ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Այս գրութիւնը յանձնուած էր տպագրութեան, երբ Ուրբաթ, Յունուար 25-ին, նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ կառավարութեան «Շաթտաուն»-ը վերջ գտած է… գոնէ ժամանակաւորաբար, մինչեւ Փետրուար 15։ Իսկ յօդուածագիրին դիտարկումները կը մնան ուժի մէջ, որովհետեւ անորոշութիւններու շղթան բաւական երկար է։
ՆՈՐ ՕՐ
Զորն ասեմ, զորն խոստովանիմ:
Երբ անզօր ենք ուղղելու կամ՝ համակերպելու, այն ատեն կը գանգատինք:
Գանգատներու շարանը պիտի սկսինք քաղաքական դաշտէն, որովհետեւ այս օրերուն հաւաստիքներն են անոնք, որպէս լրատուական տիտաններուն բերնի ծամոց:
Յաճախ կը մտածեմ, արդեօք միայն հո՞ս կը պատահին այսպիսի բազմահազար անկանոն, անօրէն, ապօրինի եւ հազար ու մէկ զարմանալի պատահարներ, գործարքներ, արարքներ, որոնք բանականութենէ, խելքէ եւ մտքէ վեր են, թէ՝ ամէնուրեք է եւ աշխարհի տարածքին:
Պահ մը մտնենք քաղաքականութեան բեմ որպէս ակնդէտ դիտորդ եւ հետեւինք այնտեղ պատահած անսահման խայտառակութիւններուն, անարգանքներուն, վարկաբեկումներուն եւ մասամբ նորին, այստեղ, այս երկրին, մանաւանդ՝ այս նախագահին օրօք։ Մենք մեզի հարց պիտի տանք տարակուսանքով, արդեօք կարելի՞ էր այս բոլորը պատահէր այստեղ, ա՛յս երկրին մէջ: Կարծէք միայն կը պակսի հին «քաուպոյական» ժամանակաշրջանի ապրելակերպը, ուր հարցեր ու խնդիրներ շատ արագ ձեւով կը լուծուէին փողոցին մէջտեղ, առանց միջնորդներու եւ ձգձգման:
Արդեօք, այս բոլորը կը պատահէին նաեւ նախկին նախագահներու օրին եւս եւ մենք անտեղեա՞կ կը մնայինք անոնց թաքուն ծրագիրներէն:
Այսօր, մօտաւորապէս մէկ ամիսէ ի վեր, պետութիւնը փակած է իր նիւթական պիւտճէն, որուն պատճառաւ 800 հազար պետական պաշտօնեաներ կը մնան առանց աշխատավարձի: Իսկ անոր պատճա՞ռը, Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիքոյի միջեւ պատ մը կառուցելու խնդիրն է: Բայց ի՞նչ խնդրի մասին է տարակարծութիւնը հանրապետականներուն եւ տեմոքրաթներուն միջեւ, երբ տեմոքրաթներու իշխանութեան օրով սկսուած 250 մղոն երկարութեամբ պատին համար 6,5 միլիար տոլարի յատկացում մը եղած էր արդէն պատին այդ բաժնի կառուցման համար: Այժմ՝ ներկայ նախագահը պատին մնացեալ 250 մղոնին կառուցման համար 5,7 միլիար տոլար կը պահանջէ Քոնկրէսէն: Անշուշտ ներփակ կարելի է ըսել թէ, այդ կառուցուած պատին բաժինը կը նմանի Իրաքի մէջ իրաքեան պատերազմի սկիզբին, կառուցուած աներեւոյթ կեդրոններու, զօրանոցներու կամ այլ վայրերու մէջ: Բայց ո՞վ հարց տուաւ կամ քննարկութեան ենթարկեց կառուցողը:
Նոյնը կը պատահի մինչեւ այսօր, Մոհավի անապատին մէջ, մեր քիթին տակ, գաղտնօրէն ստեղծելով երեւակայական միջինարեւելեան քաղաք մը, ուր ենթադրաբար, մեր բանակի զօրասիւներ կը մարզուին միջինարեւելեան «կարգ» մը երկիրներու մէջ պատերազմական վիճակի պատրաստութեան համար: Բայց ցաւալին այն է, որ այդ զինուորները դժբախտաբար ճակատ չեն երթար պատերազմելու. բայց ո՞ւր կ՚երթան կամ կ՚ուղարկուին այնքան խիստ մարզումէ ետք: Ի զուր վատնուած գումարներ, որոնց վերջնական հանգրուանը, կարգ մը «մարդոց» գրպանները կրնան ըլլալ շատ հաւանաբար: Ճիշդ այսպիսի պատճառներով է որ այս երկրին պատերազմական պիւտճէն կը հասնի 800 միլիար տոլարի, երբ Իրաքի մէջ գործածուած պատերազմական փոխադրական կառքերու վառելանիւթը բերուի Միացեալ Նահանգներէն, կալոնը 4 տոլարով, մինչդեռ՝ կարելի էր գործածել իրաքեան վառելանիւթը, կալոնը 25 սենթով: Եթէ համարձակինք նշել այն բոլոր մսխուած գումարները, հաւանաբար գրքոյկի մը տարողութեան պէտք պիտի ունենանք:
Մի քանի օր առաջ, ներկայ նախագահ Թրամփ, արգիլեց Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան եւ փոքրամասնութեան ղեկավարներուն, որոնց ընկերակցած էին շարք մը այլ տեմոքրաթ ներկայացուցիչներ, գործածելու զինուորական օդանաւ մը, ճամբորդելու համար Աֆղանիստան, զանոնք խայտառակելով եւ օդակայանի կէս ճամբէն վերադարձնելով զիրենք, որովհետեւ անոնք մերժած էին պետական պիւտճէի քննարկման նիստին մասնակցելէ: Անոնք պիտի երթային Աֆղանիստան, այնտեղ գտնուած բանակայիններուն բարոյականը ամրապնդելու նպատակով, մինչդեռ այստեղ, 800 հազարէ աւելի պետական պաշտօնեաներ, անհամբեր կը սպասեն որ տեմոքրաթներն ու հանրապետականները յստակ որոշումի մը յանգին իրենց ապրուստին միակ միջոցի լուծումին համար:
Բայց այս խառնիճաղանճ պատահարներուն եւ ընդդիմութեան ետեւը ի՞նչ կայ թաքնուած, որ ժողովուրդ մը ամբողջ կը տուժէ անգիտակցօրէն: