«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ – 12 –
Յատուկ Հարցազրոյց Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Նախագահ Դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեանի Հետ
Քրիսթինա Աղալարեան
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Կը շարունակենք ներկայացնել «Զարթօնք» հայրենիքի մէջ» խորագիրը կրող հարցազրոյցներու շարքը։ Այս անգամ մեր զրուցակիցը Հայաստանի մէջ Ամերիկեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Արմէն Տէր–Կիւրեղեանն է, որ վերջերս գտնուած է Լիբանան՝ այցելելու հայկական եւ լիբանանեան զանազան կառոյցներ, որոնց շարքին է նաեւ «Զարթօնք»ը:
Նոյն ժամանակահատուածին «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի՝ Երեւան գործուղման պատճառով տեսակցութիւնը կայացաւ դոկտ. Արմէն Տէր-Կիւրեղեանի՝ Երեւան վերադարձէն ետք Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի իր գրասենեակին մէջ։ Հանդիպումին մեր խմբագիրը առաջարկեց դոկտ. Տէր–Կիւրեղեանին յատուկ հարցազրոյց շնորհել «Զարթօնք»ին՝ խօսելու Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նորութիւններուն, ինչպէս նաեւ Պէյրութ այցի եւ տպաւորութիւններուն մասին:
Դոկտ. Արմէն Տէր–Կիւրեղեանը ազնուութեամբ ընդառաջեց, որուն համար մեծապէս շնորհակալ ենք իրեն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք շահեկան հարցազրոյցը.
– Պարոն Տէր–Կիւրեղեան, նախ շնորհակալ եմ հարցազրոյցի հրաւէրը չմերժելու համար։ Դուք նախորդ շաբաթ Լիբանանի Հանրապետութիւն կը գտնուէիք։ Հանդիպումներ ունեցած էք հայկական համայնքի ներկայացուցիչներու, հայ ուսանողներու հետ։ Աւելի մանրամասն կը ներկայացնէ՞ք այցի նպատակները եւ ի՞նչ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են, այցի արդիւնաւէտութիւնը ի՞նչպէս կը գնահատէք։
-Ես Լիբանան էի երեքուկէս օր, հանդիպումներ ունեցած ենք Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի խումբ մը դասախօսներու հետ, ես ալ դասախօսական ելոյթ ունեցած եմ։ Հայ ուսանողներու հետ զրուցած ենք այստեղ ուսանելու հնարաւորութիւններուն մասին, մէկ կիսամեակ կամ ամրան ընթացքին։ Քանի որ մենք ամերիկեան հաւատարմագրում ունինք, դիւրին կ’ըլլայ իրենց համար դասերու քրետիթները (credit) տեղափոխել այստեղ։ Շատ հաճելի խումբ էր երիտասարդներու։ Մնացած օրերուն, հանդիպումներ ունեցած եմ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներու, խմբակցութիւններու, դպրոցներու ղեկավարութեան, կուսակցութիւններու, երեսփոխաններու եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան պարոն Մկրտչեանի հետ։ Կրնամ ըսել, որ շատ օգտակար հանդիպումներ էին։ Այդ հանդիպումներէն նպատակս հիմնականօրէն հետեւեալն էր. քաջալերել Լիբանանի հայ երիտասարդները, որ մտածեն նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի մէջ ուսումը շարունակելու մասին։
– Եղա՞ն ուսանողներ, որոնք նման ցանկութիւն յայտնեցին։
– Ես, դժբախտաբար, հնարաւորութիւն չունեցայ ուսանողներու հետ հանդիպելու, բայց մէկ շաբաթ առաջ մեր ընդունելութեան բաժնէն մէկ հոգի եւ մէկ դասախօս հանդիպած են ուսանողներու հետ, եւ գիտեմ, որ եղած են այդպիսի ուսանողներ։ Դպրոցներու ղեկավարութեան հետ հանդիպումին ըսին, որ կան երիտասարդներ, որոնք ցանկութիւն յայտնած են ուսումը շարունակելու ՀԱՀի մէջ: Եթէ, օրինակ, Լիբանանէն ուսանող մը փափաք ունի սորվելու Ամերիկայի կրթական ծրագիրով, կրնայ այստեղ սորվիլ։ Մենք քանի որ ամերիկեան հաւատարմագրում ունինք, հետեւաբար այդ մէկը մեծ առիթ կը ստեղծէ եւ շատ դռներ կը բանայ իրենց առջեւ։
– Ո՞րն է Ամերիկեան համալսարանի յաջողութեան գաղտնիքը։
– Ամերիկեան համալսարանի առաջին իւրայատկութիւնն է, որ ուսման ձեւը ամերիկեան է։ Մեր ուսումը կը տարբերի սովետական կամ եւրոպական ուսման ձեւէն անով, որ դասարանին մէջ ուսանողը միայն լսելու չ’երթար։ Սովետական միութեան մէջ դասախօսը կը մտնէր լսարան եւ կը դասախօսէր մէկ ժամ, հարցեր, միտքերու փոխանակում տեղի չէր ունենար։ Մեր մօտ այդ մէկը կը քաջալերուի։ Ուսանողները պէտք է հարցեր տան, քննարկեն, քննադատական մօտեցում ունենան, հարց տան՝ ինչո՞ւ պէտք է այսպէս ըլլայ եւ այլն։ Մեր մօտ ուսանողը պէտք է սորվի աւելի քննադատական մտածողութիւն ունենալ, աւելի անկախ մտածել։ Միայն գիտելիք ունենալ, սորվիլ ու անգիր ընել. սա ուսում չենք համարեր։ Մեր համալսարանին մէջ դասախօսի եւ ուսանողի յարաբերութիւնը տարբեր են։ Այստեղ դասախօսները միշտ ունին ժամանակ ուսանողներուն համար, մէկ առ մէկ զրոյցի համար:
– Քանի՞ ուսանող ունիք այսօր: Անոնցմէ քանի՞ն Սփիւռքէն են: Օտարազգի քանի՞ ուսանող ունիք։
– Այսօր ունինք մօտ 2000 ուսանող, որմէ 1400-1500ը Պսակաւոր արուեստից կամ գիտութեանց վկայականի թեկնածու են, իսկ մնացածը՝ Մագիստրոս արուեստից կամ գիտութեանց վկայականի թեկնածու։ Համալսարանին մէջ ունինք ոչ հայաստանցի 240 ուսանող՝ 29 տարբեր երկրէ, բայց անոնց մեծամասնութիւնը սփիւռքահայեր են։ Իսկ ոչ հայ, կը կարծեմ, մօտ 40 հոգի։ Ունինք հնդիկներ, սուրիացիներ, իրաքցիներ, իրանցիներ, ֆրանսացիներ, ամերիկացիներ։
–Իսկ դասախօսները հիմնականօրէն Հայաստանէ՞ն են։ Ունի՞ք դուրսէն հրաւիրուած դասախօսներ։
-Մենք ամէն տեսակ դասախօս ունինք։ Մեծամասնութիւնը հայաստանցիներ են։ Ունինք դասախօսներ, որոնք դուրսէն ստացած են իրենց տիտղոսները եւ վերադարձած են մեր մօտ։ Ես շատ հպարտ եմ, որ մեր համալսարանը առիթ կ’ըլլայ, որպէսզի այդ տեսակ մարդիկ վերադառնան։ Հաւանական էր, որ մենք չըլլայինք ու անոնցմէ ոմանք չվերադառնային։ Ունինք դասախօսներ օտար երկիրներէ, ինչպէս օտարազգիներ, այնպէս ալ մեծ թիւով սփիւռքահայեր։ Մեր դասախօսներուն մեծ մասը ունի ամերիկեան կամ եւրոպական համալսարաններու փորձ՝ կամ որպէս ուսանող կամ որպէս դասախօս։
– Օտարազգի դասախօսներուն եւ հայ ուսանողներուն միջեւ շփման պարագային որեւէ դժուարութիւն կա՞յ՝ հաշուի առնելով ազգային որոշակի առանձնայատկութիւնները։
– Ինծի կը թուի, թէ այդ բազմազանութիւնը շատ կարեւոր է։ Մեր ուսանողները պէտք է շփուին թէ՛ հայ, թէ՛ սփիւռքահայ եւ թէ՛ օտար դասախօսներու հետ։ Այդպիսով իրենց փորձը կը հարստանայ։ Կան օտարազգի դասախօսներ, որոնք շատ սիրուած են ուսանողներուն կողմէ, կան հայաստանցի ու սփիւռքահայ դասախօսներ, որոնք շատ սիրուած են ու կան անոնց մէջ, որոնք շատ սիրուած չեն։ Գիտէք, այսպիսի կատակ կայ՝ մէկը տէրտէրը կը սիրէ, մէկը՝ տէրտէրի կինը։ Ես դժուարութիւն չեմ տեսներ օտարազգի դասախօսներուն հետ մեր ուսանողներու յարաբերութիւններուն մէջ։ Աւելին, անոնք կ’ուզեն որ այդ թիւը աւելնայ, մենք ալ կը փորձենք ունենալ արտասահմանէն եկած աւելի շատ դասախօսներ։
–Ամերիկեան համալսարան ընդունուի՞լը դժուար է, թէ սորվիլը։
-Երկուքը միասին։ Մեր մօտ ընդունուելու համար առաջին հերթին պէտք է տիրապետեն անգլերէնին, որպէսզի կարողանան առաջին օրէն անգլերէն լեզուով դասերը հասկնան ու սորվին։ Մենք անոր համար կը պահանջենք TOEFLի եւ SAT քննութիւններ: Այս քննութիւնները պարտադիր են։ Ընդունուելու համար մենք նաեւ կը պահանջենք, որ գրեն յօդուած մը իրենց նպատակներուն, աշխատանքներուն մասին։ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարան ընդունուիլը հիմնուած է ասոնց վրայ։ Իսկ ընդունուելէ ետք պէտք է անընդհատ սորվին։ Այնպէս չէ, որ կրնան տարուան վերջը սորվիլ, պէտք է միշտ սորվին, քանի որ անընդհատ քննութիւններ կ’ըլլան, տնային աշխատանքներ, յօդուածներ պէտք է գրեն, խումբով ծրագիրներու վրայ պէտք է աշխատին եւ այլն։ Իրենցմէ միշտ պահանջ կայ, որ ամէն շաբաթ աշխատին։ Կարելի չէ, որ 4 ամիս որեւէ բան չընեն ու նստին մի քանի գիշերուան ընթացքին անգիր սորվին ու յաջողին։
– Ուսանողներ կա՞ն, որոնք ընդունուելէ ետք դուրս կը մնան համալսարանէն ցած յառաջադիմութեան պատճառով՝ հաշուի առնելով, որ Ձեր մօտ ընդունելութեան փուլերը բաւական բարդ են ու հետեւաբար այդ փուլերը յաղթահարածները գիտելիքներու առումով լաւագոյն ուսանողներն են:
-Դժբախտաբար, մեր մօտ կան ուսանողներ, որոնք չեն յաջողիր։ Եթէ իրենց միջին գնահատականը որոշ մակարդակէ աւելի ցած է, իրենց ժամանակ կը տրուի մէկ կիսամեակ եւս ու եթէ չյաջողեցան բարելաւել, դուրս կը մնան։ Ամէն տարի, դժբախտաբար, 10-20 այդպիսի ուսանող կ’ըլլայ։ Ի հարկէ, համալսարանի համար ատիկա ձեռնտու չէ, քանի որ այդ ուսանողները այլեւս ուսման վարձ չեն վճարեր։ Բայց այդ որոշումը բոլորովին անկախ է այդ հարցէն։ Մեր մօտ միջին գնահատականը 4 է, եթէ միջինը 2էն աւելի ցած եղաւ, ուսանողին կը տրուի մէկ կիսամեակ մը եւս, որպէսզի զայն ուղղէ, անկէ ետք ժողով կ’ըլլայ, ու եթէ դասախօսները ըսեն, որ ուսանողը ի զօրու չէ բարելաւելու, ան դուրս կը մնայ։ Ես կը կարծեմ, որ այդ խստութիւնը կարեւոր է։ Կարելի չէ, որ ուսանողը չսորվի ու տարեվերջին ձեւով մը աւարտէ։ Մենք շատ խիստ ենք այդ առումով։
– Հայաստանի միւս բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու կրթական ծրագիրներուն մէջ, ըստ Ձեզի, ի՞նչ պէտք է փոխել, որպէսզի ունենանք նոյն արդիւնաւէտութիւնը, ինչը Ամերիկեան համալսարանի մէջ է։
– Շատ բարդ հարց կու տաք։ Առաջին հերթին պէտք է խստութիւն դրուի։ Եթէ ուսանողը չ’աշխատիր, լաւ արդիւնք ցոյց չի տար, ինծի կը թուի, թէ ուսանողը պէտք չէ տեղ գրաւէ համալսարանին մէջ։ Պէտք է առիթը տրուի, ի հարկէ, որ ուսանողը կարգի գայ, բայց եթէ տրուած ժամանակահատուածին չյաջողեցաւ բարելաւել նիշերը, պէտք է զինքը դուրս դնել։ Այդպիսի ուսանողի ներկայութիւնը համալսարանին մէջ անլուրջ է, տուեալ պարագային պահանջները չեն ունենար այն լրջութիւնը, ինչը պէտք է։ Այս հարցի մասին շատ երկար կրնանք խօսիլ, քանի որ շատ կարեւոր նիւթ է։ Վստահ եմ՝ միւս համալսարաններն ալ լաւագոյնս կ’աշխատին։
– Տարբերութիւններ կը տեսնէ՞ք Ամերիկեան համալսարանի եւ ՀՀ այլ համալսարաններու ուսանողներուն միջեւ։ Այլ խօսքով՝ առաւելութիւնը ի՞նչ է Ամերիկեան համալսարանին։
– Առաւելութիւնը հիմնականօրէն մտածելու, խնդիրները լուծելու մօտեցումներուն մէջ է։ Հաւանաբար տարբերութիւն կայ արտայայտուելու, բանակցելու, աւելի անկախ արտայայտուելու մէջ, ինչպէս նաեւ լեզուի հարցը եւս։ Անոնց մօտ աւելի արեւմտեան մօտեցում կայ։ Գիտէք, ամերիկացիները շատ լաւ են խնդիր լուծելու մէջ, գործնական մօտեցում ունին։ Կը կարծեմ՝ ատիկա որոշ չափով ուսանողներուն մէջ ալ պէտք է ըլլայ։
– Հուսկ, կը փափաքէինք իմանալ ապագայ ծրագիրներու մասին։ Ի՞նչ նախագիծեր կան։ Կրթական ծրագիրին մէջ մասնագիտութիւններու առումով փոփոխութիւններ կա՞ն։
-Ըսեմ, որ մենք մեր մասնագիտական կրթական ծրագիրներուն թիւը աւելցուցած ենք։ Մենք Պսակաւոր վկայականի պարագային, 6 տարի առաջ սկսանք երեք մասնագիտութիւններ դասաւանդել՝ English & Communications, Business եւ Computer Science, անցած տարի աւելցուցինք Engineering Sciences, իսկ այս տարի՝ Data Science բաժինները։ Data Scienceը հայերէն՝ տուեալագիտութիւնը, մեծ պահանջարկ ու արդիականութիւն ունեցող մասնագիտութիւն է նաեւ Հայաստանի մէջ։ Նոյնիսկ Ամերիկայի համալսարաններուն մէջ նոր կը սկսին այս մասնագիտութիւնը դասաւանդել։ Հայաստանի մէջ ալ շատ համալսարաններ կը սկսին բանալ այս ճիւղը, քանի որ պահանջ կայ։ Մենք ունինք Պսակաւոր աստիճանի 9 մասնագիտութիւններ։ Պէտք է ըսեմ, ամէն մասնագիտութեան մէջ ուսանողները վերջին մէկ տարին կրնան ճիւղաւորուիլ ու մասնագիտանալ։
Կ’ուզեմ նշել, որ նոր բացած ենք մեր ուսանողական հաւաքատեղին, ուր կրնան ընկերական խաղեր կազմակերպել, խօսիլ, զրուցել, իսկ միւս բաժինը աւելի շատ սորվելու տեղ է։ Ուսանողները ունին գրասենեակ իրենց խորհուրդի ժողովներուն համար, ուսանողական թերթի խմբագրութեան համար եւ այլն։ Այդ մէկը յաջողեցանք ընել շնորհիւ USAIDի դրամաշնորհին։ Հիմա Փարաճանովի թանգարանի կողքին կը կառուցենք հանրակացարան, որ 60էն աւելի ուսանող կրնայ ընդունիլ։ Սա անվճար պիտի չըլլայ, բայց բաւական նպաստաւոր են պայմանները։ Հանրակացարանը շատ արդիական կահաւորանքով պիտի ըլլայ։ Ամերիկեան կառավարութեան դրամաշնորհի միջոցով մենք ալ մէկ ծրագիր պիտի իրականացնենք՝ The Najarian Center for Social Entrepreneurshipը: Մենք ընդհանրապէս որոշած ենք նորարարութեան զարկ տալ։
Այդ նորարարութեան կեդրոնին մէջ ոչ միայն մեր ուսանողները, այլեւ միւս համալսարաններու ուսանողները կրնան մասնակցութիւն ունենալ, պէտք է մեր խումբերուն միանալ։ Ասոնք ներկայիս մեր հիմնական ծրագիրներն են։ Ի վերջոյ կ’ուզեմ աւելցնել, որ շնորհիւ Ռուբէն Վարդանեանի եւ իր կնոջ՝ Վերոնիքա Զոնապենտի նուիրատուութեան՝ մենք ունինք Աւրորա Գնահատանքի կրթաթոշակը, որ յատկացուած է 8 երկրի քաղաքացիներուն՝ Սուրիա, Լիբանան, Իրաք, Յորդանան, Եգիպտոս, Պարսկաստան, Վրաստան, Ռուսիա: Այդ երկիրները, քանի որ 100 տարի առաջ հայ գաղթականներուն նեցուկ եղած ու ապաստան տուած են, անոր համար այս կրթաթոշակները որպէս շնորհակալութիւն կը տրուին իրենց։ Ամէն տարի 10-15 մինչեւ 20 հոգի կը ստանայ։ Օտարազգիներու համար կրթաթոշակը տարեկան 7000-8000 տոլար կը կազմէ, իսկ հայաստանցիներուն համար 4000էն քիչ մը աւելի՝ նայած, թէ ո՛ր ճիւղն է։ Սփիւռքահայերը, եթէ ունին յատուկ անցագիրեր, իրենց համար թոշակը նոյնն է, ինչ հայաստանցիներուն համար։ Իսկ Աւրորա կրթաթոշակը կը տրուի ուսանողներուն իրենց կարիքներուն համեմատ՝ մասամբ կամ լրիւ։ Որոշ պարագաներու, հանրակացարանի ծախսն ալ կը հոգանք։ Մեր օտարերկրեայ ուսանողները շատ գոհ են Հայաստանի մէջ իրենց ուսումէն եւ կեանքէն, ես երբեք գանգատ չեմ լսած։
– Շնորհակալ եմ հետաքրքրական զրոյցի համար։