Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

Ալեքսանտր Սարուխանի «Յուշեր» Գիրքին Շնորհանդէսը Կոկանեան Սրահէն Ներս

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ

Հայ հռչակաւոր  ծաղրանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանի ծննդեան 120ամեակին առթիւ հրատարակուած «Յուշեր» գիրքին շնորհանդէսը կայացաւ Շաբաթ, 2018-ի Դեկտեմբեր 8-ին Կոկանեան սրահէն ներս, Հելիոփոլիս, Գահիրէ։ 

Կոկանեան սրահի մշակութային յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած այս միջոցառումին ներկայ էին Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. տ. Աշոտ Ս. եպսկ. Մնացականեան, հոգեշնորհ տ. Դերենիկ աբեղայ Սահակեան, արժանապատիւ տէր Յակոբ քհնյ. Յակոբեան, Գահիրէի թեմական ժողովի ատենապետ տիար Նուպար Սիմոնեան, Գահիրէի քաղաքական ժողովի ատենապետ տիար Վահէ Բլատեան, ՌԱԿ Եգիպտոսի շրջանային վարչութեան ատենապետ տիար Հրայր Ճղալեան, Կոկանեան սրահի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Գէորգ Երզնկացեան, ինչպէս նաեւ ազգային իշխանութեան անդամներ, տարբեր շրջանակներու եւ միութիւններու վարչութեանց ատենապետներ, անդամներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ մշակութասէր համակիրներ։

Սրահին ամբողջովին լեցուն աթոռներէն վերջ, յաճախ դատարկ մնացած այդ հատուածն ալ խճողուած էր յատկապէս յոտնկայս երիտասարդութեամբ…

Հոծ այս բազմութեան մէջ յուզումով կ’ուզենք առանձնացնել Սարուխանի միակ դստեր՝ տիկ. Սեդա Սարուխանի եւ յարգարժան ամուսնոյն՝ տիար Կարապետ Ներետեանին, թոռնուհիներուն՝ տիկ. Սօսի Ներետեան-Յակոբեանին ու տիկ. Սիլվա Ներետեան-Բլատեանին հաճելի ներկայութիւնը։ 

Տիկ. Արփի Խաչերեանի՝ Սարուխանի կենսագրականը եւ բազմապիսի հարուստ գործունէութիւնը ներկայացնող հակիրճ եւ բովանդակալից բացման խօսքէն ետք «Կոկանեան սրահի երիտասարդութեան կատարմամբ ներկայացուեցան երկու  հատուած Ալ. Սարուխանի «Մենք հայերէն չենք գիտեր» զաւեշտէն։ 

Ինչքա՜ն հպարտ պիտի ըլլար Սարուխանը, եթէ հրաշքով մը կարենար ականատես ըլլալ երկա՜ր տարիներ առաջ, արդէն երկու անգամ բեմադրուած հանրածանօթ այս զաւեշտին, սերունդնե՜՜ր վերջ կայացած այսօրուան՝ երրորդ եւ չափազանց երիտասարդ ներկայացման…

Երանի՜….

Մօտ 50 տարի առաջ հրատարակուած, բայց անվիճելիօրէն այժմէական եւ ժամանակահունչ այս զաւեշտին ներկայացուած երկու տեսարանները, երեկոյին առաւել հաճելի բաժինն էին… 

Բնականաբար, տեսարաններուն համեմատ պատրաստուած կոկիկ եւ գունաւոր բեմը, բեմին վրայի եռուն երիտասարդները եւ մանուկները, սիրով ընկալողի մը աչքէն չփախող՝ սիրով կատարուած անոնց խաղարկութիւնը, Սարուխանին ստեղծած կերպարներուն բաւակա՜ն իրաւացի մարմնացումը… բաներ, որոնք խորապէս տպաւորած էին թատերական ոեւէ գործունէութեան ծարաւ եգիպտահայ հանդիսատեսը…

Այս երիտասարդներուն միայն սէրը չէ՛, մեր կարծիքով, որ խրախուսելի է եւ յուսադրող, այլ նաեւ…

Վերջին ամսուան ընթացքին յաճախ կրկնուող զաւեշտի փորձերէն մէկուն աւարտին, կարգը հասած էր յաջորդ փորձին օրը որոշելու «դժուար» խնդիրին…

Այնտեղ էինք մենք այդ պահուն եւ անձամբ լսեցինք այդ անորոշութեան ու շփոթին մէջ երիտասարդներէն մէկուն անկեղծ ափսոսանքը. «Երէկ բոլորս հոս էինք, կրնայինք փորձ ընել…»:

Աւելին, բոլորը համաձայն էին այս ըսուածին…

Ինչքան ալ շարադրէինք, ապրուած այս անմիջական պահէն բացի, ըստ մեզի, ուրիշ ոչի՛նչ այսքան իրաւացի եւ ճշգրիտ պիտի նկարագրէր այս երիտասարդներուն թափը, եռանդը, իրենց վստահուած պարտականութեան գիտակցութիւնը, պատասխանատուութեան յանձնառութիւնը եւ այդ տարիքին շատ չպատահող լուրջ մօտեցումը:

Ա՛յս է իրաւամբ խրախուսելին եւ յուսադրողը։ 

Գնահատանքի մեր ջերմագին խօսքը, զաւեշտին մասնակցող անխտիր բոլոր երիտասարդներուն եւ ի հարկէ անոնց ծնողներուն:

Այս բարձր գիտակցութեամբ ու զոհողութեամբ կը պատրաստուի վստահելի սերունդը ապագային:

Մշակութային յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդ այս խումբը քաջալերող եւ անոնց բեմական առաջին ելոյթը ղեկավարող, Հալէպի հանրածանօթ «Ադամեան» թատերախումբի տարիներու փորձառու դերասանուհի օր. Երան Զէյթունցեանին։ 

Զաւեշտէն ետք, մարդիկ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին Ալ. Սարուխանի այնքա՜ն հազուագիւտ եւ մեծարժէք ժամանակակիցներ՝ տիկ. Մարօ Սագայեան-Նշանեանին, տիար Կարպիս Եազըճեանին, տիկ. Նուարդ Աւագեանին եւ տիար Պերճ Թուլումպաճեանին հարազատօրէն պատմած, նոյնքան արժէքաւոր յուշերուն…

Բեմին վրայ տեղադրուած մեծածաւալ պաստառին վրայ ցուցադրուող Սարուխանին որոշակի եւ ընտրեալ գործերը մեկնաբանեց արուեստագէտ պրն. Հրանդ Քէշիշեան, որ յատկապէս շեշտեց Սարուխանի ո՛չ միայն քաղաքական, այլեւ բազմաբնոյթ գործեր ունեցող ծաղրանկարիչ ըլլալը։ 

Այո՛, Սարուխանի պարզ եւ չափազանց սրամիտ գործերուն մէջ քաղաքականի կողքին կայ նաեւ ընկերայինը, գեղարուեստականը, ազգայինը, ժողովրդականը եւ կենցաղայինը:

Պրն. Քէշիշեան ընդգծեց նաեւ Սարուխանին վերաբերող մէկ ուրիշ անհերքելի յատկութիւն մը՝ կանխատեսութիւնը։ 

Յիրաւի, ինչպէ՞ս չզարմանալ, որ հանճարեղ ծաղրանկարիչին մօտ կէս դար առաջ գծած ծաղրանկարները այսօր պարզապէս կատարուած իրողութիւններ են:

Սարուխանի «Յուշեր», երկու մասերէ՝ «Ինչպէ՞ս Եգիպտոս եկայ եւ ինչպէ՞ս երգիծանկարիչ եղայ» բաղկացած գիրքը ներկայացուց անոր հրատարակման երկարատեւ աշխատանքը սիրով տանող Սարուխանի թոռնուհին՝ տիկ. Սիլվա Ներետեան-Բլատեան։ 

Տիկ. Բլատեան բացայայտեց, որ Սարուխանին այս յուշերը որպէս թերթօն առաջին անգամ լոյս տեսած են «Արեւ» թերթին մէջ 1975 եւ 1982 թուականներուն, այնուհետեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց սիրայօժար օգտակար դարձող բոլոր հարազատ մարդկանց եւ յատկապէս Հայ ազգային հիմնադրամին եւ պատուարժան ՌԱԿ Եգիպտոսի շրջանային վարչութեան, որոնց նիւթական եւ բարոյական օժանադակութեան շնորհիւ կարելի եղաւ այս գիրքը հրատարակել

«Կարդալով դուք ալ պիտի տեսնէք, որ կեանքի տարբեր ուղիներուն առջեւ Սարուխան միշտ ընտրած է իր իսկական կոչումը, իր աստուածաշնորհ տաղանդը, իր միակ եւ անփոխարինելի սէրը՝ իր արուեստը»,- նշեց տիկ. Բլատեան։ ։ (խօսքին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք առանձին – Խմբ.):

Իսկապէս Սարուխանի «Յուշերը» ընթերցելով յայտնաբերեցինք մենք անոր մէջի իսկական, մաքուր եւ ինքնատիպ արուեստագէտը՝ 

«Թելադրութիւններ «կ’ընդունէի» զանոնք թունազերծելէ ետք միայն։ Թունազերծելու այս մոլութիւնս շատ սուղի նստած է վրաս…»: 

Միանգամայն ուրիշ տեսակի յայտնաբերում մը՝ 

«Քիչ մը ամէն բան մոռնալու համար, գիշերը գացած էի Հայ գեղարուեստասիրաց միութիւն, փինկ-փոնկ խաղալու վրայ էի երբ…»:

Մանկահոգի, պարզ անմիջականութիւն մը։ 

Երկար է մեր ընելիք մէջբերումներու շարքը, եթէ հնարաւոր ըլլար… 

Գիրքը աւելի հանդիսատեսին ծանօթացնելու միտումով, անորմէ ոչ երկար, բայց շատ հետաքրքրական հատուած մը ներկայացուեցաւ տիկ. Լալա Շամամեան-Նիկոլեանի հեզասահ, պատկերաւոր եւ տպաւորիչ ընթերցանութեամբ։ 

«Յուշեր» գիրքին գինեձօնը կատարուեցաւ սրբազան հօր, Սարուխանի ընտանիքին, Գահիրէի թեմական եւ քաղաքական ժողովներու ատենապետներուն, Կոկանեան սրահի վարչութեան ատենապետին եւ պրն. Հրանդ Քէշիշեանին կողմէ։ 

Գինեձօնին յաջորդող պատշաճ հիւրասիրութեան ընթացքին Սարուխանի ընտանիքի անդամները «Յուշեր» գիրքը սիրով նուիրեցին ներկաներուն եւ ընդունեցին անոնց ջերմ շնորհաւորանքները: 

Շնորհանդէսի մեր անդրադարձին վերջաւորութեան դիտմամբ ուզեցինք առանձնապէս նշել, որ տիկին Սեդա Սարուխանը գեղեցիկ  ծաղկեփունջ մը ստացաւ Կոկանեան սրահի մշակութային յանձնախումբին կողմէ: 

Գեղեցկութեան եւ ազնուութեան մարդկային անգերազանցելի տիպար, սիրասուն տիկին Սեդա: 

Մեր հոգիին եւ միտքին անթառամ ծաղիկները՝ ձեզի: 

Այո՛, անմահ է Սարուխանը իր ծիծաղաշարժ եւ իմաստալից գործերով:

Բայց անմահ է նաեւ ձեզմո՛վ, ձեր զաւակներո՛վ եւ թոռներո՛վ:

Սարուխանին մասին ձեր ունեցած անվե՜րջ յուշերով: 

Եւ այսուհետ, անշուշտ որ հայ մեծ ծաղրանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխան անմահ է իր «Յուշեր»-ով:

Վերջապէս, շեշտելով պիտի նշենք, որ տարինե՜ր առաջ առաջին անգամ «ԱՐԵՒ»-ի մէջ որպէս թերթօն լոյս տեսած Սարուխանի յուշերը այսօր՝ մօտ յիսուն տարի ետք, գիրքի մը վերածուած այդ «Յուշեր»ի շնորհանդէսը, դարձեալ «ԱՐԵՒ»-ի մէջ է որ կը նշուի: 

ՀՊԱՐՏ ԵՆՔ ԿՐԿՆԱԿԻ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին