Հոկտեմբեր 15ին Ախալցխայի ժողովրդավարութեան ներգրաւման կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում խտրականութեան թեմայով։ Հանդիպման ներկայ էին խորհրդարանականներ, մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի ներկայացուցիչներ եւ ՆԳՆ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գիծով ներկայացուցիչներ։ Հանդիպումը նախաձեռնած էր USAID ժողովրդավարութեան կեդրոնական գրասենեակը։
Հանդիպման կը մասնակցէին ինչպէս հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, այնպէս ալ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ։ Հիմնական քննարկուող թեմաներ էին ընտանեկան բռնութիւնը եւ խտրականութեան բոլոր տեսակի դրսեւորումները։ Հանդիպման կազմակերպիչները յատկապէս իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին կանանց հանդէպ խտրական վերաբերմունքին վրայ։ Մասնաւորապէս խօսքը կը վերաբերէր կանանց համար քաղաքականութեան մէջ ներգրաւելու խտրական վերաբերմունքին հասարակութեան կողմէ։ Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ ընտանիքներուն մէջ տեղի ունեցող բռնութեան թեմաներուն։
Մասնակիցները ունեցան հնարաւորութիւն տարբեր հարցերով դիմելու հանդիպման կազմակերպիչներուն եւ ստանալու իրենց յուզող հարցերու պատասխանը։
Սամցխէ-Ջաւախքի Մետիա Վերլուծական կեդրոնի տնօրէն Էդուարդ Այվազեան մասնակիցներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց ազգային փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն, յատուկ նշելով, որ ինչպէս կը խօսուի կանանց հանդէպ խտրական վերաբերմունքի մասին քաղաքականութեան մէջ, այնպէս ալ պէտք է խօսուի ազգային փոքրամասնութիւններ ներգրաւած չըլլալու մասին տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ, որ եւս խտրականութիւն է։ Անոր խօսքերով Սամցխէ-Ջաւախքի մէջ հայերը կը կազմեն մեծամասնութիւն, սակայն ոչ մէկ ներկայացուցիչ կայ մարզպետարանի աշխատակազմին մէջ։ Ազգային փոքրամասնութիւնները յատուկենտ ներգրաւուած են նաեւ քաղաքապետարանի աշխատանքին, չնայած անոր, որ Ախալցխայի մէջ մօտ 35% հայ ազգաբնակչութիւն կայ։
Ինչպէս հանդիպման կազմակերպիչները, այնպէս ալ հանդիպման մասնակիցներէն քանի մը հոգին փորձեցին չհամաձայնիլ այն մտքին հետ, որ ատիկա եւս խտրական վերաբերմունքի արդիւնք է, փորձելով բացատրել զայն այնպէս, իբր ատիկա կախուած է լեզուի չիմացութենէն եւ Ախալցխայի մէջ հայերու թիւի քիչ ըլլալուն հետ։ Սակայն, անոնց կրկին անգամ ներկայացուեցան այն փաստարկները, որ Սամցխէ-Ջաւախքի մէջ ազգային փոքրամասնութիւնները մեծամասնութիւն կը կազմեն եւ պէտք է որոշ չափով ներկայացուած ըլլան մարզպետարանի աշխատակազմին մէջ, իսկ քաղաքի ծաւալով բնակչութեան 35% փոքր թիւ չէ, որ անոնք ներգրաւուած չըլլան տեղական ինքնակառավարման մարմինին մէջ։ Լեզուի իմացութեան մասով ներկայացուեցաւ, որ Ախալցխայի մէջ նման խնդիր գոյութիւն չունի եւ ատիկա հինցած փաստարկ է, որ չի համապատասխաներ իրականութեան։
Էդուարդ Այվազեան հակաճառել փորձողներուն յիշեցուց, որ այդ մասին անընդհատ կը խօսին նաեւ եւրոպական շարք մը կառոյցներ եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն քաղաքականութեան մէջ ներգրաւելը գոնէ տեղական մակարդակով կը հանդիսանայ անոնց կարեւոր պահանջներէն մէկը։
Սամցխէ-Ջաւախքի Մետիա Վերլուծական Կեդրոն