Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

Նուիրական Հնչեղութիւն Ունեցող Բարեզարդման Աշխատանքի Մը Դէմ Յանդիման (Հայկազեան Համալսարանին)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Նոր ժամանակներու, այսպէս ըսած, պարտադրանքն է, որ ամէն միջավայր թէ կառոյց հերթաբար նախաձեռնէ ներքին բարեզարդման աշխատանքի, որ խորքին մէջ ներդրում մըն է, որ կը միտի բարգաւաճ ու կենսունակ պահելու տուեալ կառոյցը։

Գաղութահայ կեանքի մէջ նման նախաձախնդիր եւ գնահատելի մօտեցումներ  անպակաս են, տարբեր բնագաւառներէ ներս, ինչպէս՝ եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, միութիւն եւ այլն, ինչ որ միշտ ողջունելի են եւ երախտարժան։

Ի դէպ, որեւէ կառոյցի բարեզարդում կը դառնայ ինքնանպատակ, եթէ երբեք  անոր չյաջորդեն նաեւ բազում ոլորտներու բարեկարգչական հեռանկարներ, որոնք այլապէս ալ պիտի նպաստեն առաւել արդիւնաւէտ եւ շահեկան գործունէութեան ծաւալումի, ծաղկումի, բարգաւաճումի եւ յառաջդիմութեան։

Հայկազեան համալսարան։

Սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ երեւոյթ մըն է այս կառոյցը, որ կոչուած է ըլլալու իրերայաջորդ սերունդներու ակադեմական կրթարանը, բարոյահոգեբա-նական կազմաւորումի միջավայրն ու հայաշունչ ապրումներու հաւաքավայրը։   

Փաստօրէն, տասնամեակներէ ի վեր (1955) իր պատուական ներկայութեամբ գործող հայկական այս համալսարանը, ծնունդն է եղած երազի ու հաւատամքի, յոյսի ու վերապրումի, որ ցարդ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, բարձր պահելով անոր հիմնադիրին՝ փրոֆ. Արմենակ Հայկազեանի մարդակերտումի հաւատոյ հանգանակը։   

Ճիշդ է, որ Հայկազեան համալսարանէն ներս բարեզարդման բազմապիսի աշխատանքներու ականատես եղած ենք վերջին տարիներուն, ինչպէս՝ շէնքերու թէ յարակից մասերու, գրադարաններու նորոգութիւն, գրասենեակներու հաստատում, գիշերօթիկի ապահովում, ուսանողական թէ մասնագիտական միջավայրի ստեղծում  եւ այլն։ Սակայն այս պարագային, նորովի բարեզարդման աշխատանքը ունի տարբեր հնչեղութիւն եւ իմաստ։

Ինչո´ւ, որովհետեւ վերջերս կատարուած բարեզարդումը ընդգրկեց այն շէնքը, ուրկէ ծնունդ առած է Հայկազեան համալսարանը։ Երկյարկանի շէնք մը, որ օրին, 1930-ականներուն ծառայած է իբրեւ պատսպարան-կրթարան, հայ վերապրող օրիորդներու, որոնք մազապուրծ ազատած են Հայոց ցեղասպանութենէն։ Շէնք մը, ուր իրենց թանկագին կեանքն ու քրտինքը, հոգեմտային աշխարհն ու յոյսը ներդրած են ազնուահոգի միսիոնարներ, որոնք, հետագային, տուեալ կառոյցը նուիրած են Հայ աւետարանական համայնքին, իբրեւ հայասիրութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի կենարար յիշատակ։    

Եւ ահա, երբ կ’ընդգծենք նորովի բարեզարդման աշխատանքին իմաստը, յուզական երեւոյթ ըլլալու իրողութիւնը, այլապէս ալ կ’ուզենք շեշտադրել, որ անիկա ոգեւորող եւ նուիրական է, ձեւով մը երախտագիտութիւն, բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք իրենց միտքն ու հոգին, կամքն ու հաւատքը շաղախած են հայութեան հետ եւ ցոյց տուած են լուսաւոր կեանքի ճանապարհը։

Յայտնապէս խօսքը կը վերաբերի ամերիկացի միսիոնարուհի Էլիզապէթ Ուէպի (Webb), որուն մարդասէրի կոչումը, դէպի հայութիւն ծաւալած անոր բարեգործի ու խնամատարի գործունէութիւնը եղած է գերազանցապէս օրինակելի։

Հայասէր Էլիզապէթ Ուէպ իր բարեգործութիւնը սկսած էր դեռ 1886-1922  թուականներու եւ ան ականատես է եղած Կիլիկիոյ հայութեան ապրած դժոխային պայմաններուն։ Իբրեւ ականատեսի վկայութիւն, Ատանայի ջարդերուն (1909) մասին, ան օրին տեղեկագրած է արհաւիրքը եւ փոխանցած միսիոնարական վարչութեան։

Բարեպաշտ ու ազնուահոգի միսիոնարուհին տեղահանութեան ենթարկուած հայութեան հետ կը հասնի Լիբանան եւ կը լծուի բարեգործութեան։ Իր ջանքերուն շնորհիւ կը բացուին պատսպարան-կրթարաններ, ուր հայ աղջիկներ կը ստանան ուսում եւ հոգատարութիւն, սէր ու գուրգուրանք։ Ան մինչեւ խոր ծերութիւն կը մնայ հայ իրականութեան ծառայելով եւ կեանքէն կը հեռանայ անմնացորդ նուիրումի խորհրդանիշ դառնալով։ Մեծ մարդասէրը կը թաղուի Լիբանան, հեռու իր ընտանիքէն եւ ծննդավայրէն։

Ահա մեծագոյն արժանիքը նման մեծութիւններու, որոնց յիշատակը կրկին լոյսին կը բերուի, այս անգամ բարեզարդելով անոր ստեղծած բոյնը, որ աւելի քան 60 տարիէ կը շարունակէ իր ակադեմական առաքելութիւնը։

Այսօր Հայկազեան համալսարանը օժտուած է նորովի բարեզարդուած բաժինով մը՝ «Ուսանողութեան կեդրոն», որ կը ներառէ արդի ոճով կառուցուած ուսանողական նստավայր, հսկայ ճաշասրահ, խոհարարական բաժին, մարզանքի վայր, քարտուղարութեան սենեակ եւ յարակից բաժիններ։

Իրօք, ուշադրութեան արժանի է հետեւեալ իրականութիւնը, որ, նկատի առած օրուան հրամայական պահանջը՝ բարեզարդումը, համալասարանի տնօրէնութիւնը, իր խնամակալ կազմով յանձն կ’առնէ նման նախաձեռնութիւն, հակառակ տիրող երկրի տնտեսական ճգնաժամին, եւ իր լրումին կը հասցնէ նոր օրերու երազը, եւ պատշաճութեամբ յագեցած կահոյքով՝ ուսանողին կը հրամցնէ նուիրական այս աշխատանքը։

Երազները իրականութիւն կը դառնան երբ առկայ է հաւատամքը, համուզումը, կամքն ու տեսլականը։

Տեղին է յիշել, որ աւանդութիւն դարձած է Հայկազեան համալսարանին, ամէն տարի ձեռնարկով մը յիշատակել իր «Հիմնադիրներու օր»-ը։ Այս տարի անիկա պիտի զգենու իւրայատուկ հնչեղութիւն, որովհետեւ Հոկտեմբեր 15-ին, հանդիսութեամբ մը բացումը պիտի կատարուի բարեզարդուած շէնքին։ 

Բոլորի վարձքը կատար։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին