Շաբաթ, 09. 12. 2023

spot_img

«Շատ Դժուարութիւններ Ունեցած Ենք Մեր Գործը Ստեղծելու Ժամանակ, Բայց Յաջողած Ենք» (լուսանկարներ, տեսերիզ)

«Երազէ՛, Իրագործէ՛… Ներդրողներ Հայրենիքի Մէջ » – 4

Հարցազրոյց Հայրենի «Sangatrade» Ընկերութեան Հիմնադիր Սեւակ Քասսարի Հետ

 

Հարցազրոյցը վարեց՝ ՔՐԻՍԹԻՆԱ  ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

«Զարթօնք» օրաթերթը կը շարունակէ «Երազէ, իրագործէ ներդրումներ հայրենիքի մէջ…» խորագրով հարցազրոյցներու շարքը, որոնցմով նպատակ ունինք ներկայացնել հայրենիքի՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ օտարերկրեայ ներդրումները, պիզնեսի յաջողած ծրագիրները։ Մեր շարքի հերթական հիւրը ծնունդով Լիբանանէն, բայց 2002 թուականէն ի վեր Հայաստան մշտական բնակութիւն հաստատած գործարար Սեւակ Քասսարն է։ Սեւակը Հայաստան տեղափոխուելէ ետք տարբեր ոլորտներու մէջ փորձած է գործերով զբաղիլ։ Այսօր «Sangatrade» ընկերութիւնը, որուն հիմնադիրն է Սեւակ Քասսարը, կը զբաղի եւրոպական երկիրներէն որակեալ սուրճի, թխուածքի, ալիւրի, պաղպաղակի հումքի ներմուծումով։ Ընկերութիւնը կը գործակցի Հայաստանի մէջ լաւագոյն սրճարաններուն, հիւրանոցներուն, ճաշարաններուն հետ։ Ասոր հետ մէկտեղ քաղաքի կեդրոնին՝ Հիւսիսային պողոտային վրայ արդէն 6 տարիէ կը գործէ Caffe Vergnano 1882 բարձրակարգ սրճարանը, որ, ի թիւս տարբեր տեսակի սուրճերու, յաճախորդներուն կը ներկայացնէ հայկական բարձրորակ սուրճ՝ արտադրուած Իտալիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ սեփական արտադրամասի մէջ պատրաստուող թխուածքներ եւ այլն։

– Յարգելի Պրն. Քասսար, շնորհակալ եմ, որ հարցազրոյցի հրաւէրը չմերժեցիք։ «Զարթօնք» օրաթերթի «Ներդրողներ հայրենիքի մէջ» խորագրով հարցազրոյցներու շարքին ծիրէն ներս այս անգամ կ’ուզենք անդրադառնալ Ձեր մասին։ Ո՞ւր ծնած էք։ Քանի՞ տարիէ կը բնակիք Հայաստան։

-Ես Պէյրութէն եմ, Լիբանան: Այդտեղ սորված ու աւարտած եմ դպրոց, համալսարան։ 2002 թուականին տեղափոխուած եմ Հայաստան։ Ի հարկէ, մինչեւ տեղափոխուիլս շատ անգամ եկած եմ Հայաստան տարբեր նպատակներով։

– Հայաստան մշտական բնակութեան տեղափոխուելու հիմնական պատճառը ի՞նչ էր։

-Հայրենասիրութիւնը։ Մենք մեծցած ենք հայկական միջավայրի մէջ, ուր միշտ քարոզած են հայրենիք, Արարատ, այդ խորհրդանիշերը միշտ եղած են։ Մեր մէջ միշտ եղած է հայրենիքի հանդէպ սէրը, կարօտը, անոր համար ալ որոշեցի տեղափոխուիլ Հայաստան։

– Ձեր ծնողքը, նախնիները Լիբանանի մէջ ինչո՞վ զբաղած են։ Ընտանեկան գործ ունեցա՞ծ էք։

– Իմ հայրս աշխատած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Ինքը Լիբանանի մէջ չէ աշխատած։ Մենք միշտ գացած-եկած ենք իրեն քով, ինքն ալ նոյնպէս գացած-եկած է։ Այսինքն՝ Լիբանանի մէջ աշխատանք չենք ունեցած։

– Հայաստան տեղափոխուելէ ետք սկզբնական շրջանին ի՞նչ գործերու ծրագիրներ իրականացուցած էք։ Ինչպէ՞ս որոշեցիք, որ սպասարկման ոլորտին մէջ պէտք է ձեր ուժերը փորձէք։

– Երբ ես տեղափոխուեցայ Հայաստան, ծնողներուս հետ չեմ եկած, մինակ եկած եմ, բայց մօրաքոյրս ու մօրեղբայրս այստեղ կ’ապրէին դեռ 1988 թուականէն։ Իրենց հետ ապրած եմ, ինծի ուղղութիւն տուած են՝ ինչո՞վ զբաղիլ, ի՞նչ ընել։ Սկսանք տարբեր գործեր մշակել՝ շինարարութեան հետ կապուած եւ այլն։ Տարիներու ընթացքին փոխուեցաւ ամէն ինչ։

– Այսօր արդէն որպէս յաջողած պիզնես կարելի է նշել քաղաքի կեդրոնը գտնուող Caffe Vergnano 1882 սրճարանը։ Կրնա՞ք համառօտ ներկայացնել սրճարանի ստեղծման պատմութիւնը։ Ե՞րբ հիմնադրուած է, ի՞նչ դժուարութիւններու հանդիպած էք։

-Նախ նշեմ, որ ընկերութիւն մը ունիմ, որ Իտալիայէն, Գերմանիայէն իմ գործընկերոջս հետ ապրանք կը ներածենք սուրճի, պաղպաղակի, տուրմի, հացի հումք, սարքաւորումներ։ Կը գործակցինք բազմաթիւ սրճարաններու, ճաշարաններու, հիւրանոցներու հետ։ Մենք արդէն 10 տարիէ տարբեր տեսակի ապրանքներու ներածում  կ’իրականացնենք, այս ոլորտին մէջ ենք։ Սրճարանը իտալական ֆրենչայզ է, արդէն 6րդ տարին է, որ կը գտնուի Հիւսիսային պողոտայի վրայ: Շատ դժուարութիւններ ունեցած ենք։ Ի դէպ, նշեմ, որ մինակ չեմ, ունիմ գործընկերներ Տուպայէն։ Տարբեր պատճառներով շատ դժուարութիւններ ունեցած ենք՝ կապուած երկրի իրավիճակին, մրցակցային դաշտի, հարկայինի հետ։ Բայց յաղթահարած ենք բոլոր խնդիրները, եւ այսօրուան դրութեամբ, կը կարծեմ, Երեւանի մէջ լաւագոյն սրճարաններէն մէկն է, որ ունինք։

Ընդհանուր քանի՞ աշխատող ունիք։

-Մօտաւորապէս 20 աշխատող։

Ինչո՞ւ մարդիկ պէտք է նախընտրեն Ձեր սրճարանը։ Առաւելութիւնները որո՞նք են։

– Իմ կարծիքով՝ առաջին հերթին սուրճի որակը եւ համը։ Աշխարհի մէջ լաւագոյններէն կը համարուի։  Կը կարծեմ, որ Հայաստանի մէջ լաւագոյն սուրճն է։ Բացի այդ՝ մենք ունինք մեր պատրաստած թխուածքները, ճաշերը, որոնք բոլորն ալ իտալական հումքով կը պատրաստուին եւ որակով ու լաւ ձեւով կը մատուցուին։

Պահանջկո՞տ են հայաստանցի յաճախորդները։

– Չափէն աւելի, այո՛։ Օրինակ՝ Եւրոպայի մէջ որեւէ ճաշարան կամ սրճարան, որ կ’երթաս, ամէն ինչը շատ հարթ է, քեզի չեն ըսեր, որ այս ինչ բանը սխալ է կամ քիչ է, շատ է, մաքուր չէ, եւայլն։ Բայց Հայաստանի մէջ այդ երեւոյթը շատ ծայրայեղ աստիճանի է, բայց չեմ գիտեր՝ ինչու։

-Սա լա՞ւ է, թէ՞ վատ։

-Կը կարծեմ՝ վատ, որովհետեւ չափազանցուած է։ Ուղղակի մեր մօտ այդ մէկը արտայայտելու ձեւը շատ կոշտ ու կոպիտ է։

– Ձեր խօսքին մէջ նշեցիք, որ Հայաստան տեղափոխուելէ ետք տարբեր գործերու ծրագիրներ իրականացուցած էք՝ յաջողած կամ ոչ։ Կը ցանկայի Ձեր կարծիքը լսել Հայաստանի մէջ ներդրումային դաշտի թերութիւններուն եւ առաւելութիւններուն մասին ու այս տարիներուն ընթացքին ի՞նչ փոփոխութիւններու ենթարկուած է։

-Երբ նոր սկսանք ես եւ իմ ընկերներս ներդրումներ ընել Հայաստանի մէջ, առաջին տարիներուն ինչ-որ չափով աւելի դիւրին էր, յետոյ եկաւ փուլ մը, որ աւելի դժուարացաւ։ Ի հարկէ, այդ դժուարութիւններու պահը, ցաւօք սրտի, միայն հարկայինի հետ կապուած եղած է։ Սա մարդոց ետ կը պահէ ներդրումներ ընելէ։ Չեմ կրնար ըսել, որ այդ փուլը 100 տոկոսով անցած է, որովհետեւ այսօր ալ հարկային դաշտին մէջ շատ խնդիրներ կան, ես ալ ունիմ, բայց հիմա չեմ ուզեր անդրադառնալ անոնց։  Յոյսով եմ, որ ամէն ինչ կը փոխուի, եւ մարդիկ կը սկսին աւելի շատ ներդրումներ ընել ու աշխատատեղեր ստեղծել։ Ի դէպ, մենք հիմա կ’աշխատինք նոր գործի ծրագիրի մը վրայ։ Մարտին կամ Ապրիլին կ’ըլլայ իտալական ոճով թխուածքի ու պաղպաղակի խանութի բացումը։ Այնուհետեւ պիտի բանանք գործարան, արտադրամաս, որուն փակագիծերը հիմա չեմ ուզեր բանալ։ Սկզբնական շրջանին մօտ 10 աշխատատեղ պիտի ստեղծենք եւ այդ ընթացքին պիտի տեսնենք՝ ինչպէս կը զարգացնենք, կը մեծցնենք ծաւալները, ինչպէս նաեւ արտահանում կ’իրականացնենք՝ որպէս հայկական ապրանք։

– Պրն. Քասսար, պետական աջակցութիւն եղած է ձեր գործը սկսելու եւ անոր հետագայ զարգացման ընթացքին։

– Ընդհանրապէս աջակցութիւն չէ եղած՝ ո՛չ անցեալին, ո՛չ այս պահուն։ Մենք ալ որեւէ ձեւով չենք դիմած օգնութեան, բայց ամէն պարագայի նուազագոյն աջակցութիւնը չենք տեսած։ Իմ կարծիքով՝ աջակցութիւնը կարելի է իրականացնել հարկային քաղաքականութեան փոփոխութեամբ։ Եթէ ինչ-որ մէկը նոր գործ սկսի, պէտք է աջակցիլ իրեն գոնէ հարկերը նուազեցնելով։ Բայց, ցաւօք սրտի, ոչ մէկ աջակցութիւն։

– Գործի մէջ յաջողելու համար ի՞նչ անհրաժեշտ է։

-Նախ կը կարծեմ, որ գործի ճիշդ ծրագիր պէտք է կազմել, մանաւանդ մեր ոլորտին մէջ՝ սրճարան, սպասարկում։ Շատ դէպքեր տեսած, լսած եմ. կը բանան գործ մը, ներդրումներ կ’ընեն, բայց մի քանի ամիս ետք կը փակեն։ Այդ կու գայ սխալ կառավարումէ ու սխալ ընտրուած վայրէ։ Մենք, փաստօրէն, ճիշդ ընտրութիւն կատարած ենք: Անոր համար է, որ մինչեւ այսօր կ’աշխատինք։

– Սպասարկման ոլորտին մէջ դիւրի՞ն է գոյատեւելը, մրցակցութիւնը սո՞ւր է։

– Երբ մենք սկսանք 6 տարի առաջ, գրեթէ մրցակցութիւն չկար, մի քանի սրճարան կար քաղաքին մէջ։ Յետոյ մենք մտանք շուկայ, մեզմէ ետք շատ-շատերը մտան։ Մրցակցութիւն ըսուածը, ցաւօք, Հայաստանի մէջ բոլորին մօտ չէ, որ ճիշդ կ’ընկալուի։ Այսինքն՝ եթէ ես սրճարան բանամ, ուրիշը չհասկնալով այդ գործէն, կու գայ եւ նոյն վայրը նորէն սրճարան կը ստեղծէ՝ փորձելով, այսպէս ըսած, քու գործիդ հարուած հասցնել ու այդպիսով շահիլ։ Ես այլ ձեւով կը մտածեմ։ Եթէ ես փողոցի մը վրայ սրճարան բացած եմ, ապա ինչքան շատ ըլլան սրճարանները, այնքան լաւ կ’ըլլայ բոլորիս համար։ Այսինքն՝ այդ հատուածը անընդհատ մարդաշատ կ’ըլլայ, օր մը իմ քովս կու գան, օր մը միւսին քով։ Եւրոպայի մէջ ալ ընդունուած է սա։ Փողոց կայ, որ 30 հատ սրճարան կողք-կողքի կ’աշխատին։ Ի հարկէ, ուրիշ մտածելակերպի մարդիկ ալ կան, որոնք կը հասկնան գործէն ու նոյն ձեւով կը մտածեն:

– Հայաստանը եւրոպական, արաբական երկիրներէն ինչո՞վ կը տարբերի՝ գործ ստեղծելու առումով։

– Ո՛չ Եւրոպայի, ո՛չ Ամերիկայի, ո՛չ ալ արաբական երկիրներու մէջ պիզնես ընելը դիւրին է։ Հարկային դաշտին մէջ դիւրին չէ Ամերիկայի եւ եւրոպական երկիրներուն մէջ, բայց տարբերութիւնը այն է, որ դուրսը հարկայինը կ’աջակցի նոր  ու նախօրօք ամէն ինչ պարզ դրուած է քու դիմացդ, գիտես, թէ ի՛նչ քայլեր պէտք է ընես։ Հայաստանի մէջ այդպէս չէ։ Հարկայինը կարծես կը սպասէ, որ սխալիս եւ ինքը գայ, տուգանքի ենթարկէ: Այս մտածելակերպը կ’աշխատի այստեղ, եւ ոչ աջակցելու մշակոյթը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին