«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆի քոնկրեսի ծերակոյտը հաւանութիւն տուած է պիւտճէի մասին օրինագիծին, ինչը եօթը շաբաթով կը յետաձգէ կառավարութեան շարք մը հիմնարկութիւններու աշխատանքի դադրեցումը: Դեկտեմբեր 19ին այս մասին յայտնած է «The Hill» թերթը, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը:
Օրինագիծը մինչեւ Փետրուար 8 կ’երկարաձգէ շարք մը գերատեսչութիւններու, այդ կարգին՝ պետական, արդարադատութեան նախարարութեան, ներքին անվտանգութեան նախարարութեան, առեւտուրի նախարարութեան ընթացիկ մակարդակով ֆինանսաւորումը: Այժմ ուժի մէջ մտնելու համար անոր պէտք է հաւանութիւն տայ նաեւ ԱՄՆի քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատը, իսկ այնուհետեւ անիկա պէտք է ներկայացուի նախագահ Տոնալտ Թրափի ստորագրութեան, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»ը: