Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ (լուսանկարներ)

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Իտալական Հագուստ՝ Արցախեան Ջերմութեամբ

Իտալական որակով ու արցախեան ջերմութեամբ՝ Ստեփանակերտի մէջ արդէն 5 տարիէ հագուստ կ’արտադրուի: «Կրեյթ Փարթներս»-ը «Ղարմետաքսկոմբինատ»-ի տարածքին աշխատող հինգ կազմակերպութիւններէն մէկն է: Հագուստ կը կարէ իտալական յայտնի ընկերութիւններուն պատուէրով:  Գրեթէ 5 տարիէ կ’աշխատի: Արտադրական գործընթացը արդէն հաստատուն հիմքերու վրայ դրուած է: «Այս պահուն չորս լիարժէք հոսքագիծ կ’աշխատի: Միաժամանակ յայտնենք, որ նոր աշխատակիցներու կարիք ունինք: Նորեկներու հաւաքագրումը արդէն ընթացքի մէջ է: Անոնք ալ հինգերորդ հոսքագիծին վրայ պիտի աշխատին»,- կը պատմէ եւ ցոյց կու տայ «Կրեյթ Փարթներս» ՓԲԸ գլխաւոր արհեստագէտ Աննա Ղուկասեանը:

Լիարժէք աշխատող չորս հոսքագիծի վրայ շուրջ 230 դերձակ կ’աշխատի մինչեւ 120 հազար դրամ աշխատավարձով: Ընկերութեան մէջ սա 5-ամեայ աշխատանքի ամենամեծ արդիւնքը կը համարեն: «Աշխատողներու տարիքը կը սկսի 18 տարեկանէն ու կ’անցնի 60-ը: Սակայն վստահ կրնանք ըսել, որ ճնշող մեծամասնութիւնը երիտասարդները կը կազմեն: Եթէ անցեալին աւելի քիչ կը դիմէին, ապա տարիներու թաւալումին հետ այդ մօտեցումը ահաւասիկ կը փոխուի,- կը նշէ ընկերութեան աշխատակազմի ղեկավար Նելլի Պաղտասարեանը:- Եւ սա մեզ կ’ուրախացնէ, քանի որ նոր աշխատակիցներու կարիք ունինք»: Ընկերութիւնը լրացուցիչ աշխատատեղերու մասին կը յայտարարէ. 120 նոր դերձակի կարիք ունի: Աւանդական պահանջները՝ աշխատանքային փորձ, վարպետութիւն, այստեղ պարտադիր չեն: Պարտադիր է միայն երկու պայման՝ ըլլալ 18 տարեկանէն բարձր եւ ունենալ աշխատելու ցանկութիւն: «Սա միայն գովազդային յայտարարութիւն չէ: Մենք, իսկապէս, չենք պահանջեր աշխատանքային փորձ, ինչը իրատեսական է. նոյնիսկ աւագ սերունդի դերձակներուն համար վերապատրաստման որոշակի փորձ կը նախատեսենք, որպէսզի կարողանանք մեր ակնկալած որակը ստանալ: Այնպէս որ, նորեկներուն կամ սկսնակներուն համար ուսուցման փուլը պարտադիր է: Վերջինս նոյն տեղը կը կազմակերպուի՝ մեր լաւագոյն վարպետներուն կողմէ»,- կը պատմէ Նելլի Պաղտասարեանը:

Ուսուցումը 1-3 ամիս կը նախատեսուի՝ կախուած անհատական վարպետութենէն: Անկէ ետք աշխատանքն է ընդհանուր հոսքագիծին վրայ: Որ ասիկա կարելի է, արդէն Աննա Ղուկասեանը իր փորձով ապացուցած է. 4 տարի առաջ սկսնակ դերձակ էր, այսօր ընկերութեան արտադրանքի որակի գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկն է: «Մենք այսօր հոսքագիծին վրայ դերձակներ ունինք, որոնք մասնագիտութեամբ կենսաբան են, լեզուաբան: Ես ալ մասնագիտութեամբ թուագէտ եմ,- ժպիտը չի թաքցներ «Կրեյթ Փարթներս» ՓԲԸ գլխաւոր արհեստագէտ Աննա Ղուկասեանը:- 4 տարի առաջ եկայ եւ այստեղ սկսայ կարել սորվիլ: Իրաւամբ կրցայ գլուխ բերել գործը»: Աննան ընկերութեան շատ աշխատակիցներու պէս արդէն նաեւ իտալերէնին կը տիրապետէ: Սա ալ իտալացի գործընկերներու հետ մշտական շփումի արդիւնքն է: Արտադրանքի որակի վերահսկողութեան խնդրով նաեւ իտալացի մասնագէտները կը զբաղին: Գոհ են: «2018-ի Ապրիլէն Արցախ են: Որպէս արտադրութեան որակի պատասխանատու կ’աշխատիմ: Որակի մասին կրնամ ըսել, որ անիկա չի զիջիր եւրոպականին: Անցած տարիներուն այս ընկերութիւնը հասցուցած է բարի համբաւ ձեռք բերել»,- կը վստահեցնէ իտալացի ներկայացուցիչը: Արտադրանքը ամբողջութեամբ կ’արտահանուի: Արցախի մէջ արտադրուած բաճկոններու գինը եւրոպական շուկային մէջ կը տատանի 350-400 եուրոյի միջակայքին:

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ամփոփած Է 2018 Թուականը

Յունուար 14-ին ասուլիս գումարած է Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը: Առիթը 2018-ի արտաքին քաղաքականութեան արդիւնքները գնահատելն էր, սակայն արտաքին գործոց նախարարը նաեւ օրուան մարտահրաւէրներուն եւ ընելիքներու մասին խօսած է:

Մնացականեան-Մամետիարով հանդիպումներու շարքը կրնայ նպաստել, որ առաջնագիծին վրայ իրավիճակը աւելի կայուն դառնայ: Արցախի մէջ առաջին հերթին սա կը կարեւորեն: «Մենք շահագրգռուած ենք պատերազմի հեռանկարի բացառումով եւ կայունութեան պահպանումով»,- ընդգծած է Մասիս Մայիլեանը:

Արցախի արտաքին գործոց նախարարը Յունուար 12-ին  Երեւանի մէջ հանդիպած է հայաստանեան գործընկերոջ հետ: Անգամ մը եւս իրենց ընելիքները ճշդած են: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու՝ Յունուար 16-ին նախատեսուող հանդիպումէն ալ արմատական բեկում չ’ակնկալեր Մասիս Մայիլեանը: Լրատուամիջոցներուն ալ կ’առաջարկէ շատ մեծ տեղ չտալ Պաքուի լաւատեսական, բայց իրականութենէն հեռու գնահատականներուն. «Ինչի մասին որ անոնք պայմանաւորուին, կը գրուի Մինսքի խումբի համանախագահներու յայտարարութեան մէջ: Պաշտօնական աղբիւրը կարելի է սա համարել: Եւ իմ շփումներէս ալ գիտեմ, որ հիմնականօրէն կը խօսին միջավայրի ձեւաւորման, հաւանական վտանգները նուազեցնելու կամ յաջորդ հանդիպումի նախապատրաստութեան մասին»:

Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք պաշտօնական Երեւանը պարբերաբար բարձրաձայնած է բանակցութիւններուն Արցախի լիարժէք մասնակցութիւնը վերականգնելու անհրաժեշտութեան մասին: Արցախի արտաքին գործոց նախարարը կը վերահաստատէ, որ ատիկա կը համապատասխանէ պաշտօնական Ստեփանակերտի դիրքորոշումին: Հեռանկարը, թէ Պաքուն ալ կրնայ որպէս հակակշիռ բանակցային սեղանի մօտ բերել այսպէս ըսած ազրպէյճանական համայնքի ներկայացուցիչները՝ Մասիս Մայիլեանը անթոյլատրելի կը համարէ: Որպէս հասարակական կազմակերպութիւն՝ այդ կառոյցին ներկայացուցիչները կրնան խօսիլ Արցախի հասարակական ոլորտին հետ: «Փորձել հաւասարեցնել հասարակական կազմակերպութիւնը կայացած պետութեան հետ, որ Արցախի Հանրապետութիւնն է, անլուրջ է: Ես այդ մասին համանախագահներուն ալ ըսած եմ»,- ընդգծած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարը:

Արցախի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մէկը կը մնայ ապակեդրոն գործակցութիւնը: 2018-ի Մայիսին Աւստրալիոյ Ռայթ քաղաքը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը: 4 ֆրանսական եւ 2 լիբանանեան քաղաքներ Արցախի համայնքներուն հետ բարեկամութեան յուշագիրեր ստորագրած են: Միւս կողմէ՝ քայլեր կ’առնուին արդէն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները ուղղակի ծրագիրներու վերածելու ուղղութեամբ: 2018 թուականին շարք մը ծրագիրներ իրականացուած կրթութեան, ենթակառուցուածքներու, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ: Աւելի շատ ծրագիրներ կը նախատեսուին 2019-ին:

Կը շարունակէ աճիլ Արցախ այցելող օտարերկրացիներու թիւը: Վիճակագրութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հետեւի, քանի որ նոյնինքն արտաքին գործոց նախարարութիւնը կու տայ մուտքի արտօնագիրը: 2018-ին 88 երկրէ ժամանած է աւելի քան 28 հազար արտասահմանցի զբօսաշրջիկ, այսինքն՝ 5000-ով աւելի շատ, քան 2017-ին: Զբօսաշրջիկներուն լաւ նորութիւններ կը սպասուին 2019-ին. մուտքի արտօնագիրի վճարումը կը հանուի: Այս խնդիրը կը լուծուի մինչեւ զբօսաշրջային տարեշրջանի մեկնարկը:

 

Խաղաղութեան Գործընթացը Երկար Տարիներ Պիտի Պահանջէ.

ՄնացականեանՄամետիարով Հերթական Հանդիպումը

Ստեփանակերտի Մէջ Կը Գնահատեն Զգուշաւոր Լաւատեսութեամբ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարով Յունուար 16-ին չորրորդ անգամ հանդիպեցան: Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կատարած հաղորդագրութեան՝ աւելի քան չորս ժամ տեւած հանդիպումին զրուցակիցները անդրադարձած են խաղաղ գործընթացին առնչուող հարցերու: Ստեփանակերտի մէջ ամէնէն առաջ հանդիպումներու բուն փաստը կը կարեւորեն: «Յստակ ընդգծուած է բանակցային խաղաղ գործընթացի շարունակականութեան ապահովման կարեւորութիւնը: Սա շատ լաւ է»,- կը գնահատէ ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Պապայեանը: Քննարկուած հարցերուն մասին Երեւանի եւ Պաքուի արտաքին գործոց նախարարութիւններու հաղորդագրութիւնները կը համընկնին: Անոնցմէ չի տարբերիր նաեւ Մինսքի խումբի համանախագահներուն կատարած յայտարարութիւնը: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները համաձայնութեան եկած են, որ կարեւոր է յստակ քայլերու ձեռնարկել երկու ժողովուրդներու խաղաղութիւնը նախապատրաստելու համար: «Այստեղ կարեւոր է ընդգծել, որ  պատրաստել խաղաղութեան եւ ոչ թէ վերջնական կարգաւորման: Կարգաւորումը կարելի է պատկերացնել միայն, երբ կողմերը արդէն պատրաստ կ’ըլլան խաղաղութեան: Իսկ Ազրպէյճանի պարագային ատիկա աւելի երկար ժամանակ պիտի պահանջէ, որովհետեւ արդէն 30 տարի այդ պետութիւնը հայատեացութիւնը հասցուցած է պետական գաղափարախօսութեան մակարդակի»,- կը հիմնաւորէ Դաւիթ Պապայեան: Ան չի հաւատար, որ Պաքուն իսկապէս խաղաղութեան կը պատրաստուի: Անոր գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները ճիշդ հակառակը կը յուշեն: «Յայտարարութիւնները պէտք է նաեւ զուգահեռ քայլերով ամրապնդուին: Մենք ատիկա չենք տեսներ,- ակնյայտօրէն մատնացոյց կ’ընէ Դաւիթ Պապայեանը:- Նոյնիսկ երբ կ’ըսեն, որ պատրաստ են խաղաղ կարգաւորումի, Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները միշտ ալ կը շեշտեն, որ չեն պատկերացներ Արցախը Ազրպէյճանի կազմէն դուրս»:

Համաձայն համանախագահներու յայտարարութեան՝ հանդիպումներուն արտաքին գործոց նախարարներուն հետ ուսումնասիրած են բանակցային ընթացիկ գործընթացի հիմնական սկզբունքներն ու չափորոշիչները: Արտաքին գործոց նախարարներն ու համանախագահները  ուսումնասիրած են նաեւ բանակցութիւններուն ուժեղ խթան հաղորդելու նպատակով Հայաստանի ու Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ հաւանական հանդիպումին ուղղուած հետագայ քայլերը: Համանախագահները ընդգծած են տարածաշրջանի տնտեսական ներուժի իրագործման նպատակով հաւանական փոխադարձ շահեկան նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնն ալ: Դաւիթ Պապայեան կը յիշեցնէ, որ ժամանակին Ստեփանակերտն ալ նման առաջարկ ըրած էր, բայց անարդիւնք. խօսքը Սարսանգի ջուրերը համատեղ օգտագործելու առաջարկին մասին է, ինչը տարիներ առաջ հնչած էր Ստեփանակերտէն:

Հանդիպումը Փարիզի մէջ անցած է եւ որպէս ընդունող կողմ ու ԵԱՀԿ համանախագահ երկիր՝ Ֆրանսայի ընդգծուած ներկայացուածութեամբ: Բանակցութիւններուն արդիւնքները մասնակիցներուն հետ քննարկած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ Լըմուան: Դաւիթ Պապայեանի գնահատմամբ՝ սա անգամ մը եւս կ’ապացուցէ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ Մինսքի խումբի ձեւաչափի կենսունակութիւնը:

Համանախագահները յայտարարած են, որ կը ծրագրեն հանդիպիլ երկու երկիրներու ղեկավարներուն: Փարիզեան հանդիպումի արդիւնքներէն մէկն ալ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումի նախապատրաստութեան մասին պայմանաւորուածութիւնն է: Ժամկէտներ դեռ չեն նշուիր:

Պաքուի Ջարդերը՝ Ցեղասպանութեան Շարունակութիւն.

Մեղաւորները Կը Մնան Անպատիժ, Տուժողները Կը Սպասեն Արդարութեան

1990 թուականի յունուարեան այս օրերը որպէս ամօթի խարան մնացին նորանկախ Ազրպէյճանի պատմութեան մէջ: 1990 թուականի Յունուար 13-19 Խորհրդային Ազրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպուած ու համակարգուած հայերու կոտորած իրականացուեցաւ: Սպաննուածներու եւ տուժածներու թիւը արդէն անհնար է պարզել: Պարզ էր, սակայն, մէկ բան: Այդ օրերուն Պաքուն ի սպառ հայաթափուեցաւ: Յանցանքը դեռ կը սպասէ իրաւական գնահատականի, Պաքուի 250 հազար հայութիւնը, որ ցրուեցաւ աշխարհով մէկ, արդար փոխհատուցումի:

Պաքուի 1990 թուականի յունուարեան ջարդերը Ազրպէյճանի հայաթափումի ոչ սկիզբն էին, ոչ ալ աւարտը: Ազրպէյճանը թրքացնելու ճամբուն վրայ առաջին խոչընդոտը հայութիւնն էր՝ որպէս ամենաբազմամարդ համայնք: Պաքուի ջարդերը կազմակերպուած եւ արտօնուած էին պետական մակարդակով: Սումկայիթի ու Պաքուի մէջ նոյն ձեռագիրն էր: «Ամէն ինչ մանրամասն կազմակերպուած էր, ծրագրուած,- չի կասկածիր Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի կովկասագիտութեան կեդրոնի գիտաշխատող Յովիկ Ավանեսովը:-  Կազմուած էր յատուկ քարտէս, ուր նշուած էին այն վայրերը, ուր հայեր կը բնակէին: Այսպէս էր նաեւ Սումկայիթի մէջ: Միւս հանգամանքը այն էր, որ հայերու բնակարաններու պատերուն այսպիսի գրառումներ կը կատարուէին՝ զդես ժիվյոտ արմենին»:

1990 թուականի Յունուար 13-19 Խորհրդային Ազրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպուած ու համակարգուած հայերու կոտորած իրականացուեցաւ, ինչը կանգնեցուց միայն քաղաք մտած խորհրդային բանակը: Սպաննուածներու եւ տուժածներու թիւը արդէն անհնար է պարզել: Պաքուի 250 հազար հայութիւնը ցրուեցաւ աշխարհով մէկ: Տասնամեակներով ստեղծածը անցաւ մերօրեայ Ազրպէյճանին: «Գոյքը, նաեւ ոչ նիւթական ժառանգութիւնը, որ հայերը ձգեցին Պաքուի մէջ, դժուար է գնահատել: Խօսքը շատ մեծ արժէքներու մասին է: Ի վերջոյ, երբ դեռ քաղաքական քարտէսի վրայ Ազրպէյճան կոչուած պետութիւնը չկար, հայերը ապրած են այդ տարածքին եւ ստեղծած իրենց ժառանգութիւնը»,- կը յիշեցնէ Յովիկ Ավանեսովը:

Փոխհատուցումի մասին խօսիլը աւելորդ է: Արցախի մէջ ապաստանած գաղթականները նոյնիսկ միջազգային կազմակերպութիւններու աջակցութենէն օգտուելու հնարաւորութիւն չունին: Արդէն երեք տասնամեակէ անոնց կ’օժանդակէ միայն Արցախի Հանրապետութիւնը՝ իր սուղ հնարաւորութիւններով:  «Մենք գաղթականի կարգավիճակ չունինք նոյնիսկ: Բնականաբար, միջազգային կազմակերպութիւններու աջակցութեան հնարաւորութիւն չունինք»,- իրավիճակը կը ներկայացնէ Արցախի գաղթականներու միութեան նախագահ Սարասար Սարեանը:

2018-ի քաղաքական զարգացումներուն ալ հետեւած են: Ազրպէյճանի ղեկավարութեան յայտարարութիւններուն, թէ պատրաստ են հայերու անվտանգութիւնը ապահովելու Ազրպէյճանի կազմին մէջ, Պաքուէն մազապուրծ փրկուածները լուրջ չեն ընդունիր: «Ինչպէս կ’ըսեն, այդ գնացքը արդէն անցած է: Անոր մասին խօսք անգամ չի կրնար ըլլալ: Միայն Արցախի ճանաչումը թոյլ կու տայ այս տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու»,- կը կարեւորէ

Սարասարը եւ իր բախտակիցներուն հետ կը հաւատայ, որ օր մը բանակցութիւններու լիարժէք ձեւաչափը կը վերականգնուի եւ գաղթականներու թեման ալ գործնական բանակցութիւններու օրակարգ կը մտնէ:

 

Յ.Գ. Պաքուի՝ 1990 թուականի ջարդերը լիովին կը տեղաւորուին «ցեղասպանութիւն» եզրին մէջ: Այդ թեմայով պարբերաբար միջոցառումներ կը կազմակերպուին տարբեր երկիրներու մէջ, յայտարարութիւններ կը կատարեն պետական հիմնարկներ եւ իրաւապաշտպան կառոյցներ: Այս տարի ալ Պաքուի ջարդերու հերթական տարելիցին կապակցութեամբ յայտարարութիւններ կատարած են Արցախի Ազգային ժողովը եւ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը:

 

Ստեփանակերտ

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին