Երկուշաբթի, 15. 09. 2025

spot_img

Փասատինա. Հայորդիներ տօնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան 27-ամեակը

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – 20 Սեպտեմբերին, Շաբաթ օր, Փասատինա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանէն ներս տօնական մթնոլորտ էր: Այդ օր հայապահպանման այս օճախի 40 սաները եւ ծնողները, մեծ խանդավառութեամբ եւ ոգիով տօնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-ամեակը:

Աշակերտները նախ միաբերան երգեցին Հայաստանի օրհներգը: Ապա, անոնք անկախութեան օրուան համար պատրաստուած յատուկ կարկանդակը կտրեցին:  Յայտագիրը շարունակուեցաւ վարժարանի բակին մէջ՝ հայկական աշխոյժ երգերով: Աշակերտներն ու ծնողները մեծ օղակ մը կազմելով եւ եռագոյններ ծածանելով պարեցին հայկական շուրջպարը:

Անոնք նոյն օր, առաւօտուն, դասարաններու մէջ, հայկեան տոհմի անկախութեան պատմութեան նուիրուած մասնաւոր դասանիւթ լսած էին: Հայկ «աղեղնաւոր» նահապետի ու անոր «եռաթեւ» նետի օրինակով պատանիներուն մատուցուած էր, թէ անկախութիւնը հայուն տրուած պարգեւ մը չէ, այլ՝ գոյութիւն ունի ազգի ծիներուն մէջ է եւ անոր ինքնութեան առանցքն է:

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին