«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իսթամպուլի մէջ 90 տարեկանին մահացած է պոլսահայ յայտնի լուսանկարիչ Արա Կիւլերը։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, այս մասին կը յայտնէ թրքական «Հուրիեթ» պարբերականը։
Պոլսահայ լուսանկարիչի ինքնազգացողութիւնը վատացած էր, որուն հետեւանքով զինքը տեղափոխած էին հիւանդանոց։ Հիւանդանոցին մէջ բժիշկները երկու անգամ յաջողած էին վերականգնել Կիւլերի սրտի կանգը՝ տեղափոխելով զինք վերակենդանացման բաժանմունք։
Քիչ անց, սակայն, ան սրտի անբաւարարութեան հետեւանքով մահացած է։
Արա Կիւլերը ծնած է 1928ի Օգոստոս 16ին Իսթամպուլ: Դպրոցական տարիներուն աշխատած է Թուրքիոյ թատերական աշխատանոցներու մէջ եւ յաճախած թատերական դասընթացքներու: 1950էն սկսած է աշխատիլ «Նոր Իսթամպուլ» թերթի մէջ` զուգահեռ ուսանելով Իսթամպուլի համալսարանի տնտեսագիտական բաժնին մէջ: Որոշ ժամանակ անց տեղափոխուած է «Հուրիեթ» թերթի խմբագրութիւն: 1958ի դարձած է ամերիկեան «Լայֆ Թայմ» հանդէսի թրքական մասնաճիւղի Մերձաւոր Արեւելքի առաջին թղթակիցը, ինչպէս նաեւ գործակցած միջազգային մի քանի հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու հետ: 1961ի աշխատանքի անցած է «Հայաթ» թերթին մէջ` գլխաւորելով լուսանկարչական բաժինը: 1960ականներէն իր լուսանկարները զարդարած են անուանի գրողներու գիրքեր եւ ցուցադրուած աշխարհի տարբեր ցուցահանդէսներու ժամանակ:
1970ականներուն ֆոթոհարցազրոյցներ վերցուցած է այնպիսի հեղինակաւոր դէմքերէ, ինչպիսիք են Ուինսթոն Չերչիլը, Մարիա Քալլասը, Ճոն Պերկերը, Պերնարտ Ռասսելը, Սալվատոր Տալին, Փապլօ Փիքասօն, Ինտիրա Կանտին եւ այլք: Կը համարուի Թուրքիոյ մէջ ֆոթոնկարչութեան հիմնադիրը: 2000ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած հարցումներու արդիւնքով իր անունը գրուած է հազարամեակի 10 մեծագոյն թուրքերու կողքին: 2004էն Իսթամպուլի Գիտարուեստական համալսարանի պատուաւոր դոկտոր է:
Իր մականունն է «Իսթամպուլի աչք» կամ «Իսթամպուլի լուսանկարիչ»:
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչի աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ առնուած աւելի քան 100 լուսանկարներ 2013 թուականի Յունիսին ամփոփուեցան Հայաստանի ազգային պատկերասրահէն ներս բացուած «Բարեւ ձեզ» խորագրով ցուցահանդէսին: