ՎԻԳԷՆ Կ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ
«Զարթօնք»ի աշխատակից
Հոկտեմբեր 17ի երեկոյեան ժամը 8ին, Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Տեղական Վարչութեան: Երեկոյին ներկայ էր գրասէր բազմութիւն մը: Ներկայ էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ, նախկին պետական երեսփոխան Ընկ. Յակոբ Գասարճեան, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի վարչապետ Գառնիկ Սարգիսեան եւ ՌԱԿ Շրջանային վարչութեան ու Թէքէեան Մշակութային Միութեան անդամներ: Երեկոյի ընթացքին գրական շրջանակին ներկայացուեցան երիտասարդ տաղանդներ՝ Օրիորդներ Մանէ Անի Պասմաճեանի եւ Սարին Արապաղեանի բանաստեղծական ստեղծագործութիւնները: Ձեռնարկին գլխաւոր զեկուցաբերն էր Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի հայագիտական նիւթերու ուսուցիչ, բանասէր Տիար Աւետիս Տիպան:
Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական վարչութենէն Տիկին Լենա Պալըքճեանը, որ յայտնեց այս ձեռնարկին նպատակը՝ ներկայացնել նոր սերունդի գրական տաղանդներ: Երիտասարդներ, որոնք իրենց տաղանդով պիտի շարունակեն վառ պահել հայ գրականութեան ջահը: Ապա ան յաջորդաբար սկսաւ հակիրճ ձեւով ներկայացնել իւրաքանչիւրը:
Օրդ. Մանէ Անի Պասմաճեան յաճախած է Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան ու ներկայիս կը հետեւի մարդաբանութեան եւ հանրային վարչարարութեան ճիւղին Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ: Ան արդէն «Պահուըտած Ժպիտ» հատորին հեղինակն է: Ան մրցանակակիր է հայ գիրքի մրցանքին: Մանէ տպաւորիչ առոգանութեամբ ներկայացուց «Մանկութիւն», «Պարոյր Սեւակ», «Հայոց Բանակին», «Մարդկային Արժէքներ» եւ Շուպըրթի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ սիրային բանաստեղծութիւն մը: Մանէի բանաստեղծութիւնը կը յատկանշուի խորունկ վերլուծումով եւ գեղեցիկ պատկերներով: Ան խոկումի եւ խորքի բանաստեղծուհին է: Օրդ. Պասմաճեան ապագային կը խոստանայ դառնալ պայծառ անուն մը մեր գրականութեան անդաստանին մէջ:
Ապա Վահան Սաղտըճեան դաշնամուրի վրայ գեղեցկօրէն ներկայացուց «Երազ Իմ Երկիր» երաժշտական կտորը:
Օրդ. Սարին Արապաղեան աւարտած է Դարուհի Յովակիմեան վարժարանը: Ապա հետեւած է տեղեկատուական արհեստագիտութեան ճիւղին Միտըլ Իսթ համալսարանին մէջ: Ներկայիս «Զարթօնք» օրաթերթի քարտուղարուհին է: Սարին մեծ յուզումով ներկայացուց իր բանաստեղծութիւնները՝ «Կարօտ», որու նիւթն է իր կարօտը հայրենի հողին եւ հայերէն լեզուին հանդէպ, «Ֆետայիի Յիշատակին» եւ «Քաջարի Որդիս», որու նիւթն է բանակ ծառայութեան մեկնող տղու մը մօր յուզումը եւ քաջարի տղուն խոստումը վերադառնալու:
Օրդ. Վարդի Սալխանեան աւարտած է Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարանը եւ ներկայիս կը յաճախէ Սահակեան Լ. Մկրտիչեան Գոլէճ: Կը սիրէ եկեղեցին ու կը ծառայէ անոր որպէս դպրուհի եւ Կիրակնօրեայ վարժարանի օգնական: Վարդի ներկայացուց ասմունք՝ Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւններու «Ծաղկաքաղ», ապա Լեւոն Մինասեանի «Տլէ Եաման» տուտուկի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ Վահէ Օշականի «Տարեդարձ»ը, որուն նիւթն է տարագիր հայ անհատին պայքարը իր ոգիի փնտռտուքին մէջ: Վարդի տաղանդաւոր ասմունքող է եւ ապագային գեղեցիկ անակնկալներ կը պահէ հայ ասմունքի համակիրներուն:
Տիար Աւետիս Տիպան գեղեցիկ ոճով ներկայացուց հայ գրականութեան հինգ ժամանակաշրջանները: Անոնք են՝
Հնագոյն շրջան – անյիշելի ժամանակներէն մինչեւ Վանի թագաւորութեան անկումը:
Հին շրջան – Երուանդունիներու թագաւորութեան կազմաւորումէն մինչեւ քրիստոնէութեան հռչակումը որպէս պետական կրօն:
Միջնադար – Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակուելէն մինչեւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման վերելքը:
Նոր շրջան – կը սկսի հայ ազատագրական շարժումներով եւ կը հասնի մինչեւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակումը։
Նորագոյն շրջան – կ’ընդգրկէ Հայաստանի առաջին, երկրորդ (Խորհրդային) եւ երրորդ հանրապետութիւնները՝ ներառնելով Արցախը:
Ան յիշեց իւրաքանչիւր շրջանի գրողներու անուններ եւ ընթերցեց նմոյշներ անոնց գործերէն: Իսկական պտոյտ մըն էր հայ գրականութեան անդաստանին մէջ եւ առիթ մըն էր յիշելու մեր մեծերը: (Խօսքը պիտի տանք առանձին):
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Տիար Վիգէն Թոսունեան, որ շեշտեց մեր մշակոյթը փոխանցելու կարեւորութիւնը եւ յայտնեց իր անսահման ուրախութիւնը, որ կան երիտասարդներ պատրաստ վերցնելու գրականութեան ջահը: Ան, իր խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն, ըսաւ հետեւեալը. «Այսօր անսահման է մեր ուրախութիւնը տեսնելով նոր սերունդի ներկայացուցիչներ, որոնք մեզի ներկայացուցին բանաստեղծութիւն եւ ասմունք: Այո, հաւատացէք նոր սերունդին: Ձեր ձեռքը դրէք անոնց ձեռքին մէջ եւ պիտի տեսնէք որ անոնք պիտի պահեն իրենց հասած ջահը ու զայն փոխանցեն իրենց յաջորդներուն: Մեր ժողովուրդը հպարտ է, որ ունի ձեզի նման երիտասարդ ուժեր: Երիտասարդներ, որոնք գիտեն պահել մեր մշակութային աւանդը: Ապրիք աղջիկներ, մեզի ուրախութիւն պարգեւեցիք: Ձեր գրիչը եւ խօսքը միշտ դալար մնան»:
Ան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական Վարչութեան, Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինին եւ անհատ բարերարներու, որոնք իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը միշտ կը բերեն այս սրբազան գործին յաջողութեան համար: Ան յատկապէս յիշեց Միութեան «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը, «Եութ Պէնտ» երիտասարդական նուագախումբը, գեղարուեստական ցուցահանդէսները եւ գրական երեկոները, որոնք կը վայելեն Միութեան նեցուկը:
Աւարտին, ներկաներ շնորհաւորեցին տաղանդները եւ գոհ սրտով հեռացան:]