«Երազէ՛, Իրագործէ՛… Ներդրողներ Հայրենիքի Մէջ » – 3 –
Հարցազրոյց «Շուշի Կրանտ Հոթել» Հիւրանոցի Սեփականատէրերէն՝ Կարօ Քեպապճեանի Հետ
Հարցազրոյցը վարեց՝ ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
«Զարթօնք» կը շարունակէ պարբերաբար իր ընթերցողի դատին յանձնել «Երազէ, իրագործէ, ներդրումներ հայրենիքի մէջ» խորագրով հարցազրոյցներու շարքը, ուր կը ներկայացնենք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ սփիւռքահայերու, հայրենադարձներու, արտասահմանեան ներդրողներու գործունէութիւնը: Մէկ բառով՝ ներդրումները հայրենիքի մէջ: Այս անգամ անդրադարձ կատարած ենք Արցախի մէջ 2011 թուականին կառուցուած, միջազգային չափանիշներուն համապատասխան, շքեղ եւ ինքնատիպ «Շուշի Կրանտ Հոթել»ի պատմութեան:
Հիւրանոցը կառուցուած է Արցախի գողտրիկ անկիւնը՝ անտառներով շրջապատուած գեղեցիկ ու մառախլապատ Շուշիի մէջ: Ի սկզբանէ հիւրանոցի կառուցման նպատակը եղած է Շուշին զբօսաշրջային քաղաք դարձնելը, խթանել քաղաքին մէջ ներդրումները եւ ստեղծել աշխատատեղեր: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը, որ իր գործարար ընկերներուն հետ կառուցած է հիւրանոցը, կը նշէ, որ այսքան ժամանակ որպէս առեւտրական շահ չեն ունեցած: Եթէ հիւրանոցը Երեւանի կամ Սինկափորի մէջ ըլլար, ան կրնար հզօր ու եկամտաբեր պիզնես ըլլալ, կ’ըսէ Քեպապճեան:
Հիւրանոցին մէջ կ»աշխատին հիմնականօրէն Շուշի քաղաքի բնակիչները, բայց եղանակէն կախուած անոնց թիւը կրնայ աւելնալ կամ պակսիլ: Հիւրանոցը ունի 50 սենեակ, իւրաքանչիւրը ինքնատիպ ու ոճային գեղեցիկ լուծումներով ստեղծուած յատուկ ամենաքմահաճ զբօսաշրջիկներու համար:
Կը ներկայացնենք Կարօ Քեպապճեանի հետ մեր հարցազրոյցը, ուր աւելի մանրամասն ներկայացուած է հիւրանոցի ստեղծման պատմութիւնը, ներդրումային ծրագիրները եւ ապագայ ընելիքները:
– Պարոն Քեպապճեան, մինչ Արցախի մէջ ներդրումներու մասին խօսիլը, կը փափաքէի անդրադառնալ Ձեր կենսագրութեան: Ձեր արմատները ուրկէ՞ են, Ձեր նախնիները ինչո՞վ զբաղած են:
– Մենք Կիլիկիոյ ազնուական տոհմէ մըն ենք: Մեծ հայրս իշխանական տոհմէ է: Հետաքրքրական պատմութիւն ունի նաեւ «Քեպապճեան» ազգանունը: Մեր գերդաստանը կը կրէր լոյսի զաւակներ՝ Լուսինեան եւ Մեծաձեռքեան ազգանունները: Մեր տոհմին մէջ եղած են զինուորականներ եւ հոգեւորականներ: Բայց դժբախտաբար մեր ամբողջ գերդաստանը ջարդուած է: Ես ազգական չունիմ: Ծնած եմ Լիբանան, այնտեղ ուսում ստացած ու որոշած եմ կեանքս նուիրել Հայ դատին: Ինծի համար ամենակարեւորը Հայ դատն է, ցեղասպանութեան ճանաչումը, Հայաստանի անկախութիւնը: Ես կը մտածէի, թէ ի՛նչպէս կրնամ օգնել Հայ դատին, որ պայքարով պէտք է ըլլար: Ես ընտրեցի մարտարուեստը եւ որոշեցի մեծ վարպետ դառնալ: Ուսանեցայ չինական ամենաբարձր հաստատութիւններուն մէջ: 1974 թուականին դարձայ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ազատ ոճի մարտարուեստի ախոյեան եւ հիմնեցի Հայ սեւ գօտիներու ակադեմիան: Սկսայ Լիբանանէն, գացի Յունաստան, յունական բանակը մարզեցի, այնտեղէն Ֆրանսա, Ամերիկա, Գանատայ եւ այլն: Մօտաւոր 50 հազար հետեւորդ ունեցայ աշխարհի մէջ: 90ական թուականներուն ես եկայ Հայաստան, այստեղ ալ հիմնեցի կազմակերպութիւնը եւ բաւական մասնակիցներ ունեցանք: Վերջաւորութիւնը եղաւ Արցախը, ուր ուղարկեցինք մեր մարզիչները: Առաջին ջոկատները, որոնք Հայաստանէն եկան Ղարաբաղ կռուելու, ես զիրենք մարզեցի ու այսօր հարիւրաւոր տղաներ իրենց ներուժը կը դնեն ի նպաստ Արցախի: Այնուհետեւ ես Արցախի մէջ հիմնեցի ուշուի ֆետերասիոնը, որ հազարաւոր սաներ ունի: Աշխարհի ախոյեաններ ունինք արցախցի: Ի դէպ, նշեմ, որ մարզումները կը կատարուին ձրի, ազգասիրական նպատակով: Հայը պէտք է ըլլայ առողջ մարմնով, արթուն մտքով ու ազնիւ հոգիով:
– Պարոն Քեպապճեան, ոչ մէկուն համար գաղտնիք է, որ Արցախի զարգացումը նախ եւ առաջ կախուած է ներդրումներէն, հետեւաբար պէտք է զարկ տալ եւ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել տնտեսութեան վրայ: Խօսինք «Շուշի Կրանտ Հոթել»ի մասին: Ե՞րբ կառուցուած է հիւրանոցը եւ ինչո՞ւ որոշեցիք Շուշի քաղաքին մէջ ներդրում կատարել:
– Պէտք է ըսեմ, որ դիւրին չէ եղած: Այսօր Երեւանէն քար մը բերելը կամ ինչ-որ բան սարքելը արդէն խնդիր է: Ո՜ւր մնաց քանդուած Շուշիի մէջ այս հսկայ հիւրանոցը սարքելը: 25 հազար քառակուսի մեթրի վրայ կառուցուած է, 50 սենեակ կայ հիւրանոցին մէջ: Ես շինարար չեմ, աւելի շատ զինուորական եմ, բայց կամք ունեցայ ու այստեղ հիմնեցի միջազգային մակարդակի հիւրանոց եւ տեղեկատուական կեդրոն: Երեք տարի տեւեց ամէն ինչ, շատ չարչարուեցանք, մանաւանդ հիւրանոցի կառուցումը: Երեւանի մէջ կառուցելը դիւրին է, բայց Արցախի մէջ դժուար է: Ամբողջ ապրանքը Չինաստանէն բերուած է: Դուք պատկերացուցէ՛ք սահմանային անցակէտերուն վրայ, թէ ի՛նչ դժուարութիւններ եղած են: Մէկ խօսքով՝ չարչարանք էր, ձիւն, ձմեռ, ճամբաներու խնդիր: Բայց, փառք Աստուծոյ, ես եւ ընկերներս յաջողեցանք ու, ինչպէս կը տեսնէք, Շուշիի մէջ ունինք միջազգային չափանիշներուն համապատասխան հիւրանոց: Ես ինչո՞ւ ըրի ասիկա: Ես ոչ միլիառատէր եմ, ոչ ալ հիւրանոցի պիզնեսով կը զբաղիմ: Ընկերներս կ’ըսէին, որ Շուշիի մէջ կարելի չէ կառուցել, դրամ դնել, կ’ըսէին՝ այդ դրամը Երեւանի մէջ դիր, դրամ շահինք: Բայց ես ըսի՝ ոչ, սա ամէն մարդու համար չէ: Ես Շուշիի մէջ Լիբանանէն զոհուած տղաք ունիմ, անոնց համար բան մը պէտք է ընեմ:
– Հիւրանոցը տարեկան քանի՞ զբօսաշրջիկ կ’ընդունի: Ի՞նչպէս է հիւրանոցային պիզնեսը Շուշիի մէջ:
– Մենք մինչեւ հիմա ոչ մէկ կոպեկ շահ ունեցած ենք: Մարդիկ կու գան-կ’աշխատին այստեղ, գումար կը ստանան, գործ կու տանք. սա ամենամեծ գոհունակութիւնն է: Պիզնեսը պէտք չէ նայինք միայն իբրեւ զուտ պիզնես, այլ մարդկային արժէքներն ալ պէտք է հաշուի առնենք: Մենք Շուշին պէտք է դարձնենք մշակոյթի քաղաք, պէտք է նոր կեդրոններ կառուցենք, համալսարաններ, հիւրանոցներ, պէտք է զարգացնենք զբօսաշրջութիւնը: Որքան շատ ըլլան շինարարութիւնները, որքան շատ աշխատանքի տեղ բացուի, այնքան աւելի վստահ կ’ըլլանք Արցախի ապագայով: Մարդիկ չեն ձգեր ու չեն երթար: Պէտք է ամէն ղարաբաղցի ունենայ իր գործը, ինչ որ պէտք է ըլլայ նոր կեդրոններ բանալով:
– Հիւրանոցին մէջ հիմնականօրէն Շուշիէ՞ն կ’աշխատին:
– Այո, Շուշիէն են: Մենք սկզբնական շրջանին արտասահմանէն ալ մասնագէտներ բերինք, սորվեցուցինք, բայց մեր նպատակն էր, որ Շուշիի բնակիչները աշխատին: Նայած եղանակին՝ անոնց թիւը կրնայ աւելնալ: Որքան շատ զբօսաշրջիկներ ունենանք, այնքան շատ մարդիկ կ’ընդունինք աշխատանքի:
– Աշխատավարձը ինչքա՞ն է, եթէ գաղտնիք չէ:
– Բան մը ըսեմ: Ես ալ ձեր նման այստեղ զբօսաշրջիկ եմ, հիւր եմ: Կու գամ այստեղ իմ պետական գործերս կ’ընեմ ու կ’երթամ: Այդ պատճառով չեմ գիտեր: Միայն գիտեմ, որ ինձմէ դրամ կ’ուզեն, լոյսի դրամ, ջուրի դրամ եւ այլն: Բայց ըսեմ, որ այստեղ դժուար է հիւրանոց պահելը, մանաւանդ հիմա, երբ հիւրեր չունինք: Ծախսերը, հարկերը սուղ են: Պէտք է տաքցնել հիւրանոցը, նորոգել: Եթէ այս հիւրանոցը Երեւանի կամ Սինկափորի մէջ ըլլար, մեծ պիզնես կ’ըլլար, բայց Շուշիի մէջ նոյնը չէ: Բայց կը կրկնեմ՝ այն հոգեկան հանգստութիւնը, որ կը ստանանք այստեղ, անտառներու, մաքուր օդի մէջ, անփոխարինելի է: Մարդու առողջ ապրելակերպը շատ աւելի կարեւոր է: Հիմա սա չենք կրնար համարել որպէս շահաւէտ պիզնես: Եթէ շահ ըլլայ, ամէն մարդ ալ կու գայ, հիւրանոց կը բանայ: Ահաւասիկ տարբերութիւնը Կարօ Քեպապճեանի ու միւսներուն միջեւ: Մենք սա ըրինք՝ գիտակցելով, որ շահ պիտի չունենանք, մենք սա ըրինք մեր նահատակներուն համար, մեր պատիւին համար:
– Արցախի մէջ ներդրումային դաշտը ի՞նչպէս կը գնահատէք:
– Ըսեմ, որ Ղարաբաղի մէջ մեծ պայմաններ կան միլիոններ շահելու: Օրինակ՝ ոչխարաբուծութիւնը: Ժամանակին այստեղ հազարաւոր գլուխ եղջերուներ կը պահէին: Հիմա աշխարհը անոր կարիքը ունի: Հիմա եթէ մէկը մի քանի միլիոն ներդրում ընէ այդ ոլորտին մէջ, կրկնակին կը շահի: Մէկ միլիոն ներդնես, մէկ միլիոն կը շահիս: Կրնաս այծի պանիր արտահանել Ֆրանսա, որ այդտեղ շատ յարգի է: Արցախի մէջ գործարարը կրնար մեծ գումարներ շահիլ:
– Իսկ այստեղ պետութեան կողմէ տրուող աջակցութիւնը ի՞նչպէս է: Ձեզի սկզբնական շրջանին աջակցութիւն ցուցաբերուա՞ծ է:
– Այստեղ տարբեր ոլորտներու մէջ արտօնութիւններ տրուած են, հարկերը ցած են: Այստեղ շատ ոլորտներ կան հսկայ գումարներ շահելու, բայց պէտք է բրոֆեսիոնալ ըլլաս, գաս եւ քու ձեռքովդ ընես: Ամէն մարդ չի կրնար իր գործը ձգել ու գալ այստեղ: Այստեղ մեզի նման խենթերը կու գան միայն, որ Ղարաբաղի գիժ են: Քիչ մը պէտք է քաջ ըլլաս, արկածախնդիր ըլլաս ու, վստահ եղիր, կը շահիս: Աշխարհը դէպի կենսոլորտային զբօսաշրջութիւն, ուտելիքի մաքրութիւն: Մարդիկ իրենց առողջութեան կը նային: Եթէ զարգացնես առողջ զբօսաշրջութիւնը, մեծ գումարներ կը վաստակի թէ ներդրողը, թէ ժողովուրդը: Մեզի անշուշտ սկզբնական շրջանին եղած է աջակցութիւն: Եթէ այս հիւրանոցը ուրիշ տեղ ըլլար, մենք հազար դժուարութիւն կ’ունենայինք: Բայց այստեղ մեզի ամենաբարձր մակարդակով օգնութիւն եղած է, թէ վարչապետը, թէ նախարարները մեզի աջակցած են, որ գործընթացը դիւրին ըլլայ: Ոեւէ գործարար, եթէ կ’ուզէ գալ ու պիզնես ընել, իրեն այստեղ բարձր մակարդակով աջակցութիւն կը ցուցաբերեն: Ես ամէն օր տարբեր ծրագիրներ ունիմ, առեւտրական նպատակներ, յառաջիկային ալ միլիոններու ներդրումներ կ’ընեն: Ամէն ինչ կ’ընեմ, կը բերեմ, կ’ըսեմ՝ անվճար մնացէ՛ք իմ հիւրանոցս, ես իմ մեքենայովս ձեզի կ’ուղեկցիմ, միայն թէ Արցախի մէջ դրամ դրէք: Արցախի մէջ պէտք է ներդրումներու ծաւալը մեծցնել: