ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
ԶԱՐԹՕՆՔ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ, ՊԷՅՐՈՒԹ – Մարդկային կեանքին ամէնէն զգայուն մէկ հանգրուանն է ՄԱՀը:
Անսովոր ոչինչ կայ: Բնութեան մէջ «ծնունդ, կենսագործում եւ մահ» կը յաջորդեն իրարու շատ բնականոն եղանակով մը: Սակայն երբ կը գտնուինք սիրելի կամ հարազատ անձի մը անդարձ կորուստին առջեւ, հակառակ մեր համոզումներուն՝ կամովին կը տկարանանք ու մեր վշտակցութիւնը կը յայտնենք կեանքի բազմախորհուրդ փիլիսոփայութեամբ: Իմ անձնական շեշտադրութիւնս կ’երթայ երկրածին մարդու կենսագործումի կարճ կամ երկար տեւողութեամբ շրջանին վրայ: Կարեւորը «գիտակցական իր կեանքը որքանո՞վ արժեւորած է հանգուցեալը»: Այս բաժանումը դառնաթախի՞ծ զգացումներ կու տայ իր շրջապատին, թէ ոչ՝ կը թողու մեզի իր կենդանութեան ու գործունէութեան արգասաբեր տարիներէն հպարտառիթ յիշատակներ:
Անժէլ Ճանճանեան ՀԲԸՄի Դարուհի Յակոբեան աղջկանց վարժարանին կը պարտի կազմաւորումը իր անշեղ հայրենասէրի եւ լիիրաւ մտաւորական հայ ուսուցիչի կերպարին: Համալսարանական իր բարձրագոյն ուսումէն անմիջապէս ետք, սիրով վերադարձաւ իր միտքի ծննդավայր դպրոցը, ուր պաշտօնավարեց նախ իբրեւ ուսուցչուհի ( 1958-1977 ), ապա՝ տնօրէնուհի (1977-1993) եւ դարձեալ տնօրէնուհիի պաշտօնով՝ ՀԲԸՄի Պ. Գ. Կարմիրեան վարժարանէն ներս (1993-2001):
Իր գործունէութեան տարիներուն լիարժէք հայ դաստիարակ-ուսուցչուհիի ու տնօրէնուհիի պաշտօններուն զուգահեռ՝ ՀԲԸՄի եւ Թէքէեան Մշկթ. Միութեան զոյգ շրջանակներէ ներս, բերաւ նաեւ իր ներդրումը իբրեւ վարչական անդամ:
Իբրեւ բազմավաստակ տնօրէնուհի՝ կրթական ամավերջի հանդիսութեանց իր արտասանած «Հուսկ Բանք»-երը կու տային ապացոյցը բեմական խօսքի իր անվիճելի կարողութեան, մանաւանդ հարուստ՝ իրենց կիրթ ու մշակուած միտքերով: Թոյլ տուէք մէջբերել պատահական օրինակ մը.
«Երէկ գիշեր սենեակիս լոյսը չմարած, հիացումով նշմարեցի, թէ ինչպէ՛ս պատշգամիս շուշանները ուղիղ կոկոններով իրենց հպարտ գլուխները ցցած էին եւ վայրկեաններու հետ կը զգայի անոնց աճումը:
Որքան մեծ եղաւ զարմանքս եւ անհուն՝ ակնածանքս մեր Արարիչին հանդէպ, երբ մի քանի ժամ ետք, արեւին առաջին ճառագայթներուն հետ տեսայ շուշանները իրենց ամբողջական ծաղկումին մէջ: Անոնք ստացած էին իրենց յարմար ու անհրաժեշտ սնունդը եւ ունեցած էին ծլելու եւ աճելու ճիշդ պայմանները:
Անբաղդատելի է մեծութիւնը հրաշքին, ծանր է պատասխանատուութիւնը եւ անչափելի է գոհունակութիւնը՝ ի տես մեր զաւակներու ծնունդին, աճումին եւ ամբողջական ծաղկումին:
Սիրելիներ, ոչ մէկ բան խնայենք անոնց՝ մեր զաւակներուն դաստիարակութեան, կրթութեան ու զարգացումին համար: Բնութեան օրէնքն է այդ»:
Անժէլ Ճանճանեան գրական ու մտաւորական հարուստ պաշարով օժտուած տնօրէնուհի մըն էր եւ անյագ ընթերցող մը հայ եւ միջազգային գրական երկերու:
Աւելիին չցանկաց: Խուսափեցաւ հրապարակային գրական արտայայտութիւններէ, բայց մնաց հաւատարիմ իր կոչումին եւ առաքելութեան: Կիսադարեան իր ծառայութիւնը հայ դպրոցին պիտի յիշուի միշտ իբրեւ ապացոյց իր աննկուն հաւատքին եւ հաւատարմութեան:
Յաւերժ լոյս եւ խաղաղութիւն իր վերջին տարիներուն բազմաչարչար հոգիին: