«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Պաշտօնական այցով Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փետրուար 1-ին հանդիպած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ:
ԳԴՀ վարչապետի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է դիմաւորումի պաշտօնական արարողութիւն. բարձրացուած են ԳԴՀ, ՀՀ եւ ԵՄ դրօշները, եւ կարմիր ուղեգորգի երկայնքով շարուած են Պատուոյ պահակախումբի զինուորները եւ զինուորական նուագախումբը: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան պետական օրհներգերու կատարումէն ետք ԳԴՀ վարչապետը ՀՀ վարչապետը հրաւիրած է Պատուոյ պահակախումբի ստուգայցի:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ձեռքսեղմումէ եւ արարողակարգային լուսանկարահանումէ ետք ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ ԳԴՀ վարչապետ Անկելա Մերքել բանակցութիւնները շարունակած են աշխատանքային ճաշի ծիրէն ներս:
ԳԴՀ վարչապետ Անկելա Մերքել ողջունած եւ կարեւորած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնական այցը Գերմանիա՝ վստահութիւն յայտնելով, որ անիկա նոր ազդակ կը հաղորդէ հայ-գերմանական բարեկամական գործակցութեան: Անկելա Մերքել նշած է, որ Գերմանիան շահագրգռուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումով եւ պատրաստ է քննարկելու երկկողմ կապերու ընդլայնումի հեռանկարները: Ողջունելով 2018 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններու յաջող կայացումը` ԳԴՀ վարչապետը նշած է, որ Գերմանիան ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն եւ պատրաստ է նպաստելու երկկողմ յարաբերութիւններու խորացումին, աջակցելու բարեփոխումներուն տարբեր ոլորտներու մէջ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Գերմանիա այցելելու հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար՝ կարեւորելով վարչապետ Մերքելի հետ կրկին հանդիպելու եւ հայ-գերմանական յարաբերութիւններու ամրապնդումին ուղղուած կարեւոր քննարկումները շարունակելու հնարաւորութիւնը։ «Հայաստան կատարած Ձեր այցը կարեւոր խթան հանդիսացաւ հայ–գերմանական գործակցութեան զարգացումին համար։ Ուրախութեամբ, նաեւ հպարտութեամբ կ»արձանագրեմ, որ իմ այցս կը կայանայ Ձեր այցէն ընդամէնը հինգ ամիս ետք։ Սա կը նշանակէ, որ մենք երկուստեք տրամադրուած ենք հիմք դնելու հայ–գերմանական աւելի խոր եւ թիրախային գործակցութեան», – նշած է ՀՀ վարչապետը: Կառավարութեան ղեկավարը վստահութիւն յայտնած է, որ այսօր աւելի, քան երբեւէ առկայ են նախապայմաններ հայ-գերմանական գործակցութեան օրակարգը նոր բովանդակութեամբ լեցնելու համար: Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ եւրոպական ուղղութիւնը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններու շարքին, եւ այս առումով Գերմանիոյ՝ որպէս ԵՄ ծանրակշիռ անդամներէն մէկուն հետ գործակցութիւնը կարեւոր է։
Զրուցակիցները քննարկած են հայ-գերմանական յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցեր՝ երկկողմ ու բազմակողմ ձեւաչափով գործակցութիւն, Հայաստան-Եւրամիութիւն յարաբերութիւններ, միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցեր:
Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ նախորդ տարուան Դեկտեմբեր 9-ին կայացած խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները Հայաստանի պատմութեան մէջ բացառիկ էին օրէնքի տառին, միջազգային չափանիշներուն համապատասխանելու առումով, ինչը անգամ մը եւս կը վկայէ կառավարութեան յանձնառութեան մասին՝ ամրապնդելու իրաւունքի գերակայութիւնը, ապահովելու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան աւելի բարձր մակարդակ, անկախ դատական համակարգ՝ յաջողելու փտածութեան դէմ պայքարին մէջ: «Խորհրդարանական ընտրութիւններով աւարտած է յեղափոխութեան առաջին փուլը: Հայաստան յառաջ կը շարժի ժողովրդավարական արժէքներու եւ հիմնարկներու հզօրացումի ճամբով: Այժմ կառավարութեան օրակարգին տնտեսական յեղափոխութիւնն է` մեր քաղաքացիներու բարեկեցութիւնը զարգացնելու համար», – նշած է ՀՀ վարչապետը:
Անդրադառնալով հայ-գերմանական տնտեսական գործակցութեան խորացումին` Նիկոլ Փաշինեան եւ Անկելա Մերքել քննարկած են տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, բնապահպանութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ համատեղ ծրագիրներու ընթացքը, ինչպէս նաեւ նոր նախաձեռնութիւններու հնարաւորութիւնները: Երկուստեք ընդգծուած է, որ անոնց իրագործումը կը նպաստէ երկու բարեկամ ժողովուրդներուն միջեւ կապերու սերտացումին եւ քաղաքացիներու բարեկեցութեան բարձրացումին: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու աշխոյժ երկխօսութիւնը տնտեսական տարբեր ծրագիրներու իրագործման ուղղութեամբ: Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Եւրոպական միութեան հետ արտօնագիրերու ազատականացումի գործընթացին ուղղութեամբ աշխատանքներուն:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորումի հարցին շուրջ: Երկուստեք ընդգծուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս բանակցային գործընթացի կարեւորութիւնը` որպէս խնդրով զբաղող միակ միջազգային լիազօրութիւն ունեցող ձեւաչափ: