Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ (լուսանկարներ)

Քաշաթաղի Շրջանը Կարեւոր Տեղ Կը Զբաղեցնէ Արցախի Ուժաբանութեան Անվտանգութեան Հարցին Մէջ

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Վերջին տարիներուն աւելի ընդգծուած՝ Քաշաթաղի շրջանը շինարարական աշխոյժ աշխատանքներ կ’իրականացուին: Շրջան այցելած պետական նախարարը երեք տարի առաջ Բերձորի հարեւանութեամբ հիմնադրուած շինարարական կազմակերպութեան մէջ եղած է: «Այս պահուն տասէն աւելի աշխատող ունինք: Մէկ մասը Գորիսի շրջանէն կու գայ, մէկ մասն ալ տեղի բնակիչներէն են: Արտադրութիւնը բազմազան ու բազմաշերտ է: Այստեղ պէտք է արտադրուին շինարարութեան հետ կապուած տարբեր յօրինուածքներ, նիւթեր, ինչը շուկան կը պահանջէ»,- կը թուարկէ «Քոչարշին» ընկերութեան տնօրէն Հայկ Աբրահամեանը: Պահանջարկը մեծ է նոյնինքն Քաշաթաղի շրջանը: Վերջինիս կեդրոնական եւ հիւսիսային մասերուն մէջ բազմաթիւ ջրելեկտրակայաններ կը կառուցուին: Հագարի եւ Աղաւնոյ գետերու միախառնումի տեղը 4 տարի առաջ  շինարարութիւնը մեկնարկած է: Կառուցուող ջրելեկտրակայանը իր հզօրութեամբ երկրորդը կ’ըլլայ. կը զիջի միայն Սարսանգի ջրելեկտրակայանին: «Ջրելեկտրակայանը ինքը 6.8 մէկաուաթ հզօրութիւն կ’ունենայ: Տարեկան կ’արտադրէ 32 միլիոն քիլոուաթ/ժամ»,- կը մանրամասնէ «ԷՄ Էներկօ ԷԼ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ալեքսանտր Մամունցը:

Կառուցուող ջրելեկտրակայանը Քաշաթաղի կեդրոնական հատուածին մէջ է: Շրջանի հիւսիսը բազմաթիւ ջրելեկտրակայաններ արդէն կը գործեն: Բնապահպանները կը հետեւին, որ իրենց աշխատանքը բնութեան չվնասէ: Յատուկ ձկնուղիներ կը կառուցուին՝ ձուադրումի շրջանին հոսանքն ի վեր ձուկերու շարժը չարգելակելու համար: Բնապահպանները չեն թաքցներ, որ խախտումներ ալ կ’արձանագրեն, երբ ջրելեկտրակայանը կը փորձէ թոյլատրուածէն աւելի ջուր վերցնել գետէն: Կը նախատեսեն համատարած եւ շուրջօրեայ հսկողութեան միասնական համակարգ ներդրել: «Պէտք է ստեղծուի համակարգ մը, որ կը պահպանուի, եւ մենք ալ առցանց կը ստուգենք ու կը հասկնանք, թէ ինչքա՛ն կը ծախսուի ջուրը»,- մօտ ապագայի ծրագիրները կը ներկայացնէ Արցախի բնապահպանութեան եւ բնական պաշարներու նախարարի տեղակալ Ալեքսանտր Գասպարեանը: Արդէն գործող եւ կառուցուող ջրելեկտրակայաններու մօտաւոր հնարաւորութիւններու հաշուարկով՝ յառաջիկայ տարիներուն Քաշաթաղի մէջ պիտի արտադրուի Արցախի մէջ արտադրուող ելեկտրականութեան մօտ 40 տոկոսը:

Քաշաթաղի ջրելեկտրակայանները մասնաւոր ներդրումներով կը կառուցուին, եւ արդէն մի քանի տասնեակ աշխատատեղեր ապահոված են: Շրջանային վարչակազմի տեղակալը կը կարեւորէ, որ այդ շինարարական աշխատանքներուն շնորհիւ նաեւ շրջանի ընդհանուր ենթակառուցուածքները կը բարելաւուին: «Նախ ջրելեկտրակայաններուն մէջ աշխատողները հիմնականօրէն երիտասարդներ են: Անոնք շաբթուան 2-3 օրը ջրելեկտրակայաններուն մէջ կ’աշխատին, 2-3 օրը՝ տունն են, կրնան իրենց անհատական տնտեսութիւններով զբաղիլ: Սա դեռ հարցի միայն մէկ կողմն է: Այս ջրելեկտրակայաններուն շնորհիւ մենք ենթակառուցուածքներ ստացած ենք, զորս մինչեւ այսօր չենք ունեցած: Գետի հուներն ի վեր մի քանի գիւղեր իրար կապող ճամբաներ շինուած են»,- կը թուարկէ Քաշաթաղի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Ստեփան Սարգսեանը:

Սա հնարաւորութիւն պիտի տայ շրջանի զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները զարգացնելու: Գիւղատնտեսութեան եւ ջրային ուժանիւթի ոլորտներուն հետ Քաշաթաղի մէջ այս ալ կը համարուի խոստմնալից ուղղութիւններէն մէկը:    

Պաշտօնական Ստեփանակերտէն Գնահատականները՝ Զգուշաւոր-Լաւատեսական

 

Յունուար 22-ին Տաւոսի մէջ հերթականօրէն հանդիպեցան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Հանդիպումը ի սկզբանէ նախատեսուած չէր եւ իր տեսակով ոչ պաշտօնական հանդիպում կ’որակուի:

Փաշինեան-Ալիեւ հերթական ոչ պաշտօնական հանդիպումը կը կարեւորեն Ստեփանակերտի մէջ երկխօսութեան պատուհանը աշխոյժ պահելու տեսանկիւնէն: Անկախ ձեւաչափէն ու տեւողութենէն՝ պարբերական հանդիպումները կը նպաստեն, որ առաջնագիծին վրայ իրավիճակը լիցքաթափուի: «Հակամարտութեան աշխարհաքաղաքականութիւնը ոչ միայն բուն հակամարտութեան կարգաւորումն է, այլ նաեւ այնպիսի ռազմավարական կարեւոր տարածաշրջանի մէջ, ինչպիսին Հարաւային Կովկասն է, խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանումը: Հետեւաբար այսպիսի հանդիպումները կը նպաստեն անոր, եւ մենք այդ մէկը կ’ողջունենք»,- կ’ընդգծէ Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Պապայեանը: Ըստ պաշտօնական տեղեկութեան՝ հանդիպումին Փաշինեան ու Ալիեւ միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի ընթացիկ իրավիճակին եւ հետագայ քննարկումներուն շուրջ: Աւելի ուշ, Նիկոլ Փաշինեան ուղիղ եթերի ժամանակ յստակացուց, որ մանրամասնութիւններ չեն քննարկուած: «Քննարկած ենք նաեւ հնարաւորութիւնները, թէ ի՛նչ պայմաններ կան կարգաւորման շրջագիծին մէջ: Ոչ մէկ մանրամասնութիւն քննարկած ենք, ընդամէնը միտքեր փոխանակած ենք: Սա նաեւ ինչ-որ առումով միտքեր փոխանակելու, բանակցային գործընթացի ընկալումներուն փոխադարձաբար ծանօթանալու հնարաւորութիւն է: Ես կ’ուզեմ ընդգծել, որ քննարկումներու հիմնական առանցքն է այն ինչի մասին, որ մենք կը խօսինք նաեւ հրապարակայնօրէն»,- ըսած է Փաշինեան: Սա կը համապատասխանէ նաեւ պաշտօնական մօտեցումին: «Մանրամանսութիւնները կրնան քննարկուիլ այն ժամանակ, երբ Պաքուն հրաժարի իր հայատեաց քաղաքականութենէն, եւ երբ վերականգնուի բանակցութիւններուն Ստեփանակերտի մասնակցութիւնը»,- կը յստակացնէ Դաւիթ Պապայեան:

Արդեօ՞ք հանդիպումներու նման յաճախակիութիւնը որոշակի մարտահրաւէրներ կը պարունակէ, արդեօ՞ք կողմերուն վրայ ինչ-որ ճնշում մը կայ՝ հակամարտութեան կարգաւորումը արհեստականօրէն արագացնելու: Դաւիթ Պապայեանը նման վտանգ չի տեսներ. «Որեւէ ճնշում տեղի չ’ունենար: ՄԽ ներկայացուցիչները, անգամ պետութիւններու ղեկավարներուն բերանով բազմիցս յայտարարած են, որ իրենք դատաւորներ չեն, այլ միայն միջնորդներ»:

Այս պահուն թրքական գործօնը որոշակիօրէն կ’աշխուժանայ: Դաւիթ Պապայեան սա կը գնահատէ որպէս անխուսափելի զարգացում, բաց վստահ է, որ հայկական դիւանագիտութիւնը հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ Անգարայի մուտքը կասեցնելու գործիքակազմ ունի:

Ստեփանակերտ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին