երկար տարիներ մաս կազմած է իր նշած չորս կազմակերպութիւններուն ղեկավար մարմիններուն, իր բառերով  «բծախնդրութեամբ յարգած եմ իւրաքանչիւրին ինքնութիւնը, առանձնայատկութիւններն ու ազատ գործելու իրաւունքը…աշխատելով հասնիլ այս համախոհ կազմակերպութիւններուն ներդաշնակ եւ համերաշխ գործակցութեան»: (էջ 308)

Ահա իսկական ղեկավարի մը չափանիշերը:

Մեթր Սեդրակեան ՀԵԸ-ի համալսարականներուն  մասին իր գրութեան մէջ նշած է ղեկավարի յատկանիշները. «ղեկավարութիւնը չի տրուիր, ան կը նուաճուի բծախնդիր աշխատանքով, ազգային ու ընդհանուր  զարգացումով, նուիրումով….»:
Ե. մասը: Գաղութային տպաւորութիւններ, որոնք ընդհանրապէս լոյս տեսած են «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ:
Այս բաժնին մէջ անդրադարձ կայ միջին արեւելեան  գաղութներուն, ֆրանսահայ գաղութին եւ եգիպտահայութեան մասին: Ասոնք ականատեսի վկայութիւններ են եւ ապագային — կրնայ իբր սկզբնաղբիւր ծառայել այս գաղութներու պարզած կեանքը ուսումնասիրողներուն:  Ուսանելի շատ բան տեսայ այդ գրութիւններուն մէջ:

Գիրքը կ’աւարտի 3 էջ լուսանկարներով: Կարելի էր այս էջերը քիչ մը եւս աւելցնել:

Կ’եզրափակենք գիրքին մեկենաս ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի սրտի խօսքով. «Մեր ջերմ փափաքն է որ Հրաչեայ Սեդրակեանի ազգային-քաղաքական-միութենական նշանակալի վաստակին նուիրուած այս հատորը ուսանելի աղբիւր մը ըլլայ նաեւ երիտասարդութեան համար՝ քաջալերելու զիրենք, որ ունենան լայն աշխարհահայեացք, վերլուծական միտք, ինքնուրոյն մտածելակերպ եւ աշխոյժ ներգրաւուածութիւն ազգային եւ հանրային ծառայութեան մարզերուն մէջ՝ հետեւելով անոր  փայլուն օրինակին»: (էջ 12)
Կ’արժէ ունենալ այս հատորը ձեր գրադարանէն ներս ու մանաւանդ կարդալ զայն: Վարձքդ կատար այս հատորը իրականացնողներուն:

Յարգանքով կը խոնարհինք Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի յիշատակին»:

Որոշ յապաւումներով

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին