Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

ՀԱՅ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ԿԼԵՆՏԷՅԼ ՔԱՂԱՔԻ ՍՐՏԻՆ ՄԷՋ

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Թէեւ առնուազն քսան տարի առաջ պէտք է կառուցուած ըլլար թանգարանը, բայց եւ այնպէս յստակ կ՚երեւի թէ իրականացման ճամբուն վրայ է անիկա։ Ապացոյ՞ց, զանգաուածային հետաքրքրութիւնը Քալիֆորնիոյ հայութեան, անհատ նուիրատուներու եւ 1100 ներկաներու՝ Կիրակի, 9 Դեկտեմբերի կալա-ընդունելութեան Հոլիվուտի «Տոլպի» սրահին մէջ։

Տասը տարի առաջ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, ընդամէնը երեք չորս թաղամաս անդին Սպիտակ տունէն, ծրագրուած էր կառուցել նմանօրինակ թանգարան-ուսումնական կեդրոն մը, բայց դժբախտաբար այդքան թմբկահարութենէ ետք այդ ծրագիրը չիրականացաւ հայերու յատուկ երկու մեծ ընտանիքներու «ֆէոտալական» անհասկացողութենէն ետք։

Ի վերջոյ այսօր, յուրախութիւն հայ համայնքին, ծրագրին գործադրութիւնը կը տեղափոխուէր Արեւմտեան Ափ, հայահոծ Կլենտէյլ քաղաքը եւ բոլոր տուեալները կան որ այս ծրագիրը իրականութիւն կը դառնայ մօտ ապագային։

Ուրախութեամբ պէտք է նշել, որ թանգարանի իրագործման լծուած են բոլոր հայ ազգային, միութենական, քաղաքական եւ եկեղեցական հաստատութիւնները։ Որովհետեւ մէջտեղ դրուած ծրագիրը մեր պատուի խնդիրն է։ Պէտք է յատուկ ընդգծումով շեշտել նաեւ, թէ Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետութիւնը ամէն դիւրութիւն մատուցած է եւ նիւթապէս ալ նպաստած որ իրականանայ թանգարանի ծրագիրը։ Փառք ու պատիւ քաղաքապետարանի բազմազգ աշխատակազմին։

Թանգարանները իւրայատուկ հաստատութիւններ են, ուր կ՚ամբարուին ազգի մը կամ հաւաքականութեան մը պատմական յիշողութիւնները, մշակութային յառաջդիմութիւնը, համաշխարհային քաղաքակրթութեան բերած իր նպաստը եւ ինչու չէ նաեւ այդ հաւաքականութեան կրած տառապանքները։

Հայութիւնը ասդին անդին ունի համեստ թանգարաններ, օրինակ «Արարատ» տարեցներու տան «Էսքիճեան» թանգարանը, որուն համեստ յարկին տակ ցուցադրուած են բազմիսի ցուցանմոյշներ, որոնք որոշ պատկերացում մը կու տան հայոց անցած աւելի քան երեքհազարամեայ փորձառութեան մասին։ Ունինք նաեւ Տիթրոյթի (Միշիկըն) «Ալեքս եւ Մարի Մանուկեան» թանգարանը, եւ նման քանի մը թանգարաններ։ Բոլորն ալ կը կատարեն շնորհակալ դեր, բայց, ինչպէս կ՚երեւի՝ Կլենտէյլի թանգարանը կը խոստանայ ըլլալ մեծագոյնը եւ աւելի համապարփակը։

Ըստ ծրագրի պատասխանատուներուն եւ կազմակերպիչներուն Հայ-Ամերիկեան թանգարանը պիտի հանդիսանայ համաշխարհային կարգի մշակութային եւ ուսումնական կեդրոն մը Ամերիկայի տարածքին։ Թանգարանը պիտի ունենայ մշտական հայկական ցուցադրութիւն մը, շարժական բազմամշակութային ցուցադրանքներ, կատարողական արուեստներու թատրոն մը, ուսումնասիրութեանց կեդրոն, թանգարանային արխիւ, սրճարան եւ յուշանուէրներու խանութ։

Վստահ ենք, որ թանգարանի կազմակերպիչները այս հաստատութիւնը չեն ուզեր վերածել ամերիկեան փրոփականտի կեդրոնի մը՝ տուրք տալով «Ամերիկան ամէն բանէ առաջ» (America comes first) Թրամփեան գաղափարախօսութեան ու մեծամտութեան, այլ ընդհակառակը, մեր աւելի քան երեքհազարամեայ անցած ուղին հանրութեան ներկայացնելու զուգընթաց, պիտի ցուցադրէ հայ ժողովուրդի բերած նպաստը ԱՄՆ-էն ներս։ Աւելի քան հարիւր յիսուն տարիներէ  ի վեր այս երկիրը հաստատուած հայեր զգալի դեր կատարած են երկրին մշակութային, տնտեսական, գիտական, մինչեւ իսկ տիեզերագիտութեան բնագաւառներէն ներս։ Մեր շուրջ գտնուող եւ մեզի հետ ապրող եւ օրուան հացը շահող մեր օտար քաղաքացիները պէտք է հայը ճանչնան այս թանգարանին միջոցով։ Հետեւաբար՝

ա.- Թանգարանը պէտք է ծառայէ հայ համայնքին ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ, որպէս  հայութեան հայելին հանդիսացող հաստատութիւն մը։

բ.- Թանգարանի տնօրէնութիւնը ամէն ջանք ու ճիգ թափելու է, որպէսզի Մեծն Լոս Անճելըսի եւ Քալիֆորնիայի զանազան համայնքներու պատկանող քաղաքացիներ այցելեն այս վայրը։

գ.- Յատկապէս բազմազգ աշակերտութիւնը եւ ուսանողութիւնը պէտք է քաջալերել, բերել այս վայրը, որպէս մշակութային եւ մարդկային փորձառութեան վայր մը։

դ.- Նկատի ունենալով որ Քալիֆորնիոյ հայութեան աշակերտական տարիքի 94% յաճախած է կամ կը յաճախէ հանրային վարժարաններ, հիմնարկին տնօրէնութիւնը յատուկ թերթիկներով, գրքոյկներով եւ կամ այցելութիւններով կոչ ուղղէ անոնց անպայման այցելել այս թանգարանը։

ե.- Իմ կարծիքով, ցուցանմոյշներու եւ կամ ցուցադրանքներու կորիզը պէտք է հանդիսանայ հայ ժողովուրդի մեծ կորուստին՝ Ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկութեան թեման։ Ի հարկէ պէտք է ցոյց տալ նաեւ այլ ցեղասպանութիւնները եւ վեր հանել այն նմանութիւններն ու տարբերութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին անոնց միջեւ։

Ուրեմն, համբերութեամբ եւ զոհողութիւններ յանձն առնելով սպասենք այն ցանկալի օրուան, երբ Հայ-Ամերիկեան թանգարանը պիտի բանայ իր դռները։

Լոս Անճելըս

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին