«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռոմանոս Յովակիմ Մելիքեան (1 Հոկտեմբեր 1883, Ղզլար – 30 Մարտ 1935, Թիֆլիս), հայ երգահան, երաժշտագէտ, խմբավար եւ մանկավարժ։
Ծնած է Ռուսական կայսրութեան Տաղստանի Ղզլար քաղաքը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղի ծխական դպրոցին մէջ։ 1900 թուականին ստանձնած է Նոր Նախիջեւանի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ երգչախումբի ղեկավարի պաշտօնը։ Դպրոցը աւարտելէ ետք, ընդունուած է Ռոստովի երաժշտական ուսումնարանը։ Ուսումնառութեան տարիներուն հայկական ժողովրդական երգեր եւ շարականներ մշակած է երգչախումբի համար։ 1902 թուականին աւարտած է Նոր Նախիջեւանի թեմական դպրոցը, ուր անոր երաժշտութեան առաջին ուսուցիչը Գէորգ Չորեքչեանն էր (1945–1954 թուականներուն՝ Գէորգ Չ. Ամենայն հայոց կաթողիկոս): 1905 թուականին մեկնած է Մոսկուա եւ մէկ տարի անձնական դասեր ստանալէ ետք, ընդունուած է ժողովրդական երաժշտանոց։ Մոսկուայի մէջ ղեկավարած է Լազարեան ճեմարանի երգչախումբը, որուն համար մշակած է շարք մը ժողովրդական երգեր՝ «Վարդ կօշիկս», «Արազը հեշտացելէ», «Գնաց գարուն» եւ այլն։ Մէկ կողմէն՝ վատառողջութիւնը, միւս կողմէն՝ նիւթական ծանր վիճակը զինք ստիպած են կէս ձգելու ուսումը եւ վերադառնալու Նոր Նախիջեւան, ապա՝ Թիֆլիս։ Աշխատած է Յովնանեան դպրոցին մէջ՝ որպէս երաժշտութեան ուսուցիչ։ 1908 թուականին իր շուրջը համախմբած է դպրոցներու հետ կապուած երիտասարդ երաժիշտներուն եւ ստեղծած է Երաժշտական լիկա ընկերութիւնը։ 1912 թուականին, անոր աջակցութեամբ, Ազատ Մանուկեան հրատարակած է «Փնջիկ» մանկական երգերու ժողովածուն եւ հրատարակած է «Երաժշտական այբբենարան»-ի առաջին մասը։ Ուսանողութեան համար գրած է «Աշուն» եւ «Վարդը» երգ-ռոմանսները, «Ուռենի» զուգերգը եւ այլն։
1910-1914 թուականներուն սորված է Փեթերսպուրկի երաժշտանոցին մէջ։ Գրած է ռոմանսներ, որոնցմէ են՝ «Աշնան տողեր», «Պալլատը», «Մուրիկի վիշտը» երգը, մշակած է վեց հայկական ժողովրդական երգ։ 1920 թուականին Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած է անոր հեղինակային անդրանիկ համերգը։ 1921 թուականին Հայաստանի կառավարութիւնը Մելիքեանը հրաւիրած է Երեւան՝ երաժշտանոց հիմնելու, որ 1923 թուականին հասած է իր աւարտին: 1924 թուականին մեկնած է Ստեփանակերտ` երաժշտական ուսումնարան հիմնելու, ապա՝ Թիֆլիս, ապա՝ Երեւան, ուր բարեկամական յարաբերութիւններ ստեղծուած են իր եւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի միջեւ։ Մասնակցած է Սպենդիարեանի «Ալմաստ» օփերայի բեմադրութեան աշխատանքներուն եւ Երեւանի օփերային թատրոնի հիմնադրման: Քաջալերած է Կոմիտասի երաժշտական ժառանգութիւնը Հայաստանի մէջ կեդրոնացնելու գաղափարը: 1928 թուականին յղկած ու հրատարակութեան յանձնած է «Զմրուխտ»-ի երգաշարը, աւարտած է «Զառ-վառ» երգաշարը, հրատարակած երկու ժողովածու՝ «Մանկական երգեր» եւ «Պիոներական երգեր»ը եւ այլն։ Անոր անունը կը կրէ Երեւանի երաժշտական ուսումնարաններէն մէկը։ Մահացած է Թիֆլիս: