ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. – Նշանաւոր առած մը կ՝ըսէ, «Մարդիկ կան որ աշխարհի շալակը ելած են, իսկ մարդիկ ալ կան որ, աշխարհը իրենց շալակը առած են»:
Այսպիսին են նաեւ՝ մեր շատ սիրելի հայկական կարգ մը կազմակերպութիւններու ղեկավարները, որոնք կը դասուին իրենց կազմակերպութիւններու շալակը ելած կամ շալակած դասին:
Հայրենի ժողովուրդը ունի նշանաւոր կրաւորական ասացուածք մը որ կ՚ըսէ. «Ի՞նչ արած», մէկ խօսքով՝ կամ անտարբերութեան մէկ այլ դարձուածքով՝ «ինծի ի՞նչ»: Անշուշտ, երբ «ի՞նչ արածը» կամ անտարբերութիւնը համատիրական բնոյթ ստանայ այնտեղ, այդ կամ այն կազմակերպութեան ծալքերուն ներսիդին, շատ հաւանաբար անոր կառոյցին փլուզումին պատճառ կրնայ դառնալ:
Այսպիսին եղած են բազմաթիւ այլ կազմակերպութիւններու վախճանը, մեր հայ ժողովուրդի անմիջական նախկինի պատմութեան մէջ, որոնց շատերուն յիշատակը նոյնիսկ մոռացութեան տրուած է այսօր:
Կրնանք նայիլ եւրոպական ժողովրդային զարթնումի ժամանակաշրջանին եղած հայկական ժողովրդային զարթնումի պատմականին՝ 1850 թուականէն մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջան:
Սակայն այսօր կ՚ապրինք 21-րդ դարու մէջ, իր զարգացման գագաթնակէտին հասած արուեստական եւ գիտական յառաջխաղացքով, որուն իւրաքանչիւր տարին համազօր է նախնադարեան կամ միջնադարեան 500 տարուան յառաջխաղացքին: Բայց… տակաւին կա՛ն անձեր, որոնք կը շարունակեն ապրիլ միջնադարեան ապրելակերպով, իրենց բնաւորութիւններով, վարուելակերպերով եւ համոզմունքներով, հակառակ անոր որ իրենք ֆիզիքապէս 21-րդ դարու մէջ են:
Աւատապետական, տիրակալական եւ սեփականացման գաղափարներով սնած անձեր, կազմակերպութեան կամ քաղաքական ղեկավարներ, իրենց սոյն սին գաղափարապաշտութիւններով, տակաւին կ՚ապրին միջնադարեան սովորութիւններով, հակառակ անոր որ, անոնց մեծամասնութիւնը, ձեւականօրէն կը դաւանի կամ կը պատկանի սոցիալական եւ ժողովրդավարական հաւատամքներու եւ գաղափարախօսութիւններու: Առերեսսա՞նց պիտի համարուին այդ մարդկանց առերեւոյթ արարքները, երբ անոնք հակասական կը դառնան իրենց պատկանելիութիւններու գաղափարախօսութիւններուն: Ի՞նչ կարծիքի կամ եզրակացութեան կարելի է յանգիլ այդպիսի անհատներու արարքներէն, արտայայտութիւններէն եւ մանաւանդ գրութիւններէն, երբ անոնք կը հակասեն իրենց կազմակերպութեան պատկանելիութեան եւ դաւանանքին, քաջ իմանալով որ այդ անհատները կը սնանին այդ նոյն կազմակերպութեան աւիշէն կամ՝ բազմած են իրենց մշտնջենական աթոռներուն վրայ, «վայելելով» այդ կազմակերպութեան «բարիքները», եւ «մէկ ոտքերնին այստեղ, միւսը այնտեղ» կը դեգերին աշխարհով մէկ, յանուն կազմակերպութեան «ծառայութեան»:
Իսկ այն միւսը, որ աշխարհը շալակած կը փորձէ կանգուն պահել, բարելաւել կամ զարգացնել իր պատկանեալ կազմակերպութիւնը, պահելով, հետեւելով եւ հաւատալով անոր դաւանանքին, տակաւին… ապարդիւն կը պայքարի իր իսկ անձնական զոհողութիւններով: