Ընկ. Յովհաննէս Թապագեան
(Ինքնակենսագրական)
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անտիպ եւ ձեռագիր այս ինքնակենսագրականը լոյս կը տեսնէ առաջին անգամ՝ նոյնութեամբ։ Ան կը գտնուի ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան արխիւին մէջ։ Կը հրատարակենք յարգանքի մեր տուրքը մատուցանելով ՌԱԿ-ի, ԹՄՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի երկարամեայ ղեկավար, մանկավարժ եւ մտաւորական ընկեր Յովհաննէս Թապագեանի անմարելի յիշատակին։ Յովհաննէս Թապագեանին կը պարտինք ԹՄՄ-ին նուիրուած «Քսանհինգամեակը» արժէքաւոր հատորին պատրաստութիւնը, որ լոյս տեսած է Պէյրութի մէջ 1972-ին։ Ընկեր Թապագեան մահացաւ 18 Դեկտեմբեր 2004-ին, Լոս Անճելըսի մէջ։
ՆՈՐ ՕՐ
Ծնած է Պէյրութ – Լիբանան 1923 Հոկտ. 28։ Անթիլիասի Դպրեվանքը աւարտելէ ետք, մտած է ուսուցչական ասպարէզ, յաջորդաբար պաշտօնավարելով՝ Նոր Մարաշի Ս. Քառս. Մանկանց, Թրատ թաղի (Ատանա) Աբգարեան, ՀԲԸՄ-ի Երուանդ Տեմիրճեան նախակրթարան, Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարան եւ աւելի քան 20 տարի իբր տնօրէն Անթիլիասի ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանին մէջ, բոլորը՝ 51 տարի։
Համալսարանական իր ուսումը ստացած է Պէյրութի ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ համալսարանէն ներս, Հայկազեան եւ Ֆրանսա՝ Սէվրի համալսարաններուն մէջ։
Նոյնիսկ (նոյնպէս – Խմբ.) 1939-ին, մեծ խանդավառութեամբ փարած է մշակութային եւ կուսակցական շարքերուն։ Ներգաղթի տարիներուն եղած է ամբողջ Անդրնահըրի թաղերուն (Պէյրութի արուարձան – Խմբ.) վերին պատասխանատու, հեռատեսութեամբ եւ պատուախնդրօրէն աշխատելով, առանց յոգնելու…
Վահան Թէքէեանի մահուան (1945) տարելիցին խումբ մը երիտասարդ մտաւորականներով կ՚որոշեն տարելիցը ընել Սէն Ժոզէֆի սրահին մէջ։ Յաջող ձեռնարկէն ետք, «Զարթօնք»-ի խմբագրատան մէջ, ուր ներկայ են նաեւ Փրոֆ. (Բարունակ – Խմբ.) Թովմասեան, Գ. (Գերսամ – Խմբ.) Ահարոնեան, Մեթր (Հրաչեայ – Խմբ.) Սեդրակեան, Հայկաշէն Ուզունեան, Յակոբ Դաւիթեան եւ Միհրան Տէր Ստեփանեան, կ՚որոշուի հիմնել Թէքէեան Մշակ. Միութիւն մը։
Մեթր Սեդրակեան յանձն կ՚առնէ պատրաստել ծրագիր-կանոնագիր, որ իր կարգին Մերթ Հրաչեայ Շամլեանի հետ, վաւերացումը կու տայ 1947-ին։ Ընկ. Յովհ. (Թապագեան – Խմբ.) չ՚ուզեր պատասխանատու պաշտօններ ստանձնել։
1951-ին, անդամացանկի պատրաստութեան մէջ, Տքթ. Վարդապետեանի ձեռամբ, վարչականներու անուններէն ետք, առաջին անունը կ՚ըլլայ Ընկ. Յովհաննէս Թապագեանի անունը։ 1952-ին կ՚ընտրուի վարչութեան ատենադպիր (1952-էն 1975), որմէ ետք ատենապետ վարչութեան 20 տարի՝ մինչեւ 1992, Ամերիկա հաստատուիլը։
1952-ին մտած է ՌԱԿ-ի շարքերուն մէջ, կնքահայրութեամբ Սարուխանի։ Մօտ 5-6 անգամ եղած է վարչութեան անդամ եւ Զարթօնք ակումբի ատենապետ։
40-ամեայ իր գործունէութեանց համար ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Վեհափառի, ստացած է «Սահակ Մեսրոպ» շքանշան, փառաւոր Կոնդակով, Մշակութային շքանշան ստացած է Անթիլիաս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Կթղ.ի կողմէ։ Հայաստանի Կրթական եւ մշակութային նախարարութեան կողմէ պատուոյ շքանշան եւ տրուած արտասահմանի միայն 5 հոգիներու։
Քառասնամեակին կուսակց. Կեդրոնի կողմէ կազմակերպուած պատուոյ ճաշ մը, ուր ստացած է վկայական եւ ոսկի մատանի վրան ՌԱԿ-ի զինանշանով։ Ստացած է շքանշան Թէքէեանի կողմէ, ՀԲԸՄ-ի վեթերանութեան վկայական եւ բազմաթիւ ուրիշներ։
Ընկ. Թապագեան նկարագրով եռանդուն եւ պարկեշտ կուսակցական, անզիջող գաղափարապաշտ, ամբողջական նուիրումով, աննենգ մարդ՝ ընկերասէր ու բարի։