ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քաղաքի կեդրոնական Իսթիքլալ պողոտայի Կալաթասարայի հրապարակին վրայ, Պէյօղլուի թաղապետարանին կողմէ կազմակերպուած միջոցառումին ներկայ եղած են բազմաթիւ թուրք պաշտօնեաներ՝ Թուրքիայի փոխնախագահ Ֆուատ Օքթայը, նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը, նախարարներ, խորհրադարանի անդամներ, հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը, հայ համայնքի առանցքային ներկայացուցիչներ, Կիւլէրի արուեստի բազմաթիւ երկրպագուներ:
Հրաժեշտի արարողութեան ընթացքին հնչած են Կիւլէրի սիրած մեղեդիները՝ Կոմիտասի «Տլէ եաման»-ն ու «Կռունկ»-ը, «Սարը կէլին»-ը, մտերիմները պատմած են անուանի լուսանկարիչին մասին իրենց յուշերը։
Հրապարակային միջոցառումէն ետք Կիւլէրի դագաղը, որ պատուած էր թրքական դրօշակով, տեղափոխուած է Սուրբ Երրորդութեան հայկական եկեղեցի: Արարողութենէն ետք եկեղեցւոյ բակէն ներկաները ծափերով ճանապարհած են Կիւլէրը դէպի Շիշլիի հայկական գերեզմանատուն, ուր ալ ամփոփուած է արուեստագէտին աճիւնը:
Արա Կիւլէրի հօր՝ Տաճատ Տէրտէրեանի հայրենի Շապին Գարահիսարի Եայճը գիւղէն բուռ մը հող և անոր սիրած չրեղէնը տարած էին Իսթանպուլ, եւ թաղման ժամանակ անոնք լեցուցած են լուսանկարիչին շիրիմին մէջ:
Աշխարհի եօթը լաւագոյն լուսանկարիչներից մէկը համարուող Արա Կիւլէրը շուրջ 800 հազար լուսանկարներու հեղինակ է: Իր աշխատանքներուն մէջ յատուկ տեղ ունին հին ու նոր Իսթանպուլը, Արևմտեան Հայաստանի յուշարձանները, աշխարհահռչակ նշանաւոր դէմքեր:
Մեծանուն արուեստագէտը մահացած էր անցեալ Չորեքշաբթի Շիշլիի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, 90 տարեկան հասակին:
«Կեանքը ձեզի տրուած դատարկ ժապաւէն մըն է: Աշխատեցէք հրաշալի կերպով լեցնել ամէն մէկ պահը», – ըսած է Կիւլէր: