Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ (լուսանկարներ)

Նորայր Յովսէփեան

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Արցախի Մէջ 100 Միլիոն Տոլարէն Ներդրումային Ծրագիր Կը Մեկնարկէ

Արդիւնքները Կ’արտացոլուին Գիւղատնտեսութեան Ոլորտին Մէջ, Իսկ Ելեկտրականութեան Արտադրութիւնը Տարուան Կտրուածքով Կը Հատէ Մէկ Միլիառ Միլովատի Սահմանը

Արցախի մէջ ելեկտրականութեան արտադրութիւնը կը նախատեսեն եռապատկել՝ յառաջիկայ մի քանի տարուան ընթացքին հասցնելով տարեկան շուրջ 1 միլիառ քիլոուաթի: Նաեւ օտարերկրեայ ներդրումներ կ’ըլլան: Նոյեմբերի կէսերուն ստորագրուեցաւ նոր պայմանագիր, որ կ’ապահովէ օտարերկրեայ ընկերութեան ներդրումային ծրագիրի իրականացումը Արցախի գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ:

Արցախի նախագահի խորհրդական Արայիկ Յարութիւնեանը կը տեղեկացնէ, բայց դեռ բոլոր փակագիծերը չի բանար: Սարսանգի ջուրը Մարտակերտի հարթավայրային շրջաններուն կը հասցնեն: Ճանապարհին նոր ջրամբարներ կը կառուցեն ջրելեկտրակայաններով: «Խոշոր ջրելեկտրակայան, փոքր ջրամբար, երկու ջրամբար, իւրաքանչիւրին տակ՝ երկու խոշոր ջրելեկտրակայան, ջրանցքի վերանորոգում: Ջրանցքի տակ՝ նորէն ջրելեկտրակայան: Միայն այդքանը 75 միլիոն տոլար ներդրում կը պահանջէ»,- կը թուարկէ Արայիկ Յարութիւնեանը, որ նաեւ «Արցախ ՀԷԿ» բաց բաժնետիրական ընկերութեան հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահն է: Ընդհանուր առմամբ, յարակից ծրագիրներով՝ 100 միլիոն տոլարի ներդրում կը կատարուի, 10 հազար հեքթար հող ոռոգովի կը դառնայ, Արցախի ուժաբանութեան հնարաւորութիւններն ալ անհամեմատ կը մեծնան:

Հետեւաբար, տարիներ առաջ ելեկտրականութիւն ներկրող Արցախը արդէն հատած է ուժաբանութեան ինքնաբաւութեան սահմանը: Այս տարուան Յունուար-Սեպտեմբերին արտադրուած է աւելի քան 290 մլն քիլոուաթ ելեկտրականութիւն ներքին սպառման համար օգտագործուած է 267 մլն քիլոուաթը: Արտադրութեան ծաւալը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը գերազանցած է 20 տոկոսով: Աճի հիմնական մասը Արցախ ջրելեկտրակայանը ապահոված է: Ընկերութեան 11ամեակն ու իր ամենամեծ ջրելեկտրակայանի՝ Սարսանգ ջրելեկտրակայանի գործարկման 40րդ տարեդարձը Ստեփանակերտի մէջ կը նշեն կատարած աշխատանքի գնահատականով: «Ունենալով աւելի քան 1200 բաժնետէր՝ 10 երկրէ, մենք կը շարունակենք լայնցնել մեր հորիզոնները»,- կ’ընդգծէ «Արցախ ՀԷԿ» ընկերութեան տնօրէն Վահրամ Բեկլարեանը:

«Արցախ ՀԷԿ»ն բաց բաժնետիրական ընկերութիւն է: Բաժնետոմսերը կրնայ իւրաքանչիւր ոք ձեռք բերել Արցախէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, նաեւ արտասահմանէն: 2018 թուականի Նոյեմբեր 1ի դրութեամբ Արցախի մէջ կը գործէ 20 ջրելեկտրակայան: 13ը՝ Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններուն մէջ: Մինչեւ տարեվերջ շահագործման կը յանձնուի եւս երկու ջրելեկտրակայան: 15ի շինարարութիւնն ալ կը շարունակուի: Կը նախատեսուի յառաջիկայ մի քանի տարուան ընթացքին Արցախի մէջ ելեկտրականութեան տարեկան արտադրութիւնը աւելցնել մի քանի անգամ՝ հասցնելով մէկ միլիառ քիլոուաթի:

Արցախի Նախագահի՝ Ֆրանսա Կատարած Այցն Ու Ազրպէյճանական Լարուած Գործունէութիւնը

Աշխատանքային այցով վերջերս Ֆրանսա այցելած Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Փարիզի մէջ այցելած է «Հայաստան» հիմնադրամի կողմէ կազմակերպուած հեռախօսամարաթոնի կեդրոնը: Հերթական հեռուստամարաթոնը «Հայաստան» հիմնադրամը կը յայտարարէ արդէն նոր գործադիր տնօրէնով՝ ի դէմս Հայկակ Արշամեանի: «Ձեզի կը հաւաստիացնեմ, որ «Հայաստան» հիմնադրամը այսուհետեւ պիտի ըլլայ բաց, թափանցիկ, հաշուետու: Եւ պիտի ուղղուի դէպի ստեղծարար ապագայ»,- ընդգծած է Հայկակ Արշամեանը:

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող թելեթոնին մասնակցելու հնարաւորութիւն ունին Եւրոպա բնակող բոլոր հայերը: Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանի շնորհակալութիւնը բոլորին կը հասցէագրուի: «Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր ֆրանսահայերուն, Եւրոպայի հայերուն՝ իրենց աջակցութեան համար: Իմ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ նաեւ կամաւորներուն՝ իրենց նուիրական աշխատանքին համար»,- նշած է Ֆրանսայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը:

Կամաւորներուն շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ Արցախի նախագահը եւ ժամանակաւորապէս անոնցմէ մէկուն աթոռը զբաղեցուցած է: Նուիրատուներէն հերթականը, որ զանգահարած էր, զարմացաւ՝ հարցնելով՝ արդեօք Արցախ զանգած եմ: Զրոյցը կ’ընդմիջուի բարի լուրով: Նախագահի եւ հեռախօսամարաթոնի կեդրոն զանգահարած նուիրատուի զրոյցին հետեւող մէկ այլ նուիրատու անսպասելի յայտարարութիւն ըրած է՝ կրկնապատկելով իր նուիրատուութիւնը՝ նախագահին անծանօթ նուիրատուի հեռախօսազրոյցը լսելէ ետք:

«Թելեթոնի ընթացքին հաւաքուած գումարը պիտի ուղղուի երեք ծրագիրի՝ Արցախի մէջ արեւային ուժաբանութեան ոլորտին, Տաւուշի մէջ գիւղատնտեսական ծրագիրներու շարունակութեան եւ Հալէպի մէջ սուրիահայերու փոքր պիզնեսի աշխուժացման»,- կը մանրամասնէ Պետրոս Թերզեանը:

Աշխատանքային այցով Ֆրանսա գտնուող Արցախի նախագահը հանդիպած է նաեւ Ֆրանսահայ շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանի, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի խումբ մը անձանց հետ:

Արցախի նախագահի այցը չէ վրիպած Պաքուի ներկայացուցիչներու աչքէն: Եթէ հաւատանք «Trend» գործակալութեան, Ֆրանսայի ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէի փոխնախագահ Նաթալի Կուլեն յայտարարած է, որ իր երկիրը պէտք չէ թոյլատրէ, այսպէս ըսած, «Ազրպէյճանի գրաւուած տարածքներուն ստեղծուած ռեժիմի ներկայացուցիչներու մուտքը»: Միւս կողմէ՝ Կուլեն ցաւ յայտնած է, որ չեղարկուած է Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի՝ Ազրպէյճան կատարելիք այցը: Ըսուածէն կարելի է եզրակացնել, որ նախ Պաքուն ի սկզբանէ փորձած է, որ արգիլուի Արցախի նախագահի այցը Ֆրանսա, իսկ միւս կողմէ կը բացայայտուի, որ Մաքրոնի այցը Ազրպէյճան ոչ թէ յետաձգուած է, ինչպէս կը փորձէր ներկայացնել Պաքուն, այլ չեղարկուած:

Հեռուստամարաթոնը՝ Համազգային

Համախմբումի Առիթ

9 բնակարան՝ բազմազաւակ ընտանիքներու համար Արցախի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ, 5 գիւղի մէջ՝ համայնքային նոր կեդրոն, երկու նորակառոյց դպրոց: Ծրագիրներէն շատերը սկսած էին աւելի կանուխ, աւարտեցան 2018ին: Ապրիլեան պատերազմէն ետք հիմնադրամի ամենամեծ ծրագիրներէն մէկը դարձաւ Թալիշի վերականգնումը: Կատարուածը արդէն տեսանելի է: «Կենցաղի տուն, հանդիսութիւններու սրահ, կաթսայատուն, վարչական շէնք: Բարեկարգումի աշխատանքներ կատարուած են»,- կը թուարկէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի արցախեան ծրագիրներու համակարգող Վալերի Ղազարեանը: Թալիշի վերականգնումը կը շարունակուի: «Հայաստան» հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ՝ ընթացքի մէջ է դպրոցի եւ մանկապարտէզի շինարարութիւնը:

«Բերքառատ Արցախ» խորագրով իրականացուած «Հեռուստամարաթոն-2017»ի ընթացքին հաւաքուած գումարներու ծիրէն ներս Արցախի մէջ երկու նոր ծրագիր սկսաւ: Անոնցմէ մէկը ուղղուած է խորքային ջուրերու օգտագործման, երկրորդը՝ արեւային ուժանիւթի կիրարկման: Ի՞նչ կատարուած է անցնող տարուան ընթացքին նոր ծրագիրներու ծիրէն ներս:

Կենարար Ջուրը՝ Արցախի Այգիներուն Մէջ 

Արցախի մէջ ջրային պաշարներու մեծ մասը լեռնային հատուածի մէջ է, վարելահողերու մեծ մասը՝ հարթավայրային գօտիի մէջ: Այս պարզ համեմատութեամբ կը հիմնաւորէ Արցախի գիւղատնտեսութեան փոխնախարարը, թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտ էր խորքային ջուրերու օգտագործման ծրագիրը: Հիմնադրամի միջամտութիւնը այդ հարցին մէջ թոյլ տուաւ միանգամայն լայն թափով սկսելու աշխատանքները. «Բերքառատ Արցախ» խորագրով իրականացուած «Հեռուստամարաթոն-2017»ի ընթացքին հաւաքուած գումարներու ծիրէն ներս Արցախի մէջ մեկնարկը ոչ թէ մի քանի, այլ աւելի քան երեքուկէս տասնեակ խորքային հորերէն կազմուած ծրագիրով տրուեցաւ: ««Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին 37 խորքային հորի պատուէր տուած ենք»,- ակնկալիքները թիւերու կը վերածէ Արցախի գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Համլեթ Ապրեսեանը: Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան մէջ հաշուարկած են, թէ այդ հորերու գործարկումով որքան հող կ’ոռոգուի: «Իւրաքանչիւր խորքային հոր, կախուած ջուրի քանակէն, կրնայ ոռոգովի դարձնել մինչեւ 50 հեքթար հող, պայմանով որ այդ հորերը նաեւ ջրախնայող համակարգերով կահաւորուած ըլլան»,- նախապայմանը կը յիշեցնէ գիւղատնտեսութեան փոխնախարարը: 37 խորքային հորերէն 32ը Մարտունիի շրջանին բաժին կը հասնի, 4ը՝ Ասկերանի, 1ը՝ Մարտակերտի: Այս տարի աշխատանքները 14 հորերու մէջ իրականացուած են: «Ջուրի անհրաժեշտ քանակը կայ: Յատկապէս Մարտունիի շրջանին մէջ նախատեսուածէն 30-40 տոկոս աւելի շատ ջուր կը ստանանք»,- կը վստահեցնէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի արցախեան ծրագիրներու համակարգող Վալերի Ղազարեանը: Ծրագիրի շարունակութիւնը գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը կ’ապահովէ՝ աջակցելով ջրախնայող համակարգեր տեղադրողներուն, որպէսզի թանկ գինով ձեռք բերուած ջուրը նպատակին ծառայէ: Այդ մէկը, սակայն, խնդիրի վերջնական լուծումը չէ: Խորքային հորերու պահանջարկը աւելի մեծ է: «Այս պահուն արդէն մի քանի տասնեակ յայտեր ունինք: Անոնք այն տարածքներն են, ուր անհնար է ջրանցքներով ջուր հասցնել: Միակ ելքը արտեզեան հորերու կառուցումն է»,- ծրագրի շարունակականութիւնը կը կարեւորէ Արցախի գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Համլեթ Ապրեսեանը, որ յատկապէս ոռոգման համակարգերով կը զբաղի:

 

Արեւ՝ Իւրաքանչիւրի Տունը. Քարագլուխը Արցախի Արեւային Առաջին Գիւղը Կը Դառնայ

Ամրան կէսերէն հիմնադրամի ծրագիրներով իրականացուող աշխատանքներու գլխաւոր հասցէներէն մէկը դարձեալ Շուշիի շրջանի Քարին տակ գիւղը դարձած է: Հիմնադրամը այս գիւղին մէջ 6րդ ծրագիրը կ’իրականացնէ: Քարին տակի բոլոր առանձնատուներն ու համայնքային նշանակութեան շինութիւնները արեւային ջրատաքացուցիչներով կ’ապահովուին: Ատիկա ծրագիրի շահառու ընտանիքներուն թոյլ կու տայ մօտ 30-40 տոկոսով կրճատելու կազի կամ ելեկտրականութեան համար վճարելիք գումարը: Այս պահուն Քարին տակի մէջ ջրատաքացուցիչներու տեղադրման ծրագիրը իրականացուած է գրեթէ 50 տոկոսով: Կ’աւարտին 2019ի առաջին կէսին: Շուշիի եւ Ասկերանի շրջաններու այլ բնակավայրերու մէջ տեղադրուած են արեւային ջրատաքացուցիչեր, հիմնականօրէն հանրային նշանակութեան շինութիւններու մէջ:

Արարենք Միասին

«Հեռուստամարաթոն-2018»ը իրականացաւ «Արարենք միասին» խորագրով: Լոս Անճելըսի մէջ կայացած հեռուստամարաթոնի ընթացքին հաւաքուած է 11 միլիոն 109 հազար 633 տոլար: 1 միլիոն դրամի նուիրատուութիւն կատարած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան՝ վարչապետի ֆոնտէն: 500 000 դրամ եւս Նիկոլ Փաշինեան «Հեռուստամարաթոն 2018»ին նուիրաբերած է իր անունով: ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան հիմնադրամին նուիրաբերած է կէս տարուան իր աշխատավարձը: Իսկ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը նուիրաբերած է մէկ ամսուան իր աշխատավարձը: ԱԱԾ աշխատակիցներն ալ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին յատկացուցած են 9 միլիոն 527 հազար 400 դրամ: Իրանի հայ համայնքը 100 հազար տոլար  նուիրաբերած է: Իսկ իրանահայ բարերարներ Հենրիկ եւ Ատրինէ Տէր-Ղուկասեանները նուիրաբերած են 1 միլիոն 340 հազար տոլար, որով պիտի հիմնանորոգուի Մատաղիս-Թալիշ երթեւեկի ճանապարհը: 10 հազար տոլար նուիրաբերած է Եգիպտոսի հայոց թեմը: Ամերիկահայ բարերար Անդրանիկ Պաղտասարեանի 1 միլիոն տոլար նուիրատուութեան շնորհիւ պիտի հիմնանորոգուի Մարտակերտի շրջանի Գետաւան համայնքի դպրոցը: Նաեւ անանուն բարերարներ եղած են՝ խոշոր նուիրատուութիւններով: Արցախցիներն ալ աշխուժօրէն մասնակցած են դրամահաւաքին: Մօտ մէկ միլիոն տոլար հաւաքուած է նոյն ինքն Արցախի մէջ: Հաւաքուած գումարներու ծիրէն ներս աւանդական ծրագիրներու հետ կը շարունակուին նաեւ խորքային հորերու եւ արեւային ուժանիւթի կիրարկման ծրագիրները:

 

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին