Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Երբ Խոցելի Դառնաս, Մի՛ Մեղադրեր Օտարը

Տնտեսութիւն Եւ Արտագաղթ

– Մաս Գ –

ԿՈՐԻՒՆ Լ. ՔԷՀԵԱՅԵԱՆ

 

          Արցախեան հիմնախնդիրը կը դադրի «Դամոկլեան սուրի» պէս կախուած մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխուն վրայ, երբ վերջինս համազգային ողջ ներուժով թեւակոխէ տնտեսական յեղափոխութիւն:

 

Սոյն յօդուածի նպատակը Հայաստանի Հանրապետութեան սեփականաշնորհման, տնտեսական եւ աշխատանքային իրաւունքի օրէնքներու քննարկումը չէ, այլ լուսաբանումը երկրի բնականոն տնտեսական զարգացումը խոչընդոտող լծակներուն եւ արտագաղթի հիմնապատճառներուն:

Այն օրերուն, երբ հայ ազգը երկրի բոլոր քաղաքներուն եւ մասնաւորապէս Երեւանի մէջ բռունցքները վեր պարզած անկախութեան ու Արցախի մայր հայրենիքին վերամիաւորման կոչերով բազմահազարնոց ցոյցեր կը կազմակերպէր, 1988 թուականի Դեկտեմբեր 7-ին ահեղ ու աւերիչ երկրաշարժ մը ցնցեց հանրապետութեան հիւսիս – արեւմտեան եւ հիւսիսային հատուածները խլելով աւելի քան 25 հազար հայ բնակչութեան կեանքը ու անօթեւան դարձնելով 530 հազար հոգի, քար ու քանդ ընելով ներկայիս Շիրակի ու Լոռիի մարզերու բազում բնակավայրերն ու քաղաքները {ան ընդգրկած է հանրապետութեան 1/3 տարածքը՝ մէկ միլիոն 130 հազար բնակչութեամբ: Ամբողջութեամբ կամ մասնակի քանդուեցան Կիւմրին (Լենինական), Սպիտակը, Վանաձորը (Կիրովական), Ստեփանաւանը, հարիւրէն աւելի աւաններ ու գիւղեր: Աւերուեցաւ հանրապետութեան բնակելի ողջ տարածքի 17%-ը}` շարքէ դուրս բերելով ջերմամատակարարման ու ուժանիւթամատակարարման բոլոր համակարգերը, կապի, երթեւեկութեան ու կենցաղային սպասարկման ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ աւերելով աւելի քան 170 արդիւնաբերական ձեռնարկութիւն: Բնականաբար նոյնքան ծանր վնասներ կրեց նաեւ գիւղատնտեսութիւնը: Քանդուեցան անասնապահական շինութիւնները, ոչնչացան անասուններուն մեծ մասը, շարքէ դուրս եկան գիւղատնտեսական մթերքներ վերամշակող 80 ձեռնարկութիւն:

Կարծէք թէ բաւարար չէին աւերիչ երկրաշարժին պատճառած վերոյիշեալ եւ ժողովրդական տնտեսութեան հասցուցած աւելի քան 13 միլիառ ռուպլիի վնասները, յանկարծ Ազատութեան հրապարակի հարթակէն, «բնապահպանութեան» քօղի տակ, վրայ հասան կարգ մը «հայ» առաջնորդներու խիզախ կոչերը՝ ուժանիւթային, տնտեսական եւ գիտա-հետազօտական կարեւորագոյն հիմնարկներու ու հաստատութեանց փակման պահանջատիրութեամբ (կասկած չկայ, որ այդ կոչերը թելադրուած ըլլային դուրսի եւ ներսի համադրուած քաղաքական ուժերու համաձայնութեամբ, փաստն ալ այն էր, որ զանոնք իրականացնելու զուգընթաց այդ կոչերը արձակողները անվնաս վերացան քաղաքական դաշտէն եւ առ այսօր կ’ապրին հանրապետութենէն ներս)` առանց հաշուի առնելու հանրապետութենէն ներս գալիք համամարդկային ու համազգային վերահաս վնասի աղէտալիութիւնը:  Մեծամօրի աթոմակայանի, Երեւանի Նայիրիտ գործարանի, Վանաձորի (Կիրովական) քիմիական գործարանի եւ այլ կարեւորագոյն հիմնարկներու իրարայաջորդ փակման, հանրապետութեան ազգաբնակչութիւնը մութ ու ցուրտ տարիներու արհաւիրքին մէջ նետելնուն, արցախեան պատերազմի անցանկալի դառնութեան ճաշակման զուգընթաց, գտնուեցան այնպիսի ապաշնորհ ու պատեհապաշտ «առաջնորդներ», որոնք ամէն այգաբացին գործարան մը, հիմնարկ մը, մշակութային, բժշկական ու գիտա – հետազօտական կեդրոն մը կը թալանէին, կը փակէին ու կը սեփականացնէին` ի դէմս հայրենի ժողովուրդին ցուցաբերած աննկուն պայքարին եւ աներեւակայելի ու աննկարագրելի զոհողութեանց…:

Մեծամօրի աթոմակայանը, Երեւանի Նայիրիտ գործարանը եւ Վանաձորի քիմիական գործարանը

Այսպէս, արցախեան պատերազմին մեծ զոհողութիւններու գնով յաղթանակ տարած հայ ազգը յանկարծ աչքերը բացաւ ու յայտնուեցաւ սունկի պէս բուսած, գործուղուած ու նշանակուած վերոյիշեալ ոճրագործութեանց մէջ խռուած եւ արցախեան նուիրեալ առաջնորդներուն կեանքը խլած հակազգային «պետական այրերու» ողորմութեան, անցեալի աւերուած ու անօթ տնտեսական համակարգի եւ իրեն պատշաճ նոր տնտեսութիւն կերտելու ծանր բեռին ներքոյ:

Երկրաշարժի, արցախեան պատերազմի, նախորդ տնտեսական համակարգի փլուզման ծանր բեռին տակէն դուս չեկած հայ ազգը յանկարծ յայտնուեցաւ տնտեսական ազատ համակարգի եւ վերահաս տնտեսական մորթազերծ ընող օրէնքներու տարափին եւ տարափոխիկ արտագաղթի հիւծախտային հիւանդութեան առջեւ…: Աւելի քան քառորդդարեայ տնտեսական ազատ «պայմանները» ստիպողաբար արհամարհած եւ նիւթական ծանր բեռի տակ ինկած աւելի քան մէկ միլիոն հայաստանցի անվերադարձ եւ երբեմն ալ անիծելով ստեղծուած դրութիւնը լքեց այն ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ, որուն անկախութեան ու ազատագրման համար անխնայաբար արիւն թափած էր` առիթ տալով միջազգային աշխարհայնացման քաղաքականութեան ապազգային, խորթ, բազմերանգ ու տարօրինակ գործօններու հեզաթափանց ու հեզավարակ գործընթացին։

Հայրենի սակաւապետութեան քաղաքական այրերը իրենց կատարած թալանի անհերքելի կարողութեան հակառակ` կամայ եւ հրահանգուած ոչ մէկ քայլի դիմեցին պահպանելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան անկրկնելի դարպասի՝ սուրիահայութեան անվտանգութիւնը եւ գոյութիւնը, այլեւ հայրենի ինքնաբուխ փորձերն անգամ իսկոյն կասեցուցին ու արգիլեցին: Բարեբախտաբար շատ մը սուրիահայեր իրենց կեանքը փրկելու համար նախընտրեցին ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ ու հայրենադարձութիւնը…: Դիպուածաբար, Լիբանանի տնտեսական տագնապին պատճառով բազում լիբանանահայեր նոյնպէս իրենց տնտեսական ապագան կապեցին ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ հետ:  Նաեւ 250 ընտանիք Հայաստան տեղափոխուեցաւ Ուքրանիոյ տագնապին պատճառաւ (փոքրաթիւ հայրենադարձներ կան նաեւ ԱՄՆ-էն, Գանատայէն եւ այլ երկիրներէ): Ընդհանուր հայրենադարձներուն թիւը Հայաստանի մէջ առ այսօր կը հասնի շուրջ 30 հազարի: Սակայն սա չի նշանակեր, որ ազգագրական վտանգ չկայ Հայաստանի մէջ, եթէ հաշուի առնենք հանրապետութեան ազգային փոքրամասնութեանց գոյութիւնն ու բնականոն աճը եւ ծրագրաւորուած օտար ազգերու ներհոսքը դէպի Հայաստան, մասնաւորապէս Հնդկաստանի եւ տակաւին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը չընդունած Փաքիստանի այլակրօն քաղաքացիներուն արտասովոր ներարշաւը։

Ազգովին պատմական անկրկնելի սխալ ըրած կ’ըլլանք, եթէ կտրականապէս չդադրեցնենք օտար ազգաց ներհոսքը դէպի Հայաստան եւ այլ այլազգաց հող վաճառելու կասկածելի գործընթացը: Բացարձակապէս իրաւունք իսկ չունինք մեր դարաւոր ազգային ժառանգականութիւնը որակազրկելու, մեր քառորդդարեայ ազգային կորուսեալ աշխատուժի ողջ ներուժը օտարով փոխարինելու եւ անգործ հայորդիներուն աշխատանքի հնարաւորութենէն եւ իրաւունքէն զրկելու եւ վերջիններուս դէմ նոր արտագաղթի դռներ բանալու, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան անունն ու գոյութիւնը խոցելի չդառնան: Եւրոպայի եւ մասնաւորապէս Յունաստանի թոյլ տուած սխալները չկապկելու համար պէտք է լրջօրէն մտածենք հայորդաց՝ նոր, կազմակերպուած ու հոծ հայրենադարձութիւն իրականացնելու մասին, «քանի դեռ ուշ չէ»…:

Երբ խոցելի դառնաս, մի՛ մեղադրեր օտարը…:

Շարունակելի…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին