ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
– Եթէ Նորավանքի կիրճը նուրբ մատ մըն է, անոր վանական համալիրն է զայն ամբողջացնող մատանին, իսկ կեդրոնական այս եկեղեցին, որ Սուրբ Աստուածածին կը կոչուի, այս մատանին զարդարող ադամանդը- մարդակերտ հրաշք։
– Ի՛նչ գեղեցիկ նմանութիւն է, պարոն։
– Շնորհակալ եմ, Շանթ, բայց անիկա պարոնիդ չի պատկանիր։ Անոր ծնունդ տուած պատկերալից միտքը 10-րդ դարուն Սիւնիքի Սոփիա իշխանուհին արտայայտեր է իր շինած Գնդեվանքը նկարագրելու համար։ (*)
Նորավանքի մոխրագոյն երկնքի տակ, պատանիները կը շարունակեն ունկնդրել ճարտարապետ Սիրանեսի, քանդակագործ Մոմիկի եւ Օրպելեան «առիւծօրէն խրոխտ» իշխաններու պատմութիւնները։ Ապա, հմայուն կը դիտեն Հայր Աստուծոյ զարդաքանդակ շիկահեր եւ շիկամօրուս պատկերը ու անոր ձախ ափին մէջ կը տեսնեն Ադամի անշնչացած գլուխը։
Կը վերջանայ մանր դասախօսութիւնը ու փոշիացած տուֆի վրայ նստած աշակերտները ճամբորդական ծոցատետրերուն մէջ կը գծագրեն իրենց վերջին տպաւորութիւնները։ Իսկ երբ անձրեւի անակնկալ կաթիլներ կը սկսին իջնել, անոնք արագ քայլերով կ՚ուղղուին դէպի վանքապատկան ճաշարանը։ Երեխաները միաբերան կ՚աղօթեն. Ճաշակեսցուք խաղաղութեամբ… Ճաշարանը ունի երեք պատ, չորրորդը, որ կը դիտէ խոյացող շիկակարմիր ժայռապատերը, ծայրէ ծայր ապակի է։ Ճաշ մատուցողները լայն կը բանան անոր փեղկերը, …զկերակուրս, որ պատրաստեալ է… Այդ խորհրդաւոր պահուն մէկ այլ հրաշք կը շոյէ մեր աչքերը- կիրճի համայնապատկերը։ Ցից վիմաժայռերու վրայ սահող ամպերը կը ստեղծեն լոյսի եւ ստուերի խաղեր։ Ապշած կը դիտենք …մեզ ի Տեառնէ։ Օրհնեալ է Տէր ի պարգեւս իւր… Ու, մտքի մէջ կը յածի այդ պատկերը շրջանակող բառը- շէկ։ …Ամէն։
Յարգելի ընթերցողներ, թող մեր սփիւռքահայ աշակերտները վայելեն հայրենի սեղանը, ձեռքէ ձեռք անցնեն լաւաշի, լոբիի, քամած մածունի պնակները ու թող խանդավառուին այն համերգի մասին, որ երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ Երեւանի Շառլ Ազնաւուր հրապարակի վրայ, մենք առանձնանանք «շէկ» բառի ջերմացնող պատմութեան հետ։
«Շէկ» բառի ստուգաբանութիւնը կը մնայ անյստակ։ Ուստի, երբ կը բացակայի անոր արմատը կամ ծագումը, կ՚առաջարկեմ մտքի հեռաւոր թռիչք մը կատարել ու անյիշելի ժամանակներու մէջ որոնել առաջին «շէկ» հայը։ Վահագն աստուածն էր անիկա, որ ունէր «հուր հեր», մօրուքն էր «բոց» եւ «աչկունքն էին արեգակունք»։ Թէեւ անոր ծնունդին նուիրուած վիպերգի մեզի հասած պատառիկին մէջ կը բացակայի «շէկ» բառը, սակայն, կասկած չունինք, թէ Մովսէս Խորենացին զայն օգտագործած պիտի ըլլար երկի ամբողջութեան մէջ։ Հայոց քերթողահօր մէկ այլ վիպասանութեան մէջ, ահա, կը գտնենք «շէկ»ի հնագոյն գործածութիւնը. «Հեծաւ արի արքայն Արտաշէս ի սեաւն գեղեցիկ, եւ հանեալ զոսկեօղ շիկափոկ պարանն…»։ Արտաշէսի եւ Սաթենիկի պատմութիւնն է անիկա, ուր հայոց արքան «շիկափոկ» պարանով կը որսայ ալաններու օրիորդը։
Յարգելի ընթերցողներ, աշխարհի բնակչութեան մէկ-երկու տոկոսն է շէկ։ Բնածինը նկատի ունինք։ Ձեր ակնկալածէն նուազ, չէ՞։ Նոյնպէս «շէկ» բառը եղաւ ակնկալուածէն նուազ պտղաբեր։ Հազիւ քսան բառ «շէկ»ով սկսող եւ քսան բառ՝ «շէկ»ով վերջացող։ Հնագոյններէն մէկն է «ատրաշէկ» ընտիր ածականը։ Ներսէս Շնորհալին մեզի տուեր է «ատրաշէկ բոց» արտայայտութիւնը։ Սակայն, հայութիւնը եւ հայոց մայրենին մինչեւ 1909 թուականը պէտք էր, որ սպասէին, որպէսզի Դանիէլ Վարուժանի գրիչը տար անոր ամենէն ողբագին գործածութիւնը. «Ո՜վ ատրաշէկ երկաթով կուրացուած հայրենիք»։ Նոյն տղան, որուն տողերուն մէջ «աստղերը շէկ կ՚արծարծէին», մեզի պարգեւեց «շիկագոյն ցորեան», «շէկ հասկեր», «շէկ Ոգի», «հրաշէկ կայծակ» եւ «հրաշէկ շանթեր» արտայայտութիւնները։ Մեր լեզուին գոյն տուին նաեւ արեւաշէկ եւ բոցաշէկ ածականները։ Սիամանթօն անոր մէջ տեսաւ «Շէկ կտոր մը երկաթ», իսկ Պարոյր Սեւակը՝ «շէկ բուրվառ», «շէկ անապատ» եւ «շէկ աքսոր»… Ըմբոստ բանաստեղծներու քով ունեցանք նաեւ շիկնոտ, շէկլիկ եւ շիկերես քնարերգակներ, ինչպէս՝ Միսաք Մեծարենցը։ Ժամանակակիցներէն մէկը կը նկարագրէ. «Նոր հարսի մը պէս շիկնոտ»։ «Սիրերգ»ի մէջ տղան շշնջաց. «Երբ կը մեկնիմ ես քու քովեդ, կ՚ըլլամ շիկնոտ ու թըռվռուն»։ Այս վառվռուն բառը, ըստ երեւոյթին, կը փորձէր հայու հեռաւոր անցեալի կերպրանքը յիշեցնել հետեւեալ բառերով- շիկամազ, շիկամորթ, շիկամօրուս, շիկավարս, շիկահեր… Իսկ, առաւել ընտիր է «շիկակարմիր» ածականը։ Լեւոն Շանթը զայն մէկ անգամ տեսեր է գամ շինողներու արհեստանոցի մը մէջ. «…մուրճերը կը բարձրացնեն ու կ՚իջեցնեն, …յաջորդաբար կը հարուածեն շիկակարմիր երկաթը սալին վրայ»։
«Շէկ» միավանկը հայոց պատմութեան ամենակարմիր օրերուն իր ուսերուն վրայ շալկեց մեծ պարտականութիւն- դարձաւ աղէտներու իշխող գոյնը։ Թումանեանը պատմեց. «Քանի անգամ շէկ անապատի օրտուները (բանակ) սեւ, իրարու ետեւ եկա՜ն, զարկեցին մեր քարվանն ազնիւ, Հայոց լեռներում, Արնոտ լեռներում»։ Այդ օրերուն հրաշքով փրկուած երկու մատեաններ կոչուեցան «շէկ»։ Մէկը Սեւանի մօտ, Վարդէնիկ գիւղի Շէկ աւետարանն է, 1507 թուականի ձեռագիր մը, այդ գիւղի հոգեւոր գանձը։ Երկրորդը ունի իր ոդիսականը։ 92ամեայ Քնարիկ Գալստեանը կը յիշէ. «Ես ընդամէնը վեց տարեկան էի։ Կարսից փախչելիս, վախենալով, ընտանիքը թաղել էր իր աւետարանը։ Այն կոչել են Շէկ աւետարան»։ Ընտանիքի կիներէն մէկը երազի մէջ տեսեր է աւետարանը, վերադարձեր ու գտեր են։ Մինչեւ այսօր Կիւմրիի մէջ ապրող կարսեցիները կ՚աղօթեն Շէկ աւետարանին եւ օգնութիւն կը հայցեն»։
Իսկ այժմ, յարգելի ընթերցողներ պիտի խնդրեմ, որ ձեր սենեակին մէջ լռութիւն տիրէ, քանզի պիտի ծանօթանաք հայոց նոր պատմութեան ամենէն հերոս, ամենէն անձնուէր պատանի շէկին- 19-ամեայ Ռոբերտ Աբաջեանն է ան, որ քառօրեայ պատերազմին, իր մօտ մնացած վերջին նռնակը ձեռքին, սպասեց մինչեւ որ մարդակերպ բոլոր թշնամի զինեալները լաւ մը մօտենան իրեն։ Ապա, արձակեց բռնկիչը։ Չյանձնուեցաւ։ (Անոր տապանաքարին առջեւ է, որ մեր Շանթը օր մը առաջ արտասանած էր Դանիէլ Վարուժանի «Առկայծ Ճրագ» քերթուածը)։ Իսկ այժմ այդ քաջորդոյն յիշատակին, արժանապէս, կը պատրաստեն շարժանկար։ Անո՞ւնն այդ շարժանկարին- «Շիկահեր տղան»… Ի՞նչ է հայրենասիրութեան գոյնը, եթէ հարցնէք, այլեւս կասկած չկայ- շէկը։ Պարոյր Սեւակը կը ձայնակցի. «Տաք է սէրը մեր շէկ քարերիդ պէս»… Բայց կային օրեր, երբ բառս սիրոյ ջերմ գոյնն էր։ Ականջ տուէք Ջաւախքի «Լիլիկին» պարերգին. «Շէկ աղջկայ ծոցուին նուռ է… Շէկ ծամով, ծով ծամով մէկուճար աղջիկ»։ Ապա, քնարերգակներ եկան ու երկրպագեցին անոր։ Մէկը Պետրոս Դուրեանն էր. «Չ՚ունի լուսինն վարդերն շիկնոտ այտերուդ», Կոմիտասը Արագածի փէշերէն հաւաքեց երգի պատառիկ մը. «Մայրի՛կ ջան, քար կտրեմ շէկ յարի դարդիցը», ու վերջապէս զայն գովերգեց Եղիշէ Չարենցը. «Ուզում եմ ես հիմա քո շէկ մազերը բոց»։
Անձրեւը մինչեւ Երեւան եւ մինչեւ Ազնաւուրի հրապարակ հետեւեցաւ մեզ։ Հովանոցներու տակ պաշտպանուած երիտասարդներուն միացան մեր աշակերտները։ Ու, Կոմիտասի «Գութանը մանի-մանի» երգով սկսաւ Գարիկ-Սոնա զոյգի համերգը։ Եւ այդ գիշեր «շէկ»ը կրկին դարձաւ սիրով գոյնը։ (**)
«Գութանը մանի-մանի, օ, օյ,
Շէկ աղջիկ հաց կը տանի, օ, օյ,
Մէկ կ՚երթայ, մէկ կը նայի, օ, օյ,
Շէկ տղի խելք կը տանի, օ, օյ»։
«Ակօս»