Նիակարա, Գանատա, 1981
ՄԱՆԻԱ ԳԱՖԷՍԵԱՆ–ԳԱԶԱԶԵԱՆ
ԶԱՐԹՕՆՔ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ, ՊԷՅՐՈՒԹ – Երկար ատենէ ի վեր անհասկնալիօրէն խզուած էր ընկերային ցանցի միջոցաւ (facebook-ով) հաղորդակցութիւնը: Անցեալին ամէն զրոյցէ ետք ինք կ’անդրադառնար՝ ըսելով. «Կը տեսնե՞ս, Մանիա՛, ելեկտրոնային գիտութիւնը ինչքա՜ն մօտեցուց մարդկանց. րոպէական խօսիլ, ուրախանալ, դէմ առ դէմ իրար տեսնել, պարզապէս համակարգիչի կամ բջիջային հեռաձայնի պաստառին վրայ մատի մը հպումով»: Վերջաւորութեան հարցնելով՝ ինչպէ՞ս են պարտէզիդ ծաղիկները՝ Ամերիկա իր շրջագայութեան եղած էր մեր տան հիւրը ու վայելած ծաղիկները:
Իրեն հետ ամէն զրոյցի ժամանակ կը նշէր դպրոցը կանգուն պահելու առաջնահերթութիւնը, որակաւոր ուսումի եւ հայեցի կրթութեան կարեւորութիւնը՝ դիմագրաւել կարենալու օտարացումը, օտար շրջապատի ազդեցութիւնը, ծնողներու նիւթական դժուարութիւնները, քաղաքական անհանդուրժելի մթնոլորտը:
Անցնող ամիսներուն մտերիմներու միջոցաւ վերահասու եղած էի իր առողջութեան վատթարացումին: Տասնամեայ բացակայութենէ ետք որոշեցի 2018-ի Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն այցելել Պէյրութ եւ հանդիպիլ անպայման իրեն:
Ժամանումիս, յուսախաբութիւնս մեծ եղաւ: Մտերիմ պաշտօնակիցներու եւ առաջին օրերուն ինծի այցելող նախկին աշակերտուհիներու թելադրութիւնն էր օրդ. Անժէլին այցելութիւնս խնայել՝ յիշողութեան անդորրը չխանգարելու եւ անցեալի ապրող յուշերով մնալու:
Մտովի ետ կ’երթամ վերյիշելու Դարուհի Յակոբեան վարժարանի երկրորդականի ուսողութեան իմ առաջին ուսուցչուհիս՝ օրդ. Անժէլը, համալսարանական կրթութիւն նոր ստացած իր հմուտ գիտելիքներով, հասկնալի դասաւանդումով սիրելին դարձած էր աշակերտութեան, յատկապէս ինծի համար, որովհետեւ իմ ալ նախասիրութիւնս էր ուսողութիւնը: Կը փափաքէի շարունակել ուսումս եւ դառնալ ուսողութեան ուսուցչուհի: Համալսարանի ուսումիս հետ համընթաց, ես ալ իմ կարգիս, հետեւելով իր քայլին, դարձայ նոյն դպրոցի ուսողութեան ուսուցչուհին՝ տարիներու ընթացքին դառնալով պաշտօնակից, գործակից եւ մտերիմներ ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յակոբեան վարժարանին մէջ, ներառեալ իր տնօրէնութեան շրջանին:
Դպրոցը դարձած էր իր ընտանիքը, աշակերտութիւնը՝ իր զաւակները: Ան հաւատքով նուիրուած էր ՀԲԸՄիութեան վեհ իտէալներուն: Կը հաւատար, որ դպրոցները ազգապահպանումի մեծագոյն գործօնն են: Իր մէջ արմատացած էին նոյն ատեն հայրենասիրութիւնը, միութենական եւ գաղափարական արժէքները:
Հանգստեան կոչուելէ ետք մեր կապը մնաց սիրալիր: Յաճախակի մեր զրոյցներուն կը նշմարէի որոշ տխրութիւն եւ թեթեւ յուսախաբութեան շեշտ: Վստահաբար թախիծ մը գաղտնի պահուած էր իր հոգիին մէջ ոմանց հանդէպ, որոնք զլացան ըստ արժանւոյն գնահատելու իր երկարամեայ նուիրումը հայ դպրոցին: Սակայն յետմահու զինք գնահատելու եւ արժեւորելու համար կայ հսկայ թիւ մը աշակերտներու, պաշտօնակիցներու, մտերիմներու, որոնք կը խոնարհին իր վաստակին ու հայ լեզուին եւ հայ դպրոցին հանդէպ անսակարկ նուիրումին:
Դարուհի Յակոբեանի նախկին շրջանաւարտուհիներ, Թորոնթօ, Գանատա, 1981:
Դարուհի Յակոբեան վարժարանի տարեկան ճաշկերոյթ, Պէյրութ, Լիբանան:
Մեր տունը, Պէյրութ, Լիբանան, 1986:
Մեր տունը, Տիթրոյթ, Միշիկըն, 1991:
Օրդ. Ճանճանեանի տունը, Պէյրութ, Լիբանան, 2010:
Վարձքդ կատար, օրդ. Անժէլ, դառնօրէն կը ցաւիմ կորուստիդ համար:
Թող այս սրտի խօսքս ըլլայ, ծաղիկ մը շիրիմիդ վրայ:
Տիթրոյթ, Միշիկըն