ՎԵՐԺԻՆ ԵՒ ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հայաստան այցելողները յաճախ կը գտնուին հետաքրքրական ու հաճելի նորութիւններու դէմ-յանդիման։
Սփիւռքահայերը որքան ալ զմայլին հայրենի երկրի գեղեցկութիւններուն‚ համադամ խոռովածներուն եւ միջնադարու ու սովետական շրջանի մշակութային կոթողներու իւրայատկութեան վրայ‚ կը վերադառնան իրենց բնակավայրերը Երեւանի մէջ լոյս տեսնող օրաթերթերէն կամ շաբաթաթերթերէն առանց գէթ մէկ օրինակ տեսած ըլլալու։ Ըստ երեւոյթին‚ արտասահմանի հայերուն հայրենի իրականութեան եւ նաեւ քաղաքական կեանքին հետ գրեթէ միակ առնչութիւնը Երեւանի թաքսիի վարորդներուն հետ շաղակրատութիւնն է։
Եւ, ո՛վ զարմանք‚ Սեպտեմբեր 2018 թուականին բոլոր վարորդներն ալ (բացի մէկէն‚ որպէսզի յարգուի բացառութեան օրէնքը) կը խօսէին նոյնանման – թէ բան մը փոխուած է‚ եւ թէ մեծ յոյս ունէին, որ աւելի լաւ պիտի լինի… եթէ խանգարիչներ իրենց գործը չկատարեն։
Հայրենիք կատարած մեր վերջին այցելութեան ընթացքին ունեցանք բազմաթիւ հաճելի հանդիպումներ հայրենի գրողներու‚ ակադեմականներու եւ նաեւ Երեւանի գլխաւոր գրադարաններու պատասխանատուներուն հետ։ Հասարակաց գրական ու մշակութային հետաքրքրութիւններ ու մտահոգութիւններ գլխաւոր առանցքը կը կազմէին նման հանդիպումներուն եւ անպայմանօրէն ալ գիր ու գրականութեան փոխանակումով։ Հասարակաց ցաւ էր‚ որ հայրենիք-սփիւռք մամուլի ու գիրքի փոխադրութիւնը կախեալ էր խմբագիրներու ու հեղինակներու անձնական ճամբորդութիւն-բեռնակրութիւններէն եւ ոչ թէ պետական պատկան մարմիններու բարեացակամ հոգածութենէն‚ ինչ որ էր պարագան նախա-անկախութեան տարիներուն։
Լիբանանահայ Հայկ եւ Էլզա Տիտիզեաններու կառուցած «Երեւան, Իմ Սէր» բարեսիրական հաստատութեան հովանաւորութիւնը վայելող Վարպետաց տան մատենադարանին մէջ հանդիպեցանք գեղեցիկ նկարազարդումներով‚ արեւելահայերէն եւ ռուսերէն լաթակազմ մանկապատանեկան շարքի մը‚ բոլորն ալ հեղինակուած Նունէ Սարգսեանի կողմէ։ Կ’արժէ, որ նշենք խորագիրները.
Վիշապ Նեսին‚ Քազալ ոզնին‚ Հերոսներ (նաեւ ռուսերէն)‚ Թէ ինչպէս փղիկը ճիշդ շնչել սովորեց‚ Կափիղկա‚ Թզուկ Մզուկը‚ Երեք Վիշապ‚ Դաւիթ‚ Հայկ եւ Բազիլիկուս‚ Քոլո‚ Նռան հատիկներ (նաեւ ռուսերէն)‚ Թագաւորն ու վիշապը (նաեւ ռուսերէն)‚ Սադափ։ Տեսանք նոյն հեղինակին գրի առած «The magic buttons» խորագրուած անգլերէն գրքոյկն ալ։
Նունէ Սարգսեանի անունին կրկին հանդիպեցանք Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի պատասխանատու Պրն. Երան Սիմոնեանի գրասենեակին մէջ։ Երբ կը յայտնէինք մեր ուրախութիւնը, թէ մանկապատանեկան նման գիրքեր կը հրատարակուին Երեւանի մէջ‚ ան մեզի նուիրեց իր գրասեղանին հանդիպակաց պահարանին մէջ գտնուող Նունէ Սարգսեանի հեղինակութիւններէն երեք հատոր (Վիշապ Նէսին‚ Ճաղատ Ոզնին եւ Թզուկ Մզուկը)‚ եւ բոլորն ալ վերծանուած … արեւմտահայերէնի։ Մի քանի օր ետք ալ պիտի բախտաւորուէինք անձնապէս հանդիպելու եւ ծանօթանալու վերոնշեալ գրքոյկները արեւմտահայերէնի վերածողին‚ նախկին գամիշլիահայ‚ մանկապատանեկան Հայկաշխարհ կայքի խմբագիր Տիկ. Նայիրի Մկրտիչեանին‚ եւ իրմէ պիտի տեղականայինք, թէ վերոնշեալ խորագիրներէն 5ը հրատարակուած էին արեւմտահայերէնով‚ եւ այլ խորագիրներ ալ Արցախի‚ Կիւմրիի բարբառներով։
Եւ այս բոլորին մէջ ամէնէն հետաքրքրականը եւ ուրախացուցիչը այն է թէ‚ Տիկ. Նունէ Սարգսեանը ուրիշ մէկը չէ‚ եթէ ոչ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տիկինը։ Տակաւին վերջերս սփիւռքահայ մամուլի էջերուն մէջ տեսած էինք Տիկ. Նունէի ամուսնոյն‚ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Պրն. Արմէն Սարգսեանին լուսանկարները‚ ուր ան յայտնուած էր Գասգատի պուրակին մէջ մանուկներուն հետ պաղպաղակ համտեսած ժամանակ։
Հետաքրքրական երեւոյթը շարունակուեցաւ Խնկօ Ապեր մանկական գրադարան այցելութեան օրը‚ երբ գրադարանի տնօրէնուհի Տիկ. Ռուզան Տոնոյեանէն ստացանք տակաւին վերջերս հրատարակուած մանկապատանեկան հրատարակութիւն մը՝ հեղինակութեամբ Պարոն վարչապետին՝ Նիկոլ Փաշինեանին։ Գրադարանի տնօրէնութիւնը անցեալ Մարտին Պրն. Փաշինեանէն կը խնդրէ (երբ ան տակաւին վարչապէտ չէր) մանուկներու համար ընթերցում կատարել, իսկ ան կ’որոշէ այս առիթով պատմուածք մը գրել եւ ընթերցել մանուկներուն, գրադարանի հիանալի դահլիճին մէջ։ Տակաւին վերջերս‚ Չար տնակի հեքիաթը խորագրեալ այդ պատմուածքը հրատարակուած է գունաւոր կողքի մը տակ‚ եւ իւրաքանչիւր էջին վրայ մանուկ-պատանիի մը գեղանկարով։
Առաջին տիկինը եւ վարչապետը մանկագիրներ‚ իսկ նախագահն ալ մանուկներու իսկական բարեկամ մը:
Իսկապէս բան մը փոխուած է հայրենիքի մէջ … դէպի լաւը: