ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Համացանցը տնավարի շատախօսութեան բեմ է: Երբեմն ալ լոյս կը բերէ:
Այսօր պատմութիւն սորվեցայ: Երանի ուրիշներ ալ, փոխանակ խորհելու, որ պատմութիւնը իրենցմով կը սկսի, ըսուած եւ գրուածը լսեն, առաջ երթալու համար երբեմն ալ ետ նային:
Ռաֆայէլ Համբարձումեանը չեմ ճանչցած: Երբեմն իր անուան կը հանդիպիմ համակարգիչիս պատուհանին մէջ երեւցող նամակներու (մէյլերու) շարքին: Այսօր կարճ գրութեամբ մը պատմութեան ուշագրաւ դաս մը տուած էր: Իր գրութիւնը ղրկած է նաեւ Հայաստանի Ազգային Ժողովին եւ կառավարութեան: Կը յուսամ որ կը կարդան եւ շատեր ինծի պէս կը զարգանան:
Ռ. Համբարձումեանի կարճ գրութեան մէջ ուսանելի տեղեկութիւններ կան մեծերու եւ փոքրերու համար:
Հայ Բանակի օրը նշուած է Հայաստանի մէջ: Սփիւռք(ներ)ն ալ արձագանգեց:
Ռ. Համբարձումեան պատմագիտական պարկեշտ ճշդումներ կատարած է, զորս հասկնալով եւ անոնց հետեւելով մենք մեզ կը ճանչնանք, ինչ որ քաղաքական հասունացման քայլ է: Մէկ էջ գրութենէն կը ստացուին տեղեկութիւններ, որոնք կը հարստացնեն մեր ներկան եւ ըմբռնումները:
ա. Հակառակ մեր անմիջականէն բխած օրաթերթային ըմբռնումներուն, Հայոց պետական բանակի վերականգնումը վերանկախացման շրջանի 1992 թուականին տեղի չէ ունեցած, ինչպէս կ’ըսուի: Կը կարդանք, որ 26 յունիս 1918 թուականին «Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնում հիմնադրուած Ռազմական նախարարութիւնը արձանագրեց ո՛չ թէ հայոց բանակի ԾՆՈՒՆԴԸ, այլ ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ»: Ուրեմն հարիւր տարի առաջ կատարուած է Հայոց Բանակի Վերականգնումը: Ինչո՞ւ վերականգնում:
բ. Կը կարդանք. «Հայոց պատմութիւնը սկսւում է Յիսուս Քրիստոսի յայտնութիւնից 2492 տարի եւ մեզանից աւելի քան 4509 տարի առաջ, Հայոց Մեծ թուարկանութեան նաւասարդի 1-ին, այսօրուայ տոմարով՝օգոստոսի 23-ին, Հայկ նահապետի ԱԶԱՏԱՄԱՐՏՈՎ»:
գ. «Աւելի քան ՉՈՐՍՈՒԿԷՍ հազարամեայ Հայոց բանակը ՊԵՏԱԿԱՆՕՐԷՆ «27 տարեկան է» ասել-յայտարարելը լինելով ողբալի տգիտութիւն, ԱՆՎԵՐԱՊԱՀՕՐԷ՛Ն նաեւ հայոց պատմութեան պղծագործութիւն է, որից ՀՀ իշխանութիւնները ԱՆՅԱՊԱՂ պէտք է մաքրազարդուեն»:
դ. «Այնպէս որ ՀՀ ղեկավարութիւնը պէտք է ԱՆՅԱՊԱՂ չեղարկի յունուարի 28-ը հայոց բանակի հիմնադրութեան տօն նշանակելու անտեղեակութիւնը եւ հայոց պետական բանակի վերականգնումի եւ տօնախմբումի տօն նշանակի ՀՀ առաջին հանրապետութեան ազդարարած Հայոց բանակի վերականգման օրը՝ յունիսի 26-ը, երբ կառավարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմական նախարար նշանակեց անկուսակցական զօրավար Հախվերդեանին»:
Այս ճշդումները ոչինչով կը նուազեցնեն հայոց բանակի իրագործումները եւ արժէքը: Ընդհակառակն. կը զարգանայ շարունակութիւն եւ հաւատարմութիւն ըլլալու գիտակցութիւնը, ըսելու համար, որ Հայաստանը Խաղաղականի կղզիներու «պանանային հանրապետութիւն չէ», այլ դարերու խորքէն եկած ազգի մը պետութիւն:
Հայոց բանակը պատմութիւն ունի, Հայկ նահապետէն մինչեւ մեր օրերը: Այս գիտակցութեան զարգացումը հայ զինուորին եւ հայ մարդու միտքին եւ հոգիին մէջ ինքնավստահութեան եւ ազգակերտման լուսաւոր ճանապարհ է:
Ռ. Համբարձումեան իր լուսաբանութիւնը ղրկած է Հայաստանի Ազգային Ժողովին եւ կառավարութեան: Ինծի պէս շատեր ալ, ինչպէս նաեւ կուսակցութիւնները, մամուլը, մտւաորականութիւնը, եթէ տեղեակ չէին անգամ, հիմա գիտեն:
Մենք մեզ տեսնելով մեր պատմութեան 4509 տարիներու մայրուղիին վրայ, այս եւ այլ պարագաներու, կ’ամրապնդենք մեր մէկութիւնը՝ արմատներու վրայ:
Ռ. Համբարձումեանի կատարած ճշդումը գիտոսիկի ինքնացուցադրութիւն չէ, այլ այն խոր ըմբռնումը, որ ոչ նոր պետութիւն եւ ոչ նոր ազգ ենք:
Թերեւս օր մըն ալ պէտք է խօսիլ «մէկ ազգ մէկ մշակոյթ» կարգախօսի շարունակութեան մասին եւ ըսել՝ համազգային բանակ, բազմագոյն սփիւռքներու իրաւ մասնակցութեամբ: