Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

ԱրցախՖրանսա. Նոր Կապեր, Նոր Հնարաւորութիւններ

Ֆրանսայի Սենթ Էթիէն եւ Արցախի Շուշի քաղաքները Հոկտեմբեր 21ին բարեկամութեան հռչակագիր ստորագրած են: Հետաքրքրականը այն է, որ երկու քաղաքներուն միջեւ գործնական կապերը արդէն 3-4 տարուան պատմութիւն ունին: Հռչակագիրը պարզապէս արձանագրեց այն ինչ կայ եւ ունեցածը զարգացնելու հեռանկարները ուրուագծեց: Յիշարժան իրադարձութեան առթիւ Շուշի ժամանած էր նաեւ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը:

Հոկտեմբեր 20ին Արցախի նախագահի նստավայրին մէջ Ֆրանսայէն ժամանած հերթական պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած է, այս անգամ՝ Սենթ Էթիէն քաղաքէն, քաղաքապետ  Կայէլ Փերտրիոյի գլխաւորութեամբ: Քննարկուած հարցերուն մասին հիւրերը խօսեցան արդէն Շուշիի մէջ գործընկերներու հետ հանդիպումին, Հոկտեմբեր 21ին: Քննարկումները քաղաքապետարանին մէջ ծաւալուած են: Շուշին եւ Սենթ Էթիէնը գործնականօրէն արդէն մի քանի տարիէ կապեր ունին: Անհրաժեշտութիւն յառաջացած է համագործակցութեան ունեցած պաշարը արձանագրել եւ յարաբերութիւններու խորացման հետագայ ընթացքը որոշել:

«Լէ Փեն Միրապօ, Պուք-Պել-Էր, Վիեն, Վիլիորպան, Վալանս, Տրոմի նահանգը ամբողջովին…»,- կը թուարկէ ու դեռ կը շարունակէ Ֆրանսայի մէջ ԱՀ մշտական ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը: Արցախի հետ բարեկամութեան հռչակագիր ստորագրած ֆրանսական քաղաքներն են: Հոկտեմբեր 20ին դեռ 11ն էին: Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախկին նախագահը ուրախութիւնը չի թաքցներ: Կը խոստովանի՝ Արցախի օրհներգը հարազատ օրհներգէն պակաս ուրախութեամբ չի լսեր: «Արցունքներ կային աչքերուս, երբ լսեցի Արցախի օրհներգը: Եւ կ’ուզեմ ըսել, որ այդ զգացումները անկեղծ են»,- կ’ըսէ Ֆրանսայի ԱԺ նախկին պատգամաւոր Ֆրանսուա Ռոշպլուանը: Ուրախութեան լրացուցիչ առիթն ալ այն է, որ Արցախ կատարած իր 15րդ այցը համընկաւ բարեկամ քաղաքներու ցանկի ընդլայնման: Հոկտեմբեր 21ին Բերդաքաղաքին մէջ Բարեկամութեան հռչակագիր ստորագրուած է Արցախի Շուշի եւ Ֆրանսայի Սենթ Էթիէն քաղաքներուն միջեւ: Հռչակագիրին մէջ, մասնաւորապէս, կը նշուի, որ հիմք ընդունելով Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրին մէջ ամրագրուած ազատութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացարձակ կարեւորութիւնն ու Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը, կողմերը  կ’որոշեն երկու քաղաքներուն միջեւ բարեկամական կապեր հաստատել: «Մեզմէ կախուած ամէն ինչ կ’ընենք, որ հռչակագիրին մէջ նշուածը կեանքի կոչենք»,- կը վստահեցնէ Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեանը: Իսկ Սենթ Էթիէնի քաղաքապետը, որ առաջին անգամ Արցախ է, կ’ընդգծէ, մարդկանց շփումներուն պէտք չէ խանգարեն սահմանները, միջազգային կարգավիճակը: «Գիտեմ, թէ կան քաղաքական հարցեր, որ որոշ մարդիկ կրնան դժգոհիլ մեր այս նախաձեռնութենէն: Բայց միակ մտահոգութիւնը, որ ունիմ, այն է՝ պաշտպանել ժողովուրդներու պայքարը, եթէ այդ պայքարը արդարացի է: Բարեկամութեան հռչակագիրը նպատակաուղղուած է, որ այդ ուղերձը յղուի, որ Ֆրանսայի մէջ կան մարդիկ, որոնք կ’աջակցին Արցախի ժողովուրդին այդ պայքարին մէջ»,- կ’ընդգծէ Սենթ Էթիէնի քաղաքապետ Կայէլ Փերտրիօն: Համատեղ ծրագիրներ իրականացնել տնտեսութեան կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան ու տեղական ինքնակառավարման ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ նպաստել երկու քաղաքներուն միջեւ փորձի եւ մասնագիտական հմտութիւններու փոխանակման: Այդ մէկը կը նախատեսուի հռչակագիրով: Հռչակագիրով նախատեսուածը հիմնականօրէն մարդասիրական, կրթական, մշակութային ոլորտները կ’ընդգրկէ, բայց բարեկամութեան հռչակագիրերու թիւը արդէն նաեւ քաղաքական նշանակութիւն եւ կշիռ կը ստանայ: «Առաջին տեղը, ի հարկէ, մարդասիրական հարցերն են, տարբեր ոլորտներու մէջ շփումներու, փոխգործակցութեան հարցերը: Սակայն երբ բարեկամութեան հռչակագիրերու թիւը կ’աճի, այդ թիւը նաեւ նոր, քաղաքական որակ կը ստանայ. Արցախի ճանաչելիութիւնը կ’ընդլայնուի անով, եւ, ինչու ոչ, այդ ամէնը խորքին մէջ կը նպաստէ Արցախի միջազգային ճանաչումին»,- կը կարեւորէ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը, որ ներկայ էր բարեկամութեան հռչակագիրի ստորագրման արարողութեան: Իսկ Ֆրանսայի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան այդ ճանապարհին արդէն ունեցած ձեռքբերումներէն մէկը կը մատնանշէ. «2017-18 թուականներուն Ֆրանսայի 12 քաղաքներուն մէջ կազմակերպուեցան Արցախեան օրեր: Անոնք հիմնականօրէն այն քաղաքներն են, որոնց հետ Արցախի քաղաքները բարեկամութեան հռչակագիրեր ունին: Ատիկա թոյլ կու տայ Եւրոպայի սրտին մէջ բաւական մեծ լսարանի առջեւ ներկայացնել Արցախը՝ իր մշակոյթով, իր հնարաւորութիւններով»:

Շուշին ու Սենթ Էթիէնը համագործակցութեան արդէն 3-4 տարուան փորձ ունին: Երկու քաղաքներուն կապողը Շուշիի Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարանն է, որուն վարպետները վերապատրաստումը Սենթ Էթիէնի մէջ անցած են: Հեռակայ ծանօթութեան անմիջական շփումը կը յաջորդէ: Շուտով վերապատրաստուողներու հերթական խումբը կը մեկնի Ֆրանսա, գարնան ալ Ֆրանսայէն հիւրերը կը ժամանեն: Քաղաքապետարաններու միջեւ եւս անմիջական կապեր կ’աշխուժանան: «Այս տրամաբանութեան մէջ է, որ Շուշիի իմ գործընկերոջս հրաւիրած եմ Սենթ Էթիէն: Իսկ ինչ կը վերաբերի իմ՝ Արցախ վերադարձիս, ապա ըսեմ, որ եթէ մէկ անգամ Արցախ ըլլաս, դժուար է պատկերացնել, որ պիտի չվերադառնաս նորէն»,- կը խոստանայ Սենթ Էթիէնի քաղաքապետ Կայէլ Փերտրիօն: Մեկնեցաւ գործընկերոջը հետ Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց տաճարին մէջ մոմ վառելէ ետք:

… ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ           

Սենթ Էթիէնի պատուիրակութեան մեկնելէ մի քանի ժամ անց Արցախ ժամանեց ֆրանսական յաջորդ պատուիրակութիւնը՝ Արնուվիլ քաղաքէն: Ժամանած են՝ Արցախի Շեխեր գիւղի հետ բարեկամանալու համար:

Գիրքը Գրած Եմ Խելքով Եւ Սրտով

Հոկտեմբեր 24ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է Շվոն Նաշ-Մարշալի «Հայրերու մեղքը» գիրքի շնորհահանդէսը: Ան Հայոց ցեղասպանութեան եւ թուրքերու մեծ մասի ու պաշտօնական Թուրքիոյ շարունակուող ու անսքօղ ժխտողականութեան, մերժողականութեան մասին է: Գիրքի  շնորհահանդէսին ներկայ էր նաեւ Նաշ-Մարշալի կնքամայրը՝ «Արտոյտներու ագարակը» յայտնի պեսթսելերի հեղինակ Անթոնիա Արսլանը: Շնորհահանդէսին ներկայ էին նաեւ Արցախի կառավարութեան եւ խորհրդարանի շարք մը անդամներ, բուհերու ղեկավարներ:

Ընթերցողներու գրասեղանին ցեղասպանութեան վերաբերեալ նոր արժէքաւոր աշխատութիւն է ամերիկացի փրոֆէսոր Շվոն Նաշ-Մարշալի «Հայրերու մեղքը» գիրքը: Ճշմարտութեան հետ առերեսման փորձ է: Հետազօտական բազմաթիւ աշխատութիւններ հեղինակած Շվոն Նաշ-Մարշալը այս անգամ կ’անդրադառնայ այնպիսի ցաւոտ թեմայի մը, ինչպիսին հայերու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնն է: «Հետաքրքրականն ու գնահատելին այն է, որ գիրքի հեղինակը՝ ամերիկացի գիտնականը ոչ թէ պարզապէս գրած է հայերու եւ յոյներու ցեղասպանութեան մասին, այլ նաեւ այսօր կ’աշխատի, որ այդ ոճիրները ճանչցուին ու դատապարտուին: Փրոֆէսոր Շվոն Նաշ-Մարշալը նաեւ կ’աշխատի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնէական մշակոյթի պահպանման ուղղութեամբ»,- կը կարեւորէ շնորհահանդէսին ներկայ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը:

Շնորհահանդէսը առաջինը Արցախի մէջ կը կազմակերպուի: Գիրքի հեղինակի ու իր կնքամայր Անթոնիա Արսլանի հետ ջերմ յարաբերութիւններ հաստատուած են: «Շվոն Նաշ-Մարշալը ոչ  միայն փրոֆէսոր է, գիտնական, այլեւ շատ մը կարեւոր առաքելութիւն իրականացնող կազմակերպութիւն է կը ղեկավարէ, որ կը կոչուի «Քրիստոնեաները կարիքի մէջ»: Այդ կազմակերպութիւնը կը գործէ ոչ միայն ԱՄՆի մէջ, այլեւ հոն, ուր կան կարիքի մէջ յայտնուած քրիստոնեաներ, քրիստոնէական վտանգուած արժէքներ,- կը մանրամասնէ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Սերկէյ Շահուերդեանը:- Համոզուած եմ՝ նոյն այդ սէրն է, որ Շվոնը եւ իր խումբը Արցախ բերած է»:

Շվոն Նաշ-Մարշալը նախ բոլորին հիացուց իր հայերէնով, յետոյ անցաւ անգլերէնի՝ աւելի շատ շնորհահանդէսին ներկայ ուսանողներուն անգլերէնին նպաստելու համար: «Այս գիրքը գրած եմ խելքով եւ սրտով»,- կ’ընդգծէ փրոֆէսորը:

Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, քրիստոնէական արժէքներով ապրող Նաշ-Մարշալը համոզուած է՝ նոր վայրագութիւններ կանխելու համար պէտք է աղաղակել նախկիններուն մասին:

Ամերիկացի փրոֆէսոր Շվոն Նաշ-Մարշալն ու Անթոնիա Արսլանը Արցախի մէջ հանդիպումներ ունեցած են նաեւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ, շփուած երիտասարդներու հետ, հանդէս եկած դասախօսութիւններով:

Արցախի Մէջ Նռան Այգիները Կ’ընդլայնուին

Արցախի մէջ նռան բերքահաւաքը կը շարունակուի: Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը բերքատուութեան ցուցանիշներէն առաջ բերքահաւաքի ենթակայ այգիներու տարածքը կը գնահատէ: «2018ին հանրապետութեան մէջ նռան այգիները կը զբաղեցնեն շուրջ 1360 հեքթար տարածք,- ցուցանիշները թիւերու կը վերածէ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան բուսաբուծութեան եւ բոյսերու պաշտպանութեան վարչութեան պետ Արամ Պատալեանը:- Նռան այգիներէն 796 հեքթարը այսօր արդէն բերքի տակ է»: Բերքատուութեան ցուցանիշները կը գնահատեն՝ այգիներու վիճակը հաշուի առնելով. մէկ մասը դեռ երիտասարդ է եւ նոր-նոր բերքի տակ կը մտնէ: «Հոկտեմբեր 25ին իրականացուած է բերքահաւաքը: Ընդհանուր առմամբ, 164 թոն  հաւաքուած է 382 հեքթարէն: Այսինքն՝ կրնանք ըսել, միջին բերքատուութիւնը այս պահուն կը կազմէ 30.5 սենթներ (center= 50 քկ) հեքթարէն»,- ցուցանիշները կը ներկայացնէ Արամ Պատալեանը: Եթէ բերքատուութեան բարելաւման ուղղուած ջանքերու արդիւնքները աւելի ուշ պիտի երեւին, ապա նռան այգիներու ընդլայնման աշխատանքներուն մէջ արդէն իսկ տեսանելի ցուցանիշներ կ’ուրուագծուին: «2017ին հանրապետութեան մէջ 1224 հեքթար նռան այգի ունէինք: 2018ին 136 հեքթարով աւելցաւ եւ դարձաւ 1360 հեքթար,- կը թուարկէ բուսաբուծութեան եւ բոյսերու պաշտպանութեան վարչութեան պետը:- Սակայն ատիկա ալ վերջնագիծը չէ: Գիւղատնտեսութեան զարգացման հայեցակարգով կը նախատեսուի Արցախի մէջ նռան այգիները 5000 հեքթարի հասցնել»:

Նռան այգիներու ընդլայնման նաեւ պետական աջակցութեան միջոցները կը նպաստեն: Այս պարագային, քանակէն ոչ պակաս որակը կը կարեւորուի: Պետական ծրագիրներով կը խրախուսուի յատկապէս պտղաբուծութեան ոլորտին մէջ նոր արհեստագիտութիւններու ներդրումը: Խօսքը առաջին հերթին ոռոգման ջրախնայող համակարգերու կը վերաբերի: Աւելի մեծ աջակցութիւն կը նախատեսուի նորատունկ՝ մինչեւ երկու տարեկան այգիներու համար, պայմանով որ այգին արտադրական նշանակութիւն ունենայ եւ նուազագոյնը մէկ հեքթար կազմէ, կը մանրամասնէ Արամ Պատալեանը. «Նորատունկ եւ մինչեւ երկու տարեկան այգիներու պարագային, պետական աջակցութեան պայմանները աւելի գրաւիչ են: Այսպէս, պահանջուող գումարի 50 տոկոսը կը տրամադրուի որպէս անհատոյց աջակցութիւն, իսկ միւս 50 տոկոսը՝ որպէս նպատակային անտոկոս փոխառութիւն՝ հինգ տարուան մարման ժամկէտով: Մարումները կը սկսին երրորդ տարիէն, երբ, կ’ենթադրենք, այգին արդէն գոնէ մասամբ բերքի տակ մտած կ’ըլլայ եւ շահառուին թոյլ կու տայ առանց դժուարութեան իր վճարումները իրականացնել: Երրորդ տարին կը վճարուի փոխառութեան 20 տոկոսը, չորրորդ տարուան ընթացքին՝ 30 տոկոսը, իսկ 5րդ տարին, երբ այգին արդէն լիովին բերքի տակ կ’ըլլայ, կը նախատեսուի կատարել փոխառութեան մնացած 50 տոկոսի վերադարձը»: Աջակցութիւն կը նախատեսուի նաեւ հին այգիներու մէջ ջրախնայող համակարգեր ներդրողներու համար: Այս պարագային, գումարը ամբողջութեամբ կը տրամադրուի անտոկոս փոխառութեան տեսքով: Գումարը պէտք է վերադարձուի երեք տարուան ընթացքին: «Ընդհանուր առմամբ, ջրախնայող համակարգերու ներդրման ծրագիրի մասով արդէն ստացած ենք 119 յայտ, որմէ 47ն բաւարարուած է: Ատիկա շուրջ 300 հեքթար այգիի համար է: 300-350 հեքթարի մէջ աշխատանքները կը շարունակուին: Յառաջիկայ ամիսներուն անոնք ալ ապահովուած կ’ըլլան ջրախնայող համակարգերով»,- լաւատեսութիւնը չի թաքցներ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան բուսաբուծութեան եւ բոյսերու պաշտպանութեան վարչութեան պետը:

Արդէն կան շարք մը վերամշակողներ, որոնք մասամբ նաեւ նուռը կ’օգտագործեն, սակայն նոյնիսկ այդ մէկը հաշուի առնելով՝ վերամշակման առկայ հնարաւորութիւնները անհամատեղելի են նռան արտադրութեան ակնկալուող աճին հետ:

Ի դէպ, Արցախի օրէնսդրութեան մէջ կատարուած փոփոխութիւններու շնորհիւ, Արցախի մէջ նաեւ այլ երկրի քաղաքացի հանդիսացող սփիւռքահայերը կրնան այգեգործութեամբ զբաղիլ եւ վերամշակման ոլորտին մէջ ներգրաւուիլ:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին