Հարցազրոյցը վարեց՝ ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Այսօր կը հրատարակենք «Զարթօնք» Հայրենիքի մէջ մեր նոր շարքին երկրորդը:
Սոյն շարքով մենք մեր ընթերցողներուն կը հրամցնենք Հայրենիքին առնչուող իրադարձութիւններ եւ հարցազրոյցներ:
Մեր տպագիրը ժամանակակից պայմաններու հետ յարմարցնելու ջանքով, մեր այս շարքին պիտի ընկերանայ նաեւ տուեալ նիւթին վերաբերող տեսանիւթը, որ, մեր առցանց հրատարակութեան զուգահեռ, մեր տպագիրի ընթերցողին տրամադրութեան տակ պիտի դնենք կողքին զետեղուած QR ծածկագրին միջոցաւ:
«Խմբ.»
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի հանրապետութեան ներկայացուցիչ, Մասթըր Կարօն, ինչպէս իրեն կ’ըսեն Արցախի մէջ, կը կարծէ, որ հայը աշխարհի որեւէ վայրի մէջ կրնայ ապրիլ, բայց չի կրնար ապրիլ ինչպէս թագաւոր, քանզի իր հայրենիքին մէջ չէ: Կարօ Քեպապճեանի պապերը արմատներով Արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիայէն են, կը սերին ազնուական ընտանիքէ: Ջարդերու ժամանակ ամբողջ գերդաստանը ոչնչացուած է: Կարօ Քեպապճեանը ծնած, մեծցած ու կրթութիւն ստացած է Լիբանանի մէջ: Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան լաւագոյն դրսեւորումը կարելի է տեսնել անոր մօտ՝ 15 օր կ’անցընէ Հայաստանի Ագարակ գիւղը, 15 օր՝ Արցախի Շուշի քաղաքը, իսկ 15 օր՝ Լիբանան: Ամբողջ կեանքը, ինչպէս ինքը կը սիրէ ըսել, նուիրել հայ դատին, Ցեղասպանութեան ճանաչման, Արցախի անկախութեան եւ անոր ուղղուած շարք մը կարեւոր քայլեր կատարել:
Հայրենադարձ ազգանուէր Կարօ Քեպապճեանը, բացի 1999 թուականէն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի հանրապետութեան ներկայացուցիչը ըլլալէ, Արցախի մէջ Ուշուի մարտարուեստի ֆետերասիոնի եւ Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիրն է, արեւելեան մարտարուեստի վարպետ է: 1974 թուականին դարձած է Մերձաւոր Արեւելքի սեւ գօտիներու կազմակերպութեան մարզիչ, այնուհետեւ՝ ախոյեան: Սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ հիմնած է կեդրոններ՝ նպատակ ունենալով հայ երիտասարդները մարզել ու համախմբել: 1976 թուականին պաշտօնապէս հիմնած է Հայ սեւ գօտիներու միջազգային ֆետերասիոնը (ABBA):
«Զարթօնք» օրաթերթի «Զարթօնքը հայրենիքի մէջ» խորագրի ներքոյ զրուցած ենք Կարօ Քեպապճեանի հետ՝ հայրենադարձութեան, Հայաստան-Սփիւռք կապի ամրապնդման, Արագածոտնի մարզի Ագարակ համայնքին մէջ «ԱՅԲ 3» թաղամասի կառուցման, տեղանքի յատուկ ընտրութեան, անոր պատմական առանձնայատկութիւններու եւ այլ հետաքրքրական հարցերու մասին:
Քրիսթինա Աղալարեան – Պարոն Քեպապճեան, երկար տարիներէ բնակութիւն հաստատած էք Արցախ եւ Հայաստան: Կ’ուզեմ խօսիլ հայրենադարձութիւն երեւոյթի մասին, հայրենիքի մէջ ապրելու, հաստատուելու դժուարութիւններուն եւ ի հարկէ դրական կողմերուն մասին:
Կարօ Քէպապճեան- Հայկական ծիրանի ծառը կ’ապրի Հայաստանի մէջ: Չինաստան փորձեցէք ուղարկել նոյն ծառը, չի բարգաւաճիր, քանի որ ծիրանի ծառը կ’ապրի ու կը ծաղկի հայկական հողի վրայ: Կրնայ կ’ապրի այլ հողի վրայ, բերք տալ, բայց համը նոյնը չ’ըլլար: Հայը կրնայ ապրիլ որեւէ տեղ, բայց որպէս թագաւոր չի կրնար ապրիլ, այլ որպէս հասարակ քաղաքացի: Հայրենադարձութիւնը կապուած է բնութեան հետ, տիեզերքի, աստղերուն հետ, ջուրի ու հողի հետ: Հայերը եթէ կ’ուզեն որպէս թագաւոր ապրիլ, առողջ ապրիլ ու չհիւանդանալ, պէտք է ապրին սեփական հողի վրայ, այնտեղ, ուր իր արմատներն են: Ես միշտ ըսած եմ՝ մենք պէտք չունինք Սփիւռքի ամբողջ հայութիւնը բերելու Հայաստան, մենք պէտք է կարկինի փիլիսոփայութիւն ունենանք: Կարկինը ունի մէկ սուր ծայր ու կլոր շրջող հատուած: Սուր մասը պէտք է ըլլայ հայրենի հողի վրայ, միւս մասը կրնայ դուրսը ըլլալ: Մեր զաւակներուն պէտք է ըսենք՝ գացէք Հոնկ Քոնկ, Լաս Վեկաս, դրամ վաստակեցէ՛ք, զարգացէք, սորվեցէք, բայց ձեր սուր մասը հայրենիքի մէջ պահեցէք: Համոզուած, գիտակից ու գիտական ձեւով պէտք է մօտենանք Հայրենիքին, զայն դարձնենք նոյնիսկ Զուիցերիայէն լաւ: Մենք պէտք է մեր հողը զարգացնենք, ընենք այն ինչ ես կ’ընեմ: Ես կ’ապրիմ «Այբ երեք» թաղամասը՝ ամէն առտու Արարատին կը բարեւեմ, Արագածի հետ կը խօսիմ ու Արա լեռէն դաս կ’առնեմ: Այբ երեքի թագաւորութիւնը այստեղ է, իմ դրախտս ես գտած եմ այս չոլերուն մէջ: Այստեղ երկար ժամանակ չոլ էր, միայն չոր տարածք կը տեսնէիր, իսկ այսօր, ներեցէ՛ք, ի՞նչ կը տեսնէք: Ես ըրի, իմ ձեռքովս, իմ քրտինքովս, ամէն առտու արթննալով ու այս տարածքը կանաչի վերածելով ինծի համար լաւ բան ըրի, ոչ թէ հայրենիքին: Ամէն մարդ թող չըսէ, թէ հայրենիքի համար կ’ընեմ, դուն քու անձիդ համար կ’ընես, քու շահիդ համար կ’ընես: Եթէ հայը կ’ուզէ լաւ ապրիլ, թող գայ ու Հայաստան ապրի, զարգացնէ այս երկիրը: Հայաստանը լաւ տեղ պէտք է դարձնենք, որպէսզի օտարներն ալ գան: Գերմանացի, ֆրանսացի ընկերներս կու գան Հայաստան ու, զարմանալի է, աւելի շատ կը սիրեն զայն, աւելի շատ կը հաւանին, քան այստեղի հայերը: Ինչո՞ւ, որովհետեւ կը տեսնեն բնութիւնը, գիւղերուն մէջ կտոր մը հաց կիսելը: Ոչ թէ Հայաստանը պէտք ունի մեզի, այլ մենք ունինք Հայաստանի կարիքը:
Ք.Ա.– Ձեր կարծիքով, մենք այսօր Սփիւռքի ներուժը բաւարար չափով կը յաջողի՞նք օգտագործել:
Կ. Ք. – Նախ մենք մեր ներուժը չենք օգտագործեր, Հայաստանի ուղեղները դուրս կ’ուղարկենք, «գացէ՛ք» կ’ըսենք: Այսօր Ամերիկեան համալսարան բացուած է այստեղ, «Թումօ» կեդրոն կը գործէ, ձեր կարծիքով՝ մեզ սիրելու համա՞ր բացուած է: Այո՛, շատ շնորհակալ ենք, որ կ’օգնեն, բայց լաւագոյն ուղեղները կը տանին արտասահման: Չեմ ըսեր, որ ատիկա «Թումօ»ի կամ համալսարանի մասով, այլ ընդհանրապէս: Հայաստանը եղած է ուսումի կեդրոն, մենք մեր պատմութիւնը լաւ չենք սերտած: Պէտք է տեսնենք, օրինակ, Քարահունջի պատմութիւնը, Իշխանաձորի, Տաթեւի վանքի պատմութիւնը նոյնպէս կամ այստեղի՝ Ագարակի ուժաբանական կեդրոնը: Մենք շատ լաւ վայրեր ունինք, զորս չենք զարգացներ: Մենք օտարին կը նայինք ու կ’ուրախանանք, կը մոռնանք մենք մեզ: Այս մասին պէտք է երկար խօսինք: Ես կ’առաջարկեմ նոր անուն գտնել հայերուն համար: Օրինակ՝ արեւ, որ ունի կրակ, տաքութիւն, լոյս, երեք-չորս մասէ բաղկացած է, բայց մենք արեւ կ’ըսենք: Բաւական է, ա՛յ, ժողովուրդին կտրենք՝ սփիւռքահայ, Ղարաբաղի հայ, Հայաստանի հայ: Մէկ հայ կայ, պէտք է մէկ անուն գտնել: Սփիւռքի նախարարութիւնը թող մտածէ գիւտ մը ու անուն մը դնել: Սփիւռք չկայ այլեւս, ամէնքս միացած ենք, միայն թէ այդ միացնող ուժը կ’ուզենք, պէտք է մեր անձնական շահերը մէկ կողմ դնենք, զուտ աշխատինք հայրենիքի համար: Պէտք է վերադառնանք մեր արիական լոյսի գաղափարին, լոյսի, ինքնազոհողութեան մարդիկ ունենանք մեր ղեկավարութեան մէջ, ոչ թէ գրպանի մարդիկ:
Ք. Ա. -Պարոն Քեպապճեան, Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան խնդիրը օրհասական է: Հայրենադարձները կը պնդեն՝ միակ ելքը հայրենիք վերադառնալն է, հակառակ պարագային՝ հայը մի քանի սերունդ ետք կը դադրի հայ ըլլալէ: Դուք ի՞նչ կը կարծէք այս խնդրով:
Կ. Ք. –Հայը Սփիւռքի մէջ երկու ճար ունի՝ կամ պիտի ձուլուի կամ ետ Հայաստան պէտք է գայ: Միջին լուծումը քիչ մը այստեղ քիչ մըն ալ այնտեղ է: Նայեցէ՛ք ուրիշ երկիրներու, մեր թիւը մի քանի միլիոն, միլիառ պէտք է ըլլար: Մեր պատմութեան մէջ թուրքը, օսմանը 50 հազարով արշաւեցան, եկան, այսօր նայեցէք՝ միլիոնաւոր ժողովուրդ են: Հայը գնաց տարածուեցաւ, հասաւ Սուրիա, Լիբանան: Մենք պէտք է վերջնականապէս կեդրոնանանք, որոշենք մեր հայրենիքը ո՞րն է: Ուր որ հաց, փող ու ջուր կայ, այնտեղ չէ մեր հայրենիքը: Մեր հայրենիքը այս քարերն են, այս ժայռերն են: Մարդիկ դժբախտաբար վերածուած են կենդանիներու, շողոքորթելու, լաւ կեանքով ապրելու մասին կը մտածեն միայն կամ կը խօսին, հոգեւոր աշխարհը մոռցած ենք, միայն ֆիզիքականին կ’երթանք: Ես կ’ողջունեմ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութիւն, ատիկա բացառիկ բան է, բայց անիկա պէտք է իր պտուղը տայ: Թաւշեայ յեղափոխութեան կողքը պէտք է դնենք մտային ու հոգեւոր յեղափոխութիւն, արթնութիւն: Անկէ ետք յեղափոխութիւնը գործնական կ’ըլլայ, ժողովուրդը լաւ կեանքով կ’ապրի: Այդ ժամանակ սփիւռքահայերը իրենք ուզելով կու գան, մենք պէտք չունինք իրենց համոզելու:
Ք. Ա. -Ի՞նչ քայլեր պէտք է ըլլան, որոնք կը շահագրգռեն սփիւռքահայերը վերադառնալու հայրենիք: Այդ գործին մէջ պետութեան դերը ո՛րն է, պետական աջակցութիւնը: Կրնա՞ք նշել Հայաստանի զարգացման ռազմավարական ուղղութիւններէն մի քանին:
Կ. Ք. – Առաջինը՝ կ’ըսենք երկրին մէջ անգործութիւն է: Ես հիմա փիլիսոփայութիւն չեմ ըներ: Անգործութիւն է, քանի որ ֆապրիքաներ չկան, մարդիկ գործ չունին: Եթէ մենք մի քանի միլիոն տոլար դնենք Հայաստանի մէջ, ամէն գիւղի մէջ գործարաններ բանանք, անգործութիւն չ’ըլլար: Մենք այստեղ շատ մեծ արդիւնաբերութիւն կրնանք ընել ու արտադրել: Գիւղատնտեսութիւնը նոյնպէս կարեւոր է, որ սովետի ժամանակ յատուկ մեքենաներ կը պատրաստէին ու այստեղի միրգերը կը տանէին Ռուսիա: Բայց այդ ժամանակ մեր գիւղացիին համար արգելք կար, հիմա, փառք Աստուծոյ, չկայ: Հայաստանի մէջ պէտք է զարգացնել զբօսաշրջութիւնը: Անոր համար առաջնահերթ պէտք է ըլլայ երկրի ճանապարհները սարքել: Աշխարհը կը փոխուի, նոր արհեստագիտութիւններու վրայ է, հին օրէնքները այլեւս չեն գործեր: Մենք պէտք է աշխատինք դուրսէն մեր բարեկամները բերել այստեղ: Պէտք է Երեւանէն դուրս գալ, երկրորդ մայրաքաղաքի մասին մտածել: Երեւանը սիրտն է ամբողջ Հայաստանի, բայց եթէ երիկամդ հիւանդացաւ, սիրտը կը մահանայ: Ըսել կ’ուզեմ՝ Երեւանով պէտք չէ բաւարարուիլ, անհրաժեշտ է անցնիլ այլ շրջաններ:
Ք. Ա. –Դուք նոյն այդ նպատակով Արագածոտնի մարզի Ագարակ համայնքին մէջ հիմնած էք «Այբ երեք» թաղամասը: Կը պատմէ՞ք թաղամասի առանձնայատկութիւններուն մասին, քանի՞ հայրենադարձ կը բնակի այդտեղ:
Կ. Ք. – Ես Երեւանի մէջ կրնամ Հիւսիսային պողոտայի վրայ ապրիլ, բայց այնտեղ չեմ ապրիր: Ես կ’ապրիմ «Այբ երեք»ի մէջ՝ Արագածոտնի մարզի մէջ, ես այս մարզը պէտք է զարգացնեմ: Ես ունիմ 50 հազար հետեւորդ, եթէ, օրինակ, 5000 սփիւռքահայ բերեմ մարզը կը զարգացնեմ: Արդէն մի քանի հարիւր մարդ եկած է: Գիտէ՞ք ինչու իրենք կու գան այստեղ ապրելու: Քանի որ Մասթըր Կարօն կ’ապրի այստեղ, կը տեսնեն իմ հողամասս, ցանկութիւն կը յայտնեն իմ քովս հող առնել: Այս շրջանի հողերը կոպեկներ կ՛արժէր, հիմա սղած է: Ես բան մը հասկցած եմ՝ քանի դեռ Լիբանանի մէջ ես յարգուած անձնաւորութիւն եմ, մարդիկ ինծի կը վստահին: Այստեղ թաղամաս կը սարքուի, մարդիկ կ’ապրին, ու եկողները Գերմանիայէն են, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Շուէտէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն շատ չկայ: Մարդիկ, որոնք ամենահարուստ երկիրներու մէջ ապրած են, կը ձգեն-կու գան: Անոնք այստեղ կը տեսնեն հարազատութիւնը, ջերմութիւնը, տաքութիւնը, մարդու իսկական կերպարը: Հայաստանի բարիութիւնը, ջերմութիւնը պէտք է տանք աշխարհին: Զբօսաշրջիկը, որ գիւղ պիտի այցելէ, իրեն առջեւ հաց ու պանիր կը դնեն, կը զարմանայ մարդոց անկեղծութեան, ազնուութեան վրայ: Իսկ մասնաւորաբար այս հատուածի առանձնայատկութիւնը այն է, որ այստեղ շատ հնադարեայ ամրոցներ կան՝ 4-5 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող: Արծիւի թեւին տակ մենք գտանք մեր արիական առաջին դամբարանները: Մենք պեղումներ կատարեցինք, մեր նախնիներուն շիրիմները գտանք այստեղ: Պէտք է նաեւ նշեմ, որ այս շրջանին ջուրի խնդիր չունինք, Արագած լեռը մեզ իր աւիւնով առողջ կը պահէ, օդը մաքուր մնացած է: Այս շրջանին մէջ բոլորը վանեցիներ են, մշեցիներ են: Այս բոլոր գիւղերուն մէջ գրեթէ բոլոր բնակիչները Արեւմտեան Հայաստանէն են: Ատիկա աւելի կը հեշտացնէ Սփիւռքի հետ իրենց կապերը: Մենք ունինք Սփիւռքի նախարարութիւն, որ ստեղծած է Սփիւռքի համար: Ինչո՞ւ, հատ մը խելացի սփիւռքահայ չկա՞յ, որ, օրինակ, նախարար նշանակեն կամ ոչ անպայման նախարար, ընդամէնը որեւէ աշխատանք տան: Սփիւռքահայը դրամի պէտք չունի: Թող ըսեն՝ եկուր, քեզի գործ կու տանք: Չըսենք, որ թող գան սփիւռքահայերը, դրամ ծախսեն, մենք ալ վաստակինք: Նոր Հայաստանի մէջ պէտք է ապրիլ ու ապրեցնել, ուրախանալ եւ ուրախացնել: Սա ալ թող ըլլայ նոր յեղափոխութիւն, որը ե՛ս կ’ըսեմ: