ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ակամայ կը բաժնուէինք Մշոյ սուլթան Սուրբ Կարապետ վանքի գիւղէն, պատմական յուշերու տարափով եւ ներքին ընդվզումներով լեցուն կուրծքերով: Ո՞ւր էր զօրավար Անդրանիկի տունը, ո՞ւր կը մնային անոր զինակիցները, ո՞ւր էր ամրոց, տուն-տեղ եւ կամ որեւէ այլ հետք: Չկար ո՛չ մէկ նշոյլ: Լեռան գագաթին նստած էին գիւղի տնակները, թիւով մի քանի տասնեակ, աշխարհէ կտրուած եւ հեռու: Արդեօ՞ք ասոնք էին հայ ֆէտայիներու ամրոցները:
Կը մտածէի: Ինչո՞ւ եկայ այս երկիր այցելելու: Վերյիշելո՞ւ, ապրելո՞ւ, տեսնելո՞ւ մեր նախնիներուն երկիրը, զգացումներու բորբոքմա՞ն, թէ պարզապէս՝ պտոյտի համար էր մեր նպատակը: Որովհետեւ՝ մարդիկ պտոյտի կ՚երթան, կը ճամբորդեն ուրախութեան եւ օդափոխութեան համար, իսկ մենք՝ որքա՜ն յուզումնալից պահեր պիտի անցկացնէինք, չէինք գիտեր, մինչեւ մեր ներկայութիւնը այնտեղ:
Վերադարձանք ինքնաշարժ, շարունակելու համար մեր ճանապարհը դէպի Էրզրում մեզ ճանապարհ դնող երեխաներու շարանով, որոնք կարծես ըսել կ՝ուզէին, «նորէն հրամեցէք ձեր երկիրը»:
Ճանապարհը մինչեւ Էրզրում միօրինակ էր եւ տաղտկալի: Ազատուղին կ՚անցնէր գիւղերու մէջէն կամ կողքէն, ուր յաճախ կանգ կ՚առնէինք կարճ դադարներու եւ միրգերու գնումներու համար: Աշխարհագրական հայեացքով դիտելով, այդ շրջանը շարունակութիւնն է Մեծ Հայքի, Արարատեան դաշտի եւ Հայաստանի հողերուն, ուր բնականաբար՝ նոյնանման համեղ միրգերու եւ բուսականութեան արտադրութիւնը ճոխ է ու բարեբեր: Ուստի, կ՚օգտուէինք ծիրանէն, կեռասէն եւ այլ միրգերու առատ մատակարարումէն ամէն անգամ որ կարենայինք կանգ առնել հանգստեան մեր ստեղծած գօտիներէն մէկը: Մեր կանգառներէն մին եղաւ Արազ գետի ափին, ուր մէկ այլ գետ կը միանար իրեն երթալ թափելու համար Արաքս գետ, Հայաստան: Համարեա կէսօր էր, երբ հասանք Էրզրում: Մեր ընկերակիցներէն մէկուն ծնողքը էրզրումցի ըլլալով, կը ջանայինք գոնէ անոնց ծծնդեան շրջանը գտնել եւ տեսնել: Բայց դժբախտաբար, ունեցանք այն նոյն բախտը՝ եթէ ոչ աւելի վատ, այն ինչ որ կը փնտռէինք Վանի մէջ: Մեր առաջնորդին թելադրանքով, շատ զգոյշ պէտք էր ըլլայինք Էրզրումի մէջ շրջագայելէ, որովհետեւ այնտեղի ժողովուրդը, մեծամասնութեամբ մոլեռանդ թուրքեր, հաշտ աչքով պիտի չդիտէին մեզ, նոյնիսկ՝ ընդհարումի վտանգով: Ուստի, բաւականացանք մայր փողոցներէն անցնիլ առանց ինքնաշարժէն վար իջնելու:
Որքա՜ն պատմութիւն կար Էրզրումի մէջ, որ միւս քաղաքներուն նման կ՚ուզէինք պեղել եւ տեսնել: Կողմնակի փողոցները սակայն, ուրկէ պիտի անցնէինք մայր պողոտայ երթալու համար, իսկապէս քաոսային տեսարան կը պարզէին իրենց խճողումին եւ իրարու վրայ թիզուած խանութներով, կրպակներով եւ թէյարաններով: Սակայն «Սանասարեան» վարժարան եւ բերդը գոնէ պէտք էր տեսնէինք, հոգ չէ թէ՝ այս անգամ շրջուած դերերով՝ մեր ինքնաշարժի պատուհաններէն: Հազար մտահոգութիւններով անցանք այդ նեղլիկ ճամբաներէն հասնելու համար Սանասարեան վարժարան, որ այժմ վերածուած էր թրքական համալսարանի, Աթաթիւրք կոչեցեալ: Ի՜նչ տարբերութիւն… Սանասարեան վարժարանին եւ Աթաթիւրք համալսարանին ուսուցման ծրագիրներուն միջեւ: Մին աշխարհին հասցուցած էր հասուն մտաւորականներ, իսկ մի՞ւսը, դարձած թրքականութիւն քարոզող որջ: Հապա բե՞րդը, միւս բոլոր բերդերուն նման, այս եւս վերածուած էր զօրանոցի եւ կամ՝ զինանոցի կեդրոնի: Ճաղերու ետին զրկուած բանտարկեալներու նման, մենք եւս՝ մեր ինքնաշարժին պատուհաններու ետին կը դիտէինք Սանասարեան վարժարանը, բերդն ու քաղաքը իր անտանելի երեւոյթով: Կրկին յուսախաբ, շարունակեցինք մեր ճամբան այդ անհանդուժելի, վայրի եւ նեղլիկ փողոցներէն հապճէպով դուրս գալու նպատակով, եւ ուղղուեցանք դէպի Կարս:
Երեկոյ էր արդէն երբ հասանք Կարս, եւ այն նոյն պանդոկը, որ իջեւանած էինք մեր երթի առաջին օրը: Ունեցանք այն բարի գալստեան վերաբերմունքը. կարծէք հին ծանօթներ ըլլայինք: Էրզրումէն ետք, Կարսը տեսնելով կարծէք աւելի մտերմիկ շրջապատ մտած էինք: Յոգնած էինք երկար ճամբորդութենէն եւ պէտք էր պատրաստուէինք յաջորդ օր այցելելու հայ ժողովուրդի փառաւոր մայրաքաղաք Անի:
Ի՞նչ կը սպասէր մեզի այնտեղ: Պիտի տեսնէինք:
Շար. 11