Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Վերամուտ – Մշակոյթի ամիս. Իրաքահայերու Հայ Ընտանեկան շաբաթօրեայ վարժարանի 40-րդ կրթաշրջանը

«Քեզ, հայ լեզու, կը սիրեմ մրգաստանի մը նըման…

Մեր անցեալի թանձրախիտ ստուերներուն մէջ կարծես

Մէյմէկ պըտուղ քու բոլոր բառերդ ինծի կ՚երեւան,

Որոնց մէջէն կը քալեմ ու կը քաղեմ զանոնք ես…»:

 

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

 

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շաբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2018, առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Իրաքահայերու ընտանեկան Շաբաթօրեայ վարժարանի դպրոցաշէնքը կը վխտար դպրոցի աշակերտութեամբ, անոնց ծնողներով, տատիկ ու պապիկներով, որոնք եկած էին ներկայ ըլլալու դպրոցի վերամուտի պաշտօնական հանդիսութեան:

Յիշենք, թէ 40 տարիէ ի վեր այս անվճար վարժարանի դասերը կը սկսին Սեպտեմբերի 2-րդ շաբաթը, իսկ անոր պաշտօնական վերամուտի հանդիսութիւնը տեղի կ՚ունենայ Հոկտեմբերի 2-րդ շաբաթը, հայ մշակոյթին նուիրուած ճոխ եւ մշակութաբոյր հանդիսութեամբ:

Յայտարարուած ճիշդ ժամուն աշակերտութիւնը շատ գեղեցիկ ձեւով զգեստաւորուած սրահ մուտք գործեց, երգի ուսուցչուհի՝ Մարիէթա Անասեանի ազգային երգերու նուագով:

Դպրոցի ժրաջան տնօրէնուհի՝ Անահիտ Խաչատրեանի բացման եւ բարի գալուստի ջերմ խօսքէն ետք, ընթացք տրուեցաւ յայտագրին: Աշակերտութիւնը շատ ոգեւորուած, գեղեցկօրէն կատարեց 14 երգ, արտասանութիւններ եւ կարգախօսներ, ամբողջութեամբ նուիրուած հայ մշակոյթին, հայ գիրերու գիւտին, հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին:

Ներկայ ծնողները մեծագոյն ուրախութեամբ կը մասնակցէին երգերուն եւ իւրաքանչիւր կատարում կ՚արժանանար անոնց ջերմ ծափահարութեան:

Ուրախալի էր տեսնել մեր նորահաս սերունդէն՝ 6-7 տարեկան փոքրիկներ, որոնք Պարոյր Սեւակի, Յովհաննէս Շիրազի եւ այլ բանաստեղծներու գոհար ստեղծագործութիւնները մեծ վարպետութեամբ արտասանեցին, խռովելով ներկայ չափահասներուն հոգիները:

Արդարեւ, այդ օր մեր դպրոցաշէնքը փոքրիկ Հայաստանի վերածուած էր: Ժողովուրդը մեկնեցաւ սրահէն քիչ մը աւելի հայացած եւ հայութեամբ հպարտ ըլլալու զգացումներով, քանի որ նման սերունդ մը կը պատրաստուի հայկական ամէնօրեայ թէ շաբաթօրեայ  վարժարաններէն ներս, որ տէրը պիտի ըլլայ իր ազգային բոլոր սրբութեանց ու ժառանգութեանց եւ ջահակիրը պիտի ըլլայ մեր սուրբ թարգմանիչներու անմահ գործերուն եւ կտակին:

Փոքրիկներու կատարումներէն ետք խօսք առաւ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Խաչիկ Ճանոյեան: Ան ջերմ խօսքերով շնորհաւորեց ներկայ ծնողները, դպրոցի աննման կամաւոր 8 ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, գլխաւորութեամբ նուիրեալ տնօրէնուհի՝ Անահիտ Խաչատրեանի ու մանաւանդ գնահատեց հանդիսութեան մասնակից 42 փոքրիկները:

Պրն. Ճանոյեան ուրախութեամբ ներկայացուց օրուան գլխաւոր բանախօսը, ազգային բեղուն գործիչ, հայ մամուլի աշխատակից, գիրքերու հեղինակ, ճարտարագէտ Համբարձում Աղպաշեանը:

Պրն. Աղպաշեան իրեն յատուկ ջերմութեամբ առաջին իսկ վայրկեանէն հմայեց ներկայ ծնողները, ուսուցչական կազմը, դպրոցին փոքրիկները: Պրն. Աղպաշեան իր հիացմունքը յայտնեց փոքրիկներու ելոյթներուն, գնահատեց դպրոցի պատասխանատուները, Իրաքահայերու ընտանեկան միութիւնը, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմը իրենց այս հոյակապ աշխատանքին համար, «որ ինծի համար մեծ անակնկալ մըն էր», ըսաւ ան:

Ապա, Պրն. Աղպաշեան աշակերտներուն հասկնալի ոճով բացատրեց մշակոյթի ամսուան իմաստը, հայ մշակոյթի դերը մեր ժողովուրդի գոյատեւման մէջ: Սրբոց Թարգմանչաց կատարած մեծ, վիթխարի աշխատանքին մասին խօսելէ ետք, շնորհաւորեց բոլոր ներկաները, «առանց ձեր զոհողութեան եւ նուիրումին դժուար պիտի ըլլայ այս գործը յառաջ տանիլ», ըսաւ ան:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ աշակերտութեան եւ ծնողներու միաբերան՝ «Արդեօք ովքե՞ր են» հայրենաշունչ երգի կատարողութեամբ:

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Իրաքահայերու ընտանեկան միութեան պատասխանատուները, որոնք 40 տարի շարունակ այս անվճար վարժարանը կրցած են պահել՝ 1700-է աւելի փոքրիկներու օգտակար ըլլալով, եւ առանց համահայկական կամ պետական կազմակերպութեան կամ հաստատութեան նպաստը ունենալու:

Բոլորին վարձքը կատար:    

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին