– Մաս Բ –
ԿՈՐԻՒՆ Լ. ՔԷՀԵԱՅԵԱՆ
Եթէ պատերազմական իրավիճակի տրամաբանութեամբ չկերտես խաղաղութիւնդ, վաղ թէ ուշ կը վերածուիս խրտուիլակային պետութեան
Սոյն յօդուածին նպատակը արցախեան պատերազմի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան քննարկումը չէ, այլ համապարփակ լուսաբանումը արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացի խոցելի կողմերուն:
Գերտէրութեանց եւ մասնաւորապէս աշխարհակալական ու ծաւալողական ձգտումներ ունեցող պետութեանց ազդեցութեան ոլորտի ընդարձակման ու գերիշխման կարեւորագոյն գործօններէն մին կը համարուի նաեւ իրենց ենթակայ «պետութեանց» միջեւ տարածքային ու սահմանային վիճելի, ականուած եւ հակամարտութիւններով յղի խնդիրներու ստեղծումը` զանոնք վերածելով «Աքիլէսեան գարշապարի»: Ռուսական ազդեցութեան ոլորտի վառ օրինակներէն մին կը համարուի նաեւ կովկասեան ողջ տարածքը եւ մասնաւորապէս Կարսի մարզի ու Նախիջեւանի նիրհած, ինչպէս նաեւ Արցախի թնճուկային խնդիրը:
Այսպէս, 1921 թուականի Յուլիս 5-ին Ժոզէֆ Սթալինի անմիջական միջամտութեամբ եւ Ռուսիոյ համայնավարական կուսակցութեան կովկասեան բիւրոյի որոշմամբ` Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը (բացառած ենք Կարսի մարզի ու Նախիջեւանի խնդիրները) բռնակցուեցաւ ազրպէյճանական ԽՍՀ-ին: Խորհրդային միութեան փլուզման շեմին, եօթանասունամեայ նիրհէն ետք` 1988 թուականին, անգամ մը եւս տարածաշրջանային քաղաքական դաշտ նետուեցաւ արցախեան հարցի խաղաքարտը եւ վերաճեցաւ պարտադրուած պատերազմի (1988 – 1994):
Զէնքի ու զինամթերքի սակաւ ու խեղճուկ միջոցներով, սակայն մարտունակութեան անկրկնելի կամք, կորով ու ոգի եւ ռազմական հմտութիւն ու աներեւակայելի զոհողութիւններ ցուցաբերող հայ ազատամարտիկի եւ յետին ճակատի աննկուն կամքի ու անշահախնդիր նուիրումի ու օժանդակութեան շնորհիւ ոչ միայն ազատագրուեցան ԼՂԻՄ-ի ողջ տարածքը եւ այժմու Քաշաթաղի ու Շահումեանի շրջանները (ներկայիս Արցախի Հանրապետութեան ընդհանուր տարածքը կը կազմէ 11.458 քառակուսի քիլոմեթր), այլեւ ինքնին պատերազմ հրահրող Ռուսաստանի Դաշնութեան միջնորդութեամբ իսկ 1994 թուականի Մայիս 11-ին Ազրպէճանն ստիպուեցաւ կրակի դադրեցման համաձայնագիր կնքելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի պաշտպանութեան գերատեսչութեանց հետ (համաձայնագիրը ուժի մէջ մտած է Մայիս 12-ին)` սկիզբ տալով արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին…:
Մեծ զոհողութիւններու եւ շուրջ տասը հազար հայորդաց արեան գնով յաղթանակ տարած հայ ազգն ու զանոնք ներկայացնող պետական այրերը վերջնագիր ներկայացնելու փոխարէն` նետուեցան անժամկէտ ու խաղաղ բանակցութեանց քաղաքական պղտոր փորձադաշտ` թաւալելով տարածաշրջանային ու միջազգային շահեր հետապնդող գերտէրութեանց գերշահերու բազմաբնոյթ ու առկախ թելադրատոմսերու՝ «Աուգեան ախոռներուն» մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին քաղաքական ուժերու հերթափոխման, արտաքին քաղաքական գործօնի բազմաներարկ ու յարափոփոխ ներգործութեանց {hիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները կ’ընթանան ԵԱՀԿ (Եւրոպայի անվտանգութեան եւ գործակցութեան կազմակերպութիւն) Մինսքի խումբի համանախագահներու (Ռուսաստան, ԱՄՆ, Ֆրանսա) միջնորդութեամբ} եւ Ազրպէյճանի անդադրում սպառազինման զուգընթաց,
ԵԱՀԿ-ի նշանը
Արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացն իւր լուծման զոյգ՝ փուլային (այս մօտեցումը գերիշխած է մինչեւ 1995 թուականի վերջը) ու փաթեթային մօտեցման շրջաններն ունեցաւ եւ առանց շօշափելի արդիւնքներ ու լուրջ յառաջընթաց արձանագրելու` կանգ առաւ գալիք՝ նոր ու անյայտ քաղաքական տեսահորիզոնի առջեւ…:
ՀՀՇ-ի (Հայոց համազգային շարժումը 1988 – 1990 թուականներուն ԽՍՀՄ տարածքին վրայ եղած է ամէնէն զանգուածային եւ հեղինակաւոր անկախական եւ ժողովրդավարական կազմակերպութիւնը, իսկ 1990 – 1998 թուականներուն` Հայաստանի Հանրապետութեան իշխող կուսակցութիւնը) հովանիին ներքոյ եւ Հայաստաանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի նախագահութեան օրերուն (1991 Հոկտեմբեր 16 – 1998 Փետրուար 3), արցախեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման փուլային տարբերակը կրցաւ յանգիլ գէթ այն եզրակացութեան, որ ԼՂՀ-եան կարգավիճակի հարցի քննարկումը կարելի է սկսիլ միայն քաղաքական համաձայնագրի կնքումէն ետք: Այսպիսով, միջազգային հանրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցաւ որպէս հակամարտութեան ու անոր կարգաւորման լիիրաւ կողմ` հիմք ընդունելով մարդու իրաւունքներու եւ ազգերու ինքնորորշման իրաւունքի սկզբունքները։ Ընթացքին Ազրպէյճանը բազմիցս փորձեց կասեցնել սոյն գործընթացը եւ, անոր պնդմամբ, 1995 թուականի վերջին, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը փորձեց «փուլային» լուծման հայեցակարգէն անցում կատարել դէպի «փաթեթային» տարբերակ:
Հակամարտութիւնը փուլային կամ փաթեթային մօտեցումներով կարգաւորելու անցումային փորձերը (1996 թուականի Դեկտեմբերին ԵԱՀԿ Լիզպոնի գագաթնաժողովին, երբ յայտարարուեցաւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ Ազրպէյճանի սահմաններուն մէջ ԼՂ-ին ամենաբարձր կարգավիճակ շնորհելու մասին, փակուղային իրավիճակն աւելի խորացաւ) եւ բանակցութիւնները փակուղային վիճակ չհասցնելու ջանքերը աւելի խորացուցին հակամարտող կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հակասութիւնները. դադրեցուցին ուղիղ բանակցութիւնները, արձանագրեցին փաստացի հետընթաց եւ Լեռնային Ղարաբաղը զրկեցին բանակցային իրաւունքէն, ապա եւ ԼՂ-ի իշխանութիւնը մղեցին փուլային կարգաւորման գաղափարի բացարձակ մերժման եւ Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս քաղաքական ճգնաժամի վերաճման, ապա եւ 1988 թուականի Փետրուար 4-ի իշխանափոփութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան օրերուն (1998 Ապրիլ 9 – 2008 Ապրիլ 9), 1999 – 2007 թուականներուն, զոյգ նախագահներու՝ Ռ. Քոչարեանի եւ Հայտար Ալիեւի (2004 թուականէն Իլհամ Ալիեւի) միջեւ Մոսկուայի, Ուաշինկթընի, Փարիզի, Ս. Փեթերսպուրկի, Քի Ուէսթի, Իսթանպուլի, Պուխարեստի, Մինսքի եւ այլ քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած իրարայաջորդ հանդիպումներէն ետք, նախ հետեւողականօրէն փոշիացան զինադադարն ամրապնդելու եւ անշրջելի խաղաղութիւն հաստատելու նախորդ շրջանի ձեռքբերումները, 2001 թուականի սկիզբը համաձայնեցուած Փարիզեան սկզբունքները (ըստ Փարիզեան սկզբունքներուն՝ ԼՂ-ը պիտի ճանչցուէր ՀՀ-եան ամբողջական մաս, իսկ Ազրպէյճանը Հայաստանէն պիտի պոկէր Ազրպէյճանը Նախիջեւանին միացնող համապատասխան միջանցքային տարածք), ապա եւ բանակցային զոյգ կողմերուն ներկայացուեցաւ Ռուսաստանի Դաշնութեան, Ֆրանսայի ու ԱՄՆ-ի կողմէ մշակուած արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հիմնարար «Մատրիտեան» սկզբունքներու նախնական տարբերակը:
2008 թուականի Յունիս 6-ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) հովանին վայելող, Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի (2008 Ապրիլ 9 – 2018 Ապրիլ 9) եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ զոյգ նախագահները արդէն իսկ համաձայնութեան եկած էին բանակցութեանց հիմք ընդունիլ «Մատրիտեան» սկզբունքները {2009 թուականի Յուլիս 10-ին Աքուիլիոյ (Իտալիա) մէջ կայացած Մեծ ութնեակի գագաթնաժողովի ժամանակ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու կատարած համատեղ յայտարարութեան հիման վրայ Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին ներկայացուած էր 2007 թուի Նոյեմբերի 29-ին «Մատրիտեան» փաստաթուղթի թարմացուած տարբերակը, մասնաւորապէս հետեւեալ հիմնարար սկզբունքներով՝ ա- Նախկին ԼՂԻՄ-ը շրջապատող տարածքներու յանձնում Ազրպէյճանին, բ- Լեռնային Ղարաբաղի միջանկեալ կարգավիճակ, անոր անվտանգութեան եւ ինքնակառավարման երաշխիքներու տրամադրումով, գ- Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին կապող միջանցք, դ- Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրաւական կարգավիճակի հետագայ սահմանում իրաւականօրէն պարտադիր կամարտայայտման միջոցով, ե- Ներքին տեղահանուած եւ փախստականներու՝ իրենց բնակութեան նախկին վայրերը վերադառնալու իրաւունք, զ- Անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներ, որոնք կը ներառեն նաեւ խաղաղապահ գործունէութիւն}:
2008 թուականի Նոյեմբեր 2-ին Մոսկուայի մէջ վերսկսած բանակցութիւնները պսակուեցան վեց սկզբունքային կէտերէ բաղկացած «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ հռչակագիր»-ի ստորագրութեամբ (ա– Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական եւ խաղաղ լուծում, բ– Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորում միջազգային իրաւունքի կարգերու եւ սկզբունքներու հիման վրայ, գ– ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու միջնորդական գործունէութեան շարունակման վերահաստատում, դ– Բանակցութիւններու շարունակում «Մատրիտեան» առաջարկներու հիման վրայ, ե– Կարգաւորումը միջազգային երաշխիքներով ամրապնդելու յանձնառութիւն, զ– Վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու իրագործման համար պայմաններու ստեղծում), որ խրախուսուեցաւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն կողմէ, իսկ 2008 թուականի Դեկտեմբերի 5-ին ԵԱՀԿ 56 մասնակից պետութեանց արտաքին գործոց նախարարները Հելսինքիի մէջ ընդունեցին զայն:
2008 թուականէն առ այսօր բազմիցս մերժուած «Մատրիտեան» փաստաթուղթը միջնորդները կամայ նետեցին քաղաքական պահոցներ, իսկ անընդհատ սպառազինուող Ազրպէյճանը իր ռազմատենչ ու յարձակողական ընթացքը ոչ միայն սահմանափակեց սահմանային արկածախնդրութիւններով ու սահմանապահ մեր երիտասարդ զինուորներու կանոնական սպանութեամբ, այլեւ զայն «պսակեց» 2016 թուականի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմով (2016 Ապրիլ 1 – 5)` լուրջ քաղաքական ճգնագնաժամ յառաջացնելով հայկական քաղաքական շրջանակներէն ներս: Զուգընթացաբար, ազատագրուած հայկական հողերը Ազրպէյճանին վերայանձնելու Հայաստանի իշխող վարչակարգին եւ անոնց կողմնակից քաղաքական որոշ շրջանակներուն յորջորջումները նախ ժայթքեցուցին Սասնայ ծռերու ապստամբութիւնը, ապա եւ թաւշեայ յեղափոխութիւնը…: Իսկ արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հիմնախնդիրը շարունակեց «Դամոկլեան սուրի» պէս կախուած մնալ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի գլխուն վրայ…:
Երբ խոցելի դառնաս, մի՛ մեղադրեր օտարը…:
Շարունակելի…: