«ԶԱՐԹՕՆՔ» ԲԱՑԱՌԻԿ 2019
Մուտք
Տեսականօրէն, մարտահրաւէրները տուեալ ժողովուրդի մը միասնականութիւն կ’ապահովեն, միասնաբար դիմակալելու ընդհանուրին սպառնացող վտանգը: Մնայուն, անլոյծ եւ ուժերէ վեր մարտահրաւէրները նաեւ կրնան միեւնոյն ժողովուրդը ջլատել եւ յուսահատութեան եզրին հասցնել: Շրջանցելու համար վտանգը երկիր (պետութիւն)-ժողովուրդ յարաբերութեան համակարգը պէտք է դրուի փոխադարձ գուրգուրանքի եւ հոգածութեան իրավիճակի մէջ, ուր իւրաքանչիւր կողմ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւնը ունի հասկնալու ու գործադրելու «իրաւունքներ եւ պարտաւորութիւններ» (rights and duties) դրուածքը: Առանց այս իրավիճակին դժուար է երկրի մը, հետեւաբար ժողովուրդի մը գոյատեւումը:
Լիբանան
Աւարտող տարուան ընթացքին նշեցինք Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակը: Հասուն տարիք մը ինչպէս անհատի մը համար, նաեւ երկրի, մինչ տակաւին ան մութին մէջ կը խարխափէ ու իր անկախութենէն ի վեր միեւնոյն խնդիրներն է, որ կը դիմագրաւէ:
Արդեօ՞ք կարելի պիտի ըլլայ յաջորդող տարին ալ նոյն խնդիրները, միեւնոյն գործելաոճով դիմակալել:
Մինչեւ նոր տարի, կառավարութիւն մը կազմուի թէ ոչ, արդեօ՞ք կարելի է նշանակեալ վարչապետի մը կողմէ կառավարութիւն կազմելու անժամկէտ ժամանակամիջոցի սահմանադրական բացթողումը յաւիտեան պահել, մինչ ժողովուրդին առօրեան մեծապէս կախեալ է անոր կազմութենէն:
Մշակոյթի վերածուած ու բացէ ի բաց փտածութեան առաջքը ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ պիտի առնուի:
Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանը հեռու պահել շրջանային թնճուկներէ:
Իսրայէլեան վերջին, նաեւ մնայուն սպառնալիքները ինչպէ՞ս պիտի դիմակալուին:
Պետութեան մը մէջ պետութիւն երեւոյթը ո՞վ պիտի սրբագրէ:
Արդեօ՞ք սահմանադրական նոր տարբերակներու դէմ յանդիման պիտի գտնուինք շուտով: Եռակողմանի բաժնեկցութեան մը դռներուն առջե՞ւ ենք:
Երկրին տնտեսութիւնը, որ կը գտնուի անդունդի եզրին, տակաւին մինչեւ ե՞րբ պիտի յաջողի կանգուն մնալ: Իսկ յանկարծ եթէ լիբանանեան դրամանիշը դարձեալ արժեզրկուի, պատուհասը բոլորիս պիտի չի՞ վերաբերի, երբ երկրին բաղկացուցիչ բոլոր համայնքներուն ալ դրամանիշը միեւնոյնն է…:
Լիբանանահայութիւն. նաեւ սփիւռքներ
Գաղտնիք մը չէ, որ լիբանանահայութեան քանակն ու որակը անկում կ’ապրի: Կը նահանջենք ամէն ճակատներու վրայ: Հակառակ թափուած ճիգերուն՝ ազգային հաստատութիւններու իրավիճակը այնքան ալ առողջ չէ: Կը նահանջէ հայ անհատը: Կը նահանջէ հայ հաւաքականութիւնը: Ե՞րբ, այսպէս կոչուած, ղեկավարութիւնը խելքի պիտի գայ, որ եթէ տուեալ պատասխանատուն ատակ չէ իրեն վստահուած պաշտօնը գլուխ հանելու, պէտք է իր տեղը տայ, այլ անձի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ նուազագոյն վնասներով շարունակել: Որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել այն ինչ, որ մնացած է:
Աւելի կամ նուազ չափով նոյնն է հայկական բոլոր սփիւռքներու պարագան սփիւռքեան յստակ տեսլականի մը բացակայութեան ու փոխադարձ հոգածութեան պակասին պատճառով:
Հայաստան
Հակառակ շատերու ունեցած վարդագոյն հեռանկարին, փաստ է, որ Հայաստան կ’ապրի իշխանափոխութիւն մը անպատրաստ քատրերով ու նոր խորհրդարանին մէջ գրեթէ անգոյ ընդդիմութեամբ: Այս վիճակը, մինչ երկիրը կ’ապրի շրջանային ու միջազգային վտանգաւոր զարգացումներու ու մրցակցութեանց խաչմերուկին վրայ: Անյստակ է մեր արտաքին քաղաքականութիւնը: Անյստակ է նոր իշխանութեան հարցեր կառավարելու գործելաոճը: Կը պակսի, ըստ խոստացուածին, տնտեսութիւնը տրամաթիքօրէն յեղաշրջելու ու զարգացնելու կախարդական գաւազանը, մինչ անոր ձեռքբերումը կրնայ կարօտիլ լուրջ, շատ լուրջ եւ հայ ժողովուրդին համար չափազանց վտանգաւոր, նաեւ համահայկական մակարդակով, միակամութիւն կամ միաձայնութիւն չապահովող զիջումներու թշնամի ճակատին վրայ…: Ժողովուրդի մակարդակով կայ իրարու հանդէպ անհանդուրժողականութիւն եւ յաղթող-պարտուողի հոգեբանութիւն, որ անյապաղ պէտք է սրբագրուի:
Արցախ
Հայ ժողովուրդի միասնական ճիգերով եւ արեան գնով ձեռք բերուած երկիրը ոչ նուազ դժուարին օրերու դէմ յանդիման կը գտնուի: Օրակարգի վրայ է հողային եւ այլ զիջումներու կամ փոփոխութիւններու հարցեր, մինչ այնտեղ կան կարմիր գիծեր, որ ժողովրդական քարոզչութեամբ չէ, որ կարելի է հատել եւ պէտք չէ հատել: Զգոյշ:
Հայ դատ
Հայ դատը ցեղասպանութեան ճանաչումով սահմանափակելու ժամանակը անցած է, մինչ հողային փոխհատուցման խնդրով, տարածաշրջանը կրնայ շուտով ուրիշ քարտէս ունենալ: Ո՞ւր ենք մենք այս զարգացումներուն դիմաց:
Եզրափակում
Մարտահրաւէրները տուեալ ժողովուրդի մը միասնականութիւն կ’ապահովեն: Մեր ժողովուրդը փորձը ունի մարտահրաւէրներու դիմաց միակամ բռունցք կազմելու: Ի՞նչը կը պակսի մեզի այսօր: Կը պակսին կամքը, վտանգի գոյութեան գիտակցութիւնը, յստակ տեսլականը եւ երկիր(պետութիւն) – ժողովուրդ փոխադարձ հոգածութիւնն ու գուրգուրանքը եւ մանաւանդ իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու դաստիարակութիւնը:
2019-ն մարտահրաւէրներու տարի է: Սորվինք անցեալէն, լաւապէս արժեւորենք ներկան եւ միասնաբար դիմակալենք եւ դիմաւորենք ապագան, որ որքան մռայլ, կրնայ նոյնքան պայծառ ըլլալ երբ մենք գործով եւ ոչ խօսքով զայն կը տենչանք: