«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով ժամանած է Լիբանան: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ դիմաւորման արարողութենէն ետք Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ուղեւորուած է Լիբանանի նախագահի նստավայրը, ուր կայացած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարի եւ Լիբանանի նախագահի հանդիպումը:
Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունին ջերմ ընդունելութեան համար՝ նշելով, որ ուրախ է այցելելու եղբայրական երկիր` Լիբանան: «Շնորհակալ եմ ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ Երեւանում Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովին Ձեր մասնակցութեան եւ շատ բովանդակային ելոյթով հանդէս գալու համար: Մօտ մէկ ամիս առաջ էլ Նիւ Եորքում առիթ ունեցանք մտքեր փոխանակելու Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ բազմաբնոյթ յարաբերութիւնների շուրջ: Այժմ եւս երկխօսութեան նոր հնարաւորութիւն ունենք: 1991 թ. Հայաստանի անկախացումից յետոյ մեր երկրների յարաբերութիւնները, մեր ժողովուրդների դարաւոր առնչութիւնները ձեռք են բերել նոր որակ, ինչը բնորոշ է երկու բարեկամ պետութիւններին եւ եղբայր ժողովուրդներին: Դա պէտք է լաւագոյնս ծառայեցնենք մեր գործընկերութեան ամրապնդմանը, մեր ընդհանուր նպատակների իրականացմանը»,- ըսած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը:
Միշէլ Աուն ողջունած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարի այցը Լիբանան` ընդգծելով, որ այդ մէկը կը նպաստէ երկու երկիրներու աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացման ու ամրապնդման: Լիբանանի նախագահը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան 17րդ գագաթնաժողովը Երեւանի մէջ բարձր մակարդակով կազմակերպելու եւ իրականացնելու համար:
Զրուցակիցները ընդգծած են, որ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ առկայ է բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւն, որ պայմանաւորուած է պատմական բարեկամական կապերով եւ լիբանանահայ կենսունակ համայնքի դերակատարութեամբ: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ հայ ժողովուրդը երախտագիտութեամբ կը յիշէ Լիբանանի ժողովուրդի սրտաբաց վերաբերմունքը ցեղասպանութիւն վերապրած մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ. «Լիբանանը միակ երկիրն է տարածաշրջանում, որը պաշտօնապէս ճանաչել է Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ դա կարեւոր է ոչ միայն պատմական յիշողութեան պահպանման, այլեւ նոր ցեղասպանութիւնների կանխարգելման համար»: Վարչապետի պաշտօնակատարը նաեւ ընդգծած է, որ Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը առանձնայատուկ վերաբերմունք կը տածէ բարեկամ Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին նկատմամբ, որուն խօսուն վկայութիւնը այն է, որ տարածաշրջանի երկիրներէն նոյն ինքն Լիբանանի մէջ կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսարանը:
Իր հերթին Լիբանանի նախագահը բարձր գնահատած է լիբանանահայ համայնքի դերը երկրի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, մշակութային, կրթական եւ մարզական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու բարեկամութեան սերտացման գործին մէջ:
Զրուցակիցները անդրադարձած են առեւտրատնտեսական երկկողմ կապերու զարգացման հնարաւորութիւններուն եւ կարեւորած այդ ուղղութեամբ աշխոյժ աշխատանքը: «Պէտք է այնպէս անենք, որպէսզի երկկողմ տնտեսական կապերը համապատասխանեցնենք մեր երկրների միջեւ քաղաքական եւ մարդկային յարաբերութիւնների բարձր մակարդակին»,– նշած է Նիկոլ Փաշինեան: Վարչապետի պաշտօնակատարը ներկայացուցած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած միջոցառումները կաշառակերութեան դէմ պայքարի, հարկային եւ մաքսային ընթացակարգերը պարզեցնելու, ներդրումային նպաստաւոր միջավայր ձեւաւորելու ուղղութեամբ: Լիբանանի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու երկու երկիրներու կառավարութիւններուն համատեղ ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններու իրականացման գործին մէջ:
Կողմերը միտքեր փոխանակած են միջազգային կառոյցներու մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան, միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ:
Նիկոլ Փաշինեանը ողջունած է Լիբանանի` «Մարդկային ակադեմիա» հիմնելու նախաձեռնութիւնը, որուն մասին նախագահ Աունը յայտարարած է 2017ի Սեպտեմբեր 21ին Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ ԳԱ նստաշրջանի ժամանակ: «Հայաստանը ողջունում է Լիբանանի` որպէս տարբեր քաղաքակրթութիւնների, կրօնների եւ ռասաների միջեւ երկխօսութեան կենտրոն դառնալու նախաձեռնութիւնը եւ պատրաստ է աջակցել դրան: Մենք վստահ ենք, որ տարբեր կրօնների եւ ազգութիւնների խաղաղ գոյակցութեանը միտուած Լիբանանի ջանքերն ու կուտակած փորձը կարող են ուսանելի լինել ոչ միայն առանձին երկրների, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանների համար»,– նշած է Նիկոլ Փաշինեան եւ համոզում յայտնած, որ նախաձեռնութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն կ’ունենայ նաեւ Հայաստանի ուսանողներուն մօտ:
Լիբանանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարին` Լիբանանի հարաւը ՄԱԿի ԵՈՒՆԻՖԻԼ խաղաղապահ առաքելութեան Հայաստանի մասնակցութեան համար: Ընդգծելով, որ Հայաստանը հաւատարիմ է իր միջազգային յանձնառութիւններուն եւ կը կարեւորէ մասնակցութիւնը Լիբանանի մէջ ՄԱԿի խաղաղապահ առաքելութեան իրականացման` Նիկոլ Փաշինեան գոհունակութիւն յայտնած է ՄԱԿի ԱԽ կողմէ ԵՈՒՆԻՖԻԼ խաղաղապահ առաքելութեան լիազօրութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու կապակցութեամբ:
Հանդիպումի աւարտին վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան գրառում կատարած է Պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ: