ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հինգ տարիէ իվեր Ամերիկայի մէջ կը կայանայ «Ցեղաբանական եւ կրօնական հակամարտութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղաշինութեան միջազգային գիտաժողով»ը, որ այս տարի տեղի ունեցաւ 2018 Հոկտեմբեր 30 – Նոյեմբեր 1 թուականներուն Նիւ Եորքի «Քուինս» համալսարանի նախասրահին մէջ։ Գիտաժողովի կազմակերպիչներն էին «Ցեղաբանական եւ կրօնական հակամարտութիւններու միջնորդութեան» Նիւ Եորքի գրասենեակը, համագործակցութեամբ Queens եւ City համալսարաններու։
Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին աւելի քան 93 երկիրներէ գիտնականներ, միջազգայնագէտներ, քաղաքագէտներ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ, հոգեբաններ, ընկերաբաններ ու պատմաբաններ։
Առաջին անգամ է որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր պաշտօնական մասնակցութիւնը բերաւ այս գիտաժողովին։ Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան-Գիտութեան նախարարութեան, Գիտական պետական կոմիտէի եւ Մաշտոցի անուան մատենադարանի համատեղ գործակցութեամբ, զեկուցման համար պաշտօն յանձնուած էր Մատենադարանի «Արաբատառ ձեռագրերի նկարագրման եւ գիտական թարգմանութեան բաժնի» կրտսեր գիտաշխատող Վերա Սահակեանի, որպէսզի ներկայացնէ հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Մատենադարանի մէջ պահուող օսմանեան լեզուով նոր յայտնաբերուած վաւերագրերը։
Վերա Սահակեան իր զեկոյցին մէջ, նախ հակիրճ կերպով ներկայացուց հայ ժողովուրդի անցեալի 100 տարուայ ընթացքը։ Ապա աւելցուց, թէ ցեղասպանութիւն տեսած երկրէ մը՝ Հայաստանէն իրեն հետ բերած է սիրոյ յեղափոխութեան սերմերը, հանդուրժողականութեան, փոխըմբռնումի, բաց ձեռքերով բանակցելու ծիլերը՝ աշխարհին Հայաստանի անունով մաղթելով յաւիտենական խաղաղութիւն։
Սահակեան, Մատենադարանի արխիւէն իր կողմէ վերջերս գտնուած Ցեղասպանութեան վաւերագրերը, հանգամանօրէն ներկայացուց, որոնց բովանդակութիւնը, կարեւորութիւնը՝ հրաւիրելով իրաւաբաններու ուշադրութեան, կարեւորելով Օսմանեան պաշտօնական փաստաթուղթերու մէջ Ցեղասպանութեան դիտաւորութիւններ ունեցող հրահանգներու վրայ։
Վերա Սահակեան, խաղաղաշինութեան ուղղուած գիտաժողովին իր ներկայացուցած զեկոյցին մէջ շեշտեց՝ 1915 թուականի Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդի դէմ ենթարկուած Ցեղասպանութեան։ Որակելով՝ անառարկելի իրողութիւն, փաստ, արձանագրուած պատմութիւն։ Վերա Սահակեան աւելցուց «Եթէ Թուրքիոյ այժմու կառավարութիւնը չ՚ընդունիր 100 տարի առաջ իրագործուած ոճրագործութիւնը ան կը դառնայ յանցակից։ Երբ մարդ կամ պետութիւն չունի յանցանքը ինքնակամ ընդունելու գիտակցութիւնը, ուրեմն պէտք է միջամտեն միջնորդ երկիրները, աւելի զարգացած երկիրները, այն երկիրները որոնց համար կարեւոր է մարդկութեան դէմ իրագործուած յանցագործութիւններու կասեցումը ու կանխարգիլումը, որպէս խաղաղութեան եւ խաղաղաշինութեան գրաւական»։
Ցեղաբանական եւ կրօնական հակամարտութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղաշինութեան 2018-ի միջազգային գիտաժողովի նախագահը իր շնորհակալութեան ընթացքին յատկապէս անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Մաշտոցի անուան Մատենադարանին, որոնց միջնորդութեամբ Հայաստանը իր աջակցութիւնը բերած էր միջազգային խաղաղաշինութեան ուղղուած այս նախաձեռնութեան։
Նիւ Եորքի «Կոստանդնուպոլսոյ Հայ Օգնութեան Միութեան» (CARS) նախագահ՝ Տիկ Թամար Գայսէրեան մեծ ոգեւորութեամբ ընդունեց երիտասարդ գիտնականը ու իր գուրգուրանքին առարկան դարձուց դիմաւորելու, ճանապարհելու ու նաեւ կեցութեան ընթացքին։