Դոկտ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ
«ԶԱՐԹՕՆՔ» Բացառիկ 2019
Մուտք
Գրութեանս մէջ պիտի ջանամ արտայայտել տեսակէտս, թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ հայ անհատին ընթացքը/դերը/վերաբերում-կեցուածքը Հայաստանի Հանրապետութեան յառաջիկայ զարգացումներուն համար: Գրութիւնս ուղղուած չէ որեւէ անհատի կամ կազմակերպութեան դէմ, եւ չի նպատակադրեր նսեմացնել կամ գերագնահատել անհատ, ղեկավար կամ իրադարձութիւն:
Այս գրութեամբ պիտի ջանամ իմ մտածումներս բաժնեկցիլ սիրելի ընթերցողիս հետ՝ թէ ինչպիսի հայութիւն մը կրնայ երաշխաւորել հայութեան գալիքը:
Սասունցի Դաւիթ
Սասունցի Դաւիթը՝ իբրեւ հայ ժողովուրդի գերագոյն դիւցազնավէպ Սասնայ Ծռերու գլխաւոր հերոս, կը պարփակէ բազմաթիւ խորհուրդներ, կը դրսեւորէ բազում երեւոյթներ: Թէեւ դիւցազնավէպը կ’արտացոլացնէ նախաեղեռնեան հայութեան մտադրոյթը, այդուհանդերձ որոշ դաստիարակութիւն մը կը շարունակէ տալ մեզի եւ կը պահպանէ այժմէական որոշ գիծեր՝ գէթ իբրեւ մտայնութիւն եւ գործելաձեւ:
Այս գրութեան մէջ Սասունցի Դաւիթը կ’առանձնացնեմ իբրեւ.- ա) օտար տիրակալութեան (այլ խօսքով՝ տագնապի) դէմ պայքարող անհատ, եւ բ) Երկրին, ժողովուրդին խնդիր-տագնապը լուծող առանձին, միակ անհատ՝ «լիազօրուած» ժողովուրդին կողմէ:
Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան առաջնորդման-ղեկավարման տարիներուն ունեցանք գործադիր իշխանութեամբ լիազօրուած երեք նախագահներ եւ անոնց պաշտօնավարութեան շրջանին իշխող կուսակցութիւններ: Թէ՛ իշխող կուսակցութիւնները, թէ՛ նախագահները յատկանշուեցան (գրեթէ) միանձնեայ ղեկավարութեամբ: Բոլորն ալ ունեցան ծայրայեղ վերիվայրումներով հարուստ ժողովրդականութիւն: Կարծէք՝ հայութիւնը մեծ յոյսեր կապեց անոնցմէ իւրաքանչիւրին՝ կուսակցութիւն թէ նախագահ, եւ յաճախ ալ ապրեցաւ մեծ հիասթափութիւն-յուսախաբութիւններ: Կարծէք ժողովուրդը իր փրկութիւնը, իր ճակատագիրը վստահած էր այդ անհատին/կուսակցութեան եւ երբ յոյսերը ի դերեւ ելան, տուեալ ղեկավարը/կուսակցութիւնը կորսնցուց իր ժողովրդականութիւնը: Այլ խօսքով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Սասունցի Դաւիթը, չյաջողեցաւ: Չյաջողեցաւ ու չարդիւնաւորուեցաւ նաեւ ամբողջութեան մը դիմագրաւած տագնապը մէկու մը վստահելու մտայնութիւնը:
Դեռ աւելին, ունեցանք պարագաներ, երբ մարդիկ մեծադղորդ խիզախութիւններ կատարեցին, բայց արդիւնքը շատ չանցաւ սենսացիոնին սահմանները:
Ուրեմն հրաժարի՞նք սասունցիդաւիթութենէ:
Ո՛Չ: Որովհետեւ սխալ է սպանել անհատին ուժին եւ կարողութեան հանդէպ հայ ժողովուրդին հաւատքը:
Բերդպար
Բերդպարը մարդկութեան ժողովրդական այն քիչ պարերէն է որ երկյարկ է: Հայկական այս պարին մէջ խումբ մը մարդիկ՝ խումբ մը այլ մարդոց ուսին ելլելով կը յառաջացնեն երկյարկ պատկեր մը, որ աւելի կը նմանի բերդի պարիսպի: Այլ խօսքով, որոշ կարողութեամբ օժտուած խումբ մը մարդիկ վեր բարձրանալու համար, համաձայնաբար կը գործակցին եւ կը կերտեն ոչ թէ գետնայարկ-պարային վիճակ, այլ՝ երկյարկ:
Բերդպարն ալ բազում խորհուրդներ ունի իր մէջ: Այս յօդուածիս համար այդ խորհուրդներէն կ’առանձնացնեմ երկուքը.- ա) տագնապի դէմ հաւաքաբար պարիսպ կանգնելը, բ) պարիսպ կանգնելու համար թէ՛ ուսելու եւ թէ՛ ուսի վրայ ելլելու ատակ անհատներ:
Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան աւելի քան քսանհինգամեայ ընթացքի տագնապներուն դիմաց յաճախ անհատներ եւ հաւաքականութիւններ ցցուեցան ու ծառացան, բայց անոնց ձեռք բերած արդիւնքները մասամբ բաւարար եղան: Ժողովուրդը մեծ վստահութիւն ունեցաւ ղեկավարութեան հանդէպ եւ նոյնքան խոշոր՝ հիսաթափութիւններ ապրեցաւ: Յաճախ ժողովուրդը հիասթափելով՝ հաւաքաբար դժգոհեցաւ, ընդվզեցաւ: Այդ դժգոհանքը, Արցախի խնդրով հասաւ յաջողութեան: Սակայն, ներքին ճակատին վրայ այդ ընդվզումը չվերաճեցաւ բերդպարի երկրորդ յարկի, որովհետեւ բոլոր բնագաւառներուն մէջ պարիսպ կանգնելու համար թէ՛ ուսելու եւ թէ՛ ուսի վրայ ելլելու ատակ բաւարար անհատներ չգտնուեցան: Ասոր հետեւանքը եղաւ նոր հայաստանալքում:
Ուրեմն հրաժարի՞նք բերդպարութենէ:
Ո՛Չ: Որովհետեւ տեսանք Արցախի բերդպարութեան յաղթանակը: Եւ սխալ է սպանել անհատին նուիրումը՝ հաւաքականութեան:
Սասունցիդաւիթական փորձերը չյաջողեցան: Բերդպարութիւնները մասամբ յաջողեցան:
Ուրեմն Ի՞նչ
Այսօր, քսանհինգ տարի ետք, Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձեալ առաջնորդուելու, կառավարուելու ճամփաբաժանի առջեւ է. Սասունցի Դաւի՞թ, թէ՞ Բերդպար:
Ճամփաբաժան, որովհետեւ ոմն Փաշինեան նոր սասունցիդաւիթութիւն ըրաւ: Մեծ է հաւանականութիւնը որ այս Սասունցի Դաւիթն ալ չյաջողի՝ եթէ նախորդ գործելաձեւը շարունակուի:
Նախորդներուն գործելաձեւը միայնակ, առանձնակի սասունցիդաւիթութիւն էր. ո՛չ միայն առաջնորդը Սասունցի Դաւիթ կը խաղար, այլեւ ժողովուրդը իր խնդիրներուն լուծումը վստահեր էր Սասունցի Դաւիթին եւ նո՛յն այդ ժողովուրդը, գրեթէ ձեռնծալ, Սասունցի Դաւիթէն արդիւնք կ’ակնկալէր:
Յաճախ կ’առարկենք թէ հայերէս իւրաքանչիւրը անզիջող ինքնասիրութիւն մը ունի, հեռու է հեզ եւ խոնարհ ընթացքներէ: Եւ արդարացնելու համար բնաւորութեան թէ խառնուածքի այս գիծը յաճախ օրինակ կը բերուին հայոց լեռները, թէ՝ «տեսէ՛ք, հայերը հայոց լեռներուն պէս են. առանձին»: Իսկ չէ՞ որ մեր հակառակորդները լեռներու միջեւ եղած անցքերէն սողոսկեր են Հայկական Լեռնաշխարհ ու գրաւեր զայն…:
Միայնակ Սասունցի Դաւիթները ենթակայ են տապալելու:
Առանձին Սասունցի Դաւիթները այսօր այլեւս բաւարար չեն: Փաստը նոյնինքն Սասնայ Ծռեր դիւցազնավէպը կու տայ: Քաջանց որդիներու այս շարքին երրորդը՝ Փոքր Մհերը, »գլուխ չհանելով» երկրի խնդիրներուն հետ կ’երթայ-կը քաշուի քարայրին մէջ: սասունցիդաւիթութեան գովքը հիւսող այս դիւցազնավէպը կ’ընդգծէ կեանքի պայմաններուն փոփոխումը, հաւաստելով որ միայնակ, առանձնակի Սասունցի Դաւիթին ժամանակաշրջանը անցած է:
Այսօր, քսանմէկերորդ դարու երկրորդ տասնամեակի տարեփակի նախամուտին պէ՛տք է գիտակցինք, որ առանձին լեռը չի՛ կրնար հայոց պետութեան ամբողջ սահմանները պարսպել: Մեզի պէտք է բազմախումբ բերդպարութիւն, մանաւանդ՝ բազում Սասունցի Դաւիթներու բերդպարութիւն: Եւ որքան շա՛տ ըլլան Սասունցի Դաւիթները, որոնք համաձայնաբար բերդպար կերտեն, այնքան հաւանական կը դառնայ յառաջիկայ հայութեան պայծառ ապագան:
Յիրաւի, այսօր մեզի պէտք են այնպիսի բերդպարեր, որոնք իրենց ամրութեամբ վերածուին լեռնապարի: