Շաբաթ, 02. 12. 2023

spot_img

Յիշելով Օրդ. Անժէլ Ճանճանեանը

ՅԱՍՄԻԿ ՔԻՒՐՏԵԱՆ

ԶԱՐԹՕՆՔ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ, ՊԷՅՐՈՒԹ Մի քանի անգամ փորձեցի պարտադրել ինքզինքիս, որ կեդրոնանամ, բայց կարելի չեղաւ։ Հաւանաբար պատճառը օրդ. Ճանճանեանին՝ մեր հետը չըլլալու գաղափարին չհամակերպիլն էր եւ է։

Իբրեւ թուաբանութեան ուսուցչուհի՝ օրդ. Ճանճանեան բծախնդրութեան ու համբերութեան օրինակն էր բոլորիս համար։ Տնօրէն հանգուցեալ պրն. Արա Թօփճեանի օրերուն, ինչպէս նաեւ յետոյ Դարուհի Յակոբեան ընտանիքէն ներս պայման չէր, որ ուսուցիչ մը կամ ուսուցչուհի մը դասատու ըլլար որոշ դասարանի մը։ Բոլորը նոյն պարտականութիւնները ունէին աշակերտուհիներուն նկատմամբ, երբ հարցը կը վերաբերէր ընդհանուր կեցուածքի, օրէնքներուն հետեւելու եւ այլն։

Ա. շարք՝ ձախէն աջ. Օրդ. Լուիզ Վարժապետեան, Օրդ. Սեդա Ֆրէնքեան, Օրդ. Անժէլ Ճանճանեան, Օրդ. Քէթի Ուուլի, Օր. դ. Վերոնիքա Շմայզըր, Պրն. Հմայեակ Գրանեան, Պրն. Զարեհ Մելքոնեան, Տիկ. Սօսի Պետիկեան, Տիկ. Խատիժէ Մուֆտի, Օրդ. Լուիզ Խրլոբեան, Օրդ. Սեդա Սամուէլեան, Օրդ. Յասմիկ Մանկասարեան, Օրդ. Լիւսի Պոհճալեան  Բ. շարք՝ Պրն. Վազգէն Թիւթիւնճեան, Սեդա Բանիկեան, Սեդա Մոմճեան, Հերմինէ Սալպաշեան, Արմինէ Աւետիսեան, Պերճուհի Զանազանեան, Պրն. Յակոբ Թորոսեան, Անի Տագէսեան, Նեկտար Ույարեան, Ազնիւ Սարաֆեան, Մարի Պզտիկեան, Ծովինար Շիրյակոբեան, Պրն. Փառէն Գազանճեան Գ. շարք՝ Նուարդ Մատոյեան, Սեդա Սմսարեան, Յասմիկ Քիւրտեան, Լուսին Շիթիլեան, Թագուհի Մազմանեան, Անի Մահտեսեան, Հայկանոյշ Վարդանեան, Զարուհի Տարագճեան, Էօժէնի Պչաքճեան, Մարի Դաւիթեան, Վարսենիկ Մելքոնեան, Ֆլորիթա Սաղըրեան, Մարալ Տեմիրճեան, Սոնա Ատիշեան, Գոհար Աւետիքեան, Ռուբինա Ճիկէրեան, Նազելի Եահնիեան, Լուսին Նագուլեան

 

Օրդ. Ճանճանեանին աւելի մօտէն ճանչնալու առիթը ստեղծուեցաւ, երբ Դարուհի Յակոբեան վերադարձայ իբրեւ ուսուցչուհի, դասընկերուհիիս հետ։ Անշուշտ որոշ դժուարութիւններ կանխատեսելի էին, բայց տնօրէնուհիին՝ հանգուցեալ տիկ. Սօսի Պետիկեանին եւ մեր նախկին ուսուցիչներուն քաջալերական կեցուածքն ու մեզ հաւասարէ-հաւասար ընդունիլը այդ փոխանցման շրջանը գրեթէ աննկատ դարձուցին։ Օրդ. Ճանճանեան մեծ դեր ունեցաւ այս պարագային, ու մենք իր մէջ տեսանք, բացի ուսուցիչէ, շատ լայն հետաքրքրութիւններ ունեցող անձ մը։ 1971-ին ան ստացաւ մագիստրոսի տիտղոսը՝ թեզի նիւթ ունենալով «The Effect of the Study of Elementary Symbolic Logic on the Performance in Geometry of Eighth Grade Secondary School Students»:

Լիբանանեան պատերազմին պատճառով որոշ ժամանակ մը ետք արեւելեան շրջանի երկրորդական դասարանները Նազարեան վարժարանէն տեղափոխուեցան Կարմիրեան վարժարան՝ տնօրէնուհի ունենալով օրդ. Ճանճանեանը։ Այդ ժամանակաշրջանը անսահման ու աննկարագրելի դժուարութիւններ դիմագրաւելու մարտահրաւէր էր, ըլլալու կամ չըլլալու հարց էր լիբանանահայ թէ լիբանանեան վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն համար։ Հարցը, սակայն, այդ դժուարութիւններուն լուծում գտնելն էր, ինչ որ օրդ. Ճանճանեան առանց վհատելու կրցաւ դիմագրաւել։ Ինչպէ՞ս. միշտ հաղորդակից ըլլալով ուսուցչական կազմին հետ, մտիկ ընելով ու յետոյ որոշում տալով, գնահատելով իր կազմին տարած աշխատանքը, մէկ խօսքով՝ օրինակելի առաջնորդի կեցուածք ցուցաբերելով։ Օրդ. Ճանճանեան կը հաւատար իր առաքելութեան, բծախնդրութեամբ ու անսակարկ կը կատարէր իր պարտականութիւնը՝ առանց երբեք գլխապտոյտ ունենալու արձանագրած իր յաջողութիւններէն։ Երանի ոմանք տեսած ըլլային այս առաքինութիւնները։ Կը յիշեմ օր մը, երբ երկար ժողովէ մը ետք խումբով դպրոցէն դուրս կ’ելլէինք։ Մոռցած եմ խնդրոյ առարկայ նիւթը, բայց շատ լաւ կը յիշեմ հանգուցեալ պրն. Գումրուեանին խօսքը. «Հոգ չէ. պտղատու ծառին քար նետող շատ կ’ըլլայ»:

Մի քանի տարի ետք դարձեալ տեղափոխուեցանք Նազարեանի շրջափակը, եւ յարաբերաբար հանգիստ մթնոլորտի մէջ բծախնդիր ու արդիւնաւէտ աշխատանքը շարունակուեցաւ՝ օրդ. Ճանճանեանը ունենալով իբրեւ Դարուհի Յակոբեանի տնօրէնուհի։

1991-ի Յունիսին Գանատա փոխադրուեցայ, բայց նամակագրութիւնս օրդ. Ճանճանեանին հետ, հակառակ քաղաքական կացութեան, շարունակուեցաւ։ 1994-ի ամառը առիթ ունեցայ հետը ըլլալու (ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու ուրիշ երեք տնօրէններու հետ) ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան կարգադրութեամբ մօտ երկու շաբաթ հետեւելու Հարվըրտ համալսարանի տնօրէններուն համար ամառնային յատուկ դասընթացքներուն («The Art & Craft of the Principalship»): Նոյն այդ փորձառութիւնն էր, որ հետը տարաւ գործադրելու Կարմիրեան վարժարանին մէջ։ Ինչպէ՞ս ընկալուեցաւ արդեօք…

Կը յիշեմ յաճախակի ե-նամակներն ու հեռախօսային մեր կապերը մինչեւ իր հիւանդութենէն մի քանի տարի առաջ ու հարց կու տամ. ինչո՞ւ այդ հոգեվիճակը….

Օրդ. Ճանճանեան պաշտօնեայ մը չէր, այլ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ մը։ Աշակերտներ կը մոռնան, թէ յատուկ ի՞նչ սորված են ուսուցիչի մը դասաւանդած նիւթէն, բայց անկարելի է, որ մոռնան այդ ուսուցիչին ձգած տպաւորութիւնը իրենց վրայ։  Այո՛, օրդ. Ճանճանեան այդ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿն էր։

Իր պաշտօնակիցներուն եւ աշակերտներուն սէրն ու յարգանքը թող աղօթք ըլլան շիրիմին։

Թորոնթօ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին